Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճանաչողական Բացառիկ Ճամբորդութիւն Դէպի Իրան

Սեպտեմբեր 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

harout_92616

Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Չեխիոյ, Ֆրանսայի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու 16 հայ այլ լրագրողներու հետ միասին ես եւս հրաւիրուած էի մասնակցելու «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեայ յոբելեանին նուիրուած տօնակատարութեան: «Ալիք» լոյս կը տեսնէ Թեհրանի մէջ, 1931 թուականէն ի վեր:

Քանի որ սա իմ առաջին այցելութիւնս էր Իրան, ես անմիջապէս հասկցայ, որ ասիկա խիստ կը տարբերի այն երկրէն, որուն մասին ես լսած եւ կարդացած էի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Իրանը հին քաղաքակրթութիւն ունեցող կարեւոր երկիր է, որ յաճախ սխալ ընկալուած է օտարներու կողմէ:

Թեհրանը միլիոնաւոր բնակչութիւն ունեցող մեծ քաղաք է, որ կը փորձէ յաղթահարել խելայեղ երթեւեկութիւնը: Իրավիճակը աւելի կը բարդացնեն տասնեակ հազարաւոր մոթոսիքլեթ վարողները, որոնք մեծ արագութեամբ եւ բոլոր ուղղութիւններով կը սլանան ինքնաշարժներու արանքներով, մինչ հետիոտները կը նետուին խիտ երթեւեկութեան շարքերու միջեւ` անմտօրէն վտանգելով իրենց կեանքը: Ըստ էութեան, Իրան այցելութեան առաւել վտանգաւոր կողմը ո՛չ վարչակարգն է, ո՛չ ալ զինեալները, այլ` փողոցի հասարակ հատումը…

Ես նաեւ բացայայտեցի, որ իրանցիները եւ իրանահայերը շատ հիւրընկալ, բարի եւ քաղաքավար մարդիկ են: Անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն ամբողջովին անծանօթ մարդոց օգնելու համար: Հայերը, իբրեւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւն, կ՛օգտուին կրթութեան եւ պաշտամունքի լիակատար ազատութիւններէն: Անոնք ունին իրենց սեփական դպրոցները եւ եկեղեցիները ամբողջ երկրին մէջ: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ թեմեր կան Թեհրանի, Սպահանի եւ Թաւրիզի մէջ:

Հայ համայնքի շքեղ կեդրոններէն մէկը «Արարատ» հայկական մշակութային միութեան կեդրոնն է, որ կը ներառէ քանի մը հեկտար մարզական շինութիւններ, որոնց շարքին` ֆութպոլի մարզադաշտ, պասքեթպոլի եւ թենիսի մարզադահլիճներ, լողաւազաններ եւ մատուռ մը` Թեհրանի ամէնէն հեղինակաւոր մասերէն մէկուն մէջ: Իրան մեր այցը զուգադիպեցաւ Համահայկական 48-րդ ամէնամեայ խաղերու բացման արարողութեան, որուն կը մասնակցէին Իրանի տարբեր հատուածներէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ Վրաստանէն ժամանած հայ սկաուտներ եւ մարզիկներ: Յաջորդ օրը Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը պաշտօնական բողոք ներկայացուց Իրանի կառավարութեան` Համահայկական խաղերուն մէջ Արցախի մարզիկներու ընդգրկման դէմ:

Իրանահայերը կամուրջի կենսական դեր կը խաղան իրենց զոյգ հայրենիքներու` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ: Հակառակ Ազրպէյճանի բողոքներուն եւ յամառ ջանքերուն` խոչընդոտելու Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները, Իրանի կառավարութիւնը հաստատակամօրէն կը պահպանէ հաւասարակշիռ յարաբերութիւններ երկու հարեւան պետութիւններու հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի կառավարութեան եւ հայ համայնքի միջեւ մէկ այլ կարեւոր օղակ է Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, բարձրակարգ եւ փորձառու դիւանագէտ Արտաշէս Թումանեանը:

harout1_92616

«Ալիք» թերթի ղեկավարութիւնը կազմած էր յագեցած ծրագիր` ժամանած լրագրողներու համար, ներառելով այցելութիւններ` հայկական դպրոցներ, հայկական բուժարան, Գիւլիստանի պալատ, Թագաւորական ոսկերչական թանգարան եւ «Չարմահալ» միութեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ «թաք-շօ»` հայ համայնքին համար: Լրագրողները նաեւ հանդիպում ունեցան Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի, Հայաստանի դեսպանութեան, Հայ մշակութային եւ մարզական միութեան, իրանական երկու մեծ լրատուական միջոցներու, արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակի, մշակոյթի նախարարի եւ Քաղաքական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնի ներկայացուցիչներու հետ: Այցելուներուն ամէնուրեք կ՛ընդունէին մեծ ջերմութեամբ եւ յարգանքով…

Լրագրողները նաեւ պատիւը ունեցան հանդիպելու Իրանի Մեճլիսի (խորհրդարան) երկու հայ պատգամաւորներուն հետ, որոնք առանցքային դեր կը խաղան իշխանութիւններուն եւ հայ համայնքին միջեւ:

Անցեալ շաբաթ երեկոյեան լրագրողները ներկայ գտնուեցան «Ալիք» թերթի 85-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան, ուր հնարաւորութիւն ունեցան ամպիոնէն շնորհաւորելու թերթին` քանի մը սերունդներ կրթելու եւ տեղեկացնելու գործին մէջ ունեցած եզակի ձեռքբերումներուն համար, բան մը, որ անոնք յաջողած են իրականացնել նուիրեալ խմբագիրներու, լրագրողներու, թերթի անձնակազմի, բարերարներու եւ տեղական համայնքային կազմակերպութիւններու մեծ զոհողութիւններուն շնորհիւ:

Այցելութեան գագաթնակէտը շրջագայութիւնն էր Սպահան եւ Թաւրիզ պատմական քաղաքներ, ներառեալ` յատուկ «ուխտագնացութիւն» դէպի Ս. Թադէոս (Թադէ) եւ Ս. Ստեփանոս վանքեր:

Ճամբորդութեան առաւել յուզիչ պահը ուղեւորութիւնն էր` Արաքս գետի հունով Իրանի եւ Նախիջեւանի միջեւ սահմանի երկայնքով, որ նախապէս Հայաստանի մէկ մասն էր, իսկ հիմա ինքնավար հանրապետութիւն է Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Լրագրողներէն շատերու աչքերուն արցունքներ յայտնուեցան, երբ անոնք սահմանի միւս կողմի վրայ կը դիտէին դատարկ դաշտը, որ ժամանակին հնագոյն գերեզմանոց էր` հազարաւոր հայկական խաչքարերով, զորս Ազրպէյճանի իշխանութիւնները դաժանօրէն ոչնչացուցած էին` ատով իսկ իրականացուցած մշակութային ցեղասպանութիւն եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիր…

Հակառակ վերջին տասնամեակներու ընթացքին դէպի այլ երկիրներ բազմաթիւ իրանահայերու արտագաղթին, հիմնականին մէջ` Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա, համայնքի զգալի մասը կառչած կը մնայ իր արմատներուն` կրկնապատկելով իր ջանքերը, որպէսզի շարունակէ իր դերակատարութիւնը իբրեւ կարեւոր կամուրջ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սեպտեմբեր Դ.-

Յաջորդը

Ամեակները Իմաստաւորելու Մտասեւեռումով…

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?