Շուշիի Ազատագրութեան 25-ամեակին Նուիրուած «Իմ Շուշի» Պատկերագիրքը
Այս տարի, Շուշիի ազատագրման 25-ամեակի առիթով, հրատարակուած է «Իմ Շուշի» խորագրեալ լուսանկարներու բացառիկ պատկերագիրքը, որուն շնորհահանդէսները կատարուած են մայիսին Երեւանի եւ Շուշիի մէջ, իսկ 28 յունիսին ներկայացուեցաւ նաեւ լիբանանահայութեան` կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան: : Պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած են վաւերագրական եւ գեղարուեստական աշխատանքներ, որոնք լուսանկարչական արուեստին միջոցով կը պատմեն Շուշիի պատմութիւնը` 1992 թուականէն...




















