Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 30-ամեակի Հունձքը
Շաբաթ, 6 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը` հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, նախագահութեամբ` «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի նախագահ հայր Ուալիտ Մուսայի, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, պաշտօնական հիւրերու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու: 34 շրջանաւարտներու մուտքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի...




















