Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Պէտք Էր…

July 7, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալ ուրբաթ ներկայ գտնուեցայ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տարեվերջի հանդէսին:

Անձնապէս մեծ երախտիքով կ՛երթամ, որովհետեւ համոզուած եմ, որ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի ինքնուրոյն առաքելութեան առանցքը կը կազմէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը:

Համազգային «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի յարկին տակ սկսած, ապա նախկին Ռուբինեան վարժարան փոխադրուած, ապա «Լեւոն Շանթ» կեդրոն հաստատուած «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը իր իրերայաջորդ մարմիններով եւ անձնակազմով շնորհակալ գործ ունեցած է ո՛չ միայն մեր գաղութին, այլ նաեւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ:

Մատնանշեմ, որ երաժշտանոցը առաջին օրէն ունեցած է իր կրթական ծրագիրը` եօթնամեայ եւ տասնամեայ դրութեամբ եւ այն տպաւորութիւնը պէտք չէ կազմել, որ ծրագիրը նոր մշակուած է: Սակայն այս յօդուածիս գլխաւոր դրդապատճառը այն է, որ այդ երեկոյ 11 շրջանաւարտներէն 8-ը ջութակի աշակերտներ էին: Բոլորս ալ գիտենք, որ վերջին տարիներուն այդ աշակերտները որո՛ւ շունչով ու շուքով մեծցան եւ կատարելագործեցին իրենց գիտելիքները, ուստի կ՛արժէր անոր մասին յիշատակում մը կատարել: Այսինքն Աշոտ ու Արմէն Ճենտերեճեաններուն անունը հանդէսին սկիզբէն մինչեւ վերջ ո՛չ մէկ անգամ հնչեց` ո՛չ յարգանքի յոտնկայս յիշատակում, ոչ ալ հանգամանաւոր խօսքերուն մէջ նշում, ինչ որ պատշաճ չէ: Նուազագոյնը պէտք էր սերունդը Աշոտ Ճենտերեճեան սերունդ կոչուէր, Արմէն Ճենտերեճեանէն սրտի խօսք մը ուզուէր եւ այլն: Պէ՛տք էր…

Աւելի՛ն. հանդէսին պաշտօնական ներկայութեան բացակայութիւնն ալ նեղացուցիչ էր:

Ո՛չ Համազգայինի պատասխանատուներ,  ո՛չ վարժարաններու,  թերթերու եւ ձայնասփիւռի  կայանի տնօրէնները, ո՛չ ալ նախկին շրջանային կամ խնամակալ մարմինները եւ մանաւանդ ո՛չ ալ ուսուցչակազմը ներկայ էին:

Այս բոլորը ցոյց կու տան երկու բան. կա՛մ այս կառոյցին հանդէպ հաւատքը եւ լրջութիւնը կը բացակային, կա՛մ ալ մենք տարիներով չենք կրցած այս կառոյցին հետ կապը պահել:

Պէ՛տք էր:

Այս բոլորէն անդին կայ այն իրողութիւնը, որ ընդհանրապէս միութենական աշխատանքները եւ աշխատողները սկսած են պակսիլ: Մասնաւորապէս մշակութային մարզին  մէջ աւելի նօսրացած է կամաւորներուն թիւը: Ուրեմն պէտք է առաւելագոյն չափով ուժերը միաւորել, որպէսզի աւելի հաստատ ու կայուն աշխատանքներ եւ ձեռքբերումներ ունենանք: Աւելի բծախնդրութեամբ եւ ամբողջական կերպով հանդէսներ կազմակերպենք:

Պէ՛տք էր:

 

 

Նախորդը

«Այֆոն» 10 Տարեկան. Ինչպէ՞ս Փոխեց Աշխարհը

Յաջորդը

Հրաշք (Արցախեան Քառօրեայ Պատերազմի Մասին)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.