
Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
«Շիրակ» վաճառատան հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Շիրակ»-ի սեփականատէր Խաժակ Գալուստեանին հետ:
«Շիրակ»-ի հիմնադրութեան մասին խօսելով` Խ. Գալուստեան յայտնեց, որ այդ հաստատութիւնը հիմնած է իր հայրը` Խաչիկ Գալուստեանը, 1957-ին:
«Հայրս յիսունական թուականներուն Հալէպէն եկած է Լիբանան, ուր տքնաջան աշխատանքէ ետք կրցած է դառնալ վաճառատան սեփականատէրը:
Ան եղած է բարերար, ինչպէս նաեւ ունեցած ազգային բեղուն գործունէութիւն, մնայուն կապի մէջ ըլլալով օրուան ղեկավարութեան հետ:
Ընտանեկան մեր արմատները կու գան Սասունէն եւ կը նկատուինք Գէորգ Չաւուշի շառաւիղները: Այդ պատճառով ալ մեր վաճառատան մէջ պատէն կախուած Չաւուշի լուսանկարը մնայուն ներկայութիւն էր», կը պատմէ Խ. Գալուստեան:
1957-ին հիմնուած «Շիրակ»-ը երկու տարի եղած է «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի փողոցին վրայ, սակայն երկու տարի ետք ան փոխադրուած է իր ներկայ վայրը` «Արաքս» փողոցին անկիւնը: «Այս շէնքը թէ՛ մեր ծննդավայրն էր, թէ՛ աշխատատեղին: Իսկ 60-ականներուն «Շիրակ»-ը արդէն Պուրճ Համուտի ամէնէն մեծ վաճառատուներէն մէկն էր: Մեծ վաճառատուն ըլլալը նորութիւն էր, իսկ վաճառուած հագուստեղէնը բոլորին համար էր` կիներու, տղոց եւ երեխաներու, ինչպէս նաեւ` ներքնազգեստներու բաժին մը: Հօրս աշխատանքի նշանաբանն էր` որակաւոր արտադրութիւնը մատչելի գիներով վաճառել, եւ ան կը հաւատար ծանուցումի հսկայ ուժին:
Այս պատճառով ալ հայրս պատկերասփիւռի պետական կայանէն` «Թելէ Լիպան»-էն արդէն իսկ «Շիրակ»-ի յատուկ ծանուցումներ սփռել կու տար: Պատկերասփիւռի կողքին, կային նաեւ ձայնասփիւռի կայանները, ինչպէս նաեւ` շարժապատկերի սրահները: Ամբողջ պատերազմի ընթացքին ռատիոկայաններէն սփռուող լուրերէն առաջ եւ վերջ անպայման «Շիրակ»-ի ծանուցումը կը սփռուէր, եւ մարդիկ անդադար կը լսէին հետեւեալը. «Շիրակ» Պըրժ Համմուտ, շարեհ Արաքս»: Նկատի ունենալով, որ անցեալին ծանուցումները հազուադէպ էին, եւ «Շիրակ»-ի մասին ծանուցումները մնայուն կերպով կը հնչէին, հետեւաբար Լիբանանի հիւսիսէն հարաւ «Շիրակ» հաստատութեան մասին բոլորը գիտէին: Համեմատաբար մեծ վաճառատուն մը ըլլալուն պատճառով տօնական օրերուն եւ զեղչ-վաճառքի շրջանին` ամիսներ շարունակ հարիւրաւոր յաճախորդներ կ՛այցելէին մեր վաճառատունը` իրենց գնումները կատարելու համար: Մանկութեան յուշերուս մէջ արձանագրուած են, թէ ինչպէ՛ս անոնք 20-30 հոգինոց խմբակներով մուտք կը գործէին վաճառատուն, մինչ մնացեալ յաճախորդները դուրսը հերթի կը սպասէին, եւ ապա իւրաքանչիւրը իր գնումները կատարած` ուրախ եւ գոհունակ կը մեկնէր մեր վաճառատունէն», ըսաւ ան:
Խաժակ Գալուստեան յայտնեց նաեւ, որ «Արաքս» փողոցը ճանչցուած է նաեւ «Շիրակ»-ի ծանուցումներուն շնորհիւ, նկատի ունենալով, որ ծանուցումին մէջ միշտ կը նշուէր վաճառատան հասցէն: «Հետեւաբար «Շիրակ»-ի այցելուները իրենց գնումները կը կատարէին նաեւ «Արաքս» փողոցէն»:
Խ. Գալուստեան յայտնեց նաեւ, որ 1965-ին, դարձեալ իր հօր նախաձեռնութեամբ, Փարիզի մէջ ստեղծուած է «Շիրակ»-ի շպարի արտադրութեան բաժանմունք մը: «Շիրակ»-ը արտադրած է ֆրանսական բարձրորակ «Շիրակ» եւ «Անի» վաճառանիշով շրթներկ, մանիւքիւր եւ այլ արտադրութիւններ, որոնք երկու տասնամեակ շարունակ դարձած են շուկային կողմէ փնտռուած արտադրութիւն», ըսաւ ան:
«Շիրակ»-ի այլ աշխատանքներուն մասին խօսելով Խ. Գալուստեանը նշեց, որ իրենք նաեւ զբաղած են թի-շըրթներու, սուեթշըրթներու եւ քոլաններու վրայ նախշեր տպելու աշխատանքով: Օրին Գերմանիայէն եւ Անգլիայէն բերած են նախշազարդ այդ թուղթերն ու զանոնք տպելու մեքենաները ու` տարիներ աշխատած: «Այս աշխատանքը բաւական մեծ էր, որովհետեւ` Մեծաքանակ արտադրութիւն կը պատրաստէինք եւ տեղական շուկայէն բացի` կը գոհացնէինք Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի պահանջները: Արտածումի այս աշխատանքէն ետք, «Շիրակ»-ը սկսաւ ամբողջ Լիբանանին մեծաքանակ արտադրութիւն վաճառել: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թրիփոլիէն, Զահլէյէն, Սայտայէն եւ այլ շրջաններէ վաճառականներ կու գային եւ իրենց պահանջած քանակով արտադրութիւնը արդէն իսկ ստանձնած կ՛ըլլային մինչեւ առաւօտեան շուրջ ժամը 9:00, երբ փոքրաքանակ վաճառքը կը սկսէր», հաստատեց ան:

Խ. Գալուստեան աւելցուց նաեւ, որ օրին այսքան առատ եւ բազմազան հագուստեղէն վաճառող խանութներ չկային: «Պուրճ Համուտի մէջ, տակաւին, մենք ունէինք կարի, թրիքոյի եւ տպագրութեան յատուկ գործարաններ», ըսաւ ան:
Ընտանեկան այս գործը ես ստանձնեցի 1990-ին, երբ Պուրճ Համուտը քարուքանդ վիճակի մէջ էր: Ֆրանսայէն նոր վերադարձած էի եւ այդ վիճակը տեսնելէ ետք առաջին որոշումս եղաւ վերանորոգել «Շիրակ»-ը, որ աւանդ մըն էր եւ անոր ընդմէջէն վերականգնելու կամք եւ յոյս ներշնչել շրջանին:
«Շիրակ»-ը վերանորոգելէ ետք, ես ալ իմ կարգիս կարի գործարաններ բացի եւ սկսայ աշխատիլ:
«Մեր արտադրութիւններուն մեծ մասը, մինչեւ որոշ թուական` 1999, մենք կարած ենք, իսկ որոշ մաս մը ներածած Եւրոպայէն, ինչպէս` Ֆրանսա, Իտալիա եւ Անգլիա: Ճիշդ է, որ ներածուած արտադրութիւնը մատչելի գինով կը վաճառուէր, սակայն չէր դադրեր որակաւոր ըլլալէ եւ նորաձեւութեան չափանիշները ամբողջացնելէ: Լիբանանի մէջ իմ աշխատանքս տեւեց մինչեւ 1999-2000: 2000-ի սկիզբը արդէն սուրիական, չինական եւ թրքական արտադրութիւնները ողողեցին լիբանանեան շուկան, սակայն մենք մնացինք տեղական արտադրութեան մեր քաղաքականութեան վրայ` կարելով մեր գործարաններուն մէջ եւ երբեմն նաեւ` աշխատանք հայթայթելով կարի այլ գործարաններու: Սակայն մրցակցութիւնը հասաւ տեղ մը, որ այլեւս կարելի չէր պայքարիլ:
Խաժակ Գալուստեան նշեց, որ 2001-ին ինք որոշած է երթալ Չինաստան եւ իր կարգին չինական արտադրութիւն ներածել: «Հոն է, որ փաստեցի, թէ մենք բաւական ուշացած էինք այս գործին մէջ: Այդ իրականութեան լոյսին տակ որոշեցի Չինաստան գրասենեակ մը հիմնել եւ շուրջ 14 տարի «Շիրակ»-ը վարձու տուի», ըսաւ ան:
Խ. Գալուստեան աւելցուց, որ Չինաստանի իր գրասենեակին ընդմէջէն եւ հիմնուելով հագուստեղէնի արտադրութեան ճարտարարուեստին մէջ իր փորձառութեան վրայ` կրցած է ամբողջ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրութիւն վաճառել:
«Չինաստանի մէջ ապրեցայ տասնամեակ մը: Ներկայիս իմ գրասենեակս տակաւին կը գործէ հոն, սակայն իմ նպատակս է մնացեալ կեանքս ապրիլ Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ: Երկու շաբաթ առաջ դարձեալ ստանձնեցի «Շիրակ»-ի տնօրինութիւնը եւ հպարտ եմ յայտարարելու, որ «Շիրակ»-ը պիտի ընդարձակուի 2000 քառ. մեթր տարածութեան վրայ ու պիտի վերածուի տաղաւար-խանութներու (տիփարթմընթ սթոր), ուր ոչ միայն հագուստեղէն կարելի է գտնել, այլ` տնային պիտոյք, զարդեղէն, կօշիկ, պայուսակ եւ այն բոլորը, ի՛նչ որ մէկուն միտքէն կ՛անցնի:
Այս ծրագիրին պիտի յաջորդէ Հայաստանի մէջ հիմնելիք աշխատանքս: Թէեւ Հայաստանի մէջ փորձած եմ գրեթէ տասը անգամ մեծ աշխատանքներու ձեռնարկել եւ ձախողած եմ, սակայն նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար եւ կը շարունակեմ աշխատիլ` հոն գործ մը հաստատելու ուղղութեամբ: Կ՛ուզեմ տարուան կէսը Պէյրութ եւ միւս կէսը Հայաստան ապրիլ, հետեւաբար աշխատանքս պիտի ըլլայ հոն, ուր որ ես եմ: Շատ մեծ առիթ կը տեսնեմ Հայաստանի մէջ գործ հիմնելու: Հայաստանը կը նկատեմ մեծ դարպաս մը` հասնելու ռուսական, իրանական եւ եւրասիական երկիրներու շուկաները», յայտնեց ան:
«15 սեպտեմբերը հօրս ծննդեան թուականն է, եթէ ան ողջ ըլլար, ապա պիտի նշէինք անոր 90-ամեակը, սակայն հիմա, որ ան առյաւէտ բաժնուած է մեզմէ, մենք կը նշենք «Շիրակ»-ի հիմնադրութեան 60-ամեակը` հաստատելով, որ պիտի վերադառնանք մեր հօր քաղաքականութեան եւ աշխատանքի ուղեգիծին, այսինքն` վերադառնալ ծանուցումի արշաւին, որ բնականաբար պիտի պատշաճեցուի այս դարու միջոցներուն, յատկպէս` ընկերային ցանցին, ինչպէս նաեւ` Պուրճ Համուտը եւ «Արաքս» փողոցը վերակենդանացնելու առաքելութեան: Մենք կ՛ուզենք ընդգծել, որ թէեւ մոլեր կան, սակայն Պուրճ Համուտի շուկան կը մնայ տեսակաւոր արտադրութիւն եւ նորաձեւութիւն պարունակող, լաւագոյն որակը պահող եւ մատչելի սակեր ունեցող յարմարագոյն շուկան», եզրափակեց Խ. Գալուստեանը:
«Շիրակ»-ի Վերաբացման
Յատուկ Հանդիսութենէն Պահեր





