Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զսպումը Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Մէջ» Մենագրութեան Շնորհահանդէս` Ստեփանակերտի Մէջ

August 3, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Caucasus Institute_72716

27 յունիսին Ստեփանակերտի «Վալլեքս կարտըն» պանդոկի համաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցած է Երեւանի «Կովկաս» հիմնարկի փոխտնօրէն եւ քաղաքագէտ Սերգէյ Մինասեանի` «Զսպումը ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ» մենագրութեան շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքին մէջ մենագրութեան գիտական խմբագիր, «Կովկաս» հիմնարկի տնօրէն, քաղաքագէտ Ալեքսանդր Իսկանդարեան նշած է, որ գիրքին մէջ ուսումնասիրուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան զսպումին ինչպէս քաղաքական-դիւանագիտական, նոյնպէս ալ ռազմական զսպումին մեքանիզմները: Ըստ խմբագիրին, մենագրութեան առանձնայատկութիւնը պէտք է դիտարկել իբրեւ գիտական վերլուծում ներսէն, որովհետեւ այսպիսի աշխատանքներ հրապարակուած են միայն արտասահմանեան քաղաքագիտական շրջանակներուն կողմէ: Գիրքը գրուած է ռուսերէնով, որպէսզի հասանելի ըլլայ միջազգային հանրութեան լայն շրջանակներուն, մասնաւորապէս` Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու ընթերցողներուն համար: Նշենք նաեւ, որ անիկա ակադեմական բնոյթի է եւ կը ներկայացնէ մասնագէտներու հետաքրքրութիւնները: Ա. Իսկանդարեան կարեւոր նկատած է հակամարտութեան մէջ առկայ խնդիրները զգացական դաշտէն բանականի բերելու միտումը, ինչ որ գոյութիւն ունի աշխատութեան մէջ:

Մենագրութեան հրապարակումը իրականութիւն դարձած է Կովկասի մէջ զուիցերիական ակադեմական ցանցի աջակցութեամբ, որուն ներկայացուցիչ Նիկոլիա Հայոյի կարծիքով, գիտական նման հետազօտութիւնները նպատակաուղղուած են ժողովրդավարութեան ամրապնդման, յատկապէս երբ նման հետազօտութիւնները ներսէն կ՛ըլլան: Անոր խօսքով, եթէ նման հետազօտութիւններ ըլլային Ազրպէյճանի մէջ, ապա այնտեղ ժողովրդավարութեան առումով մեծ յաջողութիւններ կրնային արձանագրուիլ:

Քաղաքական գործիչ Մասիս Մայիլեան, որ ամբողջութեամբ ծանօթ էր մենագրութեան բովանդակութեան, ձեռնարկին ընթացքին նկատած է, որ զայն կարդալով` կը պարզուի, որ հայ ռազմադիւանագիտական շրջանակներու կողմէ արդէն իսկ կը կիրարկուին զսպումի այն մեքանիզմները, որոնք կը ներկայացուին Ս. Մինասեանի տեսութեան մէջ: Գիրքի հեղինակին խօսքով, ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ զսպումը պէտք է ներառէ զինուորական եւ քաղաքական-դիւանագիտական բաղադրիչներու սերտ միախառնում: Ի հարկէ, երբ Ազրպէյճանը, որ դժգոհ է տիրող սթաթիւս քուոյէն, կը նախաձեռնէ  ռազմական գործողութիւններու, ապա նման իրավիճակի մէջ կը գերակշռէ զինուորական զսպումին բաղադրիչը, եւ հայկական կողմը կը ձեռնարկէ իրավիճակային զսպումի միջոցներու: Քաղաքագէտը ընդգծած է, որ զսպումը թերեւս հակամարտութեան լուծում չէ: Կարգավիճակի հարցը պիտի շարունակէ մնալ ելակէտային: Սակայն եթէ հայկական կողմը կարենայ բոլոր միջոցներով զսպել եւ երկարատեւ դիմակայութիւն ցուցաբերել, ապա կը ստանայ ամէն ինչ:

Շնորհահանդէսին ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, քաղաքագէտներ, դասախօսներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայեացք Մը Հայ Մշակոյթի Ինքնութեան Վրայ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.