Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գեղեցիկ Բան Ստեղծելու Համար Մարդ Պէտք Է Նախ Սիրել Սորվի. «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գէորգ Խաչերեան

Փետրուար 18, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Լիբանանէն մինչեւ Եւրոպա, Ծոցի երկիրներէն մինչեւ Միացեալ Նահանգեր արուեստի աշխարհին մէջ համբաւ կը վայելէ լիբանանահայ արուեստագէտ Գէորգ Խաչերեան անունը, որ իւրայատուկ գործերով արժանի տեղ նուաճած է աշխարահռչակ արուեստագէտներու շարքին: Անոր ձեռքբերումները արդիւնք են ինքնաշխատութեան ու ստեղծագործելու մեծ ցանկութեան, իսկ յաջողութեան գաղտնիքը` լաւատեսութեան եւ կեանքը բոլոր կողմերով սիրելու մէջ: Աշխարհ դարձած Գէորգ Խաչերեանին համար Հայաստան կը մնայ այն հարազատ ու սիրելի միակ վայրը, ուր մարդ կրնայ խաղաղ ապրիլ ու ստեղծագործել: Գէորգ Խաչերեանի կեանքը, արուեստի բնագաւառին մէջ ձեռք ձգած փորձառութիւնը եւ գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով  արուեստագէտին հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ ստորեւ կը ներկայացնենք:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ ձեր մուտքը արուեստի աշխարհ:

ԳԷՈՐԳ ԽԱՉԵՐԵԱՆ.- Հայրս պոլսահայ եղած է: 50-ական թուականներուն եկած է Լիբանան, ծանօթացած է մօրս եւ` ընտանիք կազմած: Մեծ հայրս Պոլսոյ ամէնէն ճանչցուած պղնձագործներէն մէկը եղած է: Արուեստս ժառանգած եմ մեծ հօրմէս, որմէ ինծի յիշատակ մնացած է լոգանքի պղնձեայ թաս մը միայն: Մեծ հօրս գործերէն 6-7 կտոր ալ հայրս Հայաստան արուեստի թանգարանին նուիրած է, որպէսզի չկորսուին: Բան մը սորվելու նպատակով ամառնային արձակուրդներուս արհեստի կ՛երթայի այն օրերուն բոլոր պատանիներուն պէս, որովհետեւ պատերազմի տարիները դժուար էին, մենք ալ պէտք էր աշխատէինք օգտակար ըլլալու համար մեր ընտանիքներուն: Ծնողքիս թելադրանքով երկու տարի ոսկերչութեան գացի, անկէ առաջ ալ անշուշտ ուրիշ արհեստներու գացած էի:  20 տարեկանիս շատ պատահական ու գրեթէ անսպասելիօրէն տեղի ունեցաւ մուտքս արուեստի աշխարհ: Պատերազմի տարիներուն ոսկերչական աշխատանքը թեթեւցաւ: Այն օրերուն ես քոյրերուս լուացքի կախիչներու մետաղով կը շինէի ապարանջաներ, որոնցմով կը հիանային նաեւ իրենց ընկերուհիները: Մարդիկ յաճախ հարց կու տային ինծի, թէ ինչո՛ւ պղնձեայ զարդեր չեմ պատրաստեր: Միացեալ  Նահանգներէն մէկը եկած էր եւ առաջարկեց պղնձեայ ապարանջան մը շինեմ, որ հետը տանի: Ես պղինձին ծանօթ չէի: Ինչ ըլլալը չէի գիտեր: Աշխատելու յարմար գործիքներ ալ չունէի, ո՛չ աքցան, ո՛չ ուրիշ բան: Մայրս, որ նկարչութեամբ կը զբաղէր, ուղղութիւն տուաւ, եւ ես շինեցի ապարանջանը ու ղրկեցի Միացեալ Նահանգներ: Չէի գիտեր, որ այս ապարանջան կեանքիս անկիւնադարձը պիտի ըլլար: Քանի մը ամիս ետք, երբ բոլորովին մոռցած էի ապարանջանը, նոյն ծանօթը վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներէն եւ խնդրեց, որ 15 հազար կտոր պատրաստեմ նոյն նմուշէն: Հաւատալիք բան չէր, անսահման էր ուրախութիւնս: Ողորմած վարպետս, որ շատ ազնիւ մարդ մըն էր, օգտակար դարձաւ ինծի` իր ոսկիի գործատեղին տրամադրելով, որ աշխատիմ: Ամէն անգամ, որ պատուէրներէն բաժին մը կը պատրաստէի, քանի մը հատ նոր նմուշ ալ կը ղրկէի: Իրապէս ալ, երբ սկսայ պղինձով աշխատիլ, չէի գիտեր, թէ պիտի կրնամ նոր նմուշներ պատրաստել ու գոհացում տալ մարդոց ճաշակին: Ըսեմ նաեւ, որ թէեւ ուսումս չշարունակեցի, բայց մօրս պնդումներով ամէն օր թերթ եւ ամսագիր կը կարդայի: Օր մըն ալ, 1995-ին թերթին մէջ կարդացի, որ Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ ցուցահանդէս մը կար: Դիմում ներկայացուցի, բայց  ֆրանսերէն չգիտնալուս պատճառով մերժուեցայ: Ի դէպ, շատ լաւ արաբերէն եւ անգլերէն գիտէի: Նոյն ժամանակ աշխատանքի այլ դիմում մը ըրած պահուս յայտնեցի մերժուելուս մասին. անմիջապէս այդ օտար մարդիկը միջամտեցին, ու ես ընդունուեցայ ցուցահանդէսին, որուն մասնակցած էին Իտալիայէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն եւրոպացի զարգացած արուեստագէտներ` զանազան մասնագիտութիւններով: Ցուցահանդէսին ամէն մարդ իր սեղանը պիտի ունենար: Ինծի արտօնուեցաւ տանիլ միայն պղնձեայ թելեր: Ամէն բան ես պիտի ստեղծէի տեղւոյն վրայ, զարդեղէնի պատրաստ քարեր գործածելն անգամ արգիլուած էր: Ուրեմն հինգ-վեց հագուստ դրին դիմացս ու պայմանաժամ տուին երեք օրէն աւարտել հագուստներուն զարդեղէնը: Ցուցահանդէսի աւարտին բոլոր արուեստագէտները Տաուն Թաուն հաւաքեցին: Մէյ մըն ալ ընկերս ըսաւ, որ անունս կը կանչեն, մրցանակ շահեր եմ: Ես ալ զարմացած` «Ի՞նչ մրցանակ», հարցուցի: Պարզուեցաւ, որ Ժան Փոլ Կոթիէի հագուստներու զարդեղէնները պատրաստած եմ առանց տեղեակ ըլլալու եւ` մրցանակ շահած: Պատերազմի օրերուն լիբանանցիները  ճամբորդելու արտօնութիւն ստանալու դժուարութիւն ունէին, եւ ես չկրցայ ճամբորդել, իրենք գործերս առին եւ Լուվրի մէջ ցուցադրեցին: Ահա այսպէս մէկ օրուան մէջ ամբողջ կեանքս փոխուեցաւ:

«Ա.».- Խօսինք Ռահպանիներուն հետ ձեր ունեցած փորձառութեան եւ աշխատանքին մասին:

Գ. Խ.- Ուրեմն մրցանակը շահուած գիշերը քնացայ որպէս Գէորգ Խաչերեան, առտու արթնցայ, որ մեր դրան առջեւ ԷԼ ՊԻ ՍԻ կայանը կեցած է: Յաջորդ օրը` միւս կայաները: Այն օրերուն լիբանանի պատկերասփիւռի գրեթէ բոլոր կայաններէն հրաւիրուեցայ, հիւրընկալուեցայ: Այս ընթացքին շատ մարդոց հետ ծանօթացայ,  որոնցմէ էր Մանսուր Ռահպանին: Պատերազմի տարիներուն իրենց աշխատանքը դադրեցնելով` 2000-ին, «Ախեր իյամ Սոկրատ» մեծ թատրոնի բեմադրութեան աշխատանքներուն սկսան: Հագուստի ձեւաւորում կատարողը` ողորմած Կապի Ապի Ռաշետը ինծի առաջարկեց թատրոնի բոլոր զարդեղէնները, վզնոցները, թագաւորական թագերը, պալատական զարդերն ու իրերը պատրաստել: Այսպէս սկսայ աշխատիլ Ռահպանիներուն հետ: «Մուլուք ալ թաուաէֆ», «Հըքըմ ալ ռաայէն», «Ժըպրան ուա Աննապի», «Քլիոփաթրա» եւ այլ թատրոններու բոլոր արդուզարդերը, դերասաններու կրած զարդեղէնները, պատմական պղնձեայ իրերը ես պատրաստած եմ:

Ըսեմ նաեւ, որ Էլի Սաապին եւ Զուհեր Մրատին հետ ալ աշխատած եմ` անոնց զարդեղէնները պատրաստելով: Անոնք յաճախ քովս կու գան կարծիք հարցնելու: Մեծ շնորհակալութեամբ յիշեմ նաեւ, որ Մունա Հրաուին անձամբ հովանաւորած է իմ մէկ ցուցահանդէսս: Չեմ կրնար մոռնալ անոր բարիքը: Ան ցուցահանդէսիս բոլոր ծախսերը վճարեց եւ բացման ձեռնարկին կողքիս կանգնեցաւ: Առիթով մըն ալ պետական պաշտօնական 1000 անձնաւորութիւններու  յուշանուէրներ պատրաստած եմ: Ատենին Լիբանանի նախագահին եւ իր տիկնոջ Էլիզէի անձնակազմին նուիրելիք յուշանուէրներն ալ ես պատրաստած եմ:

Նոր նուաճումներ ձեռք բերելու համար Լիբանանը սկսաւ  չգոհացնել:  Ապու Տապի գացի 1997-ին` թէ՛ այցելութեան, թէ՛ ցուցահանդէսի: Հոն ալ յաջողութիւն ձեռք բերի: Տեսէք, Լիբանանէն սկսայ եւ աստիճանաբար ինքնաշխատութեամբ բարձրացայ: Այս վերելքին, նուաճումին մէջ  հաճոյք մը կայ, որ կարելի չէ բառերով բացատրել: Երբ դժուարութեններէ կ’անցնիս, ուժիդ ու սեփական աշխատանքիդ վստահելով կ՛աշխատիս, կեանքին եւ ամէն ինչին արժէքը կը գիտնաս: Եթէ պատահէր, որ մէկը ինծի առաջնորդէր, բնական է, որ ես այս բոլորին արժէքը պիտի չգիտնայի: Ես աշխարհ պտտած եմ ու շատ ազգերու եւ ժողովուրդներու հետ շփում ունենալով` տեսած եմ անոնց կեանքը եւ ապրելակերպը: Լիբանանի մէջ կեանքը շատ ճնշող է, բայց մենք` լիբանանցիներս, դեռ կը յաջողինք դրական մտածել: Լիբանան ապրող ամէն անհատ շքանշանի արժանի է, որովհետեւ դժուարութիւններ դիմագրաւելով կը շարունակէ ժպտիլ եւ ճիգ կը թափէ ուրախ ըլլալու: Կը կարծեմ` լիբանանցիները յարմարելու բացառիկ իւրայատկութիւն մը ունին, որովհետեւ Փարիզի մէջ ապրող հայը լիբանանահայուն չափ չի կրնար յարմարիլ դժուարութիւններուն եւ ստեղծուած դժուար կացութեան: Մինչ մենք այնքան վատ օրեր ապրած ենք, որ ամէն ինչին պատրաստ ենք ու կը դիմանանք: Պատերազմի տարիները դպրոց եղան մեզի համար, ամէն ինչ տեսանք ու ճաշակեցինք:

 

«Ա.».- Ի՞նչ նիւթ կը գործածէք եւ ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ ձեր զարդեղէնի պատրաստութեան եղանակը:

Գ. Խ.- Ամէն բան ուղեղիս մէջ կը ձեւաւորեմ, ուղեղիս մէջ կը պատրաստեմ, յետոյ անմիջապէս կը գործադրեմ: Սեղանս գրեթէ քաոսի կը նմանի: Պատուիրողները իրենց հագուստը կը բերեն միայն` առանց բան մը բացատրելու, մնացեալը արդէն ինծի կը մնայ: Նորաձեւութեան չեմ հետեւիր, որովհետեւ գիտեմ` իւրաքանչիւր պատուիրողին ի՛նչ կրնայ վայելել, ի՛նչ կը յարմարի տուեալ հագուստին: Եւրոպական շատ երկիրներու մէջ պատուիրողներ ունիմ, որոնք իրենց հագուստին նկարը կը ղրկեն, իսկ ես կը պատրաստեմ: Կ՛աշխատիմ Լիբանանեան մակարդակով պետական, բարձրաստիճան վերնախաւի ներկայացուցիչներու, հանրածանօթ երգչուհիներու եւ արուեստագէտներու հետ: Գերմանիայէն, Իտալիայէն եւ եւրոպական շատ մը երկիրներէ յաճախորդներ ունիմ, որոնք տարիներէ ի վեր հետս կ՛աշխատին: Լէյտի Տիանային տղուն` Ուիլիըմի թագաւորական պսակադրութեան հանդիսութեան երեք կին իմ գործերս հագած էին:

Գործերուս 100 տոկոսը ոսկեջրուած պղինձ է: Կը գործածեմ նաեւ կիսաթանկարժէք քարեր, զվարովսքի: Զվարովսքի ընկերութիւնը հրաւիրեց զիս Աւստրիա, Ինսպրուք, Զվարովսքիի թանգարանը ցոյց տուաւ եւ իրենց ընկերութեան «Սիքրըթ պուք»-ը մակագրուած նուիրեցին: Ուղղակի հիացած ու զարմացած էին իմ կատարած գոյներու համակցութեամբ: Գոյներու աշխարհին մէջ այն, ինչը իրենք երկու տարի վերջ պիտի ընէին, ես արդէն ըրած էի հոս: Իրենց ըսի, որ ես հայ եմ, ծնած եմ Միջերկրականի հրաշալի բնութեան մէջ ու կը գործածեմ Ալպեան լեռներէն ձեր քարերը, հետեւաբար երեք գեղեցիկ բաներ քով-քովի գան, վստահաբար միայն գեղեցիկ բան պիտի ծնի:

«Ա.».-Խօսինք ձեր կազմակերպած ցուցահանդէսներուն մասին:

Գ. Խ.- Անձնական երկու ցուցահանդէս կազմակերպած եմ Անգլիոյ մէջ, Լոնտոնի  Քանսինկթընի քաղաքապետին հովանաւորութեամբ: Տուպայի մէջ 15 ցուցահանդէս կազմակերպած եմ: Առանց ներկայութեանս ունեցած եմ ցուցահանդէսներ, ուր ներկայացուած են գործերս, ինչպէս` Ուաշընկթընի, Վիեննայի եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ: «Ժազիրա» կայանէն ալ յատուկ հրաւիրուած եմ, որ գործերս ցուցադրեմ: Ծոցի երկիրներու մէջ շատ իշխանուհիներ գործերս կրած են ու կը կրեն իրենց պաշտօնական առիթներուն կամ հարսանեկան խրախճանքներուն: Ճամբորդութիւններուս մասին կ՛ուզեմ գրել, որովհետեւ շատ յատկանշական են: Այս ալ պատմեմ. քանի մը հոգիով լիբանանցիի մը առաջնորդութեամբ ցուցահանդէսի մասնակցելու գացինք Ապու Տապիի Այն քաղաքը, ուր հասնելնէս ետք գիտցանք, որ խաբուած ենք, ցուցահանդէս չկայ: Պանդոկատէրը անունս կարդալով զիս ուզած է տեսնել: Պարզուեցաւ, որ հայ է, երբ պատմեցի պատահածը, անմիջապէս որոշեց կազմակերպել ցուցահանդէս մը: Տեսէք` եթէ մարդ դրական մտածէ, անապատին մէջն անգամ դիմացը մարդ կ՛ելլէ ու կողքին կը կանգնի: Ժխտականը կը հեռանայ, երբ դրական մտածենք:

Երկու ամիս առաջ ալ Մելպուռնի  քաղաքապետարանը եւ խորհրդարանի նախագահը պարգեւատրեցին հինգ լիբանանցիներ, որոնցմէ մէկը ես էի: Հրաւէր ուղարկուած էր ինծի, բայց տեղեակ չէի պարգեւատրման մասին, անակնկալի եկայ: Այդ հանդիսութեան ներկայ էին նախարարներ եւ Աւստրալիոյ մէջ լիբանանցի հասարակութեան զգալի մէկ մասը: Այդ հանդիսութեան յանկարծ անունս տուին եւ պարգեւատրեցին Լիբանանի համար ըրած լաւ գործերուս համար:

«Ա.».- Լիբանանի Արուեստագէտներու եւ արհեստաւորներու սենտիքայի հիմնադիր խումբի մէջ եղա՞ծ էք:

Գ. Խ.- Այո՛, Լիբանանի արուեստագէտներու եւ արհեստաւորներու սենտիքայի հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած եմ եւ մինչեւ այսօր խորհրդական եմ: 12 հոգիով հիմեցինք սենտիքան, որ այսօր կը հաշուէ շուրջ 400-500 անդամ. դժբախտաբար հայեր չկան սենտիքային մէջ: «Ազդակ»-ի միջոցով կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր այն արհեստաւորներուն եւ արուեստագէտներուն կամ ձեռային որեւէ աշխատանք կատարողներու, որոնք կ՛ուզեն մաս կազմել մեր սենտիքային, թող անպայման դիմեն մեզի, ուղղակի կամ «Ազդակ»-ին միջոցով: Մենք իրենց ցուցմունք, ուղղութիւն կու տանք եւ մեր մէջ կ՛առնենք. օրինակ` պայուսակագործներ կան Պուրճ Համուտ, որոնք յայտնի  ապրանքանիշներու պայուսակներ կը պատրաստեն, եւ որոնց մասին մարդ չի գիտեր: Այդ արհեստաւորները ինչո՞ւ մաս պիտի չկազմեն սենտիքային ու օգտուին:  Գիտեմ, որ շատ հայ արհեստաւորներ եւ արուեստագէտներ ունինք, բայց տեղեակ չեն թերեւս սենտիքայի մասին: Մենք ցուցահանդէսներ կը կազմակերպենք Լիբանանի տարբեր վայրերու մէջ: Տարուան ընթացքին շատ առիթներ կ՛ըլլան մասնակցելու եւ իրենց արուեստի կամ ձեռային գործերը ներկայացնելու: Ես պատրաստ եմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ օգտակար դառնալու բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն մաս կազմել սենտիքային:

«Ա.».- Որպէս արուեստագէտ` Հայաստանի հետ ձեր կապը ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել:

Գ. Խ.- Աշխարհի որ ծայրամասն ալ երթանք,  Հայաստանը կը մնայ մեզի համար այն միակ հարազատ վայրը, ուր մենք խորապէս կ՛ըլլանք հանգիստ եւ ազատ: Տարին երեք-չորս անգամ Երեւան կ՛այցելեմ: Իգիթեանի անուան գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի մանկապատանեկան արուեստի ուսումնարանին մէջ ես մասթըր քլաս դասեր կու տամ: Իմ գիտելիքներս իրենց կը փոխանցեմ, 8-16 տարեկան պատանիներուն քով կը նստիմ եւ կը սորվեցնեմ: Գործերս կը տանիմ, կը ցուցադրեմ: Ինչով որ կրնամ օգտակար դառնալ, չեմ զլանար: Տարիներու փորձառութիւնս ոչ միայն արուեստի մասին, այլեւ կեանքի մասին կարճ միջոցի մէջ անոնց կը բացատրեմ: Հրաշք երեխաներ են, անհամբեր կը սպասեն, որ երթամ: Կը հիանամ իրենց ունեցած շնորհքներուն եւ կարողութիւններուն վրայ, հողին զօրութիւնն է անկասկած: Այդ պատանիներէն սորվելիք ունինք: 8 տարեկան տղայ մը մատանի գծել սկսաւ, այստեղ համալսարաններ, ուսումնարաններ կ՛աւարտեն ու դժուար կը յաջողին բան մը ստեղծել, մինչ այդ տղեկը պատմական բերդերը մատանիին վրայ գծել սկսաւ: Իրենց այդ դժուար պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կը ստեղծեն, կը սորվին. իրապէս հրա՛շք է:

Հայաստանի մէջ ամէն ինչ մերն է: Օդակայանէն կ՛ելլեմ, ակնոցս կը հանեմ, լաւատեսութեան ակնոցս կը դնեմ եւ միայն լաւը կը տեսնեմ: Չի կրնար ըլլալ, որ ճիշդ բան չտեսնես, անպայման լաւին կը հանդիպիս: Հայաստանը շատ կը սիրեմ: Այս պահուն ամէն տեղ կրնամ երթալ եւ այդ երկրի արուեստի բնագաւառին մէջ արժանի տեղ ունենալ, բայց ես կ՛ուզեմ Հայաստան երթալ: Արմատներս հոն են: Արմատներէդ հեռու կրնաս թափառիլ 50 տարի մը թերեւս, իսկ զաւակներդ շուարած մարդու պէս կը թափառին աշխարհի չորս կողմը: Մենք հայերս ունեցած ենք շատ գաղութներ, որոնք այսօր գոյութիւն չունին: Պելճիքա գացի, ցոյց տուին հայերու կառուցած թաղը, ո՞ւր են հիմա, չկա՛ն: Հայաստանի հողին վրայ եթէ մէկ հատ ծիրանի ծառ տնկեմ, գիտեմ, որ զաւակս այդ ծառէն ծիրան պիտի ուտէ, մէկը պիտի չըլլայ, որ տնկած ծառս արմատէն հանէ: Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, Հայաստանը իմս է, իմ երկիրս է: Չեմ կրնար ուրիշ ձեւ մտածել:

«Ա.».-Ձեր կեանքի փորձառութենէն ելլելով` ի՞նչ կ՛ըսէք այսօր նոր սերունդին:

Գ. Խ.- Իրօք դժուար է 30 տարուան պատմութիւնը հարցազրոյցով մը ամփոփել: Մարդու ժառանգական յատկանիշները եւ տուեալները շատ կարեւոր են: 30 տարուան ընթացքին քովս աշխատած է մօտաւորապէս 150 մարդ, որոնցմէ ոչ ոք շարունակած է: Բոլորն ալ շատ լաւ արհեստաւորներ էին, սորվեցան, փորձեցին աշխատիլ, յետոյ ուրիշ գործ ըրին, բացատրեմ` ինչո՛ւ. տեսէք, մարդ կայ, որ կատարեալ ձեւով իր տեսածը շինելու մեծ կարողութիւն ունի, բայց երբ իրմէ խնդրես, որ ձեւը փոխէ ու նոր բան մը ստեղծէ, արդէն կը տատամսի եւ կանգ կ՛առնէ:  Մարդիկ կը ծնին այնպէս, ինչպէս որ են: Դուն պիտի զարգացնես կարողութիւններդ: Եթէ մարդ ունի տուեալներ ու չ՛աշխատիր զարգացնել զանոնք ու հմտանալ, տեղքայլի մէջ կը մնայ: Հայաստան արուեստի մանկական ուսումնարանը ընդունելու համար քանդակ կը դնեն երեխաներուն դիմաց: Ան որ քանդակին 65-70 տոկոսը կարենայ գծել, կ՛ընդունուի, ապա թէ ոչ` կը մերժուի: Արուեստաբան Սամուէլ Բաղդասարեան կ՛ըսէ. «Արուեստ չենք կրնար սորվեցնել, մենք արուեստավարժութիւն կը սորվեցնենք: Արուեստը հետդ պէտք է ծնած ըլլայ»:

Իսկ ինծի համար ալ սիրելը շատ կարեւոր է: Եթէ մարդ սիրել չի գիտեր, չի յաջողիր: Ես իմ գործս շատ կը սիրեմ: Գործս սկսած օրէն մինչեւ այս պահը իմ աշխարհս աշխատանքս է: Եթէ օր մը չստեղծագործեմ, կը զգամ, որ բան չեմ ըրած:  Նոր սերունդը նախ պէտք է սիրել սորվի, եթէ սիրել չգիտնայ, չի կրնար գեղեցիկ բան ստեղծել: Կեանքը սիրելով պիտի շարունակուի: Ամէն բան սիրոյ հետ կապուած է: Երբ սիրես, կեանքը, իր դժուարութիւններով հանդերձ, գեղեցիկ կը տեսնես: Յաջողութիւններս եւ համբաւս ինքնաշխատութեան արդիւնք են եւ ոչ թէ` վկայականներ ունենալու: Այո՛, ուսումը կարեւոր է, բայց աշխատանքը եւ ինքնաշխատութիւնը շատ աւելի կարեւոր են: Ընթերցանութեամբ ես շատ բան սորված եմ. նոր սերունդը պէտք է կարդայ, հետեւի աշխարհի զարգացումներուն, փոփոխութիւններուն, իրադարձութիւններուն, մշակութային եւ արուեստի լուրերուն: Ամէն բան արուեստ է, մտիկ ընելն ալ արուեստ է: Եթէ մարդիկ մտիկ ընել չեն գիտեր, ինչպէ՞ս պիտի սորվին: Ամէն օր սորվելիք ունինք մեզմէ փոքրէն, մեծէն, քովինէն, դրացիէն: Այն մարդը, որ կ՛ըսէ, թէ բաւարարուած է, ընելիք չունի աշխարհի մէջ:

Ինքնաշխատութիւնը ամէնէն մեծ դպրոցն է: Մարդիկ իրենց յոյսը պէտք չէ կտրեն կեանքին մէջ: Եթէ մարդ նպատակ ունի եւ նպատակը դրական է, անպայման տեղ կը հասնի, անպայման կը յաջողի: Դժուարութիւններ շատ կան, բայց մէյ մը որ մարդ լաւատեսութիւնը կորսնցնէ, ալ դաժան կը դառնայ կեանքը: Միշտ լաւին պիտի ձգտինք` առանց բաւարարուելու եղածով:

 

 

 

Նախորդը

Ռոզի Արմէն

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարան. Լիբանանահայ Գիրքը` 2012-էն 2016 Տարիներուն

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?