Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքզինք Գերազանցող Նկարչուհին. Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանի Գեղանկարչական Ցուցահանդէսին Առիթով

Մայիս 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Իւրաքանչիւր այցելութեան այս նկարչուհին կը հիացնէ, կը զարմացնէ, եւ կ՛ունենաս այն տպաւորութիւնը, որ նկարչուհին դարձեալ ինքզինք գերազանցած է:

Թերեւս այս բնորոշումը ամէնէն հարազատն է այս խիստ աշխատասէր, օժտուած,այցելուն միշտ զարմացնող նկարչուհի Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանին մասին: Ե՞րբ ժամանակ կը գտնէ, ինչպէ՞ս կրնայ այսքան խոր  եւ տարածուն ընդգրկում ունենալ կեանքի մասին հիմնուած ամուր հաւատքի վրայ եւ զանոնք տպաւորիչ գեղանկարներով ներկայացնել պարզապէս հրաշալի է:

Նախ ըսենք, որ Նանորը բազմանդամ ընտանիքի մայր է, բծախնդիր` իր տնային աշխատանքներուն մէջ, եւ մեծ հոգատարութեամբ կը խնամէ իր զաւակները: Իր բնակարանը աւելի ցուցասրահ-թանգարանի կը նմանի.  ամէն անկիւն տպաւորիչ ձեւով զարդարուած է: Նկարչական աշխատանքներու կողքին, կան բազմաթիւ ազգագրական իրեր որ իր ամուսնոյն` Պօղոս Հաճեանի հաւաքածոներն են:

Տան պատերը կը ներկայացնեն Նանորի աւելի քան 30 տարիներու աշխատանքներէն օրինակներ, որոնց մէջ տիրապետող են բնանկարներն ու սրբանկարները:

Բնականաբար բնանկարներուն մեծ մասը այնճարեան տեսարաններ են, որոնք ջրաներկ եւ իւղաներկ գեղանկարներ են` բծախնդրօրէն իրականացուած եւ հարազատ: Ջրաներկ աշխատանքները թափանցիկ են, լուսաւոր եւ բնութեան գեղեցկութիւնն ու թարմութիւնը փոխանցող: Հոս նկարուած են այնճարեան աւանդութիւնները, բնութեան գեղեցիկ տեսարանները եւ ազգագրական  իրերու նաթիւրմորթեր: Նանոր տիրապետած ըլլալով ջրաներկի գաղտնիքներուն, վարպետօրէն կրնայ ներկայացնել բնութեան շունչն ու լոյսի խաղերը, որոնք իր նկարները կը դարձնեն շատ հարազատ եւ տպաւորիչ:

Բաւական մեծ  թիւ մը կայ նաեւ իւղանկարներու, որոնք նուիրուած են այլազան նիւթերու: Բնութեան տեսարաններու կողքին, կան նաեւ հայոց մշակոյթին եւ լեզուին նուիրուած գեղանկարներ: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած աշխատանքներէն որոշ թիւ մը հոս են. անոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները եւ մանաւանդ` վերապրումը:

Բոլորովին տարբեր են Նանորին սրբանկարները: Ան սկսած է սրբանկարներ նկարել երկար տարիներ առաջ, եւ անոնք  կը ներկայացնեն  այլազան պատկերներ` Յիսուսի կեանքէն առնուած: Մանաւանդ Աստուածածնին նուիրուած իր նկարները ի յայտ կը բերեն իր հաւատքն ու նուիրումը քրիստոնէական սրբալոյս կրօնին հանդէպ: Հայկական երկու եկեղեցիներու խորանները (Ռաուտայի սրբուհի Ռիթայի եւ Յորդանանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ) իր սրբանկարներով զարդարուած են:

Նանոր ամուր հաւատքի տէր է. իր աշխատանքներուն մէջ զգալի է նկարչուհիին բացառիկ հաւատքը: Երբ կ՛ըսեմ իրեն, թէ «խոստովանանք»-ի մէջ յիշուած մեղքերը այնքան շատ են եւ մանաւանդ մեղք կը նկատուին յանդգնութիւնն ու բարձր ձայնով խօսիլը, հետեւաբար անկարելի է անմեղ ըլլալ, ինք կու տայ այնքան մանրամասն եւ սպառիչ բացատրութիւններ,  որ ես ապշած` կը խորհիմ, որ պատրաստուած հոգեւորականի մը դիմաց կը գտնուիմ: Հիմա կը յստականայ ինծի համար այս սրբանկարներուն ետեւ թաքնուած ամուր հաւատքի տէր նկարչուհին:

Կեանքի այլազան խնդիրներու մասին ան ունի, պարզ բայց հաւատքի վրայ հիմնուած պատասխաններ, որոնք հոգեկան խաղաղութեան ցուցանիշ են: Հոգեկան այդ խաղաղութիւնը զգալի է նաեւ  իր աշխատանքներուն մէջ:

Սպասուող ցուցահանդէսը այս անգամ բոլորովին իւրայատուկ է:

«Վերանորոգումի յոյսով» գեղանկարչական այս ցուցահանդէսը ձօնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեակին: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ   եւ բացումը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 25 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի, 8 յունիս 2017, առաւօտեան ժամը 10:30-էն երեկոյեան ժամը 8:00:

Այս ցուցահանդէսին Նանոր պիտի ներկայանայ 62 նկարչական աշխատանքներով, որոնց մեծամասնութիւնը վերջին շրջանի գործեր են: Կան անշուշտ նաեւ սրբանկարներ` իր անցեալի գործերէն: Այս գործերուն մէջ պիտի ներկայացուի Նանորի «Հաւատով խոստովանիմ»-ի  շարքը, զոր պատրաստած է այս առիթով` շնորհաւորելով վեհափառ հայրապետի ծննդեան 70-ամեակը եւ վեհին մաղթելով արեւշատութիւն: Նանոր հիմք ունենալով հայկական մանրանկարչութեան աւանդութիւնները, արդիական ոճով ներկայացուցած է «Հաւատով Խոստովանիմ»-ի շարքը, որ բոլորովին նոր ուղի է իր 30-ամեայ նկարչական կեանքի ընթացքին:

Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեան, անհատական իր այս 7-րդ ցուցահանդէսով պիտի հաստատէ ինքզինք գերազանցելու կարողութիւնը եւ հաճելի առիթ պիտի ստեղծէ գաղութի արուեստասէր հասարակութեան` ծանօթանալու լուսարձակներէ հեռու աշխուժօրէն արտադրող այս օժտուած նկարչուհիին:

Պէտք է շնորհաւորել նկարչուհին այս առիթով:

Մուսա Լեռ-Այնճար                                                                      
մայիս 2017

Նախորդը

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Քուէյթի Մէջ Լիբանանի Եւ Հայաստանի Դեսպանատուներ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի
Անդրադարձ

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի

Փետրուար 4, 2023
Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

Փետրուար 4, 2023
Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը
Անդրադարձ

Փոթորիկը Եւ Խաւարը` Ներսը Եւ Դուրսը

Փետրուար 4, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In