Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Հոգի Համալսարան-Քասլիք. «Լիբանանեան Ներկայութիւնը Աշխարհի Մէջ» Նիւթով Գիտաժողով

Յունիս 18, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13041031_1103637646367154_3349902548617057348_o

Սուրբ Հոգի համալսարանի փիլիսոփայութեան, մարդկային եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ գիտական համաժողով մը` «Լիբանանեան ներկայութիւնը աշխարհի մէջ» խորագիրով: Գիտական նիւթերը կ’ընդգրկէին մշակոյթ եւ այլազանութիւն, պատկանելիութիւն եւ ազատութիւն, ինչպէս նաեւ` խաղաղութիւն եւ մարդկային իրաւանց հարցեր, եւ այս բոլորը` լիբանանեան տեսադաշտէն: Երկու օրերու վրայ երկարած գիտաժողովին ներկայացուեցան տասնչորս թեզեր:

Այլ զեկուցողներու կողքին, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան` ընդհանուր քարտուղարը Աստուածաշունչի Արաբական Ծոցի երկիրներու, ներկայացուց  «Մշակութային ինքնութիւն, գոյակեցութիւն ու համարկում եւ ուրիշին հասկացողութիւնը» նիւթը (անգլերէն լեզուով)` մեկնելով հայկական եւ լիբանանեան,  լիբանանահայու տեսադաշտէն:

Դոկտ. Ճէպէճեան իր դասախօսութեան մէջ նաեւ ներառեց անձնական վկայութիւնը եւ, մեկնելով իր լիբանանեան ու հայկական ինքնութիւններէն, զանոնք միացնող «օղակը» համեմատեց «վերապրելու» հրամայականին հետ: Հայկական ինքնութեան պարագային ան իր տեսակէտը ներկայացուց իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած երրորդ սերունդի մէկ ներկայացուցիչ, բայց նաեւ` որպէս լիբանանցի, որ 1975-1990 տարիներու քաղաքացիական պատերազմը ապրած է, լուսարձակի տակ առնելով նաեւ մինչեւ օրս Միջին Արեւելքի բազմազան եւ բազմատեսակ շրջանային տագնապները: Այս բոլոր փորձառութիւններու մէջէն ան մէկ կողմէ վեր առաւ «վերապրելու» իրականութիւնը, միւս կողմէ` շեշտը դրաւ ասոր խթան հանդիսացող յոյսի գիտակցութեան վրայ, որ անհրաժեշտ է ապագային համար:

Հ. Ճէպէճեան վեր առաւ ցաւին ստեղծած յոյսի կեանքը, որ` «կը խթանէ անհատը աւելի ուժգին կառչելու կեանքին եւ ապրելու զայն»: Ան դիտել տուաւ, որ այս ցաւը ծնունդ կու տայ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւններուն, եւ որ կ՛առաջնորդէ մարդը աւելի հասունացման, փորձառութիւններու ձեռք բերման, ինչպէս նաեւ կը մղէ զայն աւելի ստեղծագործ կեանք մը ապրելու: Ան շեշտեց, որ մշակոյթը կ’իմաստաւորէ կեանքը, որովհետեւ ապրելու հիմք կը ստեղծէ մարդուն մէջ: Անկէ ետք անդրադարձաւ լիբանանահայուն եւ  Լիբանանի մէջ անոր սփիւռքեան իրավիճակին` սկսելով Ցեղասպանութենէ ճողոպրած տարագրեալ հայուն հաստատումէն` հասնելով մինչեւ այսօրը: Ան վեր առաւ հայուն համարկման տարբեր իրավիճակները 1915-էն մինչեւ այսօր` ներկայացնելով հայկական ապրուած կեանքին փոխուող իրականութիւնները Լիբանանի մէջ: Ան մատնանշեց 1975-1990 քաղաքացիական պատերազմի տարիները, երբ հայկական գաղութը որդեգրեց «դրական չէզոքութիւնը», որ միայն քաղաքական կեցուածք չեղաւ, այլ նաեւ` դաստիարակութիւն մը, որուն ընդմէջէն ամբողջ սերունդ մը մեծցաւ հաւասարակշռութիւն մը գտնելով իր հայկական եւ լիբանանեան ինքնութիւններուն միջեւ: Ապա անդրադարձաւ ներկայ օրերուն, երբ Լիբանանի մէջ հայուն համարկումը եղաւ շատ աւելի արագ, քան` պատմութեան սկիզբը, նշելով, որ այսօր հայը շատ աւելիով ներգրաւուեցաւ տեղական իրականութեան մէջ` քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ:

Բանախօսը անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն եւ յատկապէս հայ նոր սերունդին աշխուժ մասնակցութեան` կազմակերպուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Ան այս վիճակը կամրջեց ներկայ օրերուն «համաշխարհայնացման» եւ  անոր հակադրուող «տեղայնացումը» իրականութիւններու: «Համաշխարհայնացումը, որ ներկայիս կը սպառնայ ազգային ինքնութեան եւ անոր ուրույնութեան պահապանման, իր դէմը գտաւ տեղայնացման, որ յառաջ կը քշէ քաղաքական ինքնութեան մը հասկացողութիւնը», ըսաւ ան: «Մարդիկ այս օրերուն սկսած են շատ աւելի փնտռել իրենց անձնական պատմութիւնը: Երբ մէկ կողմէ ազգային գիտակցութիւն հասկացողութիւնը կը տարտղնուի, բայց անոր դիմաց կը ցցուի անհատին ինքնութեան տարբերակին փնտռտուքը: Եւ հայ նոր սերունդին զանգուածային մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն նաեւ պէտք է տեսնել այս ներկայ տուեալներուն իրականութեանը մէջէն»:

Հ. Ճէպէճեան շեշտը դրաւ Պէյրութ քաղաքի «ուժական» նկարագիրին վրայ, որ առիթ կու տայ անհատին «բացուելու» կեանքին եւ ապրելու «ուրիշին» հետ, որ տարբեր է: Եւ այս տարբերը կը ստեղծէ համակեցութեան մշակոյթ մը:

Դոկտ. Ճէպէճեան իր դասախօսութեան վերջին մասով դարձեալ կամրջեց «ցաւին» եւ «վերապրելու» գրաւականը` անոր ստեղծած պատկանելիութեան եւ մշակութային արժեչափերուն վրայ: «Եթէ մինչեւ օրս ես իմ մէջս կը կրեմ ցաւը` որպէս հայ ու տակաւին որպէս լիբանանցի (ապրելով պատերազմի արհաւիրքը եւ մինչեւ օրս շրջանի տագնապները), բայց այս երկու «ցաւոտ» ինքնութիւնները մղեցին զիս գիտակցելու, թէ կարելի է սիրել, ապրիլ եւ ստեղծագործել երկու ինքնութիւններու` հայկական եւ լիբանանեանի մէջէն, եւ թէ` այս երկու ինքնութիւններու ցաւը կը խթանէ, որպէսզի հասկնաս ուրիշը եւ անոր տագնապը եւ կը նայիս վաղուան օրուան` որպէս յուսադրող ապագան»:

 

Նախորդը

Համշէնահայ Ռոք Երգիչը Հրապարակած Է «Համշէնի Եայլաներ» Նոր Ձայնասկաւառակը

Յաջորդը

Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Տիկնանց Համագումար «Ծառայութիւնը` Որպէս Քրիստոնէական Հաւատքի Եւ Ազգային Կեանքի Առաքելութիւն»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?