Ակնարկ. Իսլամական-Ամերիկեան Վեհաժողովը` Հայկական Ոսպնեակով
Ռիատի մէջ կայացած իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովէն բխած յայտարարութիւններն ու ձեռք ձգուած համաձայնութիւնները քանի մը կարեւոր հանգամանքներով հետագայ իրադարձութիւններու հաւանական հունաւորման մասին որոշ նախադրեալներ կը փոխանցեն: Ուաշինկթըն Ռիատի դերակատարութեան վերասահմանման փորձ կը կատարէ. փաստօրէն Սէուտական Արաբիան տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր խաղցողի իր կարգավիճակը սկսած էր զիջիլ այլ տէրութիւններու: Հիմա, հսկայածաւալ պիւտճէ ենթադրող նոր համաձայնութիւններով, բանակը վերազինելու ամերիկեան որոշումը եւ անկէ բխած Ռիատը հակաահաբեկչական...


















