Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցի Պարուսոյցներ Կարէն Եւ Ժաքլին Մակինեաններուն Հետ

June 17, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ մեծաթիւ է «Գայեանէ» պարի դպրոցը, որ կը պատրաստուի շուտով իր ելոյթը ունենալ: Այս տարի «Գայեանէ»-ն կը յատկանշուի անով, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով յատուկ ելոյթով եւ ծրագիրով բեմ պիտի հանէ պալէի դասարանը: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններուն հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- «Գայեանէ» պարի դպրոցի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ պալէի դասարանը առանձին ելոյթով հանդէս կու գայ: Խօսինք պալէի դպրոցի աշխատանքներուն մասին:

ԺԱՔԼԻՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Պալէի դասարանը կը հաշուէ 50 հոգի: Երբ դասարանները շատցան, տեսանք, որ ալ հնարաւոր չէ զիրենք  «Գայեանէ»-ի ծրագիրին մէջ ներգրաւել, որովհետեւ «Գայեանէ»-ի ելոյթը արդէն երկու ժամէն աւելի կը տեւէ. հետեւաբար որոշեցինք անջատ ծրագիրով մը հանդէս գալ եւ ցոյց տալ մեր աշխատանքին արդիւնքը: Բաւական երկար ծրագիր պատրաստած ենք շուրջ մէկ ժամ տասը վայրկեան. երեխաները խանդավառ են  եւ շատ ուրախ: Այս տարի չորրորդ դասարանի աշակերտները փոյնթ շուզ հագան, ասով ուզեցինք ցոյց տալ ե՛ւ հանդիսատեսին, ե՛ւ ծնողներուն, որ աշխատանքի շնորհիւ կարելի է տիրապետել փոյնթ շուզի սկզբնական վարժութիւններուն: Դժուարութիւններ բոլոր աշխատանքներուն մէջ կան: Հետեւաբար մեր աշխատանքի ընթացքին դժուարութիւններու կը հանդիպինք, օրինակ` երեք տարեկան մանուկին պէտք է բացատրել, որ սպասէ կամ մամային քով չերթայ, չանօթենայ, կարենալ քեզի ենթարկել 50 երեխաները մէկ անգամէն` իրօք դժուար է. խրախուսիչ է այն, որ բոլոր երեխաները սիրով կու գան եւ այնքա՜ն ջերմ են:

Ծրագիրը պալէի բաց դասարանը պիտի ըլլայ, որ ծնողները գան, դիտեն երեխաներու աշխատանքը: Պիտի ըլլայ նաեւ քանի մը պալեթային ձեւեր եւ չորս պարային հատուածներ, որպէսզի երեխաները շահագրգռուին: Դեռ կանուխ է ներկայացումներով հանդէս գալ: Պալէի դասարանը ընդամէնը երկու տարուան փորձ ունի: Նախորդ տարի «Գայեանէ»-ի ելոյթին հանդէս եկաւ պալէն փոքր հատոածով մը, բայց «Գայեանէ» պարի դպրոցի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ պալէի դասարանները մէկ ժամ բեմի վրայ պիտի գտնուին: Երբ դժուարութիւնը կարելի կ՛ըլլայ յաղթահարել, արդիւնքը քաղցր կը դառնայ:

«Ա.».- Խօսինք «Գայեանէ»-ի այս տարուան աշխատանքներուն մասին:

ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Այս տարի «Գայեանէ»-ի ներկայացնելիք ծրագիրի առաջին բաժինի շեշտը դրած ենք հայկական ազգագրական պարերուն վրայ,  ծրագիրը պիտի ընդգրկէ նաեւ օտար ազգագրական պարեր, երկրորդ բաժինով պիտի ներկայացնենք Սինտպատի ճանապարհորդութիւնը, որ պիտի տեւէ մէկ ժամ: Բաւական բարդ է. բոլոր աշակերտները ընդգրկուած են` բացի այս տարուան նորեկներէն, որոնք փոքր են եւ չեն կրնար դիմանալ երկար ժամեր:

Ժ. Մ.- Սինտպատի ներկայացման մէջ ներգրաւած ենք երեք պատմութիւն` Սինտպատի ճամբորդութիւնը, Ալի Պապա եւ 40 աւազակները եւ Ալատինի հեքիաթները, հետեւաբար մէկ թեմայի մէջ պիտի ներկայացնենք երեք հեքիաթ: Երեխաները վարժ չէին ընդհանրապէս ինչ-որ թեմայի մէջ հաւաքուիլ եւ կերպարներ ներկայացնել: Բաւական բարդ է երեխային բացատրել, որ ինք հիմա ջուրի դեր պիտի խաղայ կամ մէկ այլ պահի աւազակի դեր պիտի խաղայ: Սկիզբը մերժեցին` ըսելով, որ չեն խաղար, բայց հիմա իրենց ամէնէն սիրելի պարը դարձաւ այդ բաժինը: Ես համոզուած եմ, որ երեխաները շատ լաւ կը խաղան իրենց դերերը:

Կ. Մ.- Նշենք նաեւ, որ երկրորդ բաժինի դէմքի յարդարանքին, շպարին մեզի պիտի օգնէ բեմադրիչ Ռոպեր Առաքելեանը, որպէսզի կերպարները դէմքի վրայ նաեւ արտայայտուին:

«Ա.».- Աշխատանքային դժուարութիւններու մասին եթէ անդրադառնանք:

Կ. Մ.- Սկիզբի շրջանին մանուկները չէին ուզեր հայկական պարել, կը նախընտրէին օտար պարերը. մենք չուզեցինք ստիպել եւ իրենց յարմարեցանք, օտար պարերու կողքին, հայկական ձեւեր ալ կը սորվեցնէինք, օրինակ` եթէ դասը մէկ ժամ է, կէս ժամ հայկական, կէս ժամ ալ օտար:  Իսկ հիմա հասանք հոն, ուր իրենց մտքով երբեք չ՛անցնիր օտար պար: Այս տարի իրենք առաջարկեցին, որ հայկական սորվին ու պարեն, այսինքն մենք ոչ թէ ստիպողաբար պարել տուինք հայկական, այլ այնպէս ըրինք, որ սիրեն հայկական պարը:

Աշխատանքը դժուար է այն առումով, որ երեխաները որքան շատ են,  այնքան զիրենք հաւաքելը` դժուար: Բեմի վրայ  բոլորը կառավարելի են, բայց երբ բեմին ետեւն են կամ հանդերձարանը, բաւական դժուար է զիրենք կառավարել: Մեզի օգնական ունինք ծնողական յանձնախումբը:

Պէտք է ըսել նաեւ, որ աշակերտները մինչեւ 16 տարեկան կը մնան «Գայեանէ» պարի դպրոցին մէջ եւ անկէ ետք ան, որ փափաք ունի, կը տեղափոխուի «Քնար» պարախումբ: Կը պատահի նաեւ, որ «Քնար» պարախումբը պարողի կարիք ունենայ եւ դիմէ նաեւ «Գայեանէ»-ին:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կ՛ազդէ պարը երեխաներու կերտուածքին վրայ:

Ժ. Մ.- Այո՛, բայց միայն կերտուածքին վրայ չ՛ազդեր, այլ նաեւ` դաստիարակութեան վրայ: Երեխան աւելի պատասխանատու կը դառնայ: Երեխաներ ունինք, որոնք չեն ուզեր փորձերէն ուշանալ: Շատ մեծ բան է, երբ երեխան պատասխանատու է իր տարազներուն, իր առարկաներուն, ճիշդ ժամուն ներկայանայ եւ տեսքը ըլլայ պատշաճ ու կոկիկ: Կը սորվեցնենք ճիշդ ժամանակին գալ, բարեւել, ուշացման պարագային` արտօնութիւն խնդրել ներս մտնելու: Աշակերտները գիտեն, որ դասի ատեն կարելի չէ դուրս գալ, հեռախօսով խօսիլ եւ այլն: Եթէ իրենց նաեւ կարգապահութիւն չսորվեցնենք, ոչ մէկ արդիւնքի կը հասնինք, պէտք է ամէն բանէ առաջ կարգապահութիւն սորվին, որ կարենանք աշխատանքը շարունակել:

Կը փորձենք նաեւ սորվեցնել մանուկներուն, որ երբ կողքինը տկար է, օգնէ, սորվեցնէ. շատ պարագաներու` կը թելադրենք, որ իրարու սորվեցնեն:

Կ՛աշխատինք նաեւ երեխաներուն մէջէն նախանձը վերցնել: Շատ լաւ է, երբ երեխաները ունին ձգտում` հասնելու լաւին, բայց` առանց նախանձի: Կը փորձենք բացատրել նաեւ, որ աշխատանքի միջոցով կրնան հասնիլ բարձունքներու` առանց նախանձի ու չարութիւն մտածելու:

Կ. Մ.- Արուեստի եւ մարզանքի մէջ երբ մինակ ես, կը ձգտիս մինակ ձեւին, իսկ երբ խումբի մէջ, եսը կը տկարանայ յանուն խումբի յաջողութեան: Մեր աշխատանքն ալ խմբային աշխատանք է, պէտք է խումբի բոլոր անհատները լաւ աշխատին, որ խումբը յաջողի:

Ժ. Մ.- Այս բոլորը երեխային կը հասկցնենք. շատեր կ՛ըսեն` «Ես լաւ կը պարեմ», իսկ մենք կը պատասխանենք, որ ոչ թէ անձը լաւ պիտի պարէ, այլ ամբողջ խումբը լաւ պիտի պարէ, որ կարելի ըլլայ պարը լաւ ցոյց տալ, որովհետեւ խմբային աշխատանք է:

Ուսուցիչը իր ցանկութիւնը անուղղակիօրէն պէտք է պարտադրէ աշակերտներուն եւ բնաւ չստիպէ, այլ աշխատի, որ աշակերտները ամէն բան սիրով կատարեն: Եթէ ուսուցիչը չի սիրեր իր աշակերտները, անոնք կը զգան, որ չի սիրեր, եւ ինչ որ պարտադրէ, չեն կատարեր, իսկ երբ կը սիրեն ուսուցիչը, ամէն բան սիրով կ՛ընեն:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք աշակերտներուն կարողութիւնները:

Ժ. Մ.- Առաջին տարին երբ եկանք, այնքան ալ հիմք չունէին, հիմա կամաց-կամաց կը կառուցենք այդ հիմքը: Այո՛, կրնանք ըսել, որ ատակ երեխաներ կան:

Կ. Մ.- Լաւ երեխաներ կան, քանակի մէջ որակ ալ կայ. ճիշդ է` քիչ, բայց կայ: Երեխաներ կան, որոնք կը սիրեն, ոմանք չեն սիրեր, բայց կրնան օգտակար դառնալ: Ափսոս, որ Պէյրութի մէջ պարարուեստին մասնագիտական ձեւով չեն նայիր,  այլապէս լաւ երեխաներ ունինք, որոնք այլ երկիր եթէ ըլլային, շատ առաջ կ՛երթային այս արուեստին մէջ:

Կ. Մ.- Բոլոր ներկայացումները պատրաստած ենք շաբաթը միայն մէկ ժամ աշխատելով երեխաներուն հետ, ինչ որ շատ քիչ է եւ բաւարար չէ: Դպրոցներուն մէջ այնքան ծանրաբեռնուած են երեխաները, որ կարելի չէ մեղադրել ծնողները, կամ ալ աշակերտները: Ելոյթի նախօրեակներուն փորձերը կը շատնան շաբաթը երկու կամ երեք անգամ. պատկերացուցէք, այն երեխաները, որոնք քննութիւն ունին, գիրքով կու գան, որ ազատ ժամերուն կարդան ու սորվին:

ԿԱՐԷՆ եւ ԺԱՔԼԻՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մեր կողքին են եւ կ՛օգնեն մեզի:

 

 

 

Նախորդը

Ռուբէն Դարբինեան (1882-1968). Հայ Քաղաքական Մտքի Դեգերումներուն Համարձակախօս Պատգամաբերը

Յաջորդը

Բանաստեղծութիւն

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.