Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոչ` Հայ Երիտասարդին

May 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Ո՞ւր ես, ո՛վ երիտասարդ: Տանդ մէջ հանգիստ նստած, բջիջայինիդ վրայ կեդրոնացած` կը ստուգես ընկերային ցանցերը ու կը հանդիպիս լուրի մը` հայրենիքէն. Ազրպէյճան խախտած է զինադադարը ու հայկական կողմը զոհ տուած է: Կը կարդաս ու կը շարունակես նկարներ դիտելու ժամանցդ:

Ո՞ւր ես, ո՛վ հայ երիտասարդ. մէկ մասդ Արցախի սահմանը կը պաշտպանէ, միւս մասդ Թուրքիոյ ծովափերուն արեւը կը վայելէ:

Ո՞ւր էիր, հուժկո՛ւ երիտասարդ, երբ թուրքը յարձակեցաւ խաղաղ ժողովուրդիդ վրայ: Թուրքը յարձակեցաւ ժողովուրդիդ վրայ` ո՛չ թէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, հարիւր տարի առաջ, ո՛չ թէ Արցախի սահմանին վրայ եւ ոչ ալ Քեսապի մէջ: Թուրքը յարձակեցաւ ժողովուրդիդ վրայ` ազատ խօսքի մայրաքաղաքի՛ն մէջ, օտար երկրի հողին վրայ:

Ո՞ւր էիք, սիրելի՛ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, երբ Թուրքիոյ նախագահին հրահանգով անմեղ ժողովուրդդ ծեծի ենթարկուեցաւ ու արիւնլուայ եղաւ: Ո՞ւր էիր, երբ թուրքը աւանակի նման կից զարնելով` գետին փռեց երէց հայորդիդ: Ո՞ւր էիր, երբ թուրքը Ամերիկայի մէջ նոյնիսկ քու ազատ խօսելու իրաւունքդ անգամ մը եւս բռնաբարեց իր բազուկներով:

Ո՞ւր ենք: Նստած մեր ընկերներուն հետ` կը քննարկենք Թրամփի մէկ ապուշաբանութիւնը եւ «ծակ փիլիսոփայական» վերլուծումներով կը մշակենք հայ ժողովուրդի քաղաքական ուղեգիծը:

Զա՛րկ, զա՛րկ թշնամիիդ: Այդ թշնամիդ, որ հարիւր տարի անց տակաւի՛ն կը յանդգնի ձեռք բարձրացնել մեր վրայ… բայց ինչո՞ւ չընէ: Ինչո՞ւ չընէ, երբ իր ցեղասպան նախահայրերը պատժողները յանիրաւի կը պիտակաւորուին իբրեւ «տեռորիստ», եւ երբ մենք ի՛ր պատճառով ստեղծուած սփիւռքին մէջ կ՛ընտրենք անոր շահերու պաշտպաններն ու դաշնակիցները` անձնական շահ ապահովելու նպատակով, եւ երբ մենք, մե՛ր իսկ ձեռքերով, մեր ժողովուրդի, ազգի եւ հայրենիքի ճակատագիրը յանձնած ենք ի՛ր իսկ բարեկամներուն, ապա ինչո՞ւ չհարուածէ մեզ:

Ինչո՞ւ պիտի չհարուածէ մեզ թուրքը, երբ մեր բեմերէն, ժողովներէն ու դասարաններէն կը լսենք յուսահատ ու պարտուողական խօսքեր` մեր Դատին վերաբերեալ:

«Ամօ՛թ է, սխա՛լ է, մենք թուրքին նման վայրագ չենք» կ՛ըսեն, բայց անգամ մը եւս մեր հայ երիտասարդը փաստեց, որ ինք թուրքին ճանչցած վախկո՛տ հայն է, որ քաղաքակրթութեան ետեւ պահուըտելով, մէկ-երկու յօդուած գրելով եւ օտարին կոչ ընելով` կը փորձէ լուծել իր Դատը:

Ո՞ւր էք, երիտասարդնե՛ր, ռազմակոչը լսեցէ՛ք… Թուրքը նո՛յն թուրքն է, իսկ հայն ալ` նո՛յն հայը:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Բ. – Ազատագրուած Բերդաքաղաքը Եւ Մեր Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հարսանիքներուն Հարսանիքը «Լեռներում Հարսանիք»-ը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.