Պէյրութը Կը Մնայ Երեւանէն Ետք Հայ Գիրքի Երկրորդ Մեծագոյն Կեդրոնը
(Վիգէն Աւագեանի Արտասանած Խօսքը` Հայկազեան Համալսարանի «Լիբանանահայ Գիրքը 2012-2016» Ձեռնարկին) «Հայ գիրքի տպագրութեան անցեալն ու ներկան ուսանելի պատմութիւն մըն է, ուր միահիւսուած է նուիրումը մայրենիին հանդէպ, սէրը դէպի հայրենիքը եւ հաւատքը, ձգտումը դէպի լուսաւորութիւն եւ համամարդկային արժէքներու տարածում, յարգանքը կրթութեան եւ այլ ազգերու մշակոյթներու նկատմամբ», կը հաստատէր Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012» հատորին լոյս ընծայման առիթով...




















