ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք, հայ ժողովուրդը, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, հաւատարիմ մնաց հանրապետութեան ժողովրդավարական հիմքերուն, անոնց սիրոյն պայքարեցաւ ու արիւն թափեց (Փետրուարեան ապստամբութիւն) հայրենիքի մէջ, իսկ սփիւռքի մէջ միշտ ալ եղաւ ազատ ու ժողովրդավարական սկզբունքները ամրապնդող հաւաքականութիւն եւ պայքարողը` ընդդէմ արտերկրի մէջ Խորհրդային Միութեան դրօշակիրներուն: Եօթը տասնամեակի մաքառումներէ ետք հայոց պատմութեան էջերը արձանագրեցին 21 սեպտեմբերը` իբրեւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տօն:
Շնորհիւ հայ ազգի ազատասիրութեան ու հայրենասիրութեան, ինչպէս նաեւ` անոր պայքարի ոգիին, հայը իր ազատ կամքով տապալեց ամբողջատիրական եւ միակուսակցական համակարգը, ուր անարգուած էին մարդկային բնական ազատութիւնները (խօսքի, հաւաքի եւ կրօնի) եւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին այդ համակարգին փոխարէն` կերտեց ազատութիւններու ու իրաւունքներու հիման վրայ ստեղծուած ժողովրդավարական համակարգ:
Ինչպէս Արեւելեան Եւրոպայի նախկին համայնավար բոլոր պետութիւնները` Հայաստանն ալ իր անկախութեան վերականգնումէն ետք բացայայտօրէն տուժեց յետհամայնավարութեան ժամանակաշրջանի քաղաքականութիւններէն: Ինչպէս Խորհրդային Միութեան համայնավար վարչակարգի օրերուն արտադրութեան բոլոր միջոցներրը ենթարկուեցան պետականացման, նոյնպէս ալ անկախութենէն ետք նոր-ազատականութեան բոլոր դրօշակիրները (որոնց շարքին` նաեւ ՀՀՇ-ն), առանց հաշուի առնելու տեղական ընկերային ու տնտեսական պայմանները, սեփականաշնորհման ենթարկեցին արտադրութեան միջոցները` միլիոնաւոր մարդիկ ձգելով անտուն, անօթի, անգործ եւ աղքատ վիճակի մէջ:
Նոր-ազատական համակարգին կատարած փոփոխութիւնը եղաւ համայնավար կուսակցութիւններուն փոխարինումը պահպանողական կուսակցութիւններով, որոնք կը հակասէին համայնավարներուն` հաւատալով ազատ շուկայական տնտեսութեան, ուր պետութիւնը ընելիք չունի` հանրութեան ծառայութիւններ մատուցելու առումով, կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը ձգելով շուկային մէջ մրցակցութեան հասկացողութեան: Բոլոր նախկին համայնավարները, որոնք պետութեան կողմէ նշանակուած էին իբրեւ պետական ձեռնարկութիւններու տնօրէններ կամ այլ հաստատութիւններու մէջ կարեւոր դիրքեր ունեցողներ, շուտով հեռացան Համայնավար կուսակցութենէն եւ մուտք գործեցին նորաստեղծ պահպանողական կուսակցութիւններուն մէջ` նպատակ ունենալով պահպանել իրենց անձնական եկամուտներն ու քաղաքական բարձր դիրքերը: Այս եղաւ յետհամայնավարական քաղաքականութիւն որդեգրած նախկին Խորհրդային Միութեան գրեթէ բոլոր պետութիւններուն պարագան (բացի` Էսթոնիայէն, Լաթվիայէն ու Լիթուանիայէն, որոնք իրենց բոլոր տնտեսական կապերը խզեցին Ռուսիոյ հետ եւ միացան եւրոպական տնտեսական ընտանիքին): Այդ մարդոց պաշտօնը զարգացաւ` տնօրէնութենէն դէպի մենաշնորհներու սեփականատիրութիւն:
Պահպանողական կուսակցութիւնները օգտագործելով հակահամայնավար յեղափոխութիւններուն «մարդու իրաւունքներ», «ժողովրդավարութիւն» եւ «ազատութիւն» կարգախօսները` պայքար մղեցին իրենց կեցուածքին հակադրուող ուժերուն դէմ: Օրինակ, ինչո՞վ կը տարբերէր ՀՀՇ-ի հակադաշնակցական քաղաքականութիւնը ստալինեան բռնաճնշումներէն:
Այսօր, յետխորհրդային ժողովրդավարական համակարգը, որ ծնունդ առաւ հազարաւոր հայորդիներու մղած ծաւալուն պայքարին շնորհիւ, կը սրբապղծուի սակաւապետութեան կողմէ: Սակաւապետութիւնը (օլիգարխիան), որ իր թաթը դրած է Հայաստանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն վրայ, իր բոլոր ուժերը ի գործ կը դնէ խեղդելու հասարակ ժողովուրդին ձայնը` ընտրակաշառքի եւ շուկայի մենաշնորհներուն միջոցով: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ համակարգի անցումը դէպի համամասնական ներկայացուցչական եւ խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն` առաջին քայլն է ցնցելու յետխորհրդային սթաթիւս քուոն եւ ապագայի ճամբան ապահովելու դէպի զուտ ժողովրդավարական համակարգ: Անշուշտ այսօրուան քաղաքական ժողովրդավարական համակարգը զուգահեռաբար կ՛ազդուի ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ գոյութիւն ունեցող ժողովրդավարութեան մակարդակէն: Ըստ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրին, «Ան (ժողովրդավարութիւնը) կ’ապահովէ ժողովուրդի կամքին անկաշկանդ արտայայտութիւնը եւ հաստատութենական ու ներկայացուցչական հիմունքով ժողովուրդին ամբողջական ու լիարժէք մասնակցութիւնը` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու մշակութային կեանքին, այդպէսով արդիւնաւէտ հիմերու վրայ դնելով ժողովուրդի եւ պետութեան փոխյարաբերութիւնը»: Ուստի, որպէսզի Հայաստանի մէջ զարգանայ ժողովրդավարութեան մշակոյթը, անհրաժեշտ է նաեւ ընկերային եւ տնտեսական ժողովրդավարացումը:
Իւրաքանչիւր հայ աշխատաւորի երազն է, որ իր աշխատավայրին մէջ յարգուած ըլլան իր իրաւունքները` արժանապատիւ վարձատրութեամբ, աշխատատեղիի անվտանգութեամբ եւ արհեստակցական միութեան անդամակցութեամբ: Բոլոր հայ գիւղացիներուն երազն է, որ հողերը հաւասարապէս բաժնուին բոլորին: Իւրաքանչիւր հայ կնոջ երազն է, որ վերացուին ամէն տեսակի սեռային խտրականութիւններն ու անհաւասարութիւնները: Իւրաքանչիւր հայու երազն է, որ բնակարան ունենայ իր հայրենի հողին վրայ: Ահա՛ ընկերային եւ տնտեսական ժողովրդավարացումը, որ յառաջ պիտի տանի ժողովրդավարութեան ընդլայնումի հոլովոյթը, եւ 21 սեպտեմբերի ընդմէջէն հայ ազգին ուղղուած պատգամը պիտի իրականանայ լիիրաւ եւ ամբողջական ժողովրդավարական հայրենիքի մը կերտումով:


