Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որո՞ւ Կը Ծառայեն (Իբրեւ Թէ) Խաղաղասիրական Կոչերը

Յուլիս 7, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Յստակացնենք սկիզբէն՝ մեր ըսելիքները կ’առնչուին վարքագծային ու քաղաքական կեցուածքներու եւ ոչ թէ զգացական դրսեւորումներու։ Օրինակի համար, անիմաստ բան է ըսելը, որ այսինչ ժողովուրդը շատ ռազմապաշտ է, կամ խաղաղապաշտ։ Այդպիսի բան չկայ։ Բայց կա՛ն ռազմապաշտ, կամ խաղաղամէտ քաղաքականութիւն վարող, այդպիսի վարքագիծ ունեցող պետութիւններ, քաղաքական միաւորներ։

Օրինակի համար, նացի Գերմանիան ռազմապաշտ էր. սակայն չկարծենք որ իր ոխերիմ թշնամի Մեծն Բրիտանիան խաղաղասիրութենէն հալումաշ վիճակի մէջ էր. կայսրութիւն մը «խաղաղասէր» չի կրնար ըլլալ, չէ՞։ Պարզապէս, կան պետութիւններ, որոնք իրենց հարցերու լուծման բանալին կը տեսնեն առաւելաբար պատերազմի մէջ (օրինակները դուք այս յօդուածագրէն աւելի գիտէք), մինչ ուրիշներ՝ ոչ, ինչպէս Զուիցերիան, Աւստրիան, Չիլէն։ Միայն թէ Գանատա կամ Աւստրալիա ապրող հայ ընթերցողները թող չշփոթին, այդ երկիրները վերջիններուն շարքին չեն պատկանիր… Սա՝ ի միջի այլոց։

Ատրպէյճանը կը պատկանի շարքին այն պետութիւններուն, որոնց քաղաքական վարքագիծը բացայայտօրէն ռազմապաշտ է։ Իսկ Հայաստանի վարքագիծը հիմնուած է ինքնապաշտպանութեան ու արդարութեան սկզբունքներուն վրայ. ժողովրդային լեզուով՝ «մեզի հետ մի՛ իյնաք»։

Իրերու այս դրութեան մէջ է, որ վերջին տարիներուն, Ատրպէյճան անընդհատ կը փորձէ «տաք» պահել կացութիւնը Հայաստանի հետ իր սահմաններուն վրայ։ Հայկական բանակը երբեմն զուսպ կը մնայ, իսկ երբեմն ալ՝ անհրաժեշտ պատասխանը կու տայ։ Վերջինը՝ քանի մը օր առաջ էր, Յուլիս 4ին, երբ հայկական հրետանին հակադարձեց ազերի բանակին հրթիռներու տարափին։ Այս զինուորական «հարցուպատասխանին» ընթացքին, ըստ հաղորդուած լուրերուն, սպաննուեցան նաեւ երկու քաղաքայիններ՝ ատրպեճանական Ալխանլու սահմանային գիւղէն։

Պատճառը յստակ էր։ Հայկական դիրքերը ռմբակոծող ատրպեճանական հրետանին տեղադրուած էր նշեալ գիւղին տարածքէն ներս։ Ատրպէյճանի զինուորական հրամանատարութիւնը իր հրետանին տեղադրած էր գիւղին տարածքէն ներս, այն յոյսով, որ հայկական հակադարձումի պարագային, իրենք պիտի կարենան հայկական կողմը ամբաստանել «խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծումով»։ Մէկ խօսքով, ատրպեճանական զինեալ ուժերը դաւադրաբար (փողոցի լեզուով՝ «կնիկի պէս») կը պահուըտին իրենց քաղաքային բնակչութեան ետին ու այնտեղէն կը կրակեն հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ շատ լաւ գիտնալով, որ հայկական կողմը կրակին պիտի պատասխանէ կրակով եւ ոչ թէ հայկական ծիրանով կամ վարդերով։

Սա անշուշտ երեխայական եւ շա՜տ հինցած հնարք է։

Հայկական բանակի հրամանատարութիւնը Կուկըլի քարտէսներով եւ տեսագրութիւններով արագօրէն բացայայտեց Ատրպէյճանի այս երեխայական մօտեցումը։ Իսկ հայկական դիւանագիտութիւնը անցաւ հակայարձակողականի՝ ԵԱՀԿէն ներս իր ներկայացուցիչ Արման Կիրակոսեանի միջոցով, Հինգշաբթի, 6 Յուլիսին, հաղորդագրութեամբ մը բացայայտելով քաղաքայինները իբրեւ մարդկային վահան գործածելու ատրպեճանական վարքագիծը։

Տարօրինակը սակայն այն է, որ Հայաստանի մէջ գործող ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութիւն մը (NGO)՝ Մարդու իրաւունքների միջազգային ֆեդերացիա (որուն հայաստանեան մասնաճիւղը կը կոչուի Քաղաքացիական հասարակութեան ինստիտուտ եւ մասամբ կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական միութեան կողմէ, ըստ իրենց կայքէջին) տնօրէն ոմն Արտակ Կիրակոսեանի ստորագրութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ըսելով որ «պէտք է վերջ դրուի քաղաքացիական բնակավայրերը թիրախաւորելու՝ տարիներ շարունակ կիրառուող հակամարդկային պրակտիկային»։ Ան կը շարունակէ ըսելով, որ հոս ընելիք ունին «իրաւապաշտպանները, միջազգային կազմակերպութիւններից սկսած՝ մինչեւ շարքային զինուորները»։

Ոչ մէկ բառ կայ Ատրպէյճանի կողմէ իր իսկ սեփական քաղաքացիները իբրեւ մարդկային վահան շահագործելու վարքագիծին դէմ։ Այս չի բաւեր, տեսէք մտքի ինչ գոհարներ կը հրամցնէ մեզի նոյն կազմակերպութիւնը. անիկա «կոչ է անում Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) իշխանութիւններին՝ անաչառ հետաքննութիւն անցկացնել՝ պարզելու կատարուածի հանգամանքները, եւ յանցակազմի ապացոյցների հիման վրայ պատժել բոլոր մեղաւորներին»։

Կոչը ուղղուած չէ միջազգային մարմիններուն, ԵԱՀԿին, որ քննութիւն բանան ատրպեճանական նենգամտութեան շուրջ եւ «պատժեն բոլոր մեղաւորներին», այլ՝ հայկական կողմին, որ պատժէ… թշնամիին հրետանային դիրքերը լռեցնող հայ սպան ու զինուորը։ Խեղկատակութեան տարողութիւնը կարելի է պատկերացնել, չէ՞։

Օտար գումարներով Հայաստանի մէջ իբրեւ թէ ժողովրդավարութեան զարկ տալու կոչուած այս եւ նման կազմակերպութիւններու իբրեւ թէ «խաղաղասիրական» վերոնշեալ կոչերը յստակ չէ, թէ ճիշդ որո՞ւ կը ծառայեն։ Մէկ բան յստակ է, որ չեն ծառայեր Հայաստանի ու հայութեան շահերուն։ Ոչ միայն չեն ծառայեր մեր շահերուն, այլեւ նոյնիսկ կը հակադրուին (*)։

Այս յօդուածագրին կարծիքով, վերոնշեալին նման հակապետական տեսակէտներ (աւելի ճիշդ՝ խռխռոցներ) խմբագրող ու տարածող կազմակերպութիւնները պէտք է կրեն օրինական պատասխանատուութիւն։ Իսկ եթէ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը թերի է այս իմաստով, ԱԺին պարտականութիւնն է գոցել այդ բացը՝ ի շարս բազմաթիւ նման բացերու։

Վերջին թելադրանք մըն ալ վերոնշեալ «խաղաղապաշտ» կազմակերպութեան տնօրէն Արտակ Կիրակոսեանին՝ անձա՛մբ, կամ ձեզի համախոհներու պատուիրակութեամբ մը, գացէք շփման գիծ, սահման, ձեր հետ տանելով այս յայտարարութենէն օրինակ մը, ու զայն անձամբ յանձնեցէք ազերի Ալխանլու գիւղին հանդիպակաց խրամատին մէջ կանգնած հայ զինուորի մը։
Հըբը՞…

(*) Բաց հասարակութիւն կոչուած միջազգային կազմակերպութիւնը (որ կը ղեկավարուի հանրածանօթ Ճորճ Սորոսի կողմէ), անցեալ տարուան ընթացքին, Հայաստանի մէջ աւելի քան 1.75 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում յատկացուցած է շարք մը կազմակերպութիւններու (աղբիւրը՝ հայ միտիա կէտ Էյ. Էմ.)։ Ամէն մարդ գիտէ, թէ Ճորճ Սորոսը ով է, ինչ կ’ընէ, ինչ ըրած է (Ուքրանիա, Վրաստան, Հայաստան, նոյնիսկ Մ. Նահանգներ, ուր 2004ին հսկայական գումարներ ծախսեց տապալելու համար Ճորճ Պուշ կրտսերի վերընտրութիւնը)։

6 Յուլիս 2017
Լոս Անճելըս

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հուփս Մեթն` 45-48

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?