Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Վասպուրականի մէջ Խրիմեան կը ստանձնէ Վարագայ վանքին վանահայրութիւնը: Անմիջապէս ան կը ձեռնարկէ բարեկարգութիւններու, կը հիմնէ տպարան, կը ստեղծէ գաւառի առաջին ժառանգաւորաց վարժարանը` դպրոցական դասարաններով, գրասեղաններով, գրատախտակներով, աշխարհագրութեան քարտէսներով եւ բնագիտական դասանիւթերով, ինչ որ նորութիւն էր Հայաստան աշխարհի մէջ: Խրիմեանի նպատակն էր մէկ կողմէ կրթուած, գիտակից եւ նուիրեալ հոգեւորականներ պատրաստել, իսկ միւս կողմէ` հանրային գործիչներու պատրաստուած սերունդ մը հասցնել: Որքա՜ն այժմէական առաջադրանք: Նշանաւոր վիպասան Րաֆֆին այդ օրերուն Վարագ այցելած ըլլալով` կը վկայէ. «Ոչ մի անձում չէի տեսած ազգասիրական հոգին այդպէս կենդանի, որպէս այդ արժանապատիւ կրօնաւորի մէջ»(13):
Խրիմեան Վասպուրականի մէջ կ’ունենայ մեծաթիւ կողմնակիցներ, կ’ունենայ նաեւ նախանձողներ եւ հակառակորդներ: Բայց, ամէն պարագայի, ան կը շարունակէ նոր հայութեան կերտման իր աշխատանքը: Կը գործէ անդուլ: «Վանքի ամէն տեսակ գործերու ղեկավարը ինքն էր: Վարժարանի մէջ մէկ երկու ժամ դաս տալէ յետոյ կը հեծնէր ձին, կ’երթար հողագործներու մօտ, հողամշակութեան ցուցմունքներ կու տար, կ’անցնէր այգիները, կը դիտէր ծառամշակութեան եւ բանջարաբուծութեան աշխատանքները, մինչեւ անգամ հովիւներուն եւ նախրորդներուն ցուցմունքներ կու տար, ախոռներն ու գոմերը կը շրջէր` ջրաղացներն ու տնտեսատունը կը մտնէր եւ, վերջապէս, ամբողջ օրը ոտքով կամ ձիով կը շրջէր, հսկելով վանքի արտաքին ու ներքին ամէն տեսակ աշխատանքներու վերայ. Խրիմեանի հոգին կ’ապրէր վարագայիններուս մէջ, իսկ ինքը կ’ոգեւորուէր մեզմով եւ մեր աշխատանքներով», կը հաստատէ անոր երիտասարդ աշխատակիցներէն մէկը(14):
Վարագի մէջ Խրիմեան կ’անդրադառնայ, որ հայրենիքի վերածնունդը միայն մշակութային եւ տնտեսական միջոցներով չ՛ըլլար: Վերածնունդը կը պահանջէ նաեւ զէնք, ապստամբութիւն եւ ազատագրական շարժում: Ահա թէ ինչու, Զէյթունի 1862-ի ապստամբութեան առիթով, «Արծուի Վասպուրական»-ի էջերէն ան կը գրէ. «Էնդեհ մի կռիւ կայ. կը լսէք ահաւոր ձայներ, ձայն արեւմուտքից, ձայն հիւսիսից, մի՛, մի՛ սարսափիք, նոքա մեզ քաջութիւն թող տան, մենք հաւ չենք, մենք էլ մարդ ու մարդու զաւակ ենք… Ազգի համար պիտի աշխատիս, էլ ուրեմն, դու քեզ համար չես, քո ծնողաց համար չես… Ազգինն ես»(15):
Խրիմեան բառերը չի ծամծմեր իր համոզումները արտայայտելու համար: Օրմանեան պատրիարքի վկայութեամբ, ան ունի «Անկեղծ բնաւորութիւն, անշահասէր գործունէութիւն, ուղիղ միտք, բաց սիրտ, համարձակ խօսք, ժողովրդասէր գործ, անխոտոր, անարուեստ ատենաբանութիւն»16:
Նոյն համարձակ խօսքին կը հանդիպինք քանի մը տարի ետք, 1860-ին, երբ Խրիմեան Թիֆլիս կ’այցելէ իր թերթին եւ ժառանգաւորացին համար դրամահաւաք կատարելու նպատակով:
Թիֆլիսի մէջ Խրիմեան կը խօսի բաւական երկար քարոզ մը: Սեղանին վրայ, իր կողքին դրուած կ’ըլլայ բազկաթոռ մը: Բաւական երկար խօսելէ ետք, տեղ մը խօսքը կտրելով, «իշտէ՛ այսպէս» կ’ըսէ ան ու կը նստի բազկաթոռին: Դպրաց դասը, օրուան քահանային ղեկավարութեամբ, կարծելով, որ Խրիմեան աւարտած է քարոզը, կը սկսի «Հայր Մեր»-ը երգել: Խրիմեան տեղէն ցատկելով կ’ըսէ.
– Համբերէ՜, տէ՛ր պապա, ես խօսքս տակաւին չեմ աւարտած, անօթի՞ ես, մի շտապեր, կրնաս քիչ մը ուշ ճաշել…
Կը ստեղծուի ահագին շփոթ եւ իրարանցում, մանաւանդ որ այդ օր տաճար ներկայ կը գտնուէին մեծ թիւով օտար հիւրեր:
Այլ առիթով մը` այս անգամ Թիֆլիսի առաջնորդարանին մէջ, Խրիմեան կ’ընդունի երիտասարդ ուսուցիչներու պատուիրակութիւն մը, որուն դիմելով` կ’ըսէ. «Մանուկը, երեխան մսի գունդ մըն է, քանի որ նա կը գտնուի մօր ձեռին, անոր աչոց ներքոյ, սակայն երբ երեխան կը յանձնուի ուսուցիչին, ան ինչ կ’ուզէ, կ’ընէ անոր, կ’ուզէ` անորմէ քուֆթա կ’ընէ, կ’ուզէ` տոլմա: Եւրոպա ադ մսի գնդերէն մարդիկ ալ կը շինեն: Կ’ուզիմ յուսալ, թէ դուք նոյնպէս մսի գունդէն մարդիկ կը պատրաստէք, քուֆթա ու տոլմա չէք ըներ ձեր խնամոց յանձնուած տղոցը»(17):
Խրիմեանի ոճն էր այս: Պէտք չէ զարմանալ:
Թիֆլիսէն Վարագ վերադարձին Խրիմեանի կը սպասէին նորութիւններ: Պոլսոյ պատրիարքութենէն հասած պաշտօնական գրութիւն մը կը տեղեկացնէր, թէ ան նշանակուած է Տարօնի Առաջնորդ եւ Ս. Կարապետ վանքի վանահայր:
19-րդ դարու երկրորդ կիսուն պետական պաշտօնեաներու եւ քիւրտ աշիրաթապետներու հարստահարութիւններով ու հարկերով բզքտուած նահանգ մըն էր Տարօնը: Իշխանութիւնները Տարօնի հայաթափման յստակ քաղաքականութիւն կը վարէին: Խրիմեանի պիտի վիճակուէր կացութեան յաւելեալ վատթարացման առաջքը առնել. հայութեան գաղթը կասեցնել, թալանի, աւարի եւ սպանութիւններու երեւոյթներուն դէմ բողոքել, հայութենէն բռնագրաւուած հողերուն մէկ մասը ետ առնել եւ քանի մը տասնեակ քիւրտ բէկեր աքսորել տալ:
«Դանակը հասած էր ոսկորին»: Խրիմեան չի համբերեր ու կը պոռթկայ. «Աշխարհ մը կ’անցնի, կը պոռանք, կը պոռանք, բայց մեր ազգասէրները, որ ամարանոցներ կ’երթան, որ պաշտօնէն հրաժարական կու տան, Եւրոպա օդափոխութեան կը մեկնին, կերպ-կերպ վայելչասիրութեամբ կը զուարճանան: Սրբազաննե՜ր, գաւառներ չմնացին, գնացին ձեռած: Վարչութի՜ւն, Հայաստանի մէջ մէկ հայուն կեանք չմնաց, չմնաց, չմնաց…»(18):
Խրիմեան կը պոռթկայ, սակայն ձեռնածալ չի մնար: Կը լարէ բոլոր ուժերը: Ինչպէս Վասպուրականի, նաեւ Տարօնի մէջ ան կը հանդիսանայ լուսաւորութեան` դպրութեան եւ մամուլի առաքեալ: Ս. Կարապետի մէջ կը հիմնէ ժառանգաւորաց վարժարան: Կը սկսի հրատարակել «Արծուիկ Տարօնոյ» երկշաբաթաթերթը: Թեմի բոլոր գաւառներուն մէջ զարկ կու տայ դպրոցաշինութեան: Խրիմեան «… Ս. Կարապետէն ժողովուրդին կը ներշնչէր հաւատք ու վստահութիւն դէպի իր ապագան, անոր հոգիին մէջ կ’արթնցնէր Մուշեղներու եւ Վահաններու, Դաւիթներու եւ Մսրայ Մելիքներու յիշատակները, կը ներշնչէր այն միտքը, թէ այդ երկիրը իրն է ու իրը պիտի մնայ: Կարճ խօսելով` Խրիմեանը բոլոր միջոցներով ժողովուրդը կը մղէր դէպի ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ ինքնօգութիւն», կը վկայէ յուշագրութեան փաշան` Ռուբէն Տէր Մինասեան(19):
(Շար. 3)
——————————–
- Րաֆֆի, «Ամբողջական երկեր», ութերորդ հատոր, Երեւան, 1957, էջ 290:
- Գ. Գիւզալեան, «Խրիմեան Հայրիկ գաղափարների աշխարհը», Պէյրութ, 1954, էջ 33-34:
- Նոյնը, էջ 39:
- Մաղաքիա արք. Օրմանեան, «Ազգապատում», Գ. հատոր, 2001, 5004:
- https://www.hayagitaran.am/2013/12/id-3141.html
- «Արծուիկ Տարօնոյ», 1864, թիւ 31:
- Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Գ. հատոր, Պէյրութ, 1974, էջ 39: