Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Սեպտեմբեր Գ. – Վերամուտը Կը Դիմաւորենք Վերանորոգ Թափով
Սուրիական տագնապի 6-րդ տարին ըլլալով, սուրիահայ վարժարանները կը մնան կանգուն` շարունակելով կրթադաստիարակչական իրենց առաքելութիւնը: Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի կրթական կարգ մը կառոյցները թէեւ վնասներ կրեցին ու յայտնուեցան բախումնային գօտիի մէջ, այնուամենայնիւ անոնք շարունակեցին իրենց վստահուած աշխատանքը: Ապահովական անկայուն իրավիճակին եւ աշակերտութեան թիւի նօսրացման ներկայ տուեալներու լոյսին տակ Հալէպի ազգային նախակրթարանները միացան ու կազմակերպչական աշխատանքներու համադրման ի խնդիր շարունակեցին գործել մէկ կառոյցի...




















