Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Հողին Վրայ Կը Գրուի Այսօրուան Հայոց Պատմութիւնը»

Մայիս 23, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

0520bedrosterzian

«Սիվիլնեթ»-Ի Հարցազրոյցը Ֆրանսայի
«Հայաստան» Հիմնադրամի Պատասխանատու
Պետրոս Թերզեանի Հետ

Վարեց` ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 Ուժանիւթի հարցերու միջազգային մասնագէտ, Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի պատասխանատու Պետրոս Թերզեան վերջերս Արցախ կատարած այցելութեան աւարտին հարցազրոյց ունեցած է «Սիվիլնեթ»-ի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի հետ: Ստորեւ կու տանք Շուշիի «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանին մէջ տեղի ունեցած այդ տեսազրոյցէն գրաւոր հատուածներ:

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Դուք յաճախ կ՛այցելէք Հայաստան եւ Արցախ, սակայն ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմէն ետք առաջին անգամն է, որ Շուշի կը գտնուիք: Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:

ՊԵՏՐՈՍ ԹԵՐԶԵԱՆ.- Երկու օրուան ընթացքին մենք հանդիպում ունեցանք վիրաւոր զինուորներու, Թալիշի շրջանի վիրաւոր քաղաքացիներու, հիւանդանոցներու անձնակազմերու, բժիշկներու, ինչպէս նաեւ պետութեան ներկայացուցիչներու, զինուորական պատասխանատուներու հետ` անհրաժեշտ կարիքներու մասին գաղափար կազմելու մտադրութեամբ: Անդրադարձանք, որ շտապ դեղորայքի կարիք կայ, եւ առ այդ, անմիջապէս գումար յատկացուցինք, եւ քանի մը օրէն դեղերը կը հասնին Ղարաբաղ: Մենք կը պատրաստուինք նաեւ ձեռնարկելու վերաշինութեան գործին, անմիջապէս որ կացութիւնը կայունանայ: Նկատեցինք, որ ժողովուրդը վճռական է, բարձր տրամադրութիւն ունի, բայց միաժամանակ վրդոված է` նկատի ունենալով, որ դժբախտաբար Հայաստանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ պէտք եղածը չի կատարուիր: Հայաստանը Ղարաբաղի գլխաւոր թիկունքն է, եւ հոն գոյութիւն ունեցող հարցերը անմիջականօրէն կ՛ազդեն Արցախի վրայ: Չորսօրեայ պատերազմին ի յայտ եկած թերութիւնները մտահոգիչ են եւ պէտք է անմիջապէս սրբագրուին: Միւս կողմէ` պէտք է ըսել, որ այդ թերութիւնները տրամաբանականօրէն զարմանալի չէին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ բարոյական առումով փտածութիւն կայ եւ կարելի չէ, որ այդ մթնոլորտին մէջ միայն խաւ մը հրաշքով անաղարտ եւ մաքուր գործէ® Ինչպէս ըսի, անմիջապէս պէտք է սրբագրել այդ բացթողումները, քանի որ անկարելի է այս ձեւով շարունակել:

Կայ նաեւ սփիւռքի պարագան: Ճիշդ է, որ սփիւռքահայերու մաս մը գիտակցեցաւ կատարուածին, փողոց իջաւ եւ ցոյցերով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին: Բայց սփիւռքի մէջ եւս թերացումներ կան: Օրինակի համար, շատ զարմանալի է, որ մեծ կազմակերպութիւններ լուռ են, իրենց ձայնը լսելի չէ, անտեսանելի է իրենց ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ` որպէս թիկունք ժողովուրդին: Երկրորդ թերութիւնը այն է, որ մենք սփիւռքի մէջ «շատ հայ ենք եւ քիչ քաղաքացի ենք»: Իմ օրինակը բերելով` ըսեմ, որ ես հայ եմ, բայց միաժամանակ Ֆրանսայի քաղաքացի եմ եւ, առ այդ, իրաւունքներ ունիմ: Իմ իրաւունքն է հարց տալ Ֆրանսայի պետութեան, թէ արդեօք կ՛անդրադառնա՞յ, որ Ղարաբաղի մէջ քաղաքակրթութիւն մը կ՛ապրի, կը ծաղկի, եւ տեղւոյն ժողովուրդը կը հաւատայ Եւրոպայի արժէքներուն, հոն իրական ժողովրդավարութիւն մը կայ` ընդդիմութիւն եւ իշխող կուսակցութիւն միասին կ՛աշխատին, զիրար կը քննադատեն, բայց միասնաբար կը գործեն: Արցախի մէջ արդար ընտրութիւններ կան, կաշառակերութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի: Եւ մեր պարտականութիւնն է այս բոլորին մասին խօսիլ մեր ապրած երկիրներու պատկան իշխանութիւններուն հետ: Լաւ է, որ ցոյց կ՛ընենք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դեսպանատուներուն դիմաց, բայց միաժամանակ պէտք է նաեւ ցոյցեր կազմակերպել Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ եւ պահանջել, որ փոփոխութեան ենթարկէ Արցախի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը: Դժբախտաբար այսպիսի հասկացողութիւնն է, որ տակաւին զարգացած չէ:

Թ. Յ.- Այդ չորսօրեայ պատերազմէն ի՞նչ դասեր կարելի է քաղել:

Պ. Թ.- Նախ պէտք է անդրադառնանք, որ հայոց պատմութեան էջերէն մէկը կը գրուի այս հողին վրայ: Պէտք է այս գիտակցութիւնը ունենանք, կատարուածին տարողութիւնը ըմբռնենք եւ ըստ այնմ շարժինք: Այսօր պահը հասած է, որ մենք նոյնիսկ մեր ամէնէն փոքր ուժը օգտագործենք: Օրինակ` սփիւռքի մէջ մեր ունեցած կարողութիւններուն հազիւ հինգ տոկոսը կ՛օգտագործենք: Սփիւռքի մէջ կայ հսկայական հատուած մը, որ որեւէ կապ ունի ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ Ղարաբաղի հետ, որովհետեւ անոնց լեզուով խօսողներ չունինք, որ բացատրութիւն տան իրողութիւններու մասին: Ներկայիս մենք յետխորհրդային միջոցներով կ՛աշխատինք: Պէտք է մեր մօտեցումներուն մաս կազմէ նաեւ համամարդկայինը: Պէտք է ցեղասպան պետութեան շահերը պաշտպանող երկիրներէն հաշիւ պահանջենք: Ասիկա թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի պետութեան պատասխանատուութիւնն է:

Թ. Յ.- Իբրեւ ուժանիւթի հարցերու միջազգային մասնագէտի` կ՛ուզէի հարցում ուղղել, թէ արդեօք քարիւղի գինի շարունակական անկո՞ւմն էր, որ Ազրպէյճանը մղեց այս չորսօրեայ պատերազմին:

Պ. Թ.- Ես այն համոզումը ունիմ, որ քարիւղի գինի անկումը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի արտադրութեան նուազումը այս պատերազմին գլխաւոր պատճառներն էին: 1990-ական թուականներուն Ազրպէյճանը մեծ երազներով ճամբայ ելաւ, եւ պէտք էր 2013 թուականին 70 միլիոն թոնի հասնէր իր արտադրութեան քանակը: 2011-ին այդ թիւը 40 միլիոն թոնի հասաւ եւ հոն կանգ առնելով` այնուհետեւ սկսաւ անկում ապրելու: Ասիկա առաջին հարուածն էր, որուն գլխաւոր յանցաւորը նոյնինքն Հայտար Ալիեւն էր, որ երբ 1993-ին տապալելով Էլչիպէյը` իշխանութեան գլուխ անցաւ, անկէ մէկ շաբաթ վերջ իր նախորդին ստորագրած պայմանագիրը չեղեալ յայտարարեց եւ նոր պայմանագիր մը կնքեց, ուր հետեւեալ կարեւոր կէտը արձանագրուած էր. եթէ օտար ընկերութիւնները արագ արտադրեն քարիւղը, ամէնէն բարձր շահաբաժինը կը ստանան, այսինքն երկու երրորդի վրայ մէկ երրորդ շահ կ՛ունենան: Օտար ընկերութիւններն ալ հազիւ չորս տարուան կարճ ժամանակէ ետք սկսան քարիւղ արտադրելու` առանց ձեռք առնելու հարկ եղած զգուշութիւնները, որպէսզի քարիւղի հորերը «ապրին իրենց բնականոն կեանքը», այսինքն պէտք չէ քարիւղի ճնշումը նուազի, որպէսզի կարելի ըլլայ արտադրել զայն: Հետեւաբար պատահեցաւ անխուսափելին, եւ 2011-ին քարիւղի արտադրութիւնը սկսաւ անկում ապրելու: Այդ անկումը պիտի շարունակուի, եւ Ազրպէյճանի քարիւղի հորերու պաշարներուն կէսը արդէն վերջացած է, եւ մնացած է երեք միլիառ տակառ, իսկ Ազրպէյճան կ՛արտադրէ տարեկան երեք հարիւր միլիոն տակառ: Այս ընթացքով միայն տասը տարուան պաշար ունի, եւ չորս-հինգ տարի ետք Ազրպէյճանը որպէս քարիւղ արտադրող պիտի դառնայ բոլորովին երրորդական (եթէ ոչ` չորրորդական) երկիր մը: Իսկ արտադրուող կազը ո՛չ որպէս եկամուտ եւ ո՛չ ալ որպէս քաղաքական խաղաքարտ բացարձակապէս չի բաղդատուիր քարիւղին հետ: Լաւագոյն պարագային այս տարի Ազրպէյճանի քարիւղի եկամուտը չորս միլիառ տոլարի կը հասնի, որ երեք տարի առաջ 12 միլիառ տոլար էր: Ըստ իս, Ազրպէյճանի տնտեսական անկումը սկսած է արդէն, եւ որուն պիտի հետեւին քաղաքական եւ ընկերային անկումները: Ազերի պետութիւնը լաւատեղեակ է այս հարցին եւ այդ պատճառով ալ առիթը օգտագործեց պատերազմելու, քանի որ երկու կամ երեք տարի ետք արդէն ուշ պիտի ըլլար:

Յամենայն դէպս մենք պէտք է մեր բոլոր միջոցները օգտագործենք բանակցութիւններու ճամբով խաղաղութիւն հաստատելու համար: Պէտք է զգաստանանք եւ աշխուժ դիւանագիտութիւն վարենք: Պէտք է դարձնել այս էջը:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»3ի Մայիս Բ. Վստահելով Մե՛ր Սեփական Ուժերուն

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէկդարեակի Նախօրեակ. Արցախի Շարունակուող Պատերազմը Հայութեան Գոյապայքարն Է

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?