Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Սեպտեմբեր Գ. – Վերամուտը Կը Դիմաւորենք Վերանորոգ Թափով

Սեպտեմբեր 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական տագնապի 6-րդ տարին ըլլալով, սուրիահայ վարժարանները կը մնան կանգուն` շարունակելով կրթադաստիարակչական իրենց առաքելութիւնը:

Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի կրթական կարգ մը  կառոյցները թէեւ վնասներ կրեցին ու յայտնուեցան բախումնային գօտիի մէջ, այնուամենայնիւ անոնք շարունակեցին իրենց վստահուած աշխատանքը: Ապահովական անկայուն իրավիճակին եւ աշակերտութեան թիւի նօսրացման ներկայ տուեալներու լոյսին տակ Հալէպի ազգային նախակրթարանները միացան ու կազմակերպչական աշխատանքներու համադրման ի խնդիր շարունակեցին գործել մէկ կառոյցի մէջ:

Պատերազմի անցնող 5 տարիներուն, Հալէպի ազգային վարժարաններու  պատասխանատուները չունենալով իրենց սովորական կառոյցներուն մէջ գործելու հնարաւորութիւն, ստիպուած եղան կրճատել դասապահերու տեւողութիւնը եւս: Այս տարի, սակայն, վերամուտի նախօրէին, Հալէպի ազգային վարժարաններէն ներս ուսումնական ընթացքը վերակազմակերպուեցաւ, ու դասապահերը  նախապատերազմեան շրջանի սովորական տեւողութեամբ կարգաւորուեցան:

Ազգային մարմիններն ու կրթական պատասխանատուները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բնականոն հունի մէջ պահելու ուսումնակրթական կեանքն ու ստեղծուած կացութիւններու լոյսին տակ յարմարագոյն լուծումներ որդեգրելու` միշտ լուսարձակի տակ պահելով որակի պահպանման ու հայեցի կրթութեան առաջնահերթութիւնները:

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. իշխանութեան 2016-2017 ուսումնական տարին Հալէպի ազգ. վարժարաններուն համար անվճար յայտարարելու որոշումը երախտարժան քայլ մըն էր` նիւթապէս օժանդակելու տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած հալէպահայ ընտանիքներուն, հայ աշակերտը որեւէ պատճառով հայկական վարժարան յաճախելէ չզրկելու առաջնային նպատակով:

Ճիշդ է՛, որ նախորդ տարիներուն եւս կրթաթոշակի գանձումը պարտադիր բնոյթ չունէր եւ իւրաքանչիւր ընտանիք ազատ ձգուած էր իր պայմաններուն յարմարութեամբ հնարաւոր վճարումը կատարելու կամ դժուարութիւններ ունենալու պարագային չվճարելու իր ընտրութեամբ, այնուամենայնիւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. իշխանութեան այս որոշումը Հալէպի մէջ գոյատեւող հայ ընտանիքներուն նեցուկ կանգնելու խրախուսիչ քայլ մըն էր:

Սուրիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ եւս վերամուտը կը դիմաւորուի վերակազմակերպուած աշխատանքով` իւրաքանչիւր շրջանի ապահովական եւ տնտեսական պայմաններուն համապատասխան լուծումներու որդեգրումով:

Հալէպի կողքին վերամուտի կը նախապատրաստուին Լաթաքիոյ, Դամասկոսի, Քեսապի, Գամիշլիի, Հասիչէի, Տէրիքի հայկական բոլոր վարժարանները (ազգային, համայնքային թէ միութենական):

Դժուարութիւններ բնականաբար առկայ են, պատերազմական պայմաններուն բերումով կը շարունակուի աշակերտութեան թիւի ու դասաւանդող մարդուժի նօսրացումը: Այնուամենայնիւ սուրիահայ համայնքը կը շարունակէ ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակութային իր կեանքը` յարափոփոխ պայմաններուն լոյսին տակ վերակազմակերպելով ու յարմարելով ստեղծուող կացութիւններուն` մշտապէս աչքի առաջ ունենալով Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքները:

Հայկական վարժարանները կը շարունակեն մնալ սուրիահայութեան գոյատեւման խարիսխը: Ուստի վերակազմակերպուելով, գոյութիւն ունեցող մարդուժի օգտագործման լաւագոյն դասաւորումով ու տնտեսական ծանր պայմանները դիմագրաւելու ծրագիրներով կը հաւատանք, որ համայնքի կրթական կեանքը, պատերազմի հինգ տարիներու կենսափորձը նկատի առած, պիտի շարունակուի մշտանորոգ թափով ու սուրիահայ աշակերտները, ինչպէս նախորդ տարիներուն, պիտի շարունակեն ոչ միայն ներհայկական այլեւ Սուրիոյ մակարդակով ուսումնական նուաճումներ ձեռք բերել` դժուարութիւններուն դիմաց չընկրկելու, տիպար հայ մարդ, պարկեշտ ու բանիմաց քաղաքացի, ազգասէր, հայրենասէր ու յաջող անհատներ դառնալու տեսլականով:

Դժուարութիւններուն տակ կքիլը թուլամորթութիւն է: Սուրիահայ վարժարանները, ինչպէս անցնող հինգ տարիներուն, այս տարի եւս միասնական շարքերով, աւելի լաւ ապագայի տեսլականով ու մանաւանդ անկոտրում կամքով կը դիմաւորեն ուսումնական նոր տարին:

Դպրոց-ծնողք-աշակերտ անքակտելի կապը առաւել եւս ամրապնդուած պէտք է ըլլայ դժուարին այս օրերուն, որպէսզի գործակցութեամբ կանգուն պահենք հայ դպրոցն ու յոյսով տոգորենք նորահաս մեր սերունդները:

Ազգովին նեցուկ կանգնելով հայ դպրոցին` կայուն կը պահենք մեր գոյութեան հիմքը:

Բարի՛ վերամուտ:

 

Նախորդը

Խիզախ Հայուհին

Յաջորդը

Հոգեհանգիստ` Արագածի Շրջանին Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմին Ընթացքին Ինկած Նահատակներուն Յիշատակին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?