Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական 5-րդ Զարգացման Մրցումը

Յունիս 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

HGHM-2

Շաբաթ, 14 մայիս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ) կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որ տեղի ունեցաւ յաջորդական հինգերորդ տարին ըլլալով, եւ որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 8 երկրորդական վարժարաններ:

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի եւ ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած 4 հոգինոց խմբակներ մրցեցան իրարու դէմ` նախապէս սերտած ըլլալով միութեան պատրաստած «Հայերէն երգենք» խորագրեալ գրքոյկը եւ անոր մէջ նշուած երգերու կատարողութիւնը ընդգրկող զոյգ ձայնասկաւառակները, որոնց միջոցով ՀԿՀՄ-ը կը միտի հայ աշակերտին մօտ զարգացնել հայ երգին իմացութիւնը, զայն ծանօթացնել հայ երգերու խօսքերուն եւ երաժշտութեան հեղինակներուն, հայկական երաժշտութեան ընկերակցող նուագարաններուն, ինչպէս նաեւ խրախուսել նոր սերունդը` հայ երգը երգելով անմահացնելու:

Հայոց լեզուի դասատուներէ կազմուած դատական եռանդամ կազմը իր որոշումը կայացնելէ ետք, մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը (98/100), երկրորդ դիրքը` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը (93,5), իսկ երրորդ դիրքը` ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճը (91,5):

HGHM--1

Ժամը 5:30-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական պարգեւատրում` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ վաստակաշատ լրագրող Սարգիս Նաճարեանի:

Մասնակից բոլոր խմբակները ստացան մասնակցութեան վկայագիրներ, իսկ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի խմբակը առաջին հանդիսանալով` ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը, ինչպէս նաեւ յաղթական խմբակի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 ամ. տոլար:

Դեսպան Մկրտչեան սրտի խօսք մը արտասանելով` բարձր գնահատեց Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան նախաձեռնութեամբ այս օգտաշատ մրցումը մասնաւորապէս եւ միութեան կատարած աշխատանքները` ընդհանրապէս, որոնք կը նպաստեն լիբանանահայ գաղութին եւ հայ աշակերտին:

Իր կարգին ՀԿՀՄ-ը կը շնորհաւորէ բոլոր մասնակից աշակերտները, կը գնահատէ մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ծրագրի իրականացման, յատկապէս` հայ երգի անխոնջ ջատագովներէն եւ գլխաւոր պահապաններէն Խաչատուրեան ընտանիքին, որուն ԳՈՀԱՐ համոյթը հայ մշակոյթի երկնակամարը լուսաւորող փայլուն աստղն է:

ՀԿՀՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1966)

Յաջորդը

«Եկեղեցւոյ Կեանքին Ժողովուրդին Աճող Մասնակցութիւնը Դրական Երեւոյթ Է»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?