Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Կեանքը Աղուոր Է

Սեպտեմբեր 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Robert-HaddejianՌ. Հ. 

Պողոտային եզերքը, գովազդներու հսկայ ցուցատախտակին վրայ փակցուած է որմնազդ մը, որ ուշադրութիւնս կը գրաւէ ամէն անգամ, որ կառքով արագօրէն կ՛անցնիմ անոր առջեւէն: Այնքան արագ կ՛անցնիմ, որ ժամանակը չեմ ունենար կարդալու, թէ ի՛նչ բանի, ո՞ր ապրանքի գովազդն է ան, կրնամ կարդալ մեծատառ գրուած նախադասութիւն մը միայն.

«Կեանքը աղուոր է, եթէ կը զուարճանաս»:

Ամէն անգամ, որ կը կարդամ այս նախադասութիւնը, կը մտածեմ, որ շատ ճիշդ ստուգում մըն է այդ, բայց նոյնքան ալ պարզ, նոյնիսկ անմիտ նկատուելու չափ, սովորական խօսք է ան: Այո՛, հարկաւ կեանքը աղուոր է, եթէ դուն ի վիճակի ես վայելելու զայն, եթէ կը զուարճանաս, եթէ հաճելի ժամանակ կ՛անցընես: Բայց ասիկա այնքան պարզ խօսք է, լաբալիսեան ճշմարտութիւն է, որքան, օրինակ, ըսելը, որ հացը համով է, եթէ անօթի ես, ջուրը հրաշալի է, եթէ ծարաւի ես, ծաղիկը գեղեցիկ է, եթէ չէ թորշոմած: Ասոնք այնքան պարզ ու սովորական ճշմարտութիւններ են, որ թերեւս ցնցիչ ու ուշագրաւ պիտի չըլլային գովազդի մը մէջ գործածուելու պարագային, բայց կէտ մը կայ: Այս շատ սովորական նախադասութիւնները մեզ կը հրաւիրեն մտածելու նոյնքան սովորական ուրիշ ճշմարտութեան մը մասին: Այդ է` կեանքի ու կեանքը լեցնող ամէն բանի յարաբերականութիւնը: Ամէն ինչ յարաբերական է մեզի համար մեր կեանքին մէջ: Նոյն բանը թէ՛ աղուոր է, թէ՛ տգեղ: Վերի օրինակին մէջ հացը անշուշտ համով է, եթէ անօթի ես, բայց նոյն հացը այնքան համով պիտի չթուի, եթէ շատ կուշտ ես ու պատառ մը հաց իսկ բերանդ դնելու փափաք չունիս: Այս պատճառաւ է անշուշտ, որ ճիշդ խօսած չենք ըլլար, եթէ միայն ըսենք, թէ` «հացը համով է»: Այս նախադասութիւնը գործածելու իրաւունք կ՛ունենանք այն ատեն միայն, երբ «եթէ» մը կ՛աւելցնենք անոր ետին: Հացը համով է, եթէ… Կեանքը աղուոր է, եթէ… Ծաղիկը գեղեցիկ է, եթէ…

Այս նախադասութիւնները մեզ կը մղեն անմիջապէս արտասանելու անոնց հակառակներն ալ, եւ այն ատեն է, որ շատ սովորական նկատուելէ կը դադրին ու կը ստանան իմաստ մը, որուն մասին կ՛արժէ մտածել: Մտածե՛նք ուրեմն հակառակին մասին: Կեանքը գեղեցիկ է, երբ կը զուարճանաս, բայց միշտ չէ, որ կը զուարճանաս, ուստի նոյն կեանքը նաեւ գեղեցիկ չէ, եթէ դուն չես վայելեր զայն, եթէ չես զուարճանար, եթէ դժբախտութիւններ կը ծանրանան քու վրայ: Կրնանք աւելի առաջ ալ երթալ ու ըսել, որ նոյն կեանքը մէկ օրուան մէջ թէ՛ գեղեցիկ է, թէ՛ գեղեցիկ չէ, որովհետեւ նոյն օրուան մէջ կրնաս ապրիլ թէ՛ զուարճալի պատահար, թէ՛ անհաճոյ պատահար: Այս տեսակէտէն նախադասութիւնը մեզ կը հրաւիրէ մտածելու նաեւ ուրիշ ճշմարտութիւններու մասին, ինչպէս այն, թէ մէկ օրը այնքան երկար է, որ կրնայ լեցուիլ հակասական ապրումներով, նաեւ այն, թէ մենք չենք կրնար վստահ ըլլալ, որ կեանքը իրականութեան մէջ ամէն վայրկեան կրնայ չփոխուիլ:

Բայց այս մտածումները արժանի են, որ տարբեր տեսանկիւններէ ալ քննուին: Այն ատեն կարեւոր ուրիշ հարցում մըն ալ յանկարծ պէտք է ցցուի մեր մտքին մէջ: Սապէս`

Կեանքը աղուոր է, եթէ կը զուարճանաս, բայց ճիշդ բան ըսած կ՛ըլլա՞նք, եթէ ըսենք, որ կեանքը բնաւ աղուոր չէ , եթէ չես զուարճանար: Դուրս գալով անհատական մտահոգութիւններէ ու զգայնութիւններէ եւ մտնելով ընդհանուրին զգայնութիւններու կալուածէն ներս` պիտի ընդունինք, որ կեանքը աղուոր է, նոյնիսկ երբ մենք չենք զուարճանար, նոյնիսկ երբ մենք դժբախտ ենք:

Հեռատեսիլներէն սփռուած հարցում-պատասխանի շատ ժողովրդական յայտագրի մը վերջաւորութեան հաղորդավարը, քանի մը հոգիի առաւել կամ նուազ դրամական պարգեւներ բաշխելէ վերջ, յայտագիրը կը փակէ սա խօսքերով.

«Սիրելի՛ դիտողներ, մի՛ մոռնաք, որ մեծագոյն պարգեւը կեանքն է: Գիտցէք անոր արժէքը ու լաւ գործածեցէք զայն»:

Մեծագոյն պարգեոը, որ մեզի կը տրուի կեանքն է:

Ճիշդ է` ասկէ աւելի մեծ ու կեանքէն աւելի արժէքաւոր պարգեւի մը մասին մտածել կարելի չէ: Մանաւանդ որ կեանքը պարգեւ մըն է, որուն տիրանալու համար որեւէ աշխատանք չենք տանիր, որեւէ ճիգ չենք վատներ: Չէ՞ որ պարգեւները մարդուս կը տրուին, եթէ մարդ յաջողութիւն մը արձանագրած է, եթէ երախտաշատ գործ մը տեսած է, եթէ արտակարգ ծառայութիւն մը մատուցած է: Դուք որեւէ պարգեւ չէք ստանար, առանց բան մը յաջողցուցած ըլլալու: Միակ պարգեւը, զոր կը ստանաք առանց ճիգ մը վատնելու, ահաւասիկ, կեանքն է: Եւ զայն կը ստանաք առանց նոյնիսկ գիտնալու, որ ստացաք ամէնէն արժէքաւոր պարգեւը: Կեանքէն աւելի մեծ պարգեւ մը չկայ:

Միայն թէ հարց մը կայ: Ի՛նչ պարգեւ որ շահիք աշխարհի վրայ ձեր արձանագրած մէկ յաջողութեան համար, ի՛նչ շքանշան, որ կախէք ձեր կուրծքէն կամ դրամական ի՛նչ պարգեւ, որ դնէք ձեր գրպանին մէջ, կ՛անդրադառնաք, որ պարգեւ մը շահեցաք ու կ՛ուրախանաք ատով, նոյնիսկ կը հպարտանաք ատով: Կեանքը միակ պարգեւն է, զոր կը գրպանէք առաջին վայրկեանին` առանց անդրադառնալու, որ ստացած էք ամէնէն արժէքաւոր պարգեւը: Ո՛չ մէկը պիտի հպարտանայ աշխարհ եկած ըլլալու յաջողութեան համար, հակառակ որ աշխարհ գալը ու սա կեանքը ապրիլը մեծ բախտաւորութիւն է: Թերեւս շատ տարիներ վերջ է, որ պիտի անդրադառնանք կեանք կոչուածին արժէքին: Թերեւս պիտի անդրադառնանք, երբ հասած ենք զայն կորսնցնելու կէտին:

Հիմա կրնանք մտածել, որ պէտք է սրբագրել վերոյիշեալ գովազդին նախադասութիւնը ու գրել սապէս.

«Կեանքը աղուոր է, նոյնիսկ երբ չես զուարճանար»:

 

 

Նախորդը

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը Ինչպէս Անցեալին Եղաւ Մարդակերտումի Խարիսխ, Կրնայ Ըլլալ Երաշխիքը Ապագային` Որպէս Հայութեան Կեդրոն

Յաջորդը

Հայրենատիրական Ճամբորդութեան Նոթեր. Գրականութեան Եւ Ինքնութեան Հետ Հաղորդուելու Ուխտագնացութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?