Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարզի՞կ», Թէ՞… Մարտիկ

Յուլիս 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՊՈՂԱՐԵԱՆ

marzig3_71416

«Մարզիկ»-ի 400-րդ թիւն է այս: 400-ը սովորական ու թերեւս ալ աննշան թիւ մը կարելի է նկատել տպագիր մամուլի որեւէ ներկայացուցիչի համար, եթէ ան օրաթերթ կամ շաբաթաթերթ է եւ կամ, այլապէս, լոյս կը տեսնէ զուտ շահադիտական մօտեցումով: Նման նկատառումներ սակայն ո՛չ մէկ աղերս ունին «Մարզիկ»-ին հետ, որ 34-ամեայ իր երթը կը պարտի հաւատաւորներու հոյլի մը անշահախնդիր եւ ամբողջական նուիրումին:

Հակառակ իր անուանումին` «Մարզիկ»-ը պարզապէս մարզական թերթ մը չէ եւ չէր կրնար ըլլալ: «Մարզիկ»-ը չէր եւ իրողապէս պէտք չէ ըլլար պարզ հրատարակութիւն մը, այլապէս ան պիտի կորսնցնէր իր գոյութեան նպատակն ու կոչումը:

«Մարզիկ»-ը ի սկզբանէ կոչուած էր ըլլալու մարտիկ մը: Մարտիկ, որ անցնող 34 տարիներուն մէկէ աւելի ճակատներու վրայ պայքար մղելու հարկադրանքին դէմ յանդիման պիտի գտնէր ինքզինք:

«Մարզիկ»-ի դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն «փոքրագոյնը» կապուած է նիւթական պարտաւորութիւններուն հետ եւ առնչուած է տակաւ աճող թերթին տպագրական եւ առաքման ծախսերուն: Թէեւ մարտահրաւէրը այնքան ալ դիւրին յաղթահարելի չէ, մանաւանդ`

միջինարեւելեան երկիրներու երկարամեայ դժնդակ պայմաններու եւ համաշխարհային տնտեսական վատթար կացութեան պատճառով, սակայն «Մարզիկ»-ի առաքելութեան հաւատացող ՀՄԸՄ-ականներու ճիգերով ցարդ կարելի եղած է շարունակել թերթին տպագրական աշխատանքը` ի գին մեծ զոհողութիւններու:

«Մարզիկ»-ը պէտք էր պայքարէր նաեւ այժմէականութեան դէմ, գէթ` բառին նեղ սահմանումին դէմ: Ճիշդ է, որ «Մարզիկ»-ի հաղորդած լուրերը, մերօրեայ հաղորդակցութեան միջոցներու ներկայութեան, կրնան յաճախ ուշացած նկատուիլ, բայց այդ չէ կարեւորը եւ ազգային ակնոցով այժմէականութեան չափանիշը:

Արդարեւ, տպագրական իր որակով «Մարզիկ» չի զիջիր ոչ հայալեզու իր նմանակներուն, որովհետեւ խորքային իմաստով ան նմանակ չունի: «Մարզիկ» միշտ այժմէական է, նոյնիսկ երբ տպուած լուրը կամ յօդուածը նոր չէ, որովհետեւ «Մարզիկ»-ի պարագային չափանիշը ժամանակը չէ, այլ` ազգապահպանումի եւ հայակերտումի ի նպաստ անոր ի գործ դրած ճիգը: Խնամքով պատրաստուած եւ լեզուական թերութիւններէ կարելի եղած չափով զերծ անոր գրութիւնները կը նպատակադրեն ընթերցողին հաղորդել ազգաշունչ եւ օգտակար նիւթեր` թիրախ ընտրելով տարիքային տարբեր խմբաւորումներ եւ գոհացում տալով ընթերցասէրներու որոշ նախընտրութիւններու:

«Մարզիկ»-ի դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն երրորդը առնչուած է ընթերցող ապահովելու ճիգին: Այսօր ընդունուած իրողութիւն է, որ համաշխարհային չափանիշով, որեւէ լեզուով եւ բովանդակութեամբ լոյս տեսնող տպագիր գործերու ընթերցողներուն թիւը տակաւ կը նօսրանայ, յատկապէս` համակարգչային թէ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու անզսպելի գրոհին դիմաց: Այս մարտահրաւէրը ցարդ յիշուածներէն ամէնէն դժուար յաղթահարելին է, որովհետեւ կ՛ենթադրէ համազգային ճիգ` լեզուական պատնէշները շրջանցելու եւ համաշխարհային հոսանքները դիմակալելու համար: Եկեղեցիներէ, դպրոցներէ եւ մանաւանդ տուներէ ներս ըստ կարելւոյն եւ առաւելագոյն չափով հայերէնի գործածութեան շեշտաւորումը անհրաժեշտ է: Աւելի դժուարը մատղաշ սերունդներու մօտ տպագիր կարդալու վարժութեան վերաշխուժացումն է: Բան մը, որ ներկայ սովորութիւններէն գէթ մասնակի ետդարձ կ՛ենթադրէ: Ետդարձ, որ կարելի է իրականացնել գիտակից ծնողներու եւ ազգանուէր դաստիարակներու անվերապահ ճիգերով, այլապէս «Մարզիկ»-ն ու հայատառ տպագիր բոլոր հրատարակութիւնները յամրօրէն պիտի ընթանան ընթերցողներու կորստեան ճամբով:

Եթէ կը հաւատանք «Մարզիկ»-ի առաքելութեան եւ դերակատարութեան, ի մասնաւորի` ՀՄԸՄ-ի վերելքին եւ, առհասարակ, հայ մամուլի անդաստանին մէջ, ժամանակն է, որ հաւաքաբար նեցուկ կանգնինք «Մարզիկ»-ին, որ նուազագոյն գնահատանքով եւ իրողապէս դարձած է եռակի «Մարտիկ»:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հաշուեյարդար («Մարզիկ»-ի Հրատարակութեան 35-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?