Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Նոր Վարդապետութիւնը

Յունիս 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_62016

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նոր նշանակուած վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր պաշտօնը ստանձնելէ քանի մը օր ետք յայտարարեց, որ Թուրքիան «կարիքը ունի աւելցնելու իր բարեկամները եւ նուազեցնելու թշնամիները»: Ան այդպիսով կը յայտարարէր «Զերօ խնդիրներ դրացիներու հետ» քաղաքականութեան ակներեւ ձախողութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ իրողութիւնը խոստովանելէ խուսափելու համար Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական եւ բանբեր Իպրահիմ Քալընի` օգոստոս 2013-ին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառումով մը շրջանառութեան մէջ դրած «Թանկագին առանձնութիւն» գաղափարին սնանկութիւնը:

«Զերօ խնդիրներ» քաղաքականութեան խայտառակ աւարտով Թուրքիան մեկուսացած էր իր շրջապատէն: Շրջանի զարգացումները, մասնաւորաբար Սուրիոյ զարգացումներն ու ամերիկեան աջակցութեամբ քիւրտերու յառաջխաղացքը, Ռուսիոյ, Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի հետ ստեղծուած լուրջ հարցերը ականահարած են Անգարայի «նոր օսմանական» նկրտումները եւ մեծապէս նուազեցուցած շրջանի զարգացումներուն վերահսկողութեան մասնակցելով իր շահերը պաշտպանելու Թուրքիոյ կարողութիւնը: Այլ խօսքով` Թուրքիոյ համար առանձնութիւնը «թանկագին» չէ, այլ` շատ սուղ:

Թուրքիան իր ղեկավարութեան մեծամտութեան ու ապիկարութեան պատճառով ինքնիր շուրջ ստեղծած է պաշարման օղակ մը` արեւելքէն Հայաստան, հարաւէն` Իրաք եւ Սուրիա, արեւմուտքէն` Յունաստան, իսկ հիւսիսէն` Ռուսիա, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել շրջանային ազդեցիկ երկիրներ Եգիպտոսն ու Իսրայէլը: Իրողութիւն մը, որուն լոյսին տակ Էրտողանի սերտ գործակից Եըլտըրըմը անցեալ շաբաթ մղեց յայտարարելու, որ «Իսրայէլ, Սուրիա, Ռուսիա, Եգիպտոս… Սեւ ծովն ու Միջերկրականը շրջապատող այս երկիրներուն հետ չի կրնար որեւէ մնայուն թշնամութիւն ըլլալ»` աւելցնելով. «Պատկերը պէտք է դիտել իր ամբողջութեան մէջ: Մեր ժողովուրդներուն միջեւ թշնամանք գոյութիւն չունի: Կարելի է վերադառնալ հին օրերուն (յարաբերութիւններուն) եւ զանոնք նոյնիսկ աւելի յառաջ տանիլ»:

Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն բնականոնացումը կը թուի մօտալուտ ըլլալ, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել Ռուսիոյ, Եգիպտոսի եւ մանաւանդ Սուրիոյ պարագային, որուն հիւսիսային շրջաններուն մէջ քրտական ուժերու ձեռքբերումները Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ կը ստեղծեն «քրտական անջատողականութեան» նկատմամբ հասարակաց մտավախութիւն մը, որ, սակայն, իր արձագանգը կրնայ գտնել միայն մարտավարական գետնի վրայ. նկատի ունենալով Ասատի ճակատագիրին շուրջ անհամատեղելի եւ կարծր դիրքորոշումները` քաղաքականութեան արմատական փոփոխութիւն մը կարելի չէ ակնկալել:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ նախագահն ու վարչապետը 12 յունիսին Ռուսիոյ ազգային օրուան առիթով ուշացումով շնորհաւորական նամակներ յղեցին իրենց ռուս պաշտօնակիցներուն: Էրտողան իր նամակին մէջ յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ոչ միայն  վերադառնան իրենց նախկին վիճակին, այլեւ աւելի եւս զարգանան: Նամակին ուշացումը ցոյց կու տար, որ անոր նպատակն ու նոյնիսկ պատրուակը շնորհաւորանքը չէր, եւ այդ նամակը յղելու որոշումը առնուած է «Առաւել բարեկամներ եւ նուազ թշնամիներ» քաղաքական սկզբունքին որդեգրումէն ետք: Ռուսական կողմը կտրուկ կերպով մերժեց իրեն երկարած ձեռքը` նշելով, որ այդ նամակը որեւէ խորքային պատգամ չէր պարունակեր, իսկ իր պահանջը յստակ է` ռուսական «Սու-24»-ի վար առնուելուն համար ներումի հայցում եւ փոխհատուցում. պահանջ մը, որ Թուրքիան Իսրայէլին ներկայացուցած է «Մաւի Մարմարա»-ի միջադէպէն ետք վատթարացած յարաբերութիւններու բնականոնացման համար: Յստակ է, որ հարցը դուրս եկած է քաղաքականութեան մարզէն եւ վերածուած ազգային արժանապատուութեան հարցի, ինչ որ կողմերէն որեւէ մէկուն համար զիջում կատարելը կը դարձնէ շատ դժուար:

Եգիպտոսի պարագային Եըլտըրըմ յայտնեց, որ իրենք պիտի չընդունին Մուրսիի դէմ կատարուած յեղաշրջումը, «սակայն այդ մէկը պէտք չէ արգելք հանդիսանայ առեւտրական յարաբերութիւններու մշակման: Տնտեսական եւ ընկերային յարաբերութիւնները կրնան զարգանալ: Ատիկա երկու երկիրներուն համար ալ լաւ է»: Նշեալ երկու երկիրներն ալ մեծապէս տուժած են ռուս զբօսաշրջիկներու բացակայութենէն: Անգարա կը փորձէ զանց առնել դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումը, որովհետեւ ատիկա Գահիրէի հետ դիմակայման մէջ իր պարտութեան հռչակումն է:

Եըլտըրըմի յայտարարութեան մէջ ուշադրութեան արժանի է նաեւ Թուրքիոյ որդեգրած նոր քաղաքականութեան առաջնահերթութեանց մէջ բացակայութիւնը Եւրոպական Միութեան: Անգարա-Պրիւքսէլ յարաբերութիւններուն շուրջ Էրտողան Տաւութօղլու տարակարծութիւններն էին, որոնք վերջինս քաղաքականութեան դաշտէն դուրս մղելով վերադարձուցին ակադեմական դաշտ:

Միութեան անդամակցութեան, թուրքերուն համար մուտքի արտօնագիրի ազատականացման եւ գաղթականներու ճգնաժամի հարցով Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա տարակարծութիւնները կը յամենան: Անոնց վրայ աւելցաւ Անգարայի համար ցնցում մը. Բրիտանիոյ վարչապետը յայտարարեց, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան պիտի չանդամակցի մինչեւ 3000 թուական:

Բրիտանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէն առաւել եւս դժուարացուց Անգարայի ձգտումներուն իրականացումը: Եւրոպական Միութենէն դուրս գալ ուզողները Թուրքիոյ անդամակցութիւնը կը ներկայացնեն իբրեւ Բրիտանիոյ համար վտանգ մը, իսկ անդամակցութեան շարունակման զօրակցողները այդ թեզը վնասազերծելու համար կը պնդեն, թէ այդ անդամակցութիւնը մօտալուտ չէ, այլ` հազարամեակ մը ետք: Թրքական կողմին համար երկու պատգամներն ալ նոյնիմաստ են: Յստակ է, որ Եւրոպական Միութեան մէջ խիստ ազդեցիկ Պերլինի եւ Փարիզի դժկամութիւնը դիմագրաւող Անգարան այժմ զրկուած է Լոնտոնի, Թուրքիոյ համար խիստ յարգի, աւանդական աջակցութենէն:

Կը մնայ տեսնել, թէ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու նշման բացթողումը սպասողական քաղաքականութեան մը արդի՞ւնք է, թէ՞ շրջադարձի: Թուրքիոյ իշխանութիւնները թերեւս կը յուսան Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան կողմնակիցներու ճամբարի յաղթանակը, որմէ ետք ալ Բրիտանիոյ աւանդական քաղաքականութեան վերականգնումը: Լաւագոյն պարագային, այդ յոյսին իրականացումը չի կրնար մօտալուտ ըլլալ: Ուստի, Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ոչ խոստմնալից ըլլալու իրողութիւնը պիտի գայ ընդգծելու Իսրայէլի, Ռուսիոյ, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հրամայականը եւ անխուսափելիօրէն բարձրացնելու անոնցմէ իւրաքանչիւրին յաջող պսակման համար Թուրքիոյ վճարելիք գինը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ-ԶՈԳ. Միջհամալսարանական Զարգացման Մրցում

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?