Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Արամ Մանուկեան (Սերգէյ)` Հայութեան Զարկերակի Արիւնատուն

Յուլիս 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ

Բնութեան մէջ, երբ առուակէ մը աճապարանօք կ՛ուզես օգտուիլ, նախ հայեացքդ մէյ մը հոսանքն ի վեր նետէ տեսնելու համար, թէ ան ուրկէ՞ կը հասնի մօտդ` հանքագործարանի մը թունաւոր թափօններու խողովակէ՞ն, անասուններու սպանդանոցի մը աղտոտութիւններու կոյուղիէ՞ն, թէ՞ բարձրադիր լեռներու ձիւնին ու անձրեւին գոյացուցած զուլալ ու կենսատու աղբիւրներէն:

Նոյնպէս ալ, Հայաստանի «Առաւօտ» թերթի 28 յունիս 2017-ի թիւին մէջ, գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանի «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ» յօդուածին մէջ տեղ գտած գաղափարներուն հոսանքն ի վեր հայեացք պէտք է նետել` իմանալու համար հիմքը, տեսնելու համար արտայայտութիւններուն տուն տուող հակադաշնակցական ծննդոցը:

29 յունիս 2017-ի «Հայրենիք»-ի էջերով Կարօ Արմենեան («Համակարգը կը խօսի») եւ Վաչէ Բրուտեան («Ո՛չ, պրն. Աբրահամեան, հիմա՛ է «խորհրդանիշ դնելու» ժամանակը») լաւագոյն ձեւով ցոյց տուած են «Առաւօտ»-ի յօդուածին իւրաքանչիւր արտայայտութեան անխոհեմ եւ վտանգաւոր բնոյթը, խորհրդային կարգերուն ու անոնց ցանածներուն իբր թէ դէմ, բայց թեր իր դիրքորոշումին:

Մէկ գլխաւոր պատմութեան ընթացք եւ եզրակացութիւն կ՛ուզեմ յիշեցնել այս խմբագիրին եւ իր նմաններուն. Արամ Մանուկեանը (Սերգէյ) եւ իր դաշնակցական սերնդակիցները, եթէ հայ ժողովուրդը ողջ պահելու վճռակամութիւնը չունենային, ո՛չ ինքը, ո՛չ ալ նմանատիպ այլ «գրիչներ» ո՛չ Հայաստան, ո՛չ Արցախ, ո՛չ ալ Ջաւախք պիտի ապրէին ու այսօրուան նման ազատօրէն գրէին, այլ պիտի ըլլային Աստուծոյ տնօրինութեամբ ծնած անհատներ, երկրագունդի մէկ շրջանի մէջ, որ նախապէս Հայաստան կոչուած էր: Արեւելեան Հայաստանն ալ, Արցա՛խն ալ, Ջաւա՛խքն ալ բնաջնջուած կ՛ըլլային թուրքերուն եւ թաթարներուն կողմէ եւ արեւելահայ զանգուածն ալ ենթարկուած կ՛ըլլար իր արեւմտահայ արիւնակիցներուն վիճակին: Բարեբախտաբար, հայ ժողովուրդը, Արամ Մանուկեանի (Սերգէյ) ճակատագրական պահի կոչին հետեւելով ու անոր ղեկավարութեամբ, փրկեց իր գոյութիւնը եւ իմաստաւորեց իր գոյատեւումը:

Այս անվիճելի իրականութիւնը երբ կ՛ընդունուի ու հին թոյները կը հակասրսկուին, այն ատեն միայն մարդ կարող է Դաշնակցութեան հետ խօսիլ,  Թուրքիոյ ու խորհրդային կարգերուն կողմէ հաւաքագրուած եւ այժմու շաղակրատներուն կողմէ զարդարուած, Արամ Մանուկեանի (Սերգէյ) ու այդ սերունդի «սխալներուն» մասին:

Ոգեղէն Հայաստանը եւ հայ հասարակութիւնը կ՛արմատաւորուին, երբ Հայաստանի իսկական շահերը վեր կը բարձրանան, երբ իրականութիւնները կը ցոլան, երբ իրական «դիկտատոր»-ն ու հրամանատարները արժանավայել յարգանքը կը ստանան երկրին ճակատագիրը սուինահարած պատմական թէ ապրող «հերոսացուողներուն» փոխարէն:

Այժմ, վերլուծումի կարգով, իր ընտանիքին ու իր ժողովուրդին կեանք շնորհած Արամ Մանուկեանի (Սերգէյ) յուշարձանը ո՞ւր եւ ե՞րբ պիտի տեղադրուիին մասին տեղին է, որ խմբագիրը վերատեսութիւն եւ խորքադարձ կատարէ:

Տակաւի՛ն, Արամ Մանուկեանի (Սերգէյ) ո՛չ միայն յուշարձանը իր արժանավայել տեղը` Հանրապետութեան հրապարակին սիրտին հարկ է զետեղել, նաե՛ւ իր գերեզմանն ալ Թոխմախի այդ թփուտներէն պէտք է տեղափոխել Եռաբլուր կամ Կոմիտասի պանթէոն, գլխաւոր մուտքին դիմաց, որովհետեւ այն բոլոր արժանաւորները, որոնք հոն կը հանգչին, առանց իր գերմարդկային սխրագործութիւններուն` գոյութիւն նոյնիսկ պիտի չունենային կամ պիտի ստեղծագործէին թրքերէնով, առաւե՛լ` իր տունը, ինչպէս բազմաթիւ իր երախտապարտները կը պահանջեն, պէտք է արժանաւորինս վերածուի յաղթանակի թանգարանի:

Արամ Մանուկեանը (Սերգէյ) միայն պատմական դէմք չէ. պատմութիւնը հայանպաստ դարձուցած եւ ապրող դէմք է, արիւնատու` նոյնինքն խմբագիրին, համեստիս եւ ամէն ինքզինք հայ զգացողի զարկերակին: Պատմութեան նենգափոխումի եւ առանցքային անձին վարկաբեկումի փորձը միշտ ալ կը բախի ճշմարտութեան անզիջող հակադարձութեան:

5 յուլիս 2017

Նախորդը

Մեր Բոլորի Սեփականութիւնը

Յաջորդը

Ս. Գրոց Ամառնային Վարժարանը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?