Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2015- Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ և Նախահայեցութեամբ – Վերլուծում մը 2015 -The Armenian Condition in Hindsight and Foresight – A Discourse Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

Յուլիս 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

mamlo-lsaran-(3)_60316

Կ’ըսեն թէ նամակը իր հասցէէն կը կարդացուի, նոյնն է նաև գիրք մը: Որովհետև, իր կարգին ան ալ նամակին նման՝ խօսք մը, պատգամ մը է գրուած որոշ նպատակով մը, որոշ ժամանակի մը մէջ, և ուղղուած որոշ անձի-խումբի մը:  Ճիշդ է որ Եղեռնի Հարիւրամեակին առիթով գրուած է  այս գործը, սակայն անիկա կը վերաբերի ամբո՛ղջ հայ վիճակին բոլոր ժամանակներու և տեղերու մէջ:  Իբրև այդպիսին՝ արդիւնքն է տարիներու սերտողութեան, վերլուծումներու ու մանաւանդ իմացական և ոգեկան տագնապի:

Գիրքը ձօնուած է ‘անոնց՝ որոնց  համար ըլլալ հայ, ըլլալ է գո՛յ’: Որովհետև այս կարգի մարդոց գոյութեա՛ն կապուած հարց է հասկնալ իրենց կացութիւնը անհատապէս և հայկական ընդհանուր իրականութեան ծիրէն ներս

Ըստ  գիրքին ‘հասցէին’ կամ խորագրին, գործը ամբողջաբանական է (holistic) այսինքն միակ շրջանակի մը մէջ կը բերէ բոլո՛ր հայկական հարցերը բոլո՛ր ժամանակներու մէջ:

Խորագիրը նաև կը բնորոշէ գործին ոճը.- անիկա վերլուծում մըն է (discourse), տիալէքթիք մը, և տրամաբանական վիճարկում մը:

          Վերջապէս, մօտեցումը երևութաբանական (phenomenological) է, այսինքն երեւոյթները կը դիտէ առանց զգացականութեան և առարկայական-վերլուծողական հեռաւորութենէ մը:

          Ամբողջաբանական, տիալէքթիք և երևութաբանական.- ասոնք եզրեր են որոնք կը վերաբերին մեթոտի: Բոլոր մարզերուն մէջ, նոյնիսկ խոհարարական արուեստներուն մէջ, մեթոտը չեզոք տարր չէ երբեք, այլ ընդհակառակը՝ ունի կեդրոնական կարևորութիւն:  Այսինքն Ճշմարտութիւնները՝ որոնց կը ձգտի հասնիլ ու փոխանցել հեղինակ մը, ուղղակի՛ կերպով կապ ունին իր մեթոտին և գործիքներուն հետ: Նախնական մեթոտներն ու գործիքները անպայմանօրէն կը հասցնեն նախնական արդիւնքներու: Լուրջ խնդիր մը ախտաճանաչելու համար սովորական X-Rayը անօգուտ է, պէտք կայ CT scanներու և աւելի բարդ միջոցներու:

Այս գործին նպատակն է ստեղծել  տիալոկի և վիճարկութեան բաց–ազատ տարածութիւն մը, կամ իսկակա՛ն հայկական ֆորում մը, զրուցարան մը:

Իբրև հեղինակ՝ ինչու՞ պիտի որոշէի գրել միւս գործերէս բոլորովին տարբեր ոճի երկլեզու գործ մը՝ զուտ տեսական նիւթերու մասին – փիլիսոփայութիւն, արուեստ և պատմութիւն – ութը գիրքերէ, և երկու խմբագրական գործերէ ետք:  Իրողութիւնը այն է թէ, հիմնականին մէջ բոլոր գործերս կը վերաբերին հայ վիճակին՝ քննարկուած տարբեր մարզերու ընդմէջէն: Պարզապէս այս անգամ ուզեցի լուսարձակի տակ բերել այն մտահոգութիւնները և խնդիրները, որոնք մղած են և հիմնաւորած մտաւորական գործունէութիւնս:

Հարիւրամեակը կը նշէր ժամանակաշրջանի մը աւարտը, իսկ ներկան նոր դարու մը սեմին միջնարար մը՝ մասամբ հասկցուած անցեալի մը և երևակայուած ապագայի մը միջև: ‘Յաջորդ հայ դարը’ փոխաբերութիւն մըն է հայերու ճակատագրին: Անձկութեամբ ակնկալուած այս ապագան կ’ընգրկէ հայերու տարածքային-ժամանակային ամբողջութիւնը կամ Հայկական Մեթա-Սիսթեմը: Բոլոր մարդոց նման, հայերը ևս ձևով մը ‘նետուած’ են ազգային պատումներու/narratives համակարգի մը մէջ, զորս ոչ իրենք սկսած են ոչ ալ կրնան աւարտել, սակայն պէտք է որ կերպով մը շարունակեն:

Շատերու համար ազգային պատմութեան հասկացողութիւնը պարզապէս ժառանգուած է և կամ քարոզուած: Այսպէս, կանգնած յարատևօրէն փոխուող ժամանակի ու տեղի պայմաններու մէջ՝ հայերը պէտք է որ ձևով մը հասկնան իրենք զիրենք և իրենց պատմական աւանդութիւնները: Կարծուածէն աւելի բարդ է կացութիւնը: Էականը իրենց համար չէ՛ հասնիլ յաւերժական ճշմարտութիւններու, ոչ ալ դիւցազնական իտէալներու: Ասոնք անկարելիութիւններ են. այլ փնտռել և գտնե՛լ ճշգրիտ և 360 աստիճան հասկացողութիւն մը իրենց պատմական վիճակին մասին:

Ընդհանուր առմամբ, ամէն գիտութիւն և ճանաչողութիւն պէտք է որ ծառայէ մարդկային կենսական շահերուն: Գիտնա՛լ իրենց պատմութիւնը կը շահագրգռէ հայերը, որովհետև անիկա անմիջականօրէն կապ ունի իրենց ինքնութեան և գոյատևման հետ: Հասկնալ և պահել ինքնութիւնը կը նշանակէ տեսնել հայոց հիմնական շահերը ճշգրիտ պատմութեան և պատմական փորձառութեանց գիտութեան ազատագրող ուժին մէջ: Կիսա-դիւցազնական  պատմութիւնները դադրած են ունենալ որևէ նշանակութիւն և դեր: Հարիւրամեակին առիթով գոնէ ամէն հայ պէտք էր որ անձնապէ՛ս գտնուէր պատմութեան մասին մտածելու փրոսէսի մը մէջ: Դժբախտաբար սակայն հայ մշակութային ճարտարարուեստը եղաւ աղմկոտ համացանց մը և կորսուեցան անկախ մտածողութեան կարելիութիւնները: Մթնոլորտը տակաւին խճողուած է, սակայն պէտք է սկսիլ իսկական հայկական զրուցարան մը:

Հակիրճ Բովանդակութիւն

Յառաջաբան. Հայ Վիճակը Վերլուծական Դիտանկիւնէ

Ա.Մաս. Յետահայեցութեամբ.- Հայ Վիճակին և Պատմական Եղափոխութեան Իւրայատուկ Կողմերն

ու Մակարդակները

Բ. Մաս. Նախահայեցութեամբ.- Յաջորդ Հայ Դարը – Կողմնակի Ելքեր և Ետդարձներ Հանրութեան, Կրթական Հաստատութեանց և Մտաւորական Մշակոյթի Մակարդակներուն վրայ

Գ. Մաս. Յետահայեցութեամբ և Նախահայեցութեամբ.- Երեւութաբանական և Ամբողջաբանական Վերլուծում Արևմտահայերէնի, Պատմագրութեան և Ինքնութեան Հարցերուն

Եզրակացութիւն. Մաքրասրբում և Վաղորդայնը

Յաւելուած Ա. Հայոց Պատմութեան Ժամանակագրութիւն մը

Յաւելուած Բ. Եզրաբանութիւն մը. Հայերէն-Անգլերէն և Անգլերէն-Հայերէն

Քանի որ ինչպէս որ կ’ըսեն, ‘բարեպաշտութիւնը կը սկսի խօսողէն’, այս աշխատութիւնը ի՛նքը պէտք է որ ըլլայ առաջին գործադրողը իր առաջարկներուն: Այս նպատակով պատրաստած եմ երկու յաւելուածները,  ժամանակագրութիւն մը և եզրաբանութիւն մը: Հայերէն և անգլերէն լեզուներով գրելու դժուարին և բարդ աշխատանքը մաս կը կազմէ այս գործին նպատակներուն: Եթէ այսպէս կոչուած յաջորդ հայ դարը ‘լինելու և չլինելու’ ճակատագրական հանգրուան մըն է՝ ուրեմն ժամանակն է որ հայերը իրենց խնդիրներուն մասին մտածեն, խօսին, և գրեն իրենց լեզուով ևս: Այլապէս, ամէն գործունէութիւն, ինչ նշանաբանի կամ դրօշակի տակ ալ գայ հրապարակ՝ յարակարծական է: Որովհետև հարցը կը վերաբերի գոյութեանը ժողովուրդի մը, որ չէ յաջողած, կամ ուզած կամ փորձած պահել իր ամէնէն մեծ արժէքներէն մէկը՝ լեզուն:

Առաջին Մաս

Յետահայեցութեամբ.- Հայ Վիճակին և Պատմական Եղափոխութեան Իւրայատուկ Կողմերն ու Մակարդակները

  1. Միջնադարեան Պատումներ – Արդիապաշտ Ուղղութիւններ – Վերլուծում մը
  2. Միութիւն – Բազմազանութիւն
  3. Հայ Մտադրոյթ – Արդիական Հայազգացութիւն
  4. Համանմանութիւն – Տարանջատութիւն/Տարամիտութիւն
  5. Գաղափարաբանութիւն – Ռէալփոլիթիք
  6. Ինքնավար Քաղաքականութիւն – Հայկական Քաղաքականութիւն
  7. Սփիւռք – Համասփիւռ
  8. Կեդրոն/Շրջամասեր – Մեթասիսթեմ և Զոյգ Հայաշխարհներ
  9. Էութեան Օրէնք – Բնակավայրի Օրէնք
  10. Ուղղափառութիւն/Հերձուածողութիւն – Տարակարծութիւն/Անկախամտութիւն
  11. Բնիկ Մշակոյթ/Աւանդութիւն – Միջմշակութայնացում
  12. Ինքնութիւնը իբրև Էութիւն/Գաղափար – Ինքնութիւնը իբրև Գոյութիւն/Փոխյարաբերութիւն
  13. Բնիկ Լեզու – Գիտակցական Բազմալեզուականութիւն
  1. Միջնադարեան Պատումներ – Արդիապաշտ Ուղղութիւններ – Վերլուծում մը

Քիչեր և քիչ անգամ կ’անդրադառնան թէ հինգերորդ դարէն իվեր կիսա-առասպելական պատումները կը մատուցուին ժողովուրդին իբրև իր պատմութիւնը, և թէ հակառակ իրենց կարևորութեան՝ այս պատումները մասնակի են և անբաւարար: Որովհետև, առաջին՝  ըլլալով եկեղեցականներ՝ հեղինակները ունէին որոշ դիտակէտ և մտահոգութիւններ. երկրորդ՝ անոնք իրենց պատմութիւնները կը շարադրէին ըստ իրենց պատկանելիութեան ու հաւատարմութեանց մէկ կողմէ եկեղեցիին՝ և միւս կողմէ յաճախ մրցակից նախարարական տուներուն. երրորդ, մատենագիրները կը կեդրոնանային գերազանցապէս հայկակա՛ն պատումներու վրայ:

Հարաւային Կովկասի և Միջին Արևելքի մէջ հայոց պատմական փորձառութեան այս ապա-շրջանակացումը (decontextualization) աղաւաղած է զայն և կորսնցուցած յարաբերութիւնները իր միջավայրին հետ: Առանց ոչ-հայ աղբիւրներուն ալ օգտագործումին՝ կարելի չէ հասկնալ հայոց պատմութիւնը իր ամբողջութեան մէջ:

Հայ մտաւորական մշակոյթին գլխաւոր իւրայատկութիւններէն մէկը այն է թէ միջնադարեան պատումները ոչ միայն ամբողջովին որդեգրուեցան այլ նաև խարիսխ հանդիսացան հայ վերածնունդին (18-19րդ դարերուն) և աւելի ուշ, նաև ժամանակակից գրականութեան ևս: Նաև՝ հայ պատմագրութիւնը կը տառապի այլ մեթոտաբանական և իմացաբանական թերութիւններէ: Ներկայիս բոլոր ընկերային գիտութեանց նման՝ պատմագրութիւնն ալ ամբողջովին փոխուած է, սակայն շատեր տակաւին կը պահեն իրենց դիրքերը աւանդական պատնէշներուն ետին:

2.Միութիւն – Բազմազանութիւն

Մինչ ‘միութեան’ ճշգրիտ իմաստը երբեք յստակ չէ եղած որևէ ժամանակի և վայրի մէջ՝ անիկա նաև եղած է քաղաքականացուած նշանաբան մը և գործիք որոշ ռազմավարութեան մը:

Իրողութիւնը այն է թէ հայերու պատմական փորձառութեան ընթացքին եղած է ոչ թէ միութիւն՝ այլ բազմազանութիւն, իբրև մէկը այդ փորձառութեան իւրայատկութիւններէն: Հայ կենսունակութեա՛ն այս նշանը բնական երևոյթ է, բարդութիւնները յառաջացած են երբ անիկա դիտումնաւոր կերպով շրջանցուած է և հրապարակ հանուած ‘միութեան’ պահանջ ներ կարգ մը հաստատութեանց ու խմբակցութեանց  ուժեղացումին և ուրիշներու լուսանցքայնացումին ու ջնջումին նպատակով:

  1. Հայ Մտադրոյթ – Արդիական Հայազգացութիւն

Միակ ‘միութիւնը’ – եթէ կարելի է այդպիսին նկատել զայն – Եղեռնին կապուած հայ ընդհանուր մտադրոյթն (mindset) է կամ հաւաքական մտածելակերպը: Ներկայիս գրեթէ բոլոր հայերը, քիչ բացառութիւններով, կը սերին Եղեռնէն վերապրած ընտանիքներէ և կը բաժնեն Եղեռնին գիտակցութիւնը իբրև միա՛կ գիտակցութիւնը անցեալին նկատմամբ: Ուրեմն Եղե՛ռնը կ’ըլլայ իրենց պատմական անցեալը: Շատերու համար այսօր ըլլալ հայ՝ կը նշանակէ ըլլալ ժառանգորդը վերապրողներու սարսափելի յիշողութեանց, և վերջ: Կարելի չէ արտօնել որ հայազգացութիւնը վերածուի եղեռնազգացութեան: Այսինքն մէկ դրուագ պէտք չէ որ խաւարեցնէ ժողովուրդին աւելի քան 25 դարերու պատմութեան գիտակցութիւնը:

Դ. Համանմանութիւն – Տարանջատութիւն (uniformity-divergence)

Համանմանութեան (uniformity) սկզբունքը կը վերաբերի այն ենթադրութեան թէ նման հանգամանքներու մէջ` և տրուած ըլլալով որոշ գաղափարաբանական կեցուածքներ՝ հայերը վարուած են և կը վարուին նոյնանման և հետևաբար սպասելի-գուշակելի կերպերով: Այս ենթադրութեան ուղղակի արդիւնքը ան է թէ գոյութիւն ունին ընդհանուր հայկական մտածելակերպ, վարուելակերպ և կեցուածք, ուրեմն կա՛յ  համանմանութիւն: Արտօնուած են միայն  այնպիսի պատումներ՝ որոնք կը հաստատեն համանմանութեան սկզբունքը: Անտեսուած են հակապարագաներ, և անոնց խաւարումով՝ հաստատուած են որոշ պատումներ միայն: Այսօր հայեր, և պատմագիրները մասնաւորաբար,  պէտք է որ պարկեշտօրէն նկատի առնեն հայոց գործունէութեան, մտածումի և հակազդեցութեան տարբեր կերպերը ըստ միջավայրին պայմաններուն: Միայն այն ատեն կարելի կ’ըլլայ գրել ճշգրիտ պատմութիւն:

  1. Գաղափարաբանութիւն – Ռէալփոլիթիք

Ռէալփոլիթիքը այն քաղաքականութիւնը կամ դիւանագիտութիւնն է, որ հիմնուած է գործնակա՛ն նկատառումներու վրայ՝ և ոչ թէ գաղափարաբանութեան մը: ‘Հայկական ռէալփոլիթիք’ը  հայոց պատմութեան ամէնէն քիչ խօսուած ու սերտուած՝ սակայն ամէնէն յատկանշական կողմերէն մէկն է: Այս ուղղութեամբ վկայութիւններ են ոչ-հայ աղ բիւրները, ինչպէս յոյն, արաբ, ասորի, պարսիկ, լատին, ևայլն: Իրենց ամբողջ պատմութեան ընթացքին և չափազանց վտանգաւոր պայմաններու մէջ՝ հայերը իրենց գտնուած վայրերուն մէջ դաշնակցած են − կամ պայքարած − տարբեր ուժերու և խմբակցութեանց հետ որդեգրած՝ կամ մերժած այն ինչ որ նկատած են օգտակար կամ վնասակար իրենց գոյատևումին համար: Հազուադէպօրէն գաղափարաբանութիւնը նկատած են նախադաս իսկ իրենց շահերը երկրորդական:

          Այն ինչ որ ոմանք կը կոչեն ‘հայկական գաղափարաբանութիւն’ ունի գրական-վերացական և ոչ թէ իրողական գոյութիւն կամ իրողական պարագաներ՝ որպէսզի նկատուէր պատմութեան ընթացքը բացատրող նախատիպար: Իրողապէս, այսինքն գետնի վրայ, դժուար է գտնել հայ քաղաքականութեան, մտածելակերպի և ռազմավարութեան մնայուն և շարունակական գիծ, բացի իւրայատուկ շարժունութենէ և ճկունութենէ՝ որոնց շնորհիւ ապահովուած է ընդհանուրին կամ Մեթասիսթեմին գոյատեւումը: Հայոց պատմութիւնները պէտք էր որ ցոլացնէին ա՛յս վիճակը և խուսափէին վերացականացումներէ իբրև թէ հայերը միշտ գործած ըլլային ըստ իրենց գաղտնի էութեան մը և ազգային գաղափարաբանութեան: Այս չէ եղած և չէր կրնար եղած ըլլալ պարագան, եթէ ըլլար՝ այսօր հայերը պիտի ըլլային Մերձաւոր Արևելքի կորսուած ժողովուրդներէն մէկը:

  1. Հայրենիք – Բնակավայր

Սկիզբէն իվեր յարատև գաղթերու պատճառով համասփիւռութիւնը (dispersion) եղած է հայոց բնական վիճակը և այսպէս՝ իրենց պատմութեան իւրայատուկ երեսներէն մէկը:

Մերձաւոր/Միջին Արևելքի ամէնէն հին և տակաւին գոյատևող ժողովուրդներէն՝ սկիզբէն իվեր հայերը ապրած են իրենց հայրենի հողին ինչպէս նաև ամբողջ շրջանին մէջ և անկէ շատ անդին, փոխյարաբերելով տարբեր ժողովուրդներու և մշակոյթներու հետ: Այսպէս, հայկական բնակավայրը միշտ ալ եղած է շատ աւելի տարածուն քան բուն հայրենիքը և զայն ներառած: Մշակութային և քաղաքական փոխյարաբերութեանց իրենց կերպերը եղած են, և տակաւին են, գերազանցապէս ապակեդրոնացած և բազամատարածք: Բնակավա՛յրը (habitat) պէտք է որ առնուի իբրև հայոց ապրած և գործած միջոցը և իբրև այդպիսին՝ նկատուի առաջնահերթ, թէ իբրև նիւթական իրականութիւն և թէ իբրև տեսական սկզբունք: Սակայն, գրաւոր պատմութիւնները  մեծապէս նեղցուցած են և աղքատացուցած հայ փորձառութեանց շրջանակը, արձանագրելով միա՛յն այն դէպքերը, որոնք պատահած են հայրենի հողին վրայ: Առնել ամբողջ հայկական բնակայրը անպայմանօրէն պիտի լայնցնէ հայ վիճակին ամբողջական շրջանակը և ներառնէ ամէն կարգի փորձառութիւններ բոլոր տեղերու և ժամանակներու մէջ: Այս մօտեցումը պիտի առաջնորդէ – ինչպէս պատահած է իմ պատմագրական աշխատանքիս մէջ − հայոց պատմութեան վերա բերեալ նախապէս անծանօթ բայց իսկապէս կարևոր և հետա քրքրական տեղերու և ժամանակներու: Օրինակ, ֆաթիմիական հայերը, Սուրիոյ մէջ հայոց պատմութիւնը 1Օրդ դարէն ալ առաջ:

  1. Ինքնավար Քաղաքականութիւն – Հայկական Քաղաքականութիւն

Հինէն իվեր հայ պատմագրութեան և ընդհանրապէս պատմական մտածելակերպին իւրայատկութիւններէն մէկն է քաղաքական պատմութեան նոյնացումը միայն թագաւորական-իշխանական և կրօնական հաստատութեանց գործունէութեան հետ ‘հայրենի հողին’ վրայ: Այս շրջանակներէն դուրս մնացած ամէն քաղաքական երևոյթ ամէն տեղ դուրս է դասական հայոց պատմութենէն: Իբրև հետևանք՝ շատ քիչ բան կայ արձանագրուած անհատներու և ուղղութիւններու գործունէութեան մասին ամէն տեղ: Մինչ արաբական և ասորական պատմութիւններուն և ժամանակագրութեանց մէջ բոլոր մակարդակ ներու և մարզերու մէջ գործօն հայերու մասին կայ մեծ քանա կութեամբ նիւթ՝ հայկական աղբիւրները կը պահեն քար լռութիւն, նոյնիսկ երբ իրենց կը հայթայթուի նոր տեղեկութիւն: Գործնա կանապէս ուրեմն, հաստատութիւններէն և ‘հայրենիքէն’ դուրս գտնուող հայերու պատմութիւնները արձանագրուած են ո՛չ-հայ աղբիւրներու մէջ: Կացութիւնը տարօրինակ բայց ոչ անսպասելի հետևանք մըն է հայ պատմագրութեան բնոյթին:

  1. Ներքին/Արտաքին – Մոնատական Ազգայնականութիւն

Նախորդ կէտերը կ’առաջնորդեն հայ կացութեան յարաբերաբար նոր իւրայատուկ երեսի մը: Ասիկա ‘ներքին-արտաքին’ ստորոգութեանց կիրարկումն է, ներքինը ըլլալով յատուկ Հանրապետութեան, իսկ արտաքինը անկէ դուրս գտնուած ամէն բանի:

Հայերու պատմական եղափոխութիւնը եղած է այնպէս՝ որ լաւագոյնս կը բացատրուի ‘մոնատական’ տեսութեամբ մը: Սեփական տեսութիւն մըն է ասիկա, զոր կազմած եմ տարիներ առաջ և բազմիցս գրած այդ մասին: Ըստ իմ վարկածիս՝ մոնատը ինքնաբաւ միաւոր մըն է,  որ սակայն կը զարգացնէ իր սեփական ծրագիրը և միաժամանակ կը ցոլացնէ ամբողջութիւնը, որուն ինք մաս կը կազմէ: Այսպէս, մեծ ու փոքր հայ միաւորները մոնատներ են, ըլլան անոնք մեծ՝ ինչպէս Կիլիկիան, կամ համայնքներ՝ ինչպէս Լիբանանի համայնքը, կամ փոքր՝ ինչպէս ընտանիք մը հարաւային Ափրիկէի մէջ:

Մոնատներու ամբողջութիւնը կը կազմէ հայ ընդհանրութիւնը կամ Մեթասիսթեմը: Կարելի է վիճարկիլ թէ հայ մոնատական ազգայնականութիւնը հետևանք է հայ համասփիւռ կացութեան: Դարերու ընթացքին բնակավայր փոխելու և ենթակառոյցներ կորսնցնելու և վերակառուցելու ընթացքին մէջ և անոնց պատճառով՝ իւրաքանչիւր հայ մոնատ կամ միաւոր զարգացուցած է իր սեփական-ներքին սիսթեմը և ենթակակառոյցները: Իսկ Մեթասիսթեմը, կամ հայ ամբողջութիւնը գործած և յարատևած է պարզապէս մոնատներու յաջողութեան շնորհիւ և անոնց ներքին հայկականութեան կամ մոնատական ազգայնականութեան հիման վրայ:

  1. Սփիւռք – Համասփիւռ

Յունարէն բառ մը, տիասփորա կամ սփիւռք կը նշանակէ ցրուած բնակչութիւն, որ ունի ընդհանուր ցեղային ծագում  տարբեր  աշխարհագրական  տեղի մը մէջ, սակայն  շարժած է իր  այս սկզբնական -բուն հայրենիքէն: Ներկայիս տիասբորան վերաբերի պատմական մեծ և պարտադիր ցրուումներու:

Այս իմաստներէն ոչ մէկը կը կիրարկուի հայոց պարագային: Կանուխ միջնադարէն իվեր ցրուումը եղած է հայերու պատմութեան իւրայատկութիւններէն մէկը:

Բառը ստեղծուեցաւ Սովետական Հայաստանի մէջ պաղ պատերազմին ընթացքին զատորոշելու և բաժնելու համար Հայաստանը իրմէ դուրս գտնուող բոլոր հայկական բաներէն: Աստիճանաբար անիկա կազմեց հայրենիք-սփիւռքին երկրորդ եզրը և սկսաւ վերաբերիլ որո՛շ յարարաբերութիւններու, ակնկալութեանց և պարտադրանքներու: ‘Հայրենիք-սփիւռքը’ այլևս նոր և քաղաքականացուած տարազ մըն է և կը ծառայէ քաղաքական ծրագիրներու և այլապէս ֆոլքլորի մը:

Բացարձակապէս անընդունելի է այն տպաւորութիւնը թէ տարազին առաջին մասը հիմնականն է իսկ երկրորդը՝ սփիւռքը երկրորդականը: Սովետական ապա անկախ Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան կէսը այսօր մաս կը կազմէ ‘սփիւռքին’: Առնուազն պատմագրութեան մէջ այլևս արդարացի չէ շարունակել հայրենիք-սփիւռք կաղապարումները: Կայ նաև այս տարազումին հետևանքով ստեղծուած ժողովրդական մտադրոյթը, իբրև թէ հայրենիքը ըլլար ‘բնական-վերջնական’ վայրը իսկ սփիւռքը ‘ոչ-բնականը-ոչ վերջնականը’: Այս ենթադրութիւնը կը նշանակէ ամէն բան դատել և արժևորել ըստ այս բաժանումին, և ինչպէս ոմանք կ’ընեն՝ հայրենիքը նկատել ‘մնայունը’ իսկ սփիւռքը ‘գնայունը’: Պարզապէս անհեթեթութիւններ և հակասութիւններ են ասոնք, որոնք սակայն կ’օգտագործուին: Ժամանակն է գիտակցիլ այս կացութեան և պարկեշտօրէն սրբագրել զայն:

  1. Կեդրոն/Շրջամասեր –Մեթասիսթեմ և Զոյգ Հայաշխարհներ

‘Հայրենիք-բնակավայրի’ և ‘ներքին-արտաքինի’ տարազները անպայմանօրէն յառաջացուցած են մտածելակերպի և ընկերային-քաղաքական մշակոյթի ուրիշ իւրայատկութիւն մը.- հայ վիճակը դիտելու և կաղապարելու իբրև կեդրոն և շրջամասեր: Այսինքն այն ինչ որ կը գտնուի ‘հայրենի’ հողին վրայ հոգեբանական կերպով ևս կեդրոնական է և նախադաս:

Պատմականօրէն՝ գոյութիւն ունեցած է հայաշխարհ մը առա՛նց վարչական կամ աշխարհագրական կեդրոնի և ծայրամասերու: Մասերը գործած են և տակաւին կը գործեն իւրաքանչիւրը իր վայրին պայմաններով և պարտադրանքներով, իսկ Մեթասիսիթեմը գոյատևած է և կը գոյատևէ իր մասերուն-մոնատներուն միջոցով: Հայագէտներ պէտք է որ սկսին հայ վիճակին Մեթասիսթեմ մը ըլլալու սկզբունքէն և խուսափին ընդհանրացումներէ: Եթէ գոյութիւն ունի հայկական փոլիս մը և քաղաքացիութիւն, անիկա այս հայ ամբողջին կամ Մեթափոլիսին պատկանելու և անոր կապուած ըլլալու գիտակցութիւնն է:

Տասներորդ դարէն սկսեալ և ժամանակի ընթացքին և եղափոխութեան տարբեր հուներու պարտադրանքով, մեծցան արևելեան և արևմտեան հայաշխարհներու միջև լեզուի, ժողովրդական մշակոյթներու, մտայնութեան և ամէնէն աւելի աշխարհահայեացքի տարբերութիւննները: Արևմտահայ և արևելահայ մշակոյթներու գոյութիւնը հարստացուցած է ընդհանուր մշակոյթը, սակայն կացութիւնը տակաւին չի հասկցուիր և կը շահագործուի: Տեսնել բոլոր հայկական բաները իբրև արևելահայ-արևմտահայ իրականութեանց ամբողջու թիւն, առանց որ որևէ մէկը ունենայ առաջնահերթութիւն կամ կեդրոնական հանգամանք, անպայմանօրէն պիտի յառաջացնէ իրապաշտ կեցուածքներ և փոխադարձ յարգանք:

  1. 1. ‘Էութեան’ Օրէնք – ‘Բնակավայրի’ Օրէնք

Հոս տեղն է ներկայացնելու սեփական ուրիշ տեսութիւն մը: Անիկա հայ անհատականութեան թափանցիկ ըլլալու պարագան է: Այսինքն, հայերը ուր որ ալ գտնուին կը ցոլացնեն միջավայրը, ‘յատակը’ (background), և կը ստանան իրենց ապրած տեղին գոյներն ու ձեւերը: Կարճ ժամանակի ընթացքին՝ եղափոխական փոխակերպումով կը նմանին տեղացիներուն:

Վիճարկումս այն է թէ հայերը չեն եղած մեծ կայսրութեանց ժողովուրդներու մակերեսին վրայ ծփացող փոքր ազգ մը, որ խորհրադաւոր ‘էութեան’ մը շնորհիւ և անոր յետամուտ` յաջողած է կերպով մը գոյատևել: Ոչ մէկ բան ցոյց կու տայ թէ գոյութիւն ունեցած է ‘ազգային մեքանիզմ’ մը կամ  գաղափարաբանութիւն մը: Իր մասերուն շարժունութեան և ճկունութեան շնորհիւ է որ գոյատևած է Մեթասիսթեմը: Հայոց բնակավայրերուն մէջ իրենց պատմութեան մեծ տարածութիւններ տակաւին կը սպասեն ուսումնասիրութեան:

Տրուած ըլլալով հայերու համասփիւռ վիճակը, չէր կրնար ըլլալ ‘զուտ’ հայկական պատմութիւն մը՝ անկախ իրենց գտնուած վայրերու ժողովուրդներու պատմութենէն: Վերարժևորումի լայն աշխատանքի մը առաջին պայմանը գիտնականներուն կողմէ որոշել է հայոց պատմութիւնը բերել իր պատմական միջավայրին մէջ, լաւապէս ճանչնալով վերջինին պատմութիւնը ևս: Որովհետև անիկա միաժամանակ մաս կը կազմէ տեղակա՛ն պատմութեանց: Յստակ է թէ դժուար է ուսումնասիրել հայոց պատմական փորձառութիւնը հսկայական և յարատևօրէն շարժուն բնակավայրի մը վրայ: Կայ հոգեբանական դժուարութիւն մը ևս՝ արմատական կերպով փոխելու պատմագիտական հայեցակէտները և գրելու ոճը: Դիւրին է շարունակել գործելու և մտածելու հին կերպերը փոքր շրջանակներու մէջ:

  1. Ուղղափառութիւն/Հերձուածողութիւն −Անկախամտութիւն

Ուղղափառութիւն կը նշանակէ լիազօրուած և ընդունուած տեսութիւն կեցուածք, հերձուածողութիւնը (հերետիկոսութիւնը)՝  զարտուղում ‘ճիշդ’ ուղիէն: Անիկա կը նշէ ոչ-համակերպութիւն և իբր այդպիսին՝ ‘թիւր’ տեսութիւն, ըմբոստութիւն: Հայ իրականութեան մէջ և սկիզբէն իվեր, արմատական պահպանողականութիւնը կը յատկանշէ իշխող հաստատութիւնները: Կա՛յ յստակ բաժանում մը ուղղափառ-ճիշդ  ճամբուն և հակառակին միջև: Այս բացորոշումը կիրարկուած է ամէն տեղ և այն ինչ որ նկատուած զարտուղի անմիջապէս քշուած լուսանցքի վրայ, և արտաքսուած` եթէ նաև ներկայացուցած ըլլայ վտանգ մը: Հետևանքը եղած է մեծ մթագնում մը բազմաթիւ երևոյթներու և գաղափարական հոսանքներու:

  1. Բնիկ Մշակոյթ – Միջմշակութայնացում− Աշխարհայնացում

Շարունակելով նախորդ կէտերը հայ վիճակին իւրայատուկ երեսներուն մասին՝ յիշատակենք նաև այն համոզումը թէ գոյութիւն ունեցած է և ունի հին, բնիկ և վաւերական հայ մշակոյթ մը, որ տակաւին գործօն է աննշան փոփոխութիւններով: Միայն հեռաւոր ճշմարտութիւն մը կայ այս կարծիքին մէջ: Ճիշդ է թէ որևէ մշակոյթի կարգ մը տարրերը անպայմանօրէն կը շարունակուին եղափոխական օրէնքով, սակայն ‘մնայուն-տևական էութեան’ մը մասին հաւատքը միայն ենթադրութիւն մըն է: Ցրուած տարբեր քաղաքակրթութեանց, մշակոյթներու և ժողովուրդներու մէջ՝ հայերը մօտէն յարաբերած են բոլորին հետ: Երբեմն յաջողութեամբ որդեգրած՝ երբեմն ալ մերժած այն ինչ որ նկատած են օգտակար կամ հակառակը: Աշխարհայնացումը (globalization) նոր չէ, պարզապէս արդի հաղորդակցութեանց միջոցները արագացուցին անոր ընթացքը: Անիկա սովորական բան էր հին յունական, պարսկական, հռոմէական, արաբական, և թրքական կայսրութաեանց մէջ: Նեղ իմաստով ‘ազգութիւնը’ (ethnicity) յարաբերաբար նոր է:

Միջմշակութայնացումը (acculturation) անցեալին և ներկային ամէն տեղ հայ վիճակին կարևոր իւրայատկութիւններէն է: Անիկա բնական և առողջ գործընթաց մըն է, որուն միջոցով մարդիկ կը սորվին իրենց սեփական մշակոյթին կողքին՝ նաև իրենց միջավայրի մշակոյթը և կը զարգացնեն անոր յարմարելու վարուելակերպ և արժէքներ: Միջմշակութայնացումը անպայման չ’առաջնորդեր ապամշակութայնացումի, այնքան ատեն որ բնիկ մշակոյթը կը կը պահուի տուեալ ընկերութեան մէջ: Խնդրահարցը (problematique) հետևեալն է.- ինչպէ՞ս պահել սեփական մշակոյթը բաց և գործօն և միաժամանակ քաջալերել և յաջողեցնել միջմշակութայնացումը և աշխարհայնացումը:

  1. Ինքնութիւնը իբրև Էութիւն – Իբրև Գոյութիւն/ Միջյարաբերութիւն

Նկատի առած հայ վիճակին այս իւրայատկութիւնները, կը թուի թէ ամէնէն խնդրական հարցերէն մէկն է հայ ինքնութիւնը: Երրորդ Մասին մէջ կայ ինքնութեան ամբողջաբանական վերլուծում մը:

  1. Բնիկ Լեզու – Գիտակցական Բազմալեզուականութիւն

Հայ գոյատևումին համար չափազանց կարևոր ազդակ է բնիկ լեզուն, որովհետև անիկա բանալին է մշակոյթին և արուեստներուն: Լեզուին կորուստը պիտի նշանակէ գրական-մշակութային աւանդին հետ խզում, և պատճառէ շատ աւելի մեծ աւեր քան ուրիշ որևէ ազդակ: Հայերու մեծամասնութիւնը ապրած են և կ’ապրին ոչ-հայ միջավայրերու մէջ և շատերու համար բնիկ կամ ‘առաջին’ լեզուն տեղականն է ոչ թէ հայերէնը:

Երկլեզուականութիւնը և երբեմն եռալեզուականութիւնը թէ՛ իրողութիւն է և թէ՛ անհրաժեշտութիւն, որ եթէ մօտեցուի հմտութեամբ անպայմանօրէն կը յաջողի, ինչպէս կը տեսնենք շատ մը երկիրներու և ընկերութեանց մէջ:

Սակայն հայոց պարագային երկլեզուականութիւնը չէ հասկցուած և չէ դարմանուած պէտք եղած ձեով, հետևանքը քաոս է, իսկ զոհը՝ լեզուն: Գրեթէ ամէն տեղ կացութեան իրապաշտ գիտակցութեան պակասը և թոյլ ծրագրումը պատճառներ են նա՛և լեզուական ձախողութեան: Ընդհանպէս սակայն լեզուի գիտութիւնը այսօր խեղճ է: Դպրոցները լքուած են անպատրաստ և պատահական դասատուներու, նաև չկան ծրագիրներ հաստատելու արդիական ուսուցչանոցներ: Արևմտահայերէնը, որ հասած է յղկումի և հարստութեան բացառիկ մակարդակի, այսօր կը գտնուի լուրջ վտանգի տակ, այս մասին՝ աւելի լայնօրէն Երրորդ Մասին մէջ:

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

ԿԱՆԽԱՀԱՅԵՑՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՅ ԴԱՐԸ

Կողմնակի Ելքեր և Ամբողջական Ետդարձներ Հանրութեան, Կրթական Հաստատութեանց և Մտաւորական Մակարդակներուն վրայ

Ա. Ներկայ Վիճակը. Բ. Արահետն ի վար- Ետդարձներ և Ելքեր

Փաստօրէն, Հարիւրամեակը՝ թարմացուց պատմական մեծ համախորտակում մը և անկիւնադարձ մը: Պահանջատիրական ձայները արձագանգեցին և հանրութիւնը ձևով մը մօտեցաւ իր անցեալին: Եղաւ ազգային գիտակցութեան ժամանակաւոր ուժեղացում: Սակայն յետահայեցօրէն և նախահայեցօրէն՝  տրուած ըլլալով մտածելու և գործելու առկայ կերպերը, արահետն ի վար պիտի շարունակուին իրերը դէպի այլասերում: Բոլոր ճամբաներուն նման, կան սակայն կողմնակի Ելքեր (L-Turns)  Ամբողջական Ետդարձներ (exits, U-Turns) hանրութեան, կրթական hաստատու թեանց և տաւորական Մակարդակներուն վրայ: Հետևեալ հատուածները կարգ մը գաղափարներ են այս ուղղութեամբ.-

Ա. Հանրային Մակարդակ

ա. Վերուղղել առկայ հայ մտադրոյթը − Տեմոկրատականացում
բ. Յառաջացնել տարակարծութեան և քննական մտածումի մշակոյթ
գ. Օրինականացնել տարակարծութիւնը և ազատ մտածողութիւն
դ. Հայթայթել գիտութիւն մշակոյթի, արուեստներու և պատմութեան պատրաստել հանրային
դաստիարակութեան ծրագիրներ
զ. Լսողա-տեսողական միջոցներու օգտագործում
է. Արուեստներու օգտակարութիւնը և խնդրականութիւնը
ը. Բազմամշակութայնութիւն և բազմալեզուականութիւն
թ. Բնակավայրին և Մեթասիսթեմին պատկանելիութիւն

 Բ. Կրթական մակարդակ −Դաստիարակչական Նոր Փիլիսոփայութիւն
Գ. Մտաւորական Մշակոյթի Մակարդակ

 

ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՍ

ՅԵՏԱՀԱՅԵՑՈՒԹԵԱՄԲ և ՆԱԽԱՀԱՅԵՑՈՒԹԵԱՄԲ

Երեւութաբանական և Ամբողջաբանական Վերլուծում մը Արևմտահայերէնի, Պատմագրութեան և Ինքնութեան

Ա. Արևմտահայերէնի Հարցը Միացեալ Նահանգներուն մէջ

Վերածնունդէն և հայ մեծ բնակավայրին պայմաններէն ծնած՝ արևմտահայերէնը ուղղուած էր անո՛ր գոյատևումին և արդիականացումին: Ներկայիս լեզուին տագնապը միաժամանակ արևմտահայոց  տագնապն է: Որովհետև հիմնականին մէջ լեզուն արտայայտութեան միջոց է և իբրև այդպիսին` չէ՛ ‘ինքն-իր-մէջ’ անկախ երևոյթ կամ գոյացութիւն մը այլ կապուած է պատմական իրողութեանց և պայմանաւորուած տեղի, ժամանակի և այլ իւրայատուկ ազդակ ներով: Ուրեմն, միայն լեզուի՛ն վրայ կեդրոնացումը լաւագոյն պարագային կրնայ միայն ծառայել քարոզչութեան: Առանց արևմտահայ հարցերուն ախտաճանաչումին և դարմանումի փորձին դժուար է մտածել լեզուն վերականգնելու և թարմացնելու մասին կամ գրել դեղագիրներ ու կազմակերպել առիթներ, ինչպէս որ շատեր կ’ընեն վերջերս: Կայ նաև աշխարհագրական ազդակը: Այս աշխա տութիւնը կը գրուի Միացեալ նահանգներու մէջ, կը կեդրոնանամ այս վիճակին յատուկ լեզուի հարցին, ըստ վեց խնդիրներու, մակարդակներու.-գոյութենական, գծիկեալ-բաղադրեալ ինքնութեան, իմացաբանական, բառամթերքային, հայագիտական ուսմանց կեդրոններու և մշակութային ‘դիւանագիտութեան’:

1.Գոյութենական խնդիրը այն է թէ այսօր արևմտահայերէնը կը նկատուի՞ արևմտահայ կամ ամերիկահայ ինքնութեան բաղկացուցիչ և կենսական տարրը: Պատասխանը ժխտական է: Փաստօրէն, թէ՛ արևելեան և թէ՛ արևմտեան նահանգներուն մէջ, բազմաթիւ շրջանակներու, ‘հայկական’ հաստատութեանց և նոյնիսկ եկեղեցիներու մէջ՝ լեզուն դադրած է մաս կազմելէ արևմտահայ ինքնութեան: Քիչ բացառութիւններով՝ ամէն առիթի կը տրուին պատճառաբանութիւններ թէ կարելի՛ է, և ինչու՞ չէ, ըլլալ ‘լաւ’ հայ առանց հայերէն գիտնալու: Գործնականապէս, այսօր կայ հայ ինքնութեան և գոյութեան նոր հասկացողութիւն և սահմանում, և իբրև արդիւնք՝ այլևս հաստատուած է օտարալեզու հայկականու թեան օրինականութիւնը:

  1. Գծիկեալ, Բաղադրեալ Ինքնութիւնը համաշխարհային երևոյթ է: Այսպէս՝ ամերիկահայը ամերիկացի-հայ է և քիչեր են որ գիտակցաբար կ’ուզեն, կը փորձեն կամ կը յաջողին գտնել հաւասարակշռութեան եզր մը և զարգացնել բաղադրեալ և աւելի՛ հարուստ անհատականութիւն մը առանց տալու առաջին զոհը՝ լեզուն: Նարեկացին և հայուն Աստուածը այլևս անգլիախօս են բայց ոչ այնքան պերճախօս: Ըստ ղեկավարներուն և սովորական հայերու՝ ոչինչ կայ զարմանալի կացութեան մէջ: Միջին Արևելքի կարգ մը երկիրներուն մէջ և ի՛մ սերունդիս համար գոնէ, կարելի եղաւ պահել բաղադրեալ ինքնութիւն և հպարտանալ անոր վաւերականութեամբ: Այսինքն անկարելիութիւն մը չէ պէտք եղածը:
  1. Իմացաբանական Հարցը պարզապէս պատմական ծանօթութեան պակասը կամ ամբողջական բացակայութիւնն է մեծամասնութեան մօտ: Դասագիրքերու և պատմական ուղղուածութեամբ թերթերու-գիրքերու պատրաստութիւնը ստիպողական է:
  1. Մասնագիտական Բառամթերքի Պակասը– Ընկերային, մարդկայնական, բժշկական, բնագիտական, թուաբանական և այլ գիտութեանց մէջ ամէնէն լուրջ հարցերէն մէկն է: Չկայ պահանջը թեքնիք եզրերու, հետևաբար՝ գանոնք ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Եթէ որևէ փորձ ըլլար հայերէնով գիտական կամ ակադեմական թեքսթեր գրել կամ գոնէ խօսիլ, նոյնիսկ տարրական դասարաններու համար, անպայմանօրէն պիտի սկսէր լեզուական դաստիրակութիւնը:
  1. Հայագիտական Ուսմանց Կեդրոններու և Ամպիոններու Հարցը.- Ներկայիս Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը գործեն շուրջ տասնըվեց հայագիտական ամպիոններ հաստատուած 60ականներէն սկսեալ: Ոչ մէկ տեղ հանդիպած եմ արևմտահայերէնով տրուած ծանր նիւթերու, ինչպէս պատմաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, hայ գիտութեանց պատմութիւն, ևայլն: Այսինքն հայագիտական ամպիոններուն մօտ գոյութիւն չունի՛ արևմտահայերէնի հարց: Կա՛ն նիւթական կարելիութիւնները սակայն չկան ամպիոններու և անոնց յանձնախումբերուն մօտ պէտք եղած մշակութային քաղաքականութիւնը կամ ‘դիւանագիտութիւնը’: Հայագիտութեան հարցը այս կեդրոններուն մէջ պէտք է որ դրուի քննարկումի սեղանի վրայ համազգայի՛ն մակարդակի վրայ: Որովհետև եթէ համայնքէն է որ կու գայ նիւթականը՝ ուրեմն իր իրաւու՛նքն է սպասել փոխարէն մը:
  1. Մշակութային Քաղաքականութիւն կամ Դիւանագիտութիւն .-Միամիտ չենք հաւատալու համար թէ ընկերային վիճակները կը պատահին մեքենականօրէն կամ բնութեան օրէնքով: Ճիշդ չէ որ Ամերիկա գացողը անպայմա՛ն կ’ըլլայ անգլիախօս և կ’այլասերի: Գոնէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ այսօր կա՛յ ծրագիր և աշխատանք ստեղծելու կատարուա՛ծ իրականութիւն մը՝ իբրև հողը նո՛ր հայկական վիճակի մը: Կատարուածը ամբողջովին աննպաստ է թէ արևմտահայ և թէ հայ պատմական ընթացքին: Արևմտահայերէնը առաջին դիւրին զոհն է, սակայն անիկա նաև ամէնէն ազդու գործիքն է այս կարգի ծրագիրներ թէ՛ յաջողցնելու և թէ՛ ձախողցնելու համար: Հակազդելու առաջին կերպը նախ գիտակցիլ է այսպիսի քաղաքա կանութեան մը շօշափելի՛ գոյութեան, ապա պայքարիլ անոր դէմ:

Բ. Հայ Պատմագրութիւնը Յետահայեցութեամբ և Նախահայեցութեամբ
Երեւութաբանական Վերլուծում մը

1.Պատմագրութիւն և Փիլիսոփայական Մտածելակերպը

Այս հատուածը հայ պատմագրութեան երեւութաբանական (phenomenological) կամ քննական-վերլուծողական մըն է անոր:  Մէկը ըսած է թէ մշակութային իմաստները և պատկերները կը նմանին երթևեկի լոյսերու, որոնք ի զօրու են միայն անոնց համար` որոնք մաս կը կազմեն ա՛յդ տեղին երթեւեկին: Սակայն հարցը կը փոխուի երբ մէկը կ’որոշէ առնել տարբեր ուղիներ տարբեր վայրերու մէջ: Այն ատեն նախորդ վայրին ‘երթևեկի լոյսերը’ կը կորսնցնեն իրենց ընդհանրականութիւնը և լիազօրութիւնը: Այս աշխատութիւնը կ’ընէ ճիշդ այս բանը.- անիկա կը շրջանցէ երթևեկի սովորական ճամբաներն ու լոյսերը և կ‘առնէ տարբեր ուղիներ:

2.Մտաւորականը և Պատմագրութիւն, Հանրութիւն, ‘Ճշմարտութիւն’

Նախահայեցութեամբ՝ յաջորդ դարուն ընթացքին գլխաւոր խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ հայ մշակոյթին քաղաքականացումի հանգոյցը: Մշակոյթը անխուսափելիօրէն կը քաղաքականացուի – ժխտական իմաստով – երբ կ’ըլլայ գործիքը խմբաւորումի մը կամ հաստատութեան մը ծրագիրներուն իրագործումին: Հոս կը կայանայ մեծագոյն վտանգը: Հայերու պարագային ինքնութիւնը և մանաւանդ հողը պաշպանելու և պահելու նշանաբանին տակ պարտադրուած մշակութային միատեսականացումը ռազմավարութիւն մըն է միայն:

  1. Հայ Մտաւորականը և Մշակութային Դիւանագիտութիւն

Մշակութային դիւանագիտութիւնը պարզապէս մշակոյթին վերաբեր եալ հանրային քաղաքականութիւն է, անիկա ‘կակուղ ոյժ’ է հակակշռելու համար մշակութային գործունէութիւնը և արտադրութիւնները: Գործնականապէս, բոլոր հայ հաստատութիւնները կը քաջա լերեն և առաջ կը մղեն մշակութային և ֆոլքլորական այն արտադրութիւններն ու երևոյթները, որոնք կը ծառայեն իրենց ծրագիրներուն:

Հոս է որ կու գան հայ մտաւորականին դիրքին և դերին հարցերը: Ընդհանրապէս մտաւորականը ան է որ կը զբաղի ընկերային իրականութեանց մասին քննական մտածումով, սերտողութեամբ, և խորհրդածութեամբ և կը կազմէ առաջադրանքներ անոնց լուծումին և բարելաւումին համար: Մտաւորականը  կը ծնի հակադրութեան մէջ և անո՛ր պատճառով, և իր էութիւնն է ըլլալ քննադատական և գործօն: Ճշմարիտ մտաւորականին համար արտաքին չափանիշներ, օրինականացումներ և ճնշումներ նուազագոյն ազդեցութիւն ունին իր բուն աշխատանքին վրայ: Ի՛նք պէտք է որ ըլլայ ընկերութեան վերստեղծումին ազդակ, անկախ հաստատութեանց մշակութային դիւանագիտութենէն: Հայկական հաստատութիւնները տակաւին պէտք է որ բնորոշեն մտաւորական գործունէութեան հետ իրենց յարաբերութիւնը, մինչ այդ՝ և հակառակ ամէն բանի՝ ժողուրդը պիտի սպասէ նո՛ր և պարկեշտ մտաւորականութեան մը յայտնութեան:

 

Գ. Ինքնութեան Ամբողջաբանական Վերլուծում մը

  1. Ինքնութիւնը Ենթակայական, Առարկայական, Հաստատութենական Մակարդակներու Խաչմերուկին վրայ – Ո՞վ, Ի՞նչ, Ինչպէ՞ս

Հազուադէպօրէն երկու անձ կրնան համաձայն ըլլալ թէ ի՞նչը կը կազմէ ինքնութիւնը, կամ ի՞նչ են անոր չափանիշները: Ինքնութեան հարցը կը հասկնամ երեք մակարդակներու խաչմերուկին վրայ.- ենթակայական-անհատական կամ ‘ո՞վը’. առարկայական-իմացական կամ ‘ի՞նչը’. և հաստատութենական-ընկերային կամ ‘ի՞նչպէսը’:

          Ենթակայական-անհատական մակարդակին վրայ ինքնութիւնը մաս կը կազմէ ենթակային ինքնագիտակցութեան՝ կամ ‘ո՞վ’ ըլլալուն: Անիկա կը տարածուի դէպի ենթագիտակցութիւնը, ուր կ’ըլլայ տարտամ զգացում մը:

Առարկայական-իմացական մակարդակին վրայ ինքնութիւնը գիտութիւն է, ինչպէս լեզուի, քիչ մը պատմութեան, ընտանիքի, և ֆոլքլորի: Անիկա կը վերաբերի ‘ի՞նչին’, կամ ինքնութեան բովանդակութեան: Առանց այս բովանդակութեան ինքնութիւնը՝ կամ աւելի ճիշդը անոր գիտակցութիւնը, պիտի կծկուի և նահանջէ: Այս ծիրէն ներս խնդիրը այն է թէ հայեր քիչ բան գիտեն իրենց պատմութեան, լեզուին և մշակոյթին մասին, և հետզհետէ կը նուազի իրենց գիտութեան մակարդակը: Եղեռնին մասին գիտութիւնը, մեծ կամ փոքր, չի կազմեր պատմական գիտութիւն:

Հաստատութենական-ընկերային կամ հաստատութեանց և ընկերութեան մակարդակին ինքնութեան ‘ինչպէ՞սն’ է: Հոս օրէնքները կ’որոշուին ըստ հաստատութեանց թելադրութիւններուն, պահանջներուն, և ծրագիրներուն և իբրև այդպիսին՝ ինքնութիւնը պարտադրուած է և ո՛չ անհատինը: Անհատը չի կրնար որդեգրել այնպիսի ինքնութիւն մը, որ արտադրութիւնն է իրմէ դուրս աղբիւրներու: Եթէ ազատ ժողովուրդի մը գոյատևումին կորիզը գործօն ու պատմական ինքնութեան գիտակցութիւնն է՝ և եթէ անիկա նաև կը կազմէ անհատին ալ էութեան ու գոյութեան իմաստը, ապա ուրեմն այդ ինքնութիւնը պէտք է որ ունենայ այնպիսի պատմական բովանդակութիւն՝ որ խորապէս հասկցուած և իւրացուած է անհատին կողմէ և ուրիշ ոչ մէկ աղբիւրէ:

 

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ապրիլ 2015 – Մաքրասրբում և Վաղորդայնը

Եղեռնի հարիւրամեակը տօնուեցաւ: Ազգային և միջազգային մակար դակներու վրայ առիթը անիկա եղաւ զանգուածային և տրամաթիք ժայթքում մը: Սպասելի էր որ ըլլար − բայց չեղաւ − իսկական ու մեծ քաթարսիս մը կամ մաքրասրբում մը և դնէր սկիզբը ընդհանուր ազգային վերականգնումի մը:

Երևան եկան նաև ժխտական և անբաղձալի երևոյթներ, որոնց ամէնէն լուրջը և բացայայտն էր նոր-հայրենասիրութիւն  (neo-patriotism) մը կառուցուած գլխաւորաբար Եղեռնին շուրջ և կազմակերպուած հայրենասիրական որսորդներու (patriotism baiters) կողմէ: Լայն տարածում գտած և գրեթէ ընդունուած այս կարգի հայրենասիրութիւնը պիտի զարգանայ ի գին առողջ՝ պատմական զգացողութեան: Միայն Եղեռնին և յարակից նիւթերու շուրջ հիւսուած այս նոր-հայրենասիրութիւնը միշտ կը մնայ վտանգաւոր երևոյթ, որովհետև այս խայտաբղետ ու մելոտրամաթիք փապուղին  պիտի խաւարեցնէ ազգային պատմութեան հետ կապերը:

Նոր-հայրենասիրութիւնը նաև պիտի շփոթէ անգէտները և նոր սերունդներու դիմաց խափանէ պատմական զգացողութիւնը (historical sense): Ասիկա անցեալին նկատմամբ՝ ենթակայական և ռոմանթիք կախուածութիւն չէ, այլ սուր գիտակցութիւն-զգացութիւնը ժողովուրդին ամբո՛ղջ պատմական անցեալին ներկայութեա՛ն, իբրև մասը ապրուա՛ծ-ներկայ ժամանակին: Ունենալ պատմական զգացողութիւն կը նշանակէ գիտակցիլ ամբողջ պատմական անցեալին և աւանդութեանց դերին ներկային և ապագային կերպաւորումին մէջ:

Նոր տեսլակերպերու բանալին՝ շրջե՛լ է պատմութեան մօտենալու և անոր հետ յարաբերելու նախատիպարները: Անոցմէ ամէնէն հիմնականը ան է թէ հայ իրականութիւնը փոփոխութիւն և փրոսէս է: Ասիկա կը նշանակէ հասկնալ հայ գոյութիւնը ուժակա՛ն ընթացքի մէջ և ոչ թէ սառած շրջանակներու: Հետագայ իրերու ձեւը (shape of things to come) պէտք չէ որ հետևի միայն ողբերգական դրուագներու: Գետի մը նման՝ որուն ջուրերը երբեք նոյնը չեն սակայն ինք կը մնայ միշտ թարմ և նոյնը՝ պէտք է վերարժևորել հայկական բաները նորոգումի գործընթացին ծիրէն ներս: Ազգովին և անհատապէս հայերը դիմագրաւող մարտահրաւէրը հետևեալն է.- հասկնալ, ուզել և փորձել ըլլալ հայ յարափոփոփոխ և համաշ խարհային մակարդակի վրայ, որդեգրել ուժական ինքնութիւն:

Այս չափերով արմատական վերանորոգում մը կ’ենթադրէ ամբողջական այլափոխում և արդիականացում մտաւորական և քաղաքական մշակոյթին մէջ ամէնուր: Այս ծիրով ծրագիրի մը իրագործումին համար պէտք է ստեղծել պայմաններ՝ ուր սովորական հայը կարենայ հասնիլ հանգրուանի մը, որ ոչ միայն ուզէ վերասահմանել իր ինքնութիւնը՝ այլ բաղձա՛լ այդ վիճակը: Որքան որ սիսթեմիք այնքան ալ անհատական ընտրութեան հարց է ասիկա: Հայ Մեթասիսիթեմը պէ՛տք է որ բարոյական և նիւթական ուժ հայթայթէ անհատին որպէսզի բացարձակ ազատութեամբ ան կարենայ մտածել և կատարել իր ընտրութիւնները: Այս գործընթացը կը պարտադրէ արմատական վերատեսութիւն մը հայ հաստատութիւններու և մտաւորականութեան մշակութային դիւանագիտութեան: Առաջին պայմանը կը մնայ քաջութիւնը և պարկեշտութիւնը սկսելու սկիզբէն:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Սարգիս Կիրակոսեան

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?