Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենաշնորհներ, «խոշոր խաղացողներ» եւ տնտեսական արդար քաղաքականութեան հրամայականը

Սեպտեմբեր 26, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0221garoarmenian1ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի պաշտօնական կայքէջը կը յորդի աննախընթաց ներուժով: Կառավարութեան անդամները – թէկուզ, ժամանակաւոր հանգամանքով, արդէն իսկ հրահանգ ունին նոր թափով գործի լծուելու եւ ծրագիրներ կեանքի կոչելու: Ըստ պր. վարչապետի յայտարարութեան, այդ ծրագրերը շուտով պիտի ներկայացուին կառավարութեան նիստին, եւ անոնց հիման վրայ վերջնական ձեւ պիտի ստանայ եւ հրապարակուի կառավարութեան քաղաքականութիւնը:

«Ակնկալում եմ շատ համարձակ, գործնական քայլեր», ըսած է նորանշանակ վարչապետը կառավարութեան նիստին միաժամանակ` շեշտելով, որ իր դահլիճի անդամները պիտի ըլլան «կառավարման նոր մշակոյթի կրողներ»: Կասկած չկայ, որ այս բառապաշարը ինքնին տպաւորիչ է, եւ պր. վարչապետին դրած խնդիրները` կենսակա՛ն: Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ի՞նչ քատրերէ պիտի բաղկանայ նոր վարչակազմը եւ ի՞նչ թափով պր. վարչապետը պիտի կարողանայ ճամբայ հանել այս նոր վարչամեքենան, եւ թէ` որքա՞ն շուտ պիտի արդիւնաւորուի անոր աշխատանքը:

Այս հարցադրութիւնը յատկապէս այժմէական է այսօր, երբ կը տեսնենք, որ կառավարութեան աշխատանքի զգայուն բեւեռներէն մէկը` էկոնոմիկայի ազգային տնտեսութեան նախարարութիւնը արագ ձեւափոխման կ՛ենթարկուի պր. վարչապետին կողմէ եւ, ըստ էութեան, կը վերածուի ներդրումներու քաջալերման եւ սպասարկման կեդրոնի մը: Յիշեցնենք, որ այս նախարարութիւնը Հայաստանի նախագահին հետ ստորագրուած համախոհական պայմանագրով վստահուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ ան դրուած է պատասխանատուութեանը տակ մեր երկրի փայլուն տնտեսագէտներէն` նախարար Արծուիկ Մինասեանի: Նախարարութեան աշխատանքի ծիրը ցարդ ընդգրկած է Հայաստանի տնտեսութեան գրեթէ ամբողջ տարածքը: Ան եղած է քաղաքական ողնայարը մեր երկրի ազգային տնտեսութեան ոլորտին: Այստեղ է, որ ճշդուած են ուղղութիւնները մեր երկրի տնտեսական քաղաքականութեան: Այստեղ է, որ մշակուած է այդ քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը: Ներդրումներու քաջալերումն ու սպասարկումը մէկ կողմնակի երեսն է միայն այդ մեծ եւ տարողունակ գործին:

Իրականութիւնը այն է, որ հակառակ իր եօթնամսեայ ժրաջան եւ այլապէս բազմարդիւն գործունէութեան, նախարարութեան ձեռքերը կաշկանդուած մնացին համակարգային մեծ փոփոխութիւններ կարելի դարձնելու մարզին մէջ: Այս բանին համար պատասխանատու են նախկին վարչապետն ու իր ետին կեցած քաղաքական ուժերը: Լիայոյս էինք, որ նորանշանակ վարչապետին առաջին քայլերէն մէկը հանդիսանար այս նախարարութեան ուժականութիւններու լիարժէք վերականգնումը:  Կը թուի, թէ այդ չէ նախատեսութիւնը այսօր: Եւ հարց է, թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ տնտեսութեան ամբողջական վերահսկողութիւնը:

Տնտեսութեան ոլորտին մէջ մենաշնորհային համակարգին սիւները խախտելու եւ զայն վճռականօրէն լուծարքի ենթարկելու պատմական գործը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Դաշնակցութեան փլաթֆորմին մէջ: Այս առաքելութեամբ է, որ Դաշնակցութիւնը ստանձնած է Էկոնոմիկայի նախարարութեան պատասխանատուութիւնը: Մեր յստակ ակնկալութիւնն է այսօր, որ վարչապետ Կարապետեանի տնտեսական քաղաքականութիւնը լիովին եւ անվերապահօրէն իւրացնէ այս առաքելութիւնը:

Կ՛ուզենք անկեղծօրէն խոստովանիլ, որ մենաշնորհային համակարգի լուծարման խնդրին մէջ պր. վարչապետին յայտարարութիւնները այսօր մեծապէս մտահոգիչ կը գտնենք: Սեպտեմբերի 14-ին, Ազգային ժողովին հետ իր անդրանիկ հանդիպման ընթացքին, պր. վարչապետը ըրած է հետեւեալ հաստատումը.   «Մոնոպոլիաների մասով` դրանք միշտ չեն վատը: Մոնոփոլիան ինչպէ՞ս է առաջանում. բնոյթից է կախուած` այն բնականո՞ն է, թէ՞ ոչ: Շուկան փոքր է, եւ էֆեկտիւ աշխատանքի դէպքում շուկայի խաղացողներից մէկը կարող է մոնոփոլ դիրք շահել: Բայց եթէ ինքը բնական դաշտում է անում, այլ ոչ թէ` ատմինիսթրաթիւ ռեսուրսի հաշուին, դա այլ բան»:

Թող ներուի մեզի ըսել, որ տնտեսագիտական թէականութիւններով յագեցած այս խօսքերը բոլորովին անտեղի են այս ճգնաժամային հարցի քննարկման մէջ: Անտեղի եւ ապակողմնորոշի՛չ: Պր. վարչապետը քաջ գիտէ, թէ ի՛նչ է բնոյթը Հայաստանի մէջ գործող մենաշնորհային համակարգին: Ան քաջ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս գոյացած է ան եւ գիտէ, թէ ովքե՛ր են բեմին վրայ գործող շահատէրերը: Նաեւ գիտէ, թէ լաւ մենաշնորհներ առհասարակ գոյութիւն չունին եւ չեն կրնար ունենալ: ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆԵՐԸ ՎԱՏ ԵՆ` ՏՆՏԵՍԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ՉԱՓԱՆԻՇՈՎ: Անոնք կը կեղեքեն երկիրը եւ կ՛իրաւազրկեն ժողովուրդը եւ կը քայքայեն ազգային տնտեսութեան հիմքերը: Երբեմն պետութիւնն ու հասարակութիւնը հարկադրուած են պետականօրէն վերահսկուած ժամանակաւոր մենաշնորհներ ստեղծելու (պատերազմական բացառիկ պայմաններու մէջ),  որպէսզի ճգնաժամային պարէնաւորման հարցեր լուծեն, գիտակցելով հանդերձ, թէ ի՛նչ են տուեալ մենաշնորհի վնասները: Մենք այս մենաշնորհներու մասին չէ, որ կը խօսինք: Մենք կը խօսինք ազգային հարստութեան թալանի հիման վրայ ստեղծուած մենաշնորհային կայսրութիւններու մասին, որոնց կազմաւորման ականատեսը եղած է պր. վարչապետի սերունդը Հայաստանի մէջ:

Քաջալերուած պր. վաչապետին այս ելոյթէն Հանրապետական կուսակցութեան թեւին պատկանող որոշ պատգամաւորներ առաջ քաշեցին նաեւ «խոշոր խաղացող»-ի վարկածը` ջանալով տարբերել զայն մենաշնորհային գործարարէն: Հայաստանի տնտեսութեան մէջ այդպիսի տարբերակում գոյութիւն չունի: Գոյութիւն չունի նաեւ «փոքր շուկայ»: Հայաստանի «Խոշոր խաղացող»-ները կը գործեն նախկին Խորհրդային Միութեան «խոշոր շուկայ»-ին մէջ: Հայաստանի «խոշոր խաղացող»-ները խոշոր են,  քանի որ անոնք հազար տեսանելի եւ անտեսանելի միջոցներով փակած են Հայաստանի տնտեսութեան մուտքերը այլ ներդրողներու առջեւ եւ յաջողապէս «սեփականաշնորհած»` «խոշոր շուկային» հետ աշխատելու բոլոր ուղիները:

Մեր կարծիքով, պր. վարչապետը սխալ կ՛ընէ իր էութենէն պարպելով այն իսկ նախարարութիւնը, որ կոչուած է այս գործին շարժիչ ուժը ըլլալու: Մեր երկիրը պէտք ունի յստակ արդիւնաբերական քաղաքականութեան (industrial policy), որպէսզի կարողանայ աներկբայօրէն ուղղորդել տնտեսական առողջ, հետեւողական եւ հեռահայեաց աճի գոյացման գործընթաց մը`  տնտեսութեան համար: Զայն իրագործելու համար երկիրը նաեւ պէտք ունի տնտեսական համապարփակ վարդապետութեան (doctrine) մը, որ նախարար Արծուիկ Մինասեանի դիպուկ բնորոշումով` «պէտք է մեր տնտեսութեան բոլոր ուղղութիւններով անելիքները եւ տեսլականը ուղենշի»: Այս արմատական մօտեցումով է, որ կարելի կը դառնայ տնտեսութեան մեծ տեղաշարժը:  Բոլոր այլ նախաձեռնութիւնները ի վերջոյ կ՛ապահովեն տնտեսութեան տեղքայլը միայն:

Եթէ մենաշնորհային համակարգի լուծարման մեծ մարտահրաւէրին ընդառաջելու պատրաստ է պր. վարչապետը, ան չի կրնար ունենալ աւելի հզօր եւ վճռական գործընկեր մը երկրի քաղաքական դաշտէն ներս, քան` Դաշնակցութիւնը: Բոլոր միւս հարցերէն աւելի այս հարցն է որոշիչը իր առաքելութեան: Մեր տնտեսութիւնը պէտք է լայն բացուի իսկական ձեռներէցութեան առջեւ: Ամէն գործարար պիտի գործէ իր սեփական ռիսքերով` փոխանակ իր ռիսքերը փաթաթելու հանրութեան վզին: Մենաշնորհային համակարգի տէրերը մեր երկրի մեծագոյն ձրիակերներն են: Անոնց գոյութիւնը ոչ միայն կը վտանգէ մեր երկիրը, այլեւ բացէ ի բաց կ՛անարգէ մեր հաւաքական արժանապատուութիւնը: Այս դաշտն է, որ երկրի բոլոր արդարախոհ ուժերը վճռականօրէն պիտի մաքրեն ամուր հիմերու վրայ դնելու համար մեր երկրի լինելիութիւնը եւ մեր տնտեսութիւնը բարձրացնելու աշխարհի առաջաւոր տնտեսութեանց մակարդակին:

Սեպտեմբեր 24, 2016
Ուաշինկթըն

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը` 2-0 Արդիւնքով Յաղթելով Ահլի Սայտային

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?