Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»Ի Յուլիս Դ. – Լիզպոնի Ողջակէզներուն Մշտանորոգ Պատգամը

August 2, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Kantsasar_2016

Լիզպոնի մէջ Հայ դատի զոհասեղանին իրենց կեանքը նուիրաբերած հինգ հայ երիտասարդներուն օրինակը 33 տարի վերջ կը շարունակէ ճաճանչել հայ իրականութեան մէջ, յուզել մեր հոգիներն ու հայրենասիրութեամբ լիցքաւորել մեր գոյերթը:

Հայրենասիրութեան հուրով տոգորուած հինգ հայ նուիրեալները այդ տարիներուն իրենց ձայնը ողջ աշխարհին հասցնելու համար ընտրեցին ողջակիզման ուղին:

Ցեղասպանութեան պատճառով, հայրենիքի մէջ ապրելու հնարաւորութենէն զրկուած այս կենսախինդ երիտասարդներուն թիրախը սովորական մահկանացուները չէին. անոնց թիրախը հայկական պահանջատիրութեան դիմաց խուլ ձեւացող միջազգային հանրութիւնն ու Թուրքիոյ հասարակութիւնն էին:

Անոնց զոհաբերութեան աքթը ո՛չ վրէժխնդրութիւն էր, ո՛չ ալ սովորական ինքնասպանութիւն:

Լիզպոնի հինգ հայ երիտասարդներուն պահանջները յստակ էին ու պարզ` փշրել հայկական իրաւունքներուն նկատմամբ տարուէ տարի բարձրացող լռութեան պատը, ունենալ ազատ ու անկախ հայրենիք, ապրիլ հայավայել կեանքով, կազմել հայ ընտանիք ու վերջ տալ օտարութեան մէջ տարտղնուած հայու բեկորներու անհեռանկար կեանքին:

Անոնք կը հաւատային, որ հայը կը գոյատեւէ իր սեփական հայրենիքին մէջ միայն, իսկ հայրենիքը գերագոյն արժէք է: Հինգ հայ հերոսները թէեւ չտեսան ազատ, անկախ Հայաստանը, բայց հաւատացին, որ գերագոյն զոհաբերութեան իրենց օրինակը մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ նորահաս սերունդներուն` անձնատուր չըլլալու սփիւռքի մէջ տարտղնուելու ճակատագրին ու ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի կերտման պայքարին մէջ անշեղ ընթանալու:

Լիզպոնի գաղափարապաշտ երիտասարդները գերագոյն զոհաբերութիւնը ընտրեցին ու հաւատացին, որ պիտի գտնուին իրենց ուղին շարունակող խիզախ երիտասարդներ, որոնք նուիրումի միեւնոյն ոգիով Հայաստանի անկախութիւնը պիտի վերակերտեն, Արցախը պիտի ազատագրեն ու հայրենիքի շահերը ամէն բանէ վեր դասելով` հայկական իրաւունքներու ձեռքբերման մեր տեսլականին առաջնորդող անշեղ ճանապարհով պիտի ընթանան:

Գերագոյն զոհաբերութեան այս խորհուրդին աղաւաղումը մակերեսային մօտեցումի արդիւնք ըլլայ, թէ հայրենանուէր այս երիտասարդներուն զոհաբերութիւնը դիտաւորեալ նսեմացնելու փորձ` դատապարելի պիտի մնայ: Դատապարտելի, որովհետեւ Լիզպոնի տղաքը արկածախնդիրներ չէին, անոնք Հայ դատի զինուորագրեալ հերոսներ էին, որոնք ոչ թէ մեր ազգային շահերը վտանգելու, այլ զանոնք լոյսին բերելու, ոչ թէ սպաննելու, այլ արդարութեան համար ինքնահրկիզումի դիմելու ուղին ընտրեցին յանուն հայրենիքի: Անոնց զոհաբերութեան խորհուրդը ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան գերագոյն ապրումներով կ՛ուրուագծուի, ոչ թէ` ահաբեկչութեան կամ զինեալ յարձակումներու արկածախնդրական չափորոշիչներով: Երիտասարդ հայորդիները ամէն հնարաւորութիւն ունէին օտարութեան մէջ բարւոք կեանք ապրելու, բայց անոնց համար կեանքը պիտի իմաստաւորուէր հայրենիքի մէջ միայն, իսկ հայրենիքը բարձրագոյն արժէք էր, որուն համար զոհաբերութիւնը չափ ու սահման չունէր:

Սեդրակի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի, Սիմոնի գերագոյն զոհաբերութեան օրինակը մեզ կը մղէ համախմբուելու մեր հայրենիքին շուրջ ու ամէն բանէ վեր դասելու մեր ազգային շահերը:

«Գ.»

 

Նախորդը

Երաժշտութեան Հրաշագործ Ազդեցութիւնը Մարդու Վրայ

Յաջորդը

Այց Մուշեղ Իշխանի Ծննդավայրը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.