Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Քաղաքական Բեմը Եւ Սահմանադրութեան Հիմքը

Մայիս 17, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Շուրջ երկու ամիս առաջ, «Առաւօտ» (Aravot.am) կայքէջի Դիմատետրի էջերէն մէկուն վրայ կարդացի հայրենի մտաւորական Պերճ Զէյթունցեանի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ ուզում ես վրէժ լուծել, թուրքերի քթի տակ ստեղծիր բարեկեցիկ, օրինապահ երկիր, որտեղից մարդ չուզենար հեռանալ…»:

Յարգելի մտաւորականը կարճ ու դիպուկ նախադասութեամբ մը կը սահմանէ ապագայ Հայաստանի իր տեսլականը` նշելով ազգային քաղաքականութեան խորքային այն արժէքները,  որոնք Հայաստանի գոյութեան կռուաններն են:

Պերճ Զէյթունցեանի խօսքը կը ցոլացնէ շուրջ տարի մը առաջ, 2 փետրուար 2016-ին սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէի նախօրեակին նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտասանած խօսքին էութիւնը, որ կ՛ըսէր.

«… Սահմանադրական փոփոխութիւնների արդիւնքում Հայաստանի քաղաքական համակարգը կը դառնայ առաւել բաց եւ ճկուն: Այն կը համապատասխանի մեր հասարակութեան տինամիք եւ բազմակողմանի զարգացող ընկերային կառուցուածքին: Կ՛արձագանգէ ազատ, ապահովուած, քննադատական մտածելակերպ ունեցող մարդկանց քաղաքական մշակոյթին: Ինչպէս շատ ժողովրդավարական պետութիւններում, քաղաքական պայքարի առաջնորդողները կը լինեն կուսակցութիւնները… քաղաքական համակարգը կը բարեփոխուի… քաղաքական ռազմավարական սկզբունքների, ընկերային կայունութեան, ազգային անվտանգութեան, սահմանադրական համակարգի հիմնարար դրոյթների եւ ինքնիշխանութեան պահպանման, քաղաքացու իրաւունքների եւ ազատութիւնների պաշտպանութեան շուրջ:  Այնպիսի Հայաստան, որտեղ ապրողները իրենց երջանիկ կը զգան ու չեն մտածի այն լքելու մասին… այնպիսի հասարակական միջավայր, որտեղ չեն լինի արտօնեալներ, այլ կը լինի միասնական ժողովուրդ` կարգապահ, օրէնքները յարգող, խաղաղութիւն սիրող, հպարտ»:

«Մենք պիտի չբաւարարուենք միայն Հայաստանի ներքին խնդիրների կարգաւորմամբ: Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները մեզ հարկադրում են միաւորել աշխարհասփիւռ ողջ հայութիւնը` ապահովելու համար մեր ժողովուրդի անվտանգ գոյութիւնը եւ տեղն աշխարհում: Ես համոզուած եմ, որ կարճ ժամանակահատուածում սահմանադրութիւնը դառնալու է ազգային համաձայնութեան փաստաթուղթ»:

Ասիկա նաեւ նկատողութիւն մըն է` ուղղուած Հայաստանի քաղաքական գործիչներուն` անոնց յիշեցնելով իրենց պարտաւորութիւնը երկիրը արագօրէն դուրս բերելու իր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամէն եւ սահմանադրութեան տրամադրութիւններու որդեգրումով զայն դնելու բարգաւաճման ուղիի վրայ:

Ուրախալի երեւոյթ է վերահասու ըլլալ Հայաստանի  մտաւորականութեան մտածելակերպին ու կեցուածքին, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ապագայ քաղաքական համակարգի դրոյթին:

Սակայն Հայաստանի քաղաքական կեանքին մօտէն հետեւող իւրաքանչիւր անհատ հարց կու տայ, որ ինչո՞ւ անցնող քսանհինգ տարիներու ընթացքին կարելի չէ եղած հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին յարիր ու անոր ընկերաքաղաքական իղձերու իրականացման նպաստող սահմանադրութիւն մը որդեգրել:

Ի՞նչ են պատճառները, որ իշխանութիւնը մղեցին սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը յառաջ քաշել ու Հայաստանի կառավարման համակարգը նախագահականէն խորհրդարանական վարչաձեւի անցում կատարել:

Նոր սահմանադրութիւնը արդեօք պիտի կարենա՞յ քաղաքական նոր մշակոյթի արմատաւորման գործընթացը յառաջ տանիլ:

Ինչո՞ւ նոր սահմանադրութեան հիմամբ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու հազիւ վեց ամիս մնացած` կառավարութեան փոփոխութիւն եւ նոր վարչապետի նշանակում կատարուեցաւ, որ իր վրայ հրաւիրեց քաղաքական բոլոր լուսարձակները, եւ տնտեսական նախարարութիւնը փոխարինուեցաւ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեամբ:

Ինչո՞ւ սահմանադրութեամբ նախատեսուած համամասնական ընտրակարգը ընտրական օրէնսգրքի ընդունման ճամբով շրջանցուեցաւ «ռէյթինկային» դրութեամբ շրջաններէն պատգամաւորներ ընտրելու որոշման յաւելումով:

Արդեօք վերոնշեալ տուեալները չե՞ն միտիր որոշ նրբութիւններով իշխանութեան վերարտադրման նպաստել:

Հայ ժողովուրդին նման` բռնատիական կամ գաղութատիրական կարգերու տակ տուայտող ազգեր ընկերատնտեսական ի՞նչ վիճակ կը պարզեն եւ անկախութեան տիրանալէ ետք քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կառավարման ի՞նչ տագնապներ կը դիմագրաւեն` մինչեւ յարմար սահմանադրութեան մը որդեգրումը, որ երկիրը դէպի կայունութիւն ու բարգաւաճում առաջնորդէ:

Ազգ մը ի՞նչ հիմունքներու վրայ, կամ ո՞ր փորձառութենէն մեկնած` պէտք է իր սահմանադրութիւնը մշակէ:

Վերոնշեալ հարցումներուն պատասխանը ունենալու համար կը դիմենք Փարիզի Իրաւաբանութեան եւ տնտեսագիտութեան կաճառի դասախօս Անտրէ Հորիուի, որ իր «Սահմանադրական օրէնք եւ քաղաքական կառոյցներ»(1) խորագրեալ գործին մէջ պատմաիրաւագիտական մօտեցումով լայնօրէն կը նկարագրէ ու կը վերլուծէ այդ երկիրներուն վիճակը` հաստատելով, որ նման երկիրներ դրամագլուխի եւ մասնագիտական միջոցներու ներդրման պակասի բերումով չեն կրնար իրենց մարդուժն ու բնական պաշարները ամբողջականօրէն օգտագործել, ընկերային գետնի վրայ կը մնան թերաճ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ սննդամթերքի անբաւարար արտադրութեան ու մահացութեան բարձր համեմատութեան, մասնաւորաբար` մանկական ծնունդներու պարագային: Տնտեսական գետնի վրայ Հորիու կ՛անդրադառնայ հնամենի ձեւերով հողամշակման  երեւոյթին, մեքենական միջոցներու  անբաւարար օգտագործման, ճարտարարուեստի սաղմնային վիճակի մէջ գտնուելուն, որոնց հետեւանք` անձ գլուխ տարեկան եկամուտը կ՛ըլլայ ցած ու անբաւարար, իսկ բաշխումը` անհաւասար:

Հորիու լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն երեւոյթը, որ այսօրինակ երկիրներու մէջ ընկերատնտեսական կեանքի ղեկը կը կեդրոնանայ փոքրամասնութեան մը ձեռքը, որ յաճախ կը բաղկանայ ազնուական հողատէրերէ (ազնուականութեամբ օժտուած երկիրներու պարագային), քարիւղատէրերէ (Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ), հարուստ դրամատէրերէ (Լատին Ամերիկայի երկիրներու պարագային) կամ սակաւապետ հողատէրերէ, դասակարգ մը, որ յաճախ կ՛արգելակէ պետական կառոյցներու հեզասահ գործունէութիւնը:

Հորիու կը հաստատէ, որ նորանկախ այս պետութիւնները ընդհանրապէս իրենց վարչամեքենային համար կ՛որդեգրեն խորհրդարանական կամ նախագահական համակարգը` արեւմտեան երկիրներու օրինակով, սակայն` ոչ երկկուսակցական դրութիւնը, ինչպէս` Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պարագային, այլ առաւելաբար` եւրոպական երկիրներու  օրինակը, որոնց տիրապետութեան տակ ապրած են, զայն պատշաճեցնելով` նպաստելու քաղաքական  ղեկավարութեան  իշխանապետական ձգտումներուն: Օրինակ` վարչապետի ընտրութիւն խորհրդարանին կողմէ: Կառավարութեան վստահութեան համար խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութեան քուէի պահանջ, կամ խորհրդարանի ցրւում` նախագահին կողմէ ու նմանօրինակ հնարքներ, որոնք կը նպաստեն գերիշխող կուսակցութեան գոյատեւման, ինչպէս` Նոր սահմանադրական (Ne՛o-Dastour) կուսակցութիւնը` Թունուզի մէջ, Անկախութիւն (Istiqlal) կուսակցութիւնը` Մարոքի մէջ, կամ Ժողովրդավար կուսակցութիւնը` Կինէի մէջ:

Ըստ Հորիուի, գերիշխող այս կուսակցութիւններուն մէջ նոյնանման մտածողութիւնն ու միատարրութիւնը յաճախ կ՛ըլլայ փխրուն` գլխաւորաբար վարչական եւ ծրագրային պատճառներով: Այս միասնականութիւնը  կարելի կ՛ըլլայ պահել, եթէ հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը իր ազդեցութեամբ կարենայ կուսակցականները վարչական ու ծրագրային հարցերու շուրջ համախմբուած պահել, ինչպէս կարողացաւ ընել Փանտի Նեհրիւ իր անհատականութեամբ` Անգլիոյ գաղութատիրական կարգերէ դուրս  եկած Հնդկաստանի մէջ:

Հորիու կ՛աւելցնէ, որ գերիշխող կուսակցութիւնը կառավարութեան գլխաւոր յենարանը հանդիսանալով` ժամանակի ընթացքին կը դառնայ երկրի միակ կուսակցութիւնը, որպէսզի կարենայ պահել երկրի ազգային միասնականութիւնը, մղում տալ, որ վարչամեքենան գործէ եւ ապահովէ երկրի զարգացումը: Սակայն որդեգրուած այս խորհրդարանական վարչաձեւը յաճախ կը ձախողի հեզասահ գործելէ, եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի միապետութիւն, ինչպէս եղած է պարագան` Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Սուտանի, Իրաքի եւ ափրիկեան ու լատինամերիկեան շատ մը երկիրներու… Միապետական դրութեամբ ղեկավարուող այս երկիրները անպայմանօրէն հակաժողովրդավար չեն ըլլար եւ յաճախ կը ձգտին կարեւոր բարենորոգումներ կատարել, սակայն նշմարելի է, որ անոնք յաճախ քաղաքական եւ զինուորական ցնցումներու ենթակայ են ու մեծ տագնապներ կը դիմագրաւեն:

Անտրէ Հորիուի վերլուծումներուն վերարտադրումը Հայաստանի անցեալ 25 տարիներու ընկերատնտեսական եւ վարչաքաղաքական կեանքին վրայ կը պարզէ հետեւեալ պատկերը.

– Բացի Արարատեան դաշտէն, երկրի միւս շրջաններուն մէջ եւ մանաւանդ ծայրամասերուն մշակելի հողատարածքներու ոչ ամբողջական օգտագործում,
– Հողագործութեան եւ անասնաբուծութեան բնագաւառէն ներս, հողամշակման եւ անասնապահութեան համար մեքենական միջոցներու օգտագործման պակաս, երկրագործական հնամենի միջոցներու յամեցում, արտադրութեան անբաւարարութիւն բաւարարելու բնակչութեան սննդամթերքը,
– Մահացութեան բարձր ցուցանիշ` նորածիններու մօտ,
– Ոռոգելի ջուրի պակաս եւ հինցած ենթակառոյցներ,
– Սեփականաշնորհուած, սակայն չգործող ճարտարարուեստական արդիւնատեղիներ,
– Հանքավայրերու ոչ ամբողջական շահագործում,
– Գործազրկութիւն, եկամուտի անբաւարարութիւն, աղքատութեան բարձր ցուցանիշ, արտագաղթ,
– Ուժանիւթի անբաւարար արտադրութիւն,
– Սակաւապետներու կողմէ բռնագրաւուած տնտեսութիւն, միջին եւ մանր ձեռնարկութիւններու նահանջ,
– Պետական ծառայութիւններու կաղացող եւ ոչ արդիւնաւոր գործելաոճ,
– Պետական պիւտճէի գործառնութեանց վերահսկողութեան պակաս, դանդաղ գործող եւ մեծաթիւ անձնակազմ,
– Կաշառակերութիւն,
– «Ղարաբաղ» կոմիտէ, ՀՀՇ-ի ստեղծում, իշխանութեան հակակշռում եւ նախագահական համակարգի որդեգրում,
– Ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ իշխանութեան անհանդուրժողականութիւն, յատկապէս` ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ եւ անոր գործունէութեան արգիլում,
– Շրջափակման վերացման պատրուակով Թուրքիոյ հետ ներկայի սահմաններու հիմամբ համաձայնագիր ստորագրելու միտում,
– Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան առանձին ցանկով խորհրդարանական ընտրութիւններու ներկայանալու հայցի մերժում,
– 1995 մայիս. անտեսում սահմանադրական յանձնաժողովին կողմէ ներկայացուած սահմանադրութեան նախագիծի եւ ի գոհացում Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բռնապետական տրամադրութիւններուն` ժողովրդային կեղծուած հանրաքուէով նախագահական համակարգով նոր սահմանադրութեան որդեգրում,
– ՀՀՇ-ական ընկերներու կողմէ լքուած` նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մեկուսացում,
– Ժողովրդային ցասում եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարում,
– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան յայտնութիւն եւ գերիշխանութիւն,
– 28 սեպտեմբեր 1999-ի սպանդ եւ Կարէն Տէմիրճեան-Վազգէն Սարգիսեան մերձեցման ոտնահարում,
– 2008-ի կեղծուած նախագահական ընտրութիւններ: Մարտ 1-ի խռովութիւններ եւ ՀՀԿ-ի մենատիրութեան հաստատում,
– Երկրի ելեւմուտքի համախառն արդիւնքի անկում, պիւտճէական բաց եւ պարտքերու կուտակում,
– Ընտրական օրէնսգրքի ճամբով «ռէյթինկային» դրութեամբ մարզերէն պատգամաւորներ ընտրելու որդեգրմամբ խորհրդարանական ականուած համակարգով սահմանադրութեան որդեգրում:

Հայաստանի ընկերատնտեսական ու քաղաքական կեանքի երեւոյթները, անոնց ժամանակագրական հոլովոյթի այս արագ թուարկումը ամբողջութեամբ կը համընկնին Անտրէ Հորիուի վերեւի բնութագրումին:

Տակաւին, Պերճ Զէյթունցեանէն շատ առաջ, սփիւռք-Հայաստան առաջին համագումարի աւարտին իսկ այս երեւոյթը գրաւած էր նոյն այդ ժողովին սփիւռքահայ մտաւորականութեան խօսնակը հանդիսացող Վահէ Օշականի ուշադրութիւնը, որ այս առթիւ, իր 11 փետրուար 2000 թուակիր «Վտանգը» խորագրեալ յօդուածով, ուղղուած` բացառաբար միայն սփիւռքահայ մտաւորականութեան եւ սփիւռքեան կառոյցներու այդ օրերու պատասխանատուներուն, կը գրէր.

«Եթէ մինչեւ տասը տարի առաջ սփիւռք ու Հայաստան պատմութեան լուսանցքին մէջ կ՛ապրէինք, պատասխանատու` միայն մեզի, հիմա միջազգային լուսարձակի տակն ենք` ամերիկեան ծերակոյտէն մինչեւ Կասպից ծովու նաւթահորերը: Մեզի համար արձակուրդը վերջացած է այլեւս»:

«Այս իրողութեան գիտակցութիւնը առաջին անգամ Գարեգին Ա. վեհափառին խօսքերուն մէջէն կը լսուէր, իր կեանքի վերջին տարիներուն: Ճիգը` արթնցնելու հայութիւնը, յատկապէս Հայ եկեղեցին գիտակցելու իր ներքին ու արտաքին պարտաւորութեան: Սակայն վտանգի մը ներկայութիւնը եւ մեր վրայ ճնշող պատասխանատուութեանց ծանրութիւնը իրապէս զգալի դարձան անցեալ սեպտեմբերի Համահայկական խորհրդաժողովի ընթացքին: Ահազանգը հոն էր, որ հնչեց, կա՛մ հայութիւնը կ՛անդրադառնայ իր վրայ տիրող կացութեան լրջութեան, հատուածական եւ անձնական շահերը կը ստորադասէ ազգային ու մարդկային շահերուն ու վերջ կու տայ դարաւոր բաժանումին, կա՛մ ալ պատմութիւնը կը կոխկռտէ մեզ ու կ՛անցնի-կ՛երթայ իր անյայտ ճամբան»:

«… Վտանգի բերանը, առաջին շարքին, կանգնած է Դաշնակցութիւնը: Անոր տալիք օրինակը պիտի որոշէ, մեծաւ մասամբ, միւս կազմակերպութիւններուն որդեգրելիք դիրքը: Իր յեղափոխական անցեալի պատմուճանը իրեն այդ մենաշնորհը կու տայ, հակառակ որ Դաշնակցութեան յեղափոխականութիւնը ներկայ պայմաններու մէջ զուտ իմացական յեղափոխականութիւն մըն է ու անոր ընկերվարական գաղափարաբանութեան կը վերաբերի, եւ ոչ թէ` որեւէ ռազմական կալուածի: Յեղափոխական ըլլալ` հինցած քարացած մտածելակերպեր ու գործելու եղանակներ մէկդի շպրտել եւ պահպանողական բնազդը տեղաշարժի ենթարկել կը նշանակէ»:

«… Որքա՞ն դաժան պիտի ըլլայ պատմութեան դատաստանը Հայաստանի ղեկավար դասին համար, եթէ շարունակուի ներկայ անհեռատես, քմահաճ վերաբերումը ազգային գերագոյն շահերուն հանդէպ, եւ եթէ քայլեր չառնեն բարոյական ախտերը մաքրելու ընկերային կեանքէն: Եւ` եթէ արժանի չըլլան, բանիւ եւ գործով, իրենց վստահուած գանձին խնամակալութեան, որ հայութեան հայրենիքն է»:

Այս գրութեամբ Վահէ Օշական ոչ միայն լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայաստանի ներքին կեանքի զանազան երեսներուն սպառնացող «Վտանգը», այլեւ համարձակօրէն կը մատնանշէ Հայաստանի ղեկավար դասին պատասխանատուութիւններն ու պարտաւորութիւնները` գործելու ազգային գերագոյն շահերէն մեկնած: Օշական կը նշէ նաեւ այն կառոյցները եւ յատկապէս Դաշնակցութիւնը, որոնք կրնան դիմագրաւել այս թերիներու սրբագրումը: Դաշնակցութիւնը իր «յեղափոխական մտածելակերպին» բերումով, իր քաղաքական փորձառութեամբ ու գործելաոճով կրնայ որոշումներ կայացնել եւ դարմանումի ծրագրեր առաջարկել:

Հայ ժողովուրդին մէջ յամեցող հինցած, քարացած քաղաքական մտածելակերպն ու գործելակերպը մէկդի շպրտելու եւ անոր պահպանողական բնազդը տեղաշարժի ենթարկելու Վահէ Օշականի` Դաշնակցութենէն ունեցած ակնկալիքներուն վերաբերեալ անմիջապէս ըսենք, որ տակաւին կանուխ, իր «Դէպի Երկիր» որոշումի կայացումէն անմիջապէս ետք, Դաշնակցութիւնը դեկտեմբեր 1990-ին, Երեւան հրատարակուած հայաստանեան իր «Գործունէութեան ծրագիր»-ին (փլաթֆորմ) (2) մէջ մեկնելով իր ծրագրային տեսութիւններէն` կը հաստատէ.

«Ազգը` իբրեւ պատմա-աշխարհագրական, լեզուական, մշակութային եւ քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն, ամէնէն էական ազդակներէն մէկը կը կազմէ համամարդկային լիակատար զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման: Ասով իսկ ազգը հիմնական արժէք է»:

«Ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման այն աստիճանն է եւ այն միջավայրը, որ անհատը ձեռք կը բերէ` ապահովութիւն, բարգաւաճման լայն հնարաւորութիւն, իր նմաններուն հետ լիակատար զարգացման լայն կարելիութիւն»:

Ծրագրային այս հաստատումներէն անցնելով` Հայաստանի պարզած այդ օրերու վիճակին փլաթֆորմը իր նախաբանին մէջ կը նշէ.

«Հայաստան ներկայիս կը գտնուի իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն կարեւոր մէկ հանգրուանին… որ ազգային պետականութեան վերակերտումն է», եւ կ՛առաջարկէ.

«Այսօրուան ու վաղուան Հայաստանին ի նպաստ նուաճուած հիմնական կռուանը յառաջացումն է ազգընտիր խորհրդարանին: Հայաստանը ի վերջոյ օժտուած է իր ինքնուրոյն խորհրդարանով, որ կը ձգտի`

– Երկրին մէջ ժողովրդավարութեան տանող սահմանադրական տրամադրութիւններուն ապահով խարիսխներ ստեղծելու,
– Հայաստանի մեր ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական պայմանները բարելաւման ընթացքի մէջ դնելու,
– Ինքնիշխանութենէն անկախութիւն տանող արահետին վրայ հայ ժողովուրդին երթը խոչընդոտող արգելքները յաղթահարելու, եւ ատով իսկ`
– Կարելի դարձնելու մեր Ազգային Մեծ Իտէալին հասնելու ճանապարհին հարթումը»:

Ազգային պետականութեան հիմքերու վերահաստատման բաժնին մէջ կը նշէ.

«Հայաստանն ու հայութիւնը օժտել հանրապետական այն անօթով, որուն առաջնահերթ խնդիրը եւ գոյութեան իմաստը ազգի բովանդակ շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնն է: Առ այդ, մշակել Հայաստանի նոր սահմանադրութիւնը, որուն ողնայարը պիտի կազմէ մեր ազգի բոլոր ուժերուն ու կարելիութիւններուն պետական ներգրաւման, կարգաւորման ու արդիւնաւորման առաջադրանքը: Անհրաժեշտ է պետական իշխանութիւնը ժողովրդականացնել եւ ժողովրդավարականացնել, ինչ որ կ՛ենթադրէ նաեւ պետական վարչամեքենայի ու կառոյցներու ապակուսակցականացում, ապա` օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութիւններու բաժանում»:

Դաշնակցութեան փլաթֆորմը` իր քաղաքական, տնտեսական, գիւղատնտեսութիւն-երկրագործութիւն, կրթամշակութային, առողջապահական, ազգային պաշտպանութիւն, աղէտի գօտի, Արցախի հարց, ութ ընդարձակ գլուխներու մէջ, իւրաքանչիւրը մասնագիտական իւրայատուկ ենթաբաժանումներով բացատրուած, 47 էջերու մէջ կը ներկայացնէ ապագայ Հայաստանի բարգաւաճման ծրագիր-գործընթացը` եզրակացնելով. «Մեզի կը սպասեն դժուարին եւ անակնկալներով յղի տարիներ, որոնք մեզմէ պիտի պահանջեն լարուած աշխատանք, երկարատեւ յանձնառութիւն, նուիրում եւ տոկունութիւն»:

«Ազգովին կանգնած ենք քննութեան` պատմական մեծ քննութեան առջեւ, ազգային միասնութեամբ դրսեւորուող ուժի միասնութիւնն է, որ կրնայ երաշխաւորել անցումի այս շրջանը պատուով ու յաջողութեամբ բոլորելու մեր առաջադրանքը»:

«Մենք` դաշնակցականներս, գիտակից ենք այն հսկայական աշխատանքին, որ յառաջիկայ տարիներուն յարատեւօրէն վիճակուած պիտի ըլլայ բոլորիս անխտիր»:

Դաշնակցութեան 1990-ի փլաթֆորմէն կատարուած վերոնշեալ լայն մէջբերումները կը միտին թարմացնել զանգուածային լրատուական միջոցներով եւ անձնական դիմատետրերու վրայ Դաշնակցութեան հայաստանեան քաղաքականութիւնը ձաղկող ընդդիմախօսներու յիշողութիւնը, տեղեկացնել ու լուսաբանել հանրութիւնը, որ Դաշնակցութիւնը տակաւին 25 տարիներ առաջ ժողովրդավար ու բարգաւաճ Հայաստանի կայացումը կը տեսնէր իշխանութեան ժողովրդավարականացման եւ պետական վարչամեքենայի ու կառոյցներու ապակուսակցականացման մէջ, որ կարելի կը դառնայ ազգային միասնութեամբ, գէթ` անցումային շրջանին, որուն աշխատանքի ծանրութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակից է Դաշնակցութիւնը:

Ահաւասիկ` այն պարունակը, որուն մէջէն պէտք է դիտել Դաշնակցութեան ազգային աշխարհահայեացքը եւ քաղաքական ռազմավարութիւնն ու անոր համաձայնական կառավարութիւններու մասնակցութիւնը նկատել մարտավարական մէկ փուլ եւ ոչ թէ` ռէալփոլիթիք, ինչպէս կ՛ուզեն տեսնել ՀԱՔ-ՀԺԿ-ի անդամները, կամ անոնք, որոնք իշխանափոխութիւնը կը տեսնեն ռազմական միջոցներով:

Այսօր, նոր սահմանադրութեամբ խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտին, երբ արդէն յայտնի է քաղաքական ուժերու դասաւորումն ու անոնց ունեցած ժողովրդականութիւնը, արժէ յետադարձ ակնարկով մը ներկայացնել, թէ ի՛նչ վիճակ կը պարզէր Հայաստանի քաղաքական բեմը, եւ թէ` ընտրութիւններուն ներկայացած կուսակցութիւնները որքանո՛վ ընկալած էին նոր սահմանադրութեան տրամադրութիւններն ու ոգին եւ անոնց ընտրական քարոզարշաւները գաղափարական ի՞նչ հիմունքներու վրայ խարսխուած էին:

Արագ հայեացք մը ցոյց կու տայ, որ հազիւ երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մէջ 50-է աւելի կուսակցութիւններ կը գործէին, որոնք բարեբախտաբար նոր սահմանադրութեամբ որդեգրուած համամասնական ընտրակարգի դրութեան բերումով ինքնաբերաբար քաղաքական բեմէն դուրս մղուեցան:

Յատկանշական երկրորդ երեւոյթը, որ անցնող ամիսներուն դրսեւորուեցաւ, կառավարական փոփոխութեան եւ ընտրական դաշինքներու շնորհիւ, կուսակցական պատկանելիութեան հարցն էր:

Գաղափարական ի՞նչ համոզումներով Յովիկ Աբրահամեանի, Սէյրան Օհանեանի, Զարուհի Փոսթանճեանի կամ Անահիտ Բախշեանի նման երկրի գործադիր եւ օրէնսդիր կառոյցներէն ներս պատասխանատու պաշտօններ վարած անձինք ՀՀ կուսակցութեան կամ Ժառանգութիւն կուսակցութեանց կ՛անդամակցէին` այդ ճամբով ծառայելու հայրենիքին եւ ընտրութիւններու նախօրէին վարչական պատճառներով լքեցին ու հեռացան այդ կուսակցութիւններու շարքերէն` միանալու այլ կուսակցութեանց, կազմելու ընտրական դաշինքներ կամ հիմնելու նոր կուսակցութիւններ:

Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ, որ տակաւին Հայաստանի մէջ անհատի մը գաղափարաբանական համոզումներն ու քաղաքական պատկանելիութիւնը անոր կազմաւորման ու իմացական մշակոյթին մէջ չեն ամրագրուած, որ` անհատի կուսակցական պատկանելիութիւնը տակաւին նոյնացած չէ ենթակային դիմագիծին, հանգամանքին ու արժեւորումին հետ, եւ թէ` անհատականը գերազանց է հաւաքականէն:

Իշխանական ուժերը, որոնք նախագահական համակարգէն օգտուելով` կը հակակշռէին պետական կառոյցները, տակաւին կը շարունակեն այլ միջոցներով սահմանադրական փոփոխութեամբ որդեգրուած նոր համակարգը իրենց հակակշիռին տակ պահել: Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել, որ հանրապետութեան նախագահը, որ իր հանգամանքով կը ներկայացնէ ամբողջ ժողովուրդը, միաձայնութեամբ… բաց քուէարկութեամբ ընտրուի ՀՀԿ-ի նախագահ: Նոյնպէս նորանշանակ, մինչ այդ անկուսակցական վարչապետն ու նախարարներ առանց կուսակցական շարքերէն անցնելու եւ առանց կուսակցական փորձառութեան` նոյն ձեւով ընտրուին ՀՀԿ-ի փոխնախագահ եւ գործադիր մարմինի անդամներ:

Ի՞նչ հիմնաւորումով նախագահը տակաւին իր ստորագրութիւնը Թուրքիոյ հետ ստորագրուած փրոթոգոլներէն չի վերցներ` հակառակ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ անոր հակասահմանադրական ըլլալը հաստատելուն:

Արցախի հարցով ինչպէ՞ս բացատրել ՀՀԿ-ի տարածքային զիջումներու քաղաքականութիւնը:

Նժդեհեան գաղափարախօսութիւնը, որ ՀՀԿ-ն կը դաւանի ընկալած ըլլալ, ազգի տեսլականը կ՛արժեւորէ` ըսելով. «Պատերազմող մի ժողովուրդ, ամէն կռուող կողմ կամ բանակ այնքան է յամառ ու տոկուն, որքան խոր նա գիտակցում է արժէքին այն դատի, իրաւունքի, երկրամասի, յանուն որի մղում է կռիւը»(3):

Վերոնշեալ օրինակներէն մեկնելով` կարելի է հաստատել, որ ՀՀԿ-ն տակաւին հեռու է նոր սահմանադրութեան տառն ու ոգին ընկալած ըլլալէ ու իր գործելաոճին հիմք նկատելէ` չկարենալ արժեւորելով փետրուար 2016-ի սահմանադրութեան գծով նախագահի ելոյթին բովանդակութիւնը, իմաստն ու խորքը:

Իսկ ԲՀԿ-ն, իր ընտրարշաւի սկիզբէն, «Ծառուկեան դաշինք» անուան տակ հանդէս գալով, անհատը դարձուց քաղաքական մտածողութեան խորհրդանիշ` դառնալով սակաւապետութեան գոյատեւման վառ օրինակ:

Պրն. Ծառուկեանի խոստումները, Գիւմրիի մէջ թէ ընտրարշաւի ընթացքին, ուղղուած` մասնաւորաբար հայ գիւղացիին, աւելի շատ ընտրակաշառքի բաժանում յուշեցին, քան` Հայաստանի տնտեսական բարգաւաճման նպաստող ծրագիր եւ խոտոր համեմատեցան նոր սահմանադրութեան ոգիին:

Հայ ազգային քոնկրեսը իր ծրագրով ըլլալով ազգային-ազատական ու ժողովրդավար` իր գաղափարաբանութեամբ կը դաւանի ազգերու ազատութեան, ինքնորոշման եւ անկախ պետականութեան` իբրեւ համամարդկային սկզբունք կարենալ երաշխաւորելու ազգերու գոյատեւումն ու զարգացումը: Այս սկզբունքներու իրականացման համար ՀԱՔ-ը կը հաւատայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ըլլայ իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան երաշխաւորը` ըլլալով հզօր, ունենալով մարտունակ բանակ` կարենալ դիմագրաւելու արտաքին վտանգները եւ ունենալ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն` դրացիներուն հետ մշակելով բարիդրացիական յարաբերութիւն(4):

Իր նախընտրական ծրագրի քաղաքական բաժինով ու նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի հեռուստաելոյթներու ընթացքին նշմարեցինք, որ ՀԱՔ-ը Հայաստանի տնտեսաքաղաքական ներկայ վիճակը բարեփոխելու համար շեշտը դրաւ շրջափակումէ դուրս գալու եւ, առ այդ, առաջարկեց հարեւաններու հետ հաշտութեան եզր գտնել` զիջելով ազատագրուած տարածքները` կարենալ ապահովելու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը, հակասելով իր ծրագրի  ազգային բաժնի սկզբունքներուն:

ՀԱՔ-ը քաղաքական ի՞նչ երաշխիքներ ունէր, որ հարեւաններու հետ հաշտութեան եզր գտնելը պիտի երաշխաւորէ Հայաստանի գոյութիւնն ու անկախութիւնը, երբ Թուրքիան այսօր իր ծաւալապաշտական նկրտումներէն մեկնած, հակառակ Սուրիոյ` Թուրքիոյ նկատմամբ վարած բարի դրացնութեան քաղաքականութեան եւ Ալեքսանտրէթի նահանգի հարցը չարծարծելու, հանդիսացաւ Սուրիան հարուածող գլխաւոր երկիրը: Մի՞թէ Թուրքիոյ փանթուրանական ծրագիրներուն գլխաւոր արգելքը Հայաստանի գոյութիւնը չէ՞: Թուրքիա ինչո՞ւ չստորագրեց Ցիւրիխի փրոթոգոլը` զայն առնչելով Արցախի հարցին եւ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ յամառելով պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծման վրայ:

Իսկ Ազրպէյճանի հետ ինչպէ՞ս հաշտութեան եզր գտնել, երբ պահանջուածը ամբողջ Արցախն է ու ելք` դէպի Նախիջեւան:

Մի՞թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ու իր խորհրդատուներուն արտաքին գետնի վրայ ազգային հիմունքներէ զուրկ, դրացիներուն նկատմամբ զիջողական ու ամէն կերպով համաձայնութեան եզր գտնելու քաղաքական ուղեգիծը, իսկ ներքաղաքական այլամերժ, ոչ համախմբող ու անձնակեդրոն վարկագիծը սկիզբ, առիթ ու դրդապատճառներ չեն ու պատասխանատուութեան իրենց բաժինը չունին Հայաստանի ներկայ ոչ բարեհաճոյ վիճակի յառաջացման մէջ:

Ինչ կը վերաբերի քաղաքական միւս ուժերուն, ՀՎԿ-ը, ԵՀՔ, ՕՐՕ-Ազատ դեմոկրատականներ կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու ընտրական ծրագիրներու արժեւորման, մէջբերենք «Առաւօտ»-ի թղթակից Էմմա Գաբրիէլեանի 17-2-2017 յօդուածէն բաժիններ, որոնք լաւագոյնս կը ներկայացնէին այդ քաղաքական ուժերուն մակարդակը:

Գաբրիէլեան կը գրէր. «Զաւեշտն աւարտուեց: Դաշինքները ձեւաւորուեցին: Անսկզբունքայնութեան, ապաքաղաքական գործընթացների շքերթն ամփոփուեց: Որեւէ ուժի ինքնանպատակ կցուելու: Առջեւում է ապագաղափարական «թէժ» պայքարը»:

«Արդէն բոլորին համար պարզ է, որ «ռէյթինկային» ընտրապայքարը լինելու է փողի պայքար, բայց ոչ երբեք` քաղաքական-գաղափարական տեսակէտների բախում»:

«Եթէ «քաղաքական ուժերի» ներկայացուցիչները գաղափարական մարդիկ լինէին, պէտք է Հայաստանի ներքին քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, ժողովրդավարութեան վերաբերեալ իրենց տեսակէտները յայտնէին, ցոյց տային իրենց ու իշխանութեան տարբերութիւնը»:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու այս թոհուբոհին մէջ պէտք է հարց տալ, թէ արդեօք ո՞ւր էր «Հիմնադիր խորհրդարան» շարժումը: Նոր սահմանադրութեան հիմունքով խորհրդարանի ընտրութիւնները յարմարագոյն առիթը չէի՞ն իրենց ազգային, քաղաքական ու իշխանավարական սկզբունքներն ու ծրագիրները հայութեան արժեւորումի բովէն անցընել` ունենալու համար ժողովուրդի տպաւորութիւններն ու անդրադարձը:

Վերջապէս, անդրադառնալով ՀՅ Դաշնակցութեան, անվարան պէտք է ըսել, որ միակ կուսակցութիւնն էր, որուն ծրագիրը հիմք ունէր սահմանադրութեան կարգերն ու տրամադրութիւնները: Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէր, որ Հայաստանի զարգացումը պէտք է ընթանայ նոր սահմանադրութեամբ ամրագրուած օրէնքներուն եւ կանոններուն հիմունքներով, որոնց անշեղ կիրարկումը պիտի ապահովուի պետական կառավարման համակարգի հանրային ծառայութեան կողմէ:

Ան կը հաստատէր, որ սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացը պէտք է իւրացնել ու իր աւարտին հասցնել` օգտուելով խորհրդարանական համակարգերու միջազգային նորօրեայ փորձերէն:

Մեկնելով իր գաղափարաբանական ու ծրագրային սկզբունքներէն եւ քաղաքական փորձառութենէն` ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը նպատակադրէր կառուցել ազատ քաղաքացի, հզօր եւ արդար երկիր, ուր կան մրցակցական արդար պայմաններ, եւ կառավարման համակարգը ղեկավարողները կ՛ըլլան բարձր մասնագիտութեան եւ մարդկային արժէքները կարեւորող անձինք:

Իսկ քաղաքական գետնի վրայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը դաւանի կերտել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, ուստի` հզօր ու երկրի անվտանգութիւնը երաշխաւորող պետութիւն, որուն համար պէտք է վարել արտաքին անկախ քաղաքականութիւն` հիմնուած ազգային շահերու եւ պետութեան զարգացման հեռանկարային ռազմավարութիւն, որ պէտք է ըլլայ հայամէտ ու հայաստանակերտ:

Զանց ընելով Դաշնակցութիւնը` կրնանք ըսել, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակից կուսակցութիւններու եւ հաւաքներու ծրագիրներուն այս արժեւորումը ցոյց կու տայ, որ անոնց առաջարկներն ու խոստումները պարզ լոզունգներու սահմանը չէին անցներ եւ չունէին գաղափարական ու քաղաքական խորք ու ոչ մէկ ձեւով զիրենք կը պարտաւորեցնէին յաչս ժողովուրդին:

Այս երեւոյթը կը հաստատէ, որ հայ ժողովուրդը ցարդ չէ քաղաքականացած, որ` երկրի քաղաքական, ընկերատնտեսական ու իշխանութեան համակարգի վերաբերեալ անոր պատկերացումները չունին գաղափարական յստակ կողմնորոշում եւ սահմանադրական արժեչափ, որոնք կը միտին համապարփակ ռազմավարական ծրագրով մը պատկերացնել երկրի ապագան:

Քաղաքական մտածողութեան բացակայութիւնը հետեւանք է անցեալ 25 տարիներու սահմանադրութիւններով որդեգրուած նախագահական համակարգի գործելաոճին, որ երկրին մէջ յառաջացուցած է ընկերային երկու խաւ: Առաջինը` իշխանաւոր, որ գլխաւորաբար կը բաղկանայ սակաւապետներէ, անոնց շրջապատէն եւ վարչամեքենայի պաշտօնեաներէ, իսկ երկրորդը` հասարակութիւնը: Այս երկու դասակարգերը Հայաստանի քաղաքական կեանքի ներգործօն ուժերն են, որոնք տարբեր մակարդակի եւ տարբեր արժեչափերով քաղաքական մտածողութիւն չունին, այլ կը ներկայանան` մէկը իբրեւ շնորհատու, միւսը` իբրեւ խնդրարկու:

Ժողովուրդին մէջ քաղաքական մտքի զարգացման համար անհրաժեշտ են երկու գործօններ: Նախ` տեսլական ունեցող մտաւորականութիւն, որ քաջածանօթ է իր ժողովուրդի քաղաքական, ընկերային եւ իմացական վիճակին ու մակարդակին: Եւ երկրորդ` ստեղծել այն միջավայրն ու միջոցները, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ սերմանել գաղափարական այն մտածողութիւնը, որ յարիր է ժողովուրդի մը ազգային ձգտումներուն` կարենալ գոյատեւելու եւ բարգաւաճելու համար: Այդպէս եղած է ազատագրական պայքար մղած բոլոր ժողովուրդներուն պարագային: Այդպէս է նաեւ մեր պարագային:

Նկատի ունենանք մեր վերջին 400 տարիներու պատմութիւնը միայն, սկսած` Իսրայէլ Օրիէն` իբրեւ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, որ ձեւաւորած է ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարը, անցնելով Ռաֆայէլ Պատկանեանէն ու հասնելով Խաչատուր Աբովեան եւ Րաֆֆի, որոնք իրենց գրական ստեղծագործութիւններու ճամբով ոչ միայն ներկայացուցած են հայ ժողովուրդի պարզած ընկերային վիճակը, այլեւ եղած են ռահվիրաները ժողովուրդի ազատագրման ու հայրենիքի կերտման գաղափարներուն:

Աւելի ետք Մկրտիչ Փորթուգալեանի, Ռուբէն Խանազատի, Քրիստափորի, Զաւարեանի, Գարեգին Խաժակի, Ակնունիի, Վարանդեանի մտքերն ու արեւմտահայ մտաւորականութեան գործերը կարեւոր դեր ունեցած են ժողովուրդի քաղաքական մտածողութեան կերտումին մէջ, որոնց բիւրեղացումը կը բանաձեւուի Հայ ազատագրական պայքարի մղիչ ուժը հանդիսացող համահայկական կուսակցութիւններու գաղափարախօսութեամբ:

Իսկ քաղաքական մտքի զարգացման ու տարածման միջավայրի ու մթնոլորտի ստեղծումին գլխաւոր նպաստողը եղած է այդ օրերու հայ մամուլը`  Խրիմեան Հայրիկի «Արծուի Վասպուրականի»-ն- Մոսկուայի «Հիւսիսափայլ»-ը, Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»-ը ու անոնց շուրջ բոլորուած մտաւորականութիւնը, ի վերջոյ յանգելու գաղափարաբանական յստակ ուղղուածութեամբ կուսակցական պաշտօնաթերթերու հրատարակութեան:

Ժողովուրդի զարգացման, յառաջդիմութեան լուսաւորման, հաւաքական մտքի ստեղծման ու մշակոյթի ճամբով քաղաքակրթականացման մէջ կարեւոր եղած են հայ մտաւորականներուն հաւաքները, որոնք կը միտէին հայրենիքի ազատագրման գաղափարը գրականութեան ճամբով ժողովրդականացնել:

Այս իմաստով ուսանելի են Յովհաննէս Թումանեանի «վերնատան» հաւաքները: Հայ պետականութեան բացակայութեան` հոն հաւաքող լուսաւոր մարդոց նպատակը ոչ միայն հայ լեզուն ու գրականութիւնը փրկելը եղած է, այլեւ` հայոց պետականութեան վերականգնումը:

Զրոյցներու, ընթերցումներու, ասուլիսներու, տպագրուած եւ անտիպ հայ թէ համաշխարհային գրական ու բանահիւսական երկերու քննարկումներով անոնք կը միտէին բիւրեղացնել միտքն ու ճաշակը, ստեղծել ազատ մտածողութիւն ու արտայայտութեան ոգի, որով վերնատան հաւաքներուն կը քննուէին նաեւ հայ հասարակական-քաղաքական կեանքին առնչուող խնդիրներ: Անոնք կը հաւատային, որ պէտք է ժողովուրդին մօտենալ ու հաղորդակից դառնալ անոր հոգերուն, ատոր համար ալ ժողովրդական ստեղծագործութիւնները պիտի հանդիսանային իրենց գրականութեան աղբիւրները:

Այսօր ժողովուրդին մտածողութիւնը քաղաքականացնելու եւ սահմանադրութեան գործընթացը իր վերջնական հանգրուանին հասցնելու համար, գաղափարաբանական համապարփակ ծրագիր ունեցող կուսակցութիւններու բացակայութեան, համահայկական կուսակցութիւններուն եւ առաջին առիթով ՀՅԴ-ին ուսերուն կը ծանրանայ ժողովուրդի քաղաքականացման աշխատանքը, որուն համար ՀՅԴ-ն պարտի որդեգրել հրապարակագրական, հրապարակախօսական ու կազմակերպական շարք մը նախաձեռնութիւններ:

Առաջին առիթով Դաշնակցութեան օրկան «Դրօշակ»-ի եւ Հայաստանի շրջանի օրկան «Երկիր»-ի խմբագրականներով ու ղեկավար ընկերներու եւ համակիր մտաւորականներու առաջնորդող յօդուածներով վերլուծել, բացատրել, պարզաբանել սահմանադրութեան տրամադրութիւնները, ինչպէս նաեւ` խորհրդարանական համակարգի ժողովրդավարական հասկացողութիւնը:

Համախմբել, արժեւորել եւ բեմ տալ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան` համագումարներով, լսարաններով, կլոր սեղաններով ու հանրային դասախօսութիւններու միջոցով քաղաքական մտածողութեան դրսեւորման ու տարածման:

Հայ արդի պետականութեան կերտումն ու ազատ, անկախ, միացեալ, յառաջադէմ ու բարգաւաճ Հայաստանի տեսլականը անցնող 25 տարիներուն հարկ էր, որ Հայ եկեղեցւոյ, յատկապէս Էջմիածնի, ուշադրութեան յատուկ առարկան դառնար:

Մեր պատմութեան ընթացքին, մասնաւորաբար քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք, Էջմիածնի գահակալները, Յակոբ Ջուղայեցի կաթողիկոս` Հայաստանի ազատագրութեան հարցի արծարծումով, Խրիմեան Հայրիկ` բարենորոգումներու եւ եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման հարցով, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նախօրեակին ճակատամարտերու մասնակցող հայ մարտիկներու կողքին կենալով եւ Սեւրի վեհաժողովին մասնակցող «Հայ ազգային պատուիրակութիւն»-ը յառաջացնելով, Խորէն Ա. Մուրատբէկեան կաթողիկոս` ընդդիմանալով խորհրդային կարգերու ճնշումներուն, վերջ տալու Հայ եկեղեցւոյ գոյութեան, արի կեցուածք եւ հիմնական դեր ունեցած են հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ համազգային ճակատագրին առնչուող հարցերուն մէջ:

Էջմիածինը ցարդ, Հայաստանի քաղաքական ապագայի, ժողովուրդի ընկերատնտեսական թէ Արցախի հարցի գծով, ոչ մէկ կշռադատուած ու ազդու յայտարարութեամբ հանդէս եկած է` իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերէն մեկնած, զգաստութեան հրաւիրելու թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ հանրութիւնը: Էջմիածինը կը թուի հետեւիլ իշխանութիւններու քայլերուն` մնալով փրոթոգոլային ու աշխարհիկ սահմաններու մէջ, զիջելով իր ազգային ու հոգեւոր պատմական դերակատարութենէն:

Հայաստանը իր ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու եւ բարգաւաճման ընթացքի մէջ դնելու համար քաղաքական հիմնական ուժերը կը դաւանին որդեգրուած սահմանադրութեան լիիրաւ կիրարկումն ու վերջնական բանաձեւման գործընթացը իր աւարտին հասցնել:

Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, այսօր աշխարհի վրայ կան 197 պետութիւններ, որոնց 193-ը ՄԱԿ-ի անդամ են:

Այս երկիրներէն իւրաքանչիւրը ունի իր պետական համակարգն ու սահմանադրութիւնը, որուն հիմամբ կ՛առաջնորդուի անոնց քաղաքական կեանքը: Անոնցմէ ոմանք կը բոլորեն քաղաքականապէս հանդարտ եւ խաղաղ ժամանակաշրջան, իսկ ուրիշներ կ՛անցնին ըմբոստութիւններով, խռովութիւններով եւ յեղափոխական իրավիճակներով յատկանշուող ժամանակներէ:

Արդեօք ի՞նչ հիմունքներու վրայ մշակուած սահմանադրութիւններ կրնան քաղաքական հոսանքներու` երկիրը յուզող հարցերու գծով ունեցած մօտեցումներուն համադրումը կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ ծայրայեղութիւններու առաջքը առնել եւ ապահովել  երկրի բարգաւաճումը:

Ըստ Անտրէ Հորիուի անկախութիւն ստացած երկիրները ընդհանրապէս սահմանադրութիւններու մշակման երկու մօտեցումները կը կիրարկեն: Մէկը` դաւանաբանական հիմունքներով, իսկ երկրորդը` կիրառական, գործնականութեան մօտեցումով:

Դաւանաբանական խորքով սահմանադրութիւն մը իբրեւ հիմք կ՛ունենայ կրօնական կամ ընկերային գաղափարաբանական վարդապետութիւն մը, որ ընկալուած կ՛ըլլայ իբրեւ սկզբունք եւ ընդհանրապէս վիճարկելի չէ, ինչպէս է պարագան Սէուտական Արաբիոյ, Իրանի, Քուպայի, Հիւսիսային Քորէայի սահմանադրութիւններուն:

Նմանօրինակ սահմանադրութիւններ որդեգրած երկիրներու մէջ պետութեան արտաքին ցուցական երեսը կը սերտաճի եւ աւելի կը կարեւորուի, որ տեսանելի է եւ կը դրսեւորուի արարողակարգերու եւ փրոթոգոլային արտայայտչաձեւերով, յաճախ արգելակելով պետական կառոյցներու աշխատանքը` մղում տալու եւ զարգացնելու երկրի տնտեսական, ընկերային, մշակութային ու արհեստագիտական կեանքի յառաջընթացը:

Կիրառական կամ գործնական հիմունքներու վրայ մշակուած սահմանադրութիւններն ալ ունին իրենց անպատեհութիւնները: Անոնցմէ գլխաւորը գործող քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ ընկերային դասակարգերու միջեւ պետական կառոյցները հակակշռելու համար մղուող մրցակցութիւնն է:

Այս ուժերը յաճախ պետական կառոյցները կ՛օգտագործեն իբրեւ ընկերային եւ քաղաքական պայքարի խաղաքարտ, իսկ այլ պարագաներու` իբրեւ նպատակ` իշխանութեան տիրանալու համար:

Սահմանադրութիւններու մշակման այս երկու պատկերացումներէն տարբեր, արդեօք այլ մօտեցում կարելի՞ է իբրեւ հիմք ընդունիլ, որպէսզի անիկա առաւելագոյնս նպաստէ ժողովուրդի մը ընկերաքաղաքական իտէալներու իրականացման, պատշաճի անոր ազգային դիմագիծին ու յատկանիշներուն:

Կարգ մը սահմանադրագէտներ կը թելադրեն սահմանադրութեան մշակման իբրեւ մեկնակէտ ու հիմք ունենալ ժողովուրդներու պատմական եղելութիւններն ու իրադարձութիւնները, որոնք առարկայական տուեալներ են` աւելի իրապաշտ եւ հարազատ հայեցակարգի մշակման հիմք ընդունելու:

Նման հիմունքով սահմանադրութիւն որդեգրած երկիրներու մէջ, որոնք յաճախ գերազանցապէս քաղաքականացած եւ օրինակելի հաւաքականութիւններ են, սահմանադրակարգային կառոյցներու գործունէութիւնը կը կարողանայ հաւասարակշռել կառավարող իշխանութեան իրաւասութիւնները եւ քաղաքացիներուն կեանքի, մտածելակերպի, արտայայտութեան ազատութիւնը:

Այս փորձառութիւնը ապրած եւ ունեցած են վաղ յունական քաղաքակրթութիւնը յատկանշող «քաղաք» հասկացողութեամբ վարչական կառոյցին մէջ ապրած հաւաքականութիւնները: Միջին դարուն զայն որդեգրած է Մեծն Բրիտանիան, իսկ 18-րդ դարու աւարտին` Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան:

Իր աշխարհագրական դիրքով, հնդեւրոպական ընտանիքին պատկանող լեզուով ու աւելի ետք քրիստոնէութիւնը իբրեւ կրօն որդեգրելով` Հայաստանը վաղ հելլենիզմի օրերէն միշտ ալ Արեւմուտքին մօտ եղած է, հայեացքը ուղղած է Եւրոպային, որ մեր ժողովուրդին համար հանդիսացած է քաղաքակրթական բեւեռ:

Եւրոպան լուսաւորած ազգային ու մարդկային արժէքները մեր կողմէ իւրացուելով` ներշնչած են հայ ընկերաքաղաքական մտածողութիւնը, որ իբրեւ հայու կերպար` կը դրսեւորուի մեր մշակոյթով, կենցաղային յատկանիշներով բարոյական ըմբռնումներով ու ստեղծագործական ոգիով:

Պատմութեան հետագայ իրադարձութիւնները, միջին դարուն Հայաստանի ազատութեան գաղափարը, Պերլինի վեհաժողովն ու բարենորոգումներու ծրագիրը, 1860-ի Ազգային սահմանադրութիւնը, 19-րդ դարու հայ ազատագրական շարժումները եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ծնունդը, 20-րդ դարու անցուդարձերը` Ցեղասպանութիւն, սփիւռք, Հայաստանի առաջին հանրապետութիւն, Սեւրի դաշնագիր, երրորդ հանրապետութիւն, Արցախի ազատագրում` իրադրութիւններ ու եղելութիւններ են, որոնք հայ կեանքը հարստացուցին ու ամբողջացուցին ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականով ու ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազատական ընկերատնտեսական գաղափարաբանութեամբ: Արդ, հայ ժողովուրդը, ժառանգելով մեր պատմութենէն ընկալած արժէքները, զանոնք նուիրականացուց եւ դարձուց մերօրեայ ազգային քաղաքականութեան հիմքը, որ Հայաստանի քաղաքական ուժերը իբրեւ սկզբունք (հիմք) պարտին որդեգրել սահմանադրութեան գործընթացը իր աւարտին հասցնելու համար:

Հայաստանի 3-րդ հանրապետութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը օրէնսգիտական երկու կարեւոր փաստաթուղթեր  են (երկու կարեւոր փաստագրեր են), որոնց վերանայումը, վերախմբագրումը ներառելով եւ ամբողջացնելով նշուած խորքային արժէքներով` Հայաստանի քաղաքական կեանքը դուրս պիտի բերեն անցնող 25 տարիներու իր վարչական, դիւանակալական, տնտեսավարական, ընկերային ու դիւանագիտական խարխափումներէն` անոր տալով ազգային քաղաքական ամուր կռուան եւ ուղի: Իսկ պետական կառավարման համակարգին ամբողջական ու յառաջընթաց ժողովրդականացումը, մանաւանդ` Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան համաձայնագրի նախաստորագրման լոյսին տակ, պիտի երաշխաւորէ Հայաստանի բարգաւաճման գործընթացը` ժողովուրդը դուրս բերելով ներկայի իր անձուկ դրութենէն ու խնդրարկուի հոգեվիճակէն, անոր տալով ազատ մտածողութեան կարելիութիւն, քաջութիւն, կորով` իր ծաղկումն ու յառաջդիմութիւնը երաշխաւորող ղեկավարութեան անկաշկանդ ընտրութիւնը կատարելու:

Հայաստանի զարգացումն ու բարգաւաճումը ապահովող, քաղաքականացած հասարակութիւն կերտող եւ գերազանցապէս ժողովրդավար համակարգ առաջադրող սահմանադրութեան մը մշակման ու որդեգրման համար հարկ է, որ գաղափարական մտածողութեան տէր մեր մտաւորականութիւնը, արուեստագէտները, ակադեմականները, լրագրողները, ազատ ասպարէզի մարդիկ, երիտասարդութիւնն ու քաղաքական ողջմիտ գործիչներ իրենց հաւաքական ներուժը ի գործ դնեն Հայաստանը արդի սահմանադրութեամբ մը օժտելու: Այլապէս` «Որքան դաժան պիտի ըլլայ պատմութեան դատաստանը Հայաստանի ղեկավար դասին համար, եթէ շարունակուի ներկայ անհեռատես, քմահաճ վերաբերումը ազգային գերագոյն շահերուն հանդէպ, եւ եթէ քայլեր չառնեն բարոյական ախտերը մաքրելու ընկերային կեանքէն: Եւ` եթէ արժանի չըլլան, բանիւ եւ գործով, իրենց վստահուած գանձին խնամակալութեան, որ հայութեան հայրենիքն է», ինչպէս կ՛եզրակացնէ Վահէ Օշական:

Մայիս 2017

———————————————–

1.- Droit Constitutionnel et Institutions Politiques.
Éditions Montchrestien-1968. Conforme Au programme Des Facultés de Droit Et Écoles D’Enseignement supérieur.
Ouvrage couronné par l’Institut (prix Demolombe, 1966).
2.- Գործունէութեան ծրագիրը (Փլաթֆորմ) Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Դեկտեմբեր 1990, քաղաք` Երեւան:
3.- Գ. Նժդեհ «Լեռնահայաստանի գոյամարտը»:
4.- Հաստատումները առնուած են ՀԱՔ ծրագրէն:
5.- Վահէ Օշական, «Վտանգը», 11 փետրուար 2000, Ռետնըր, Փենսիլվանիա, Միացեալ Նահանգներ:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Ես Հաւատացի Թէ՛ Հայաստանի Ապագային, Թէ՛ Իմ Ձեռնարկի Յաջողութեանը»

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?