Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մալթայի Դրամատան Պաշտօնեան Կը Բացայայտէ Ալիեւներու Դրամատնային Հաշիւներուն Փաստաթուղթերը

Մայիս 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Շարունակելով Ազրպէյճանի մէջ տիրող կաշառակերութեան մասին վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին մեր հրապարակած յօդուածներու շարքը, այժմ կը փափաքինք բացայայտել գայթակղեցուցիչ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ` Մալթայի դրամատան մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներու գումարներուն մասին:

Հետաքրքրական է, որ Մալթայի վարչապետ Ժոզեֆ Մուսքաթ գտնուած է Ազրպէյճանի ֆինանսական գայթակղութիւններուն կեդրոնը: Լոնտոնի «Կարտիըն» թերթը անցեալ շաբաթ տեղեկացուցած է, որ Մուսքաթի կինը` Միշել, մեծ գումարներ ստացած է նախագահ Ալիեւի դստեր` Լէյլա Ալիեւայի կողմէ:

Մալթայի հետաքննող լրագրող Տաֆնէ Քարուանա Կալիցիա բացայայտած է «վարկերու ձեւով շարք մը վճարումներ, որոնք ուղարկուած են «Էկրանթ» (Փանամայի մէջ արձանագրուած գաղտնի ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Մալթայի վարչապետին կնոջ): Ամէնէն մեծ գումարը` 1,07 միլիոն տոլար, կ՛ենթադրուի, որ փոխանցուած է անցեալ տարուան մարտին: Ըստ պնդումներու` գումարները փոխանցուած են Pilatus-ի դրամատնային հաշիւէն, որ կը պատկանի Al Sahra FZCO-ի: Կ՛ենթադրուի, որ Al Sahra-ի սեփականատէրը Ազրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի դուստրն է», կը գրէ «Կարտիըն»: Մուսքաթ եւ իր կինը կը հերքեն, որ «Էկրանթ»-ի հետ կապուած վճարումներ ստացած են:

Յատկանշական է, որ Մալթայի նոր ելեկտրակայանի բաժնետէրերէն մէկը Ազրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութիւնն է: Pilatus դրամատնային հաշիւներէն մէկը Մալթայի ուժանիւթի նախարար Քոնրատ Միցիի անունով է, իսկ միւսը նախագահ Ալիեւի դստեր` Լէյլա Ալիեւայի: Միցի եւ Մալթայի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Քիթ Շեմպրի «Փանամայի մէջ արձանագրուած երկու ընկերութիւններ հիմնած են  2013-ին, պաշտօն ստանձնելէ չորս ամիս անց: Երրորդ գաղտնի ընկերութիւնը` «Էկրանթ», ստեղծուած է նոյն ժամանակ, մալթացի միեւնոյն հաշուապահին կողմէ»: Վարչապետ Մուսքաթ եւ իր կինը 2014-ին հիւրընկալած են Ալիեւները, Մալթա կատարած անոնց այցելութեան ընթացքին:

2005-ին նախագահ Ալիեւի կինը` Մեհրիպան Ալիեւա, որ վերջերս իր ամուսնոյն կողմէ նշանակուեցաւ Ազրպէյճանի փոխնախագահ` որպէս անոր հնարաւոր իրաւայաջորդը, ծանօթ է իբրեւ Փանամայի UF Universe հիմնադրամի երկու ղեկավարներէն մէկը, ըստ «Փանամայի փաստաթուղթերու», որոնք հրապարակուած էին Հետաքննող լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան կողմէ (ICIJ): «UF Universe հիմնադրամը ամբողջական վերահսկողութիւն ունէր ազրպէյճանական AtaHolding դրամական մեծ կուտակման վրայ: 2005-ին նախագահ Ալիեւի երեք զաւակները, ի լրումն Ազրպէյճանի հարկային ծառայութեան բարձրաստիճան անդամներու, հռչակուեցան որպէս շահառուներ…Բացի այդ, Ալիեւի դուստրերը կը վերահսկեն Փանամայի մէջ արձանագրուած ընկերութիւն մը եւ երկու այլ ընկերութիւններ` բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներու մէջ: Փանամական ընկերութիւնը զգալի բաժնետոմս ունի Ընկերութիւններու համախմբման մէջ, որ Ազրպէյճանի մէջ կը զբաղի ոսկիի հանքերու շահագործմամբ: Ալիեւի քոյրը միակ բաժնետէրն ու սեփականատէրն է բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներուն մէջ 2005 դեկտեմբերին արձանագրուած ընկերութեան մը: Գրանցման փաստաթուղթերուն մէջ անոր հասցէն  նշուած է Լոնտոնի արեւմտեան շրջանը, ուր տուներու միջին գինը կը հասնի 9 միլիոն տոլարի»:

2017 մայիս 9-ին հրապարակուած յօդուածի մը մէջ «Կարտիըն» նաեւ տեղեկացուցած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները «բացայայտօրէն պահանջած են [վարչապետ Մուսքաթի] հեռացումը` կաշառակերութեան աճող գայթակղութեան, անոր կնոջ ներգրաւուածութեան, փանամական գաղտնի ընկերութեան եւ Ազրպէյճանի նախագահի դստեր կողմէ ենթադրեալ վճարումներու պատճառով: Եւրոպական խորհրդարանի Հետաքննութեան յանձնաժողովը Մուսքաթը հրաւիրած է Սթրազպուրկի նստավայրը` իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն վերաբերեալ ցուցմունք տալու համար, սակայն Մուսքաթ մերժած է հրաւէրը»:

Հետաքննող լրագրող Կալիցիա տեղեկացուցած է, թէ կին մը, որ աշխատած է որպէս Pilatus դրամատան սեփականատէր Սէյիտ Ալի Սատր Հաշեմինեժատի օգնական, չհրկիզուող պահարանի մէջ յայտնաբերած եւ պատճէնահանած է Միշել Մուսքաթի անունով արձանագրուած դրամատնային հաշիւի ձեւակերպման փաստաթուղթերը: Օգնականը յայտնած է լրագրողին, որ` «իրեն տուած են ընկերութիւններու ցանկ մը, թերեւս ութ կամ տասը անուն, եւ ըսած, որ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ ատոնց վճարման գործարքներուն: Անոնց շարքին էին` Willerby Inc.-ը, Tillgate Inc.-ը, Hearnville Inc.-ը, Egrant Inc.-ը եւ Al Sahra FZCO-ը», ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Լէյլա Ալիեւային` նախագահ Ալիեւի դստեր` ըստ Times of Malta-ի: Օգնականը ըսած է, որ ինք տեսած է դրամատնային հաշիւներ բանալու պաշտօնաթուղթերը: «Al Sahra FZCO-ի հարիւր հազարաւոր տոլարներու վճարումները մշտապէս նշուած են որպէս վարկային վճարումներ եւ չեն փոխանցուած Pilatus դրամատան մէջ պահ դրուած անոնց հաշիւներուն, այլ փոխանցուած են Տուպայի մէջ ունեցած հաշիւներուն… Անգամ մը, ըսած է ան, դրամատան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ղանպարի հրահանգներ ստացած է Հաշեմինեժատէն` մօտ 400 հազար տոլարի գումար փոխանցելու մալթացի կնոջ մը, որ կ՛ապրի Նիւ Եորքի մէջ եւ ունի ոսկերչական գործարք: Այդ փոխանցումը պէտք է նշուէր որպէս վարկային վճարում»:

Օգնականը խոստովանած է, որ ինք դրամատան իր պատճէնահանած փաստաթուղթերը յանձնած է Մալթայի իշխանութիւններուն, քանի որ` «Ես այլեւս չէի կրնար հանդուրժողութեամբ կարդալ այդ կեղծիքները, ժխտումները եւ կիսաճշմարտութիւնները: Այդ բոլորը չափազանց շատ էին®»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Սոսկ Կաշառակերութի՞ւն

Յաջորդը

Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960). Հայկական Իրաւունքի եւ Արդարութեան անմահ մարմնաւորումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ցնծացողներ Եւ Վճարողներ
Անդրադարձ

Ակնարկ. Ցնծացողներ Եւ Վճարողներ

Յունուար 31, 2023
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Ի.

Յունուար 31, 2023
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Լիբանանի Մը Սպասումով

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In