Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսք Յիշատակի

Յուլիս 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Seno-Bagraduni_72016Հող մտնել` արդար վաստակ մը ետին թողած ըլլալու գիտակցութեամբ: Այս գիտակցութիւնը խաղաղութիւն բերած պէտք է ըլլայ ընկեր Քրիստափոր Բագրատունիի հոգիին, երբ ան կը մաքառէր հիւանդութեան դէմ: Մենք գիտենք ու վստահ ենք, որ ինք եւս գիտէր, որ լրիւ կատարած էր իր պարտականութիւնները իր կուսակցութեան, եւ անոր ճամբով` իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ:

Երիտասարդական տարիներու իր շրջապատով, Դրոյի, Վրացեանի, Սասունիի եւ անոնց սերունդի դաշնակցական տիտաններու միջավայրին մէջ կուսակցական ու ազգային գործի ասպարէզ իջած Քրիստափորը, Սենոն, ուրիշ կենսագրութիւն դժուար թէ ունենար: Ան կրնար ըլլալ հրաշալի մանկավարժ, համալսարանի դասախօս, լեզուաբան, բայց իր տարերքը առաջնորդեց զինք ուրիշ ուղղութեամբ, բերաւ «Ասպարէզ»` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ, ուր ան խմբագիրի պարտականութիւնը ստանձնեց ու ղեկավարեց թերթի ամէնէն կարեւոր հանգրուաններու աշխատանքը` նախ երկօրեայի, ապա օրաթերթի վերածելով Ֆրեզնոյէն նոր Լոս Անճելըս փոխադրուած «Ասպարէզ» եռօրեան: Եթէ կարդաք յուլիս 31, 2004-ին «Ասպարէզ»-ի մէջ լոյս տեսած իր պաշտօնավարութեան օրերուն մասին յուշագրութիւնը, ապա պիտի նկատէք թէ՛ իր համեստութիւնը, թէ՛ իր սուր հեգնանքը` յատկապէս իր անձին ու իր կարողութիւններուն վերաբերեալ:

Այսուհանդերձ, նոյն այդ հեգնանքն է, որ կը մատնէ այս գործիչին կուսակցական կարգապահութեան խոր ըմբռնումը, ինչպէս օրինակ` թերթի խմբագիր ըլլալու նախապայմանները չլրացնելու իր «խոստովանութիւնը», ի վերջոյ` ոչ ճեմարան աւարտած էր, ո՛չ ալ հայագիտութիւն ուսած, աւելի վատ` նոյնիսկ մէկ հատ թղթակցութիւն չէր գրած, բայց եւ այնպէս ենթարկուած էր Կեդրոնական կոմիտէին եւ դարձած խմբագիր: Ընկերուհի Խաթունը կը վկայէ, թէ դաշնակցական մէկ ուրիշ տիտան ղեկավար` ընկեր Բաբգէն Փափազեան, Սենոյին ուղղուած նամակի մը մէջ գրած է, թէ Դաշնակցութեան ուժի դրսեւորում մըն է այն փաստը, որ Քրիստափոր Բագրատունին խմբագիր դարձուց:

Եւ այս անհաւանական խմբագիրը, հետեւեալ ձեւով բնութագրեց իր պարտականութիւնը «Ասպարէզ»-ի օրաթերթային առաջին թիւի առաջին էջին վրայ. «Կը յուսանք, որ «Ասպարէզ» օրաթերթը լաւագոյնս ծառայէ մեր ժողովուրդին. յաւակնութիւնը չունինք անթերի եւ բոլոր ճաշակներուն գոհացում տուող թերթ մը հրատարակելու, սակայն կը վստահեցնենք մեր ընթերցողները, որ մեզի վիճակուած պայմաններուն մէջ մեր լաւագոյնն է, որ պիտի փորձենք տալ մեր գաղութին, եւ մեր ուժերու սպառումին իսկ գնով պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը` ծառայելով հայ ժողովուրդին, հայ մշակոյթին եւ Հայ դատին»:

Թերթատելով իր խմբագրած թերթի իւրաքանչիւր էջ, կարդալով իր կուռ տրամաբանութեամբ կառուցուած խմբագրականներն ու վերլուծական յօդուածները` կրնանք հաստատել, որ ընկեր Սենոն կոչումի կրցաւ վերածել ա՛յն, ինչ պարտադրաբար, հրահանգով ստանձնեց: Իր սկզբունքը, թէ` Դաշնակցական պաշտօնաթերթի պարտականութիւնն է բացատրել, վերլուծել, լուսաբանել ազգային ու միջազգային իրադարձութիւնները, կեցուածք ցուցաբերել անոնց հանդէպ եւ դաշնակցականի ակնոցով ներկայացնել զանոնք, օրինակ ու ներշնչման աղբիւր էր շատերուս համար:

Թերթի մարդու, լրագրողի նկարագիրը, նոյնիսկ եթէ բնական չէ, այլ` ստանձնուած, ուրիշ տեսակի յատկանիշներ կրնայ աւելցնել անձի մը խառնուածքին վրայ, զայն վերածելով աւելի բաց ու թափանցիկ: Ընկեր Սենոյի պարագան այդպէս չեղա՛ւ: Խմբագիրի ու օրաթերթի առօրեան զինք չտրամադրեց իր կուսակցական առաքելութեանց մասին բացուելու, պատմելու. շատ ու շատ կազմակերպական աշխատանքներու մասին մենք անտեղեակ պիտի մնանք ու պիտի սպասենք կուսակցական արխիւներու հրապարակման:

Ամո՛ւր մարդ էր ընկեր Սենոն, ամուր հաւատքով, համոզումներով, գաղափարներով, եւ այդ ամրութիւնը կը ճառագայթէր իր անհատականութեան ընդմէջէն: Երբ կը գրենք ու կը խօսինք արժէքային մեր համակարգին մասին, շատ չենք անդրադառնար, թէ ինչպէ՛ս մեր կողքին ապրող, գործող մարդիկ, իրենց քրտինքով, իրենց միտքի երախտիքով կը հարստացնեն այդ համակարգը, կենսաձեւով ու վարքով շօշափելի կը դարձնեն անոր հիմքերը: Ընկեր Սենոն ճի՛շդ այդ անհատներէն էր, որ ապրելով ու գործելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որդեգրած, հարստացուցած ազգային արժէքներով` իր շրջապատին փոխանցեց անոնց հանդէպ երկիւղածութիւն, անոնց պահպանման ու զանոնք նոր սերունդին փոխանցելու յանձնառութեան ոգի:

Մենք այսօր հողին կը յանձնենք մեր սիրելի ընկերը` աւանդական դաշնակցական խոստումով, թէ պիտի շարունակենք իր գործը մեր ամբողջ կարողութեամբ, տէր պիտի կանգնինք մեզի փոխանցուած ժառանգութեան, զոհաբերութեան, կարգապահութեան, նուիրումի արժէքներով ապրելու ճիգով:

 

 

Նախորդը

Սարգիս Կիրակոսեան

Յաջորդը

Ներքին Ճակատի Կացինը. Ընտանեկան Բռնութեան Հարցը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?