Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաշք (Արցախեան Քառօրեայ Պատերազմի Մասին)

July 7, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ

Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարի ապրիլ ամսուն, իր մէջ շատ կարեւոր ու պատմական խորհուրդ մը ունի: Անիկա կարճ պատերազմ մը չէր միայն: Անիկա եղելութիւն մըն էր, որ խորունկ քննարկման պարագային կը բանայ շատ կարեւոր գաղտնիք մը:

Արդարացիօրէն կ’ըսենք` «Ապրի՛ն մեր տղաքը: Անոնք կեցուցին աւելի միջոցներ ունեցող թշնամու անակնկալ յարձակումը»:

Բոլորս ալ կը հասկնանք, որ Ազրպէյճան նման գործողութեան մը ինքն իրեն չէր յանդգնիր սկսիլ: Առանց մեծերուն հետ համաձայնացնելու` նման գործողութիւններ տեղի չեն ունենար: Պատերազմի առաջին օրէն իսկ հայ եւ օտար ռազմական մասնագէտներ կ’ըսէին, որ եղածը լայնածաւալ պատերազմ մը չէր, այլ` սահմանափակ: Նպատակը յստակ էր: Այդ սահմանափակուածութեան մէջ Ազրպէյճանը կ’ուզէր կարելիին չափ հողեր գրաւել:

Մեծերուն կողմէն այս թոյլտուութիւնը նուէր տրուած էր Ազրպէյճանին, որպէսզի վերջինս Հայաստանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին ինքզինք աւելի զօրաւոր զգար ու աւելի զիջումներ ստանար:

Ծագումով հայ` Լիբանանի փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարներէն Քարիմ Բագրատունի հետաքրքրական դրուագ մը կը պատմէ: 1970-ականներու սկզբնաւորութեան կը փորձէ յարաբերութիւն մը ստեղծել Եասեր Արաֆաթի հետ` կանխելու համար կացութեան սրումը քրիստոնեաներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ: Արաֆաթ կ’այցելէ քրիստոնէական շրջանները: Տեսնելով պատերուն դրուած հակասուրիական ծայրայեղ ու անիրագործելի լոզունգները` խորհուրդ կու տայ Բագրատունիին, որ քրիստոնեաները պաղեստինցիներուն նոյն սխալը չկրկնեն նման լոզունգային ջղագարութեամբ զբաղելով, որովհետեւ ղեկավարութիւնները չարաշահելով նման լոզունգներուն օգտագործումը` կ’իյնան ծուղակի մէջ: Այսինքն երբ ժամանակը գայ քաղաքական լուծումներու, դժուար կ’ըլլայ իրենց ժողովուրդներուն դիմաց տարիներով կրկնուած այդ լոզունգներէն հրաժարիլ:

Ահա այս նոյն երեւոյթն էր, որ տեղի կ՛ունենար Ազրպէյճանի մէջ: Վերջին տարիներու ընթացքին Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը այնքա՜ն սպառնացեր էր, այնքա՜ն պոռոտախօսութեամբ զբաղած էր, որ ան ինքն իրեն թակարդ մը լարած էր. մէկ կողմէ չէր կրնար այլեւս բան մը չընել, միւս կողմէ ալ գիտեր, թէ ուժը չունի ամբողջ Արցախը առնելու: Ահա կարճ ու արագ պլիցքրիքով մը ուզեց կարելիին չափ հողեր առնել ե՛ւ Արցախի յարակից շրջաններէն ե՛ւ, եթէ կարելի ըլլար, նոյն ինքն Արցախէն եւ այդ ներկայացնել որպէս մեծ ու պատմական յաղթանակ, մանաւանդ` սեփական ժողովուրդին առջեւ իր իշխանութիւնը աւելի զօրացնելու համար:

Բայց ի՞նչ տեղի ունեցաւ:

Թշնամու մասնագիտացուած եւ լաւ զինուած ջոկատներուն դիմաց կեցած էին 18-20 տարեկան զինուորական պարտադիր ծառայութեան մեր տղաքը: Կը կարծուէր, որ ուժերը հաւասար չեն, եւ Ազրպէյճանը արագ եւ նշանակալից յաղթութիւն մը պիտի ունենար: Հոս կ’արժէ կրկնել այն հարցումը, որ այդ օրերուն տրուեցաւ շատերուն կողմէ. ինչպէ՞ս կարելի էր առաջին գիծին վրայ հիմնականօրէն տեղակայել անփորձ այդ երիտասարդները:

Բայց վերադառնանք մեր նիւթին եւ տեսնենք, թէ որո՛նք են այդ տղաքը:

Անոնց մեծ մասը կու գայ չքաւոր ընտանիքներէ, որովհետեւ հարուստ ընտանիքներուն զաւակները ծանօթութեամբ եւ կաշառք տալով` բանակին մէջ չեն ծառայեր եւ կամ եթէ ծառայեն, երբեք` առաջին գիծին վրայ: Այդ երիտասարդները կու գան միջավայրերէ, ուր իրենց մանկութենէն սկսեալ յուսախաբական խօսքեր լսած են Հայաստանի մասին: Ես յատուկ նշեցի Հայաստան եւ ոչ թէ պետութիւն կամ վարչակարգ: Ով որ լաւ ծանօթ է Հայաստանին, գիտէ, թէ ինչպէ՛ս կ’արտայայտուին հայաստանցիները այսօրուան Հայաստանի մասին: Յուսախաբութիւնը այնքա՜ն խորունկ է, որ ժխտական կարծիքին բնորոշման մէջ, տարբերութիւն չի դրուիր հայրենիքին ու պետութեան միջեւ, բան մը, որ մտահոգիչ երեւոյթ է:

Այդ երիտասարդները մեծցած են տեւական իրենց շրջապատէն լսելով յայտնի «Երկիրը երկիր չի» խօսքը:

Այս պայմաններուն մէջ տրամաբանական պիտի ըլլար, որ նմանները չուզէին իրենց կեանքը վտանգել` իրենց այդքա՜ն յուսախաբութիւն պատճառած երկրին համար: Ուրիշ ազգերու պարագային, նման երեւոյթներ տեսած ենք: Օրինակ` ռուսերը. երբ համայնավարութենէն յուսախաբ եղած` Բ. Համաշխարհային պատերազմի սկզբնական շրջանին մեծ թիւերով կողմ փոխած են ու միացած` գերմանացիներուն: Արաբները, երբ պատմութեան ընթացքին ու մանաւանդ այս օրերուն այնքա՜ն իրարու կը հակառակին ու զիրար կը դաւաճանեն եւ հակա-արաբական ծրագիրներ կ’իրականացնեն… եւ այլն:

Բայց` ո՛չ հոս եւ մեր պարագային:

Այս աղքատ, անիրաւուած ու անփորձ հայ երիտասարդներու պարագային: Ահա հո՛ս է ՀՐԱՇՔԸ:

Անոնք փախուստի չդիմեցին, խուճապի չմատնուեցան ու կրցան մօտաւորապէս հարիւր նահատակներ տալով` կենալ մինչեւ բանակի գլխաւոր ուժերուն հասնիլը, որոնք իրենց կարգին այնպիսի հակահարուած մը տուին, որ քանի մը օրէն թշնամին ի՛նքը զինադադար խնդրեց` վախնալով նոր տարածքներ կորսնցնելէ:

Պլիցքրիքը չիրականացաւ, անակնկալ յարձակումին թափը կոտրուեցաւ, մեծերուն հաւանութեան արժանացած ծրագիրը խափանուեցաւ, ու պատերազմը վերջացաւ թշնամիին կողմէ շատ փոքր տարածք մը առնելով, որ շատ հեռու էր անոր բուն նպատակէն:

Այս երիտասարդները ծնած ու մեծցած են անկախ Հայաստանին մէջ, անոնք ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆ ԵՆ:

Նմաններուն հոգին է, որ ամէնէն վճռական վայրկեաններուն փրկած է մեզ: Այդ նոյն Վարդանանց ոգին է, այդ նոյն Մուսա Լերան ու Վանի ինքնապաշտպանութեան ոգին է, այդ նոյն Սարդարապատի ոգին է եւ, վերջապէս, այդ նոյն արցախեան 1990-ականներու մեծ պատերազմին ոգին է ու այդ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՈԳԻՆ Է մեր գոյատեւման գաղտնիքը: Այս մէկը ազգային սնապարծութիւն չէ, այլ` պատմական փաստ:

Մեր մշակոյթին հետ միասին այդ հերոսական ոգին է պատճառը, որ այսօր կայսրութիւններ ու ժողովուրդներ, որոնք ժամանակին մեր վրայ իշխած են, այլեւս չկան, իսկ մենք դեռ գոյութիւն ունինք:

Մենք մեծ ցաւով կը խօսինք պատմական մեր տարածքին նօսրանալու մասին, պատմական Հայաստանի եւ այսօրուան Հայաստանի տարածքներու չափերուն տարբերութեան մասին:

Ռուսիոյ այսօրուան ամենայայտնի լրագրող Վլատիմիր Փոզները զարմանք կը յայտնէ, թէ ինչպէ՛ս կրցած ենք գոյատեւել` հակառակ աշխարհագրական ամէնէն անբարենպաստ պայմաններուն, երբ պատմութեան ընթացքին մեծ ուժերու շահերուն եւ ճամբաներու խաչաձեւումներուն մէջտեղը յայտնուած ենք:

Կը կարծեմ, որ ճշմարտութիւնը մէջտեղն է:

Մէկ կողմէ ճիշդ է, որ աշխարհագրական դիրքն է մեր դժուար ու ծանր պատմութեան պատճառը, բայց միւս կողմէ` մեր ներքին հարցերը նաեւ իրենց կարեւոր դերը ունեցած են մեր անյաջողութիւններուն մէջ: Այլապէս Նժդեհը ինչո՞ւ պիտի ըսէր. «Հայերի մեղքերը աւելի են նպաստել Հայաստանի կործանմանը, քան` ժամանակ առ ժամանակ մեր երկիր ներխուժած թշնամիները»: Այնպէս որ, քառօրեայ պատերազմը լուսաւոր գագաթ մըն է մեզի համար, իր էութեամբ նոր Վարդանանց մը, նոր Սարդարապատ մը ու արցախեան մեր հերոսութեան շարունակութիւնը, որուն բախտաւոր ականատեսները եղանք:

Կը խոնարհինք այդ տղոց առջեւ ու կ’աղօթենք մեր նահատակներուն հոգիներուն համար: Թող նման հոգի ունեցողները շատնան մեր ազգին մէջ, թող անոնց օրինակը ներշնչէ բոլորը ու մանաւանդ իրենց տարեկիցներն ու եկող սերունդները, եւ վերջապէս, նման ընտրեալներուն գոյութիւնը թող նշան մը ըլլայ այսօր մեր ներքին թշնամիին` Հայաստանի հասարակ ժողովուրդին արիւնը ծծողներուն ու մեր արտաքին թշնամիներուն:

 

 

 

Նախորդը

Սլաք. Պէտք Էր…

Յաջորդը

«Հայրենիք Տեղափոխուիլ Որոշողները Պէտք Է Նկատի Ունենան, Որ Ուղին Դիւրին Չէ, Պայքարի Եւ Հետեւողական Ջանքի Կը Կարօտի» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Սեմ Սամուէլեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.