Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

25 Տարուան Հացը

Սեպտեմբեր 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

lavash1_92616

1992-ի ամառը ընտանեօք Երեւան անցուցինք: Այդ օրերու մանկական յիշողութիւններուս մէջ անջնջելի տեղ կը գրաւէ Հայաստանի հացը: Օ՜հ, ինչ կարծր ու անհամ էր այդ օրերու Հայաստանի սովորական հացը, քա՛ր էր կարծէք: Վրան ալ մեզի համար անսովոր ու տհաճ հայաստանեան ճաշատեսակները եւ յատկապէս կանաչիով պատրաստուած ապուրները կ՛աւելնային… Չէինք սիրեր ո՛չ Հայաստանի չոր ու կարծր, հաստ ու չծամուող հացերը, ո՛չ ալ կանաչիով պատրաստուած կերակրատեսակները: Ես ու եղբայրս մինչեւ իսկ երբեմն խաղալիքի տեղ հացը իրարու կը նետէինք, ու մեր բարեկամներուն լուսահոգի մեծ մայրը` տիկին Գոհարը` «Երեխէ՛ք ջան, չի կարելի հացին հետ էդպէս վարուել» կ՛ըսէր…

Մայրս յաճախ Հալէպի տաք, թարմ ու անուշաբոյր հացին ու հալէպեան կերակրատեսակներուն մասին կը խօսէր շուրջիններուն: Իսկ հայրս, երբ առիթ ունենար, Երեւանէն դուրս կը ճամբորդէր, որպէսզի լաւաշ հաց ապահովէր մեզի: Լաւաշը բացառիկ էր… բարա՜կ, փափու՜կ… Այն օրը, որ լաւաշ կ՛ունենայինք, մեր երջանկութիւնը սահման չէր ունենար…

Տարիներ ետք անդրադարձայ, որ նորանկախացած ու միեւնոյն ժամանակ արցախեան պատերազմ ապրող Հայաստանի մէջ էր, որ մենք մեր ամառնային արձակուրդը վայելեցինք 1992-ի ամրան ու գրեթէ մէկ ամիսէ աւելի, ամէն օր թաղի պզտիկներուն հետ խաղաղութեան մէջ Վարդավառ խաղցանք… Հետագային իմացայ նաեւ, որ այդ օրերու «մութին», ելեկտրականութեան հոսանքի պակասին ու բարձրորակ ալիւրի չգոյութեան պատճառով կարելի չէր համեղ ու բազմատեսակ հացամթերք արտադրել: Խղճի խայթ ապրեցայ, երբ անդրադարձայ, որ այդ օրերուն իրաւունք չունէի հացին կարծրութենէն կամ վատորակութենէն գանգատիլ:

2016-ի գարնան դարձեալ Երեւան եմ: Մօտաւորապէս 25 տարի ետք, արցախեան քառօրեայ պատերազմը նոր աւարտած է, ու ամէն ինչ բնականոն է: Ինչպէս անցնող գոնէ 10 տարիներուն` Երեւանի գերվաճառատուներուն, նպարավաճառներուն ու կրպակներուն մէջ բազմատեսա՛կ հացերու կը հանդիպիմ: Հայկական թարմ ու անուշաբոյր հացերը բազմաթիւ վաճառանիշներու տակ, կոկիկ ու հաւասարաչափ կտրտուած կը հրամցուին հանրութեան: Հայկականին կողքին, դիւրութեամբ կարելի է ձեռք բերել ֆրանսական, արաբական, վրացական, նոյնիսկ դիւրամարս ու որոշ հիւանդութիւններուն բուժման նպաստող տարատեսակ հացեր: Կը շրջիմ գերվաճառատան մը հացերու բաժինը ու տասնեակ ընտրութիւններու մէջ իրօ՛ք կը շուարիմ, թէ ո՛ր տեսակը վերցնեմ, այս ի՛նչ ճոխ ու հարուստ հացատեսականի ունի մեր հայրենիքը, ո՞ր մէկը արժէ փորձել, ու կը յիշեմ 25 տարի առաջուան միատեսակ կարծր հացը… Փաստօրէն անհամեմատելի են 25 տարի առաջուան ու այսօրուան պատկերները: 25 տարիներու ընթացքին հացամթերքի արտադրութիւնը գերզարգացում արձանագրած է:

lavash_92616

Հացամթերքի արտադրութեան նման` քանի՞ ոլորտ ու մարզ գերզարգացում արձանագրեց Հայաստանի մէջ անցնող 25 տարիներուն: Արդար ըլլալու համար, հացին մօտիկ, կերակրատեսակներու, ճաշարաններու եւ համաշխարհային խոհանոցներու ներկայութիւնը այսօր բաւականին գնահատելի, երբեմն նոյնիսկ չափազանցուած է: Զբօսաշրջութիւնը, դրամատուներու գործունէութիւնը, արհեստագիտական եւ համակարգչային ծրագրաւորման ոլորտները եւս զգալի զարգացում արձանագրած են:

Սակայն պետականաշինութեան մէջ, հացի նման կենսական նկատուող ժողովրդավարական համակարգի ձեւաւորումը, արդար ու ազատ ընտրութիւններու առկայութիւնը, ընկերային արդարութեան եւ տնտեսական համահաւասար առիթներու ներկայութիւնը, հաստատութենականութեան ամրագրումն ու օրէնքի գերակայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, տակաւին 25 տարի առաջուան կարծր ու վատորակ հացին կը նմանին…

Միւս կողմէ` Երեւանի վաճառատուներուն մէջ ներկայացուած ու գլուխ դարձնող զանազան հացատեսակներուն չափ, Հայաստանին ու հայութեան դիմաց քաղաքական, ռազմավարական ու ընկերատնտեսական ճոխ ու հարուստ այլընտրանքներ չկան: Հետեւաբար սահմանափակուած ու շրջափակուած իրականութեան ու տարածաշրջանային վտանգաւոր զարգացումներուն մէջ մեր բերդը ներսէ՛ն ամուր պահելու հրամայականին առջեւ կը կանգնինք բոլորս: Բերդը ներսէն ամուր պահելու հիմնական պայմանները, սակայն, ժողովուրդը իր արդա՛ր ու հոգեւոր հացէն չզրկելն է, ժողովուրդը իր հաւաքական հացի պատրաստութեան, այս պարագային` պետականաշինութեան լիիրաւ մասնակից դարձնելն է, հացին փշրանքը չէ՛, այլ ամբո՛ղջ հացը տրամադրելն է, փռապան-յաճախորդ յարաբերութեան նման` իշխանութիւն-ժողովուրդ բնականոն վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութեան վերականգնումն է ու, վերջապէս, մեր ազգային օճախին լոյսն ու ջերմութիւնը, որ թափ կ՛առնէ մեր բազմադարեան պատմութենէն եկող ազգային հաւաքական արժէքներուն կայծով, վառ ու անմար պահելն է:

Վիեննա

 

Նախորդը

Նրանք Միասին Ծովեր Ունէին Անցնելու…

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Շարունակէ Պարգեւատրել Լիբանանցի Վաստակաւոր Արուեստագէտները

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?