Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօտի Նամակ Շողիկ Բարիքեանին

June 17, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Շողն ես արեւի
Ու ծաղիկը գարնան,
Ղամբարը ձեր տան,
Իսկ սիրող սրտի,
Կեանքն ես դու նրան»:
ԱՏՐՈՒՇԱՆ 1980

Աննմա՛ն եւ կարօտալի Շողիկ,

Մահուանդ քառասունքի օրերուն հաւաքուեցանք, որպէսզի մեզմէ մէկը յետմահու երախտագիր մը գրէ քու մասիդ: Չկրցա՛նք: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ չհամարձակեցանք, որովհետեւ տակաւին չէինք համոզուած… չէինք կրցած կլլել… Նոյնը պատահեցաւ առաջին տարելիցիդ. տարօրինակ կերպով չկրցանք, որովհետեւ կարելի չէր մտածել, որ մեզի հետ չես… Այսօր ալ, երկրորդ տարելիցիդ առիթով, երբ հաւաքուած ենք եւ երէկուան պէս քեզ կը յիշենք տակաւին, կին թէ այր մարդ, արցունքով կը նայինք ժպիտիդ, մի՛շտ յոյսով լեցուն, բայց` քեզ կորսնցուցած ըլլալու հոգեբանութեամբ եւ զիրար կը սպասենք, երկա՜ր երկա՜ր… Բայց ի վերջոյ բոլորս ալ միայն կ՛ուզենք չորս բառերով արտայայտել մեր զգացումները` ըսելով.

ԿԱՐՕՏՑԱՆՔ քեզ, աննմա՛ն Շողիկ:

Կարօտի զգացումը այժմ աւելի կը ցաւցնէ մեզ, որովհետեւ կամաց-կամաց կը համոզուինք, որ այլեւս պիտի չդառնաս:

Համազգայինի թատերական ձեռնարկներու ընթացքին թագուհիի պէս ազնուական կեցուածքդ կենդանի յայտնութեան պէս մեր դիմաց է:

ՀՄԸՄ-ի վերջին տողանցքին, խմբապետներու մասնակցութիւնն անգամ, մեր աչքերը միայն դէպի հոն ուղղուած պահեց, տարօրինակ խաբկանքով, քեզ անոնց մէջ տեսնելու համար:

Աշակերտներդ, որոնք դաստիարակեցի՛ր, ցարդ հպարտութեամբ կը յիշեն քեզ, որովհետեւ կ՛ըսեն, որ «ուրի՜շ» էիր:

Անոնք, որոնք իրենց գրասենեակները, զարդարած են բարձրագոյն վկայականներով, երախտագիտութեամբ կը յիշեն, որ այդ վկայականներուն տէրը դո՛ւն ես, որովհետեւ առանց քու նիւթաբարոյական զոհողութիւններուդ` պիտի չարժանանային այդ վկայականներուն:

Անհամար ծնողներ երէկուան պէս քեզ կը յիշեն, որովհետեւ «տարբեր էին քու օրերդ»: Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան երաժշտախառն ներկայացումներդ, ամավերջի հանդէսները, առաջին հաղորդութեան զարդարանքը, ամէն… ամէն ինչ տարբեր էր…

Աւելի՛ն. երկու տարի անցած է, անմոռանալի՛ Շողիկ, այն օրէն, որ քեզ հողին յանձնեցինք: Քու եղբայրդ, այդ օր բոլորիս սրտերը խաղաղութեամբ լեցուց, մխիթարեց… եւ յաջողեցա՛ւ: Բայց քեզ չմոռցանք: Այսօր ալ, 8 յունիս 2017, մահուանդ երկրորդ տարելիցին, երբ քանի մը հոգիներով այցելեցինք քեզի, արեւուն կիզող ճառագայթներուն մէջ քեզ տեսանք, մեր սրտերը կիզուեցան, լացինք, բայց հպարտութեամբ, քեզ ճանչցած ըլլալու ուրախութեա՛մբ լացինք, հաւատալով, որ`

Պիտի չմեռնիս, որովհետեւ գերեզմանէն անդին ալ մեր կեանքի շողն ես:

Պիտի չմեռնիս, որովհետեւ գերեզմանիդ մէջ անգամ մեր կեանքի ծաղիկն ես:

Պիտի չմեռնիս, որովհետեւ գերեզմանէդ ճառագայթող ղամբարն ես մեր կեանքին:

Պիտի չմեռնիս, որովհետեւ մեռելութեանդ մէջ անգամ քեզ սիրող սրտերուն կեանքն ես:

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿԱՐՕՏԱԿԷԶ ԸՆԿԵՐՆԵՐ
ԵՒ ԸՆԿԵՐՈՒՀԻՆԵՐ

8 յունիս, 2017

Նախորդը

«ARMENIA»

Յաջորդը

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ Լրագրողներ» Աշխատանոցի Մասնակիցներուն Նուիրուած Գնահատանքի Երեկոյ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.