Յօդուածներ

Օրերուն Հետ.  Ազգային Ընդհանուր Ժողովին Առիթով

Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակ. Ներածական. (Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Սկսաւ Ղարաբաղեան Շարժումը)

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ    Ղարաբաղը իր պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ եւ բնակչութեամբ միշտ ալ Հայաստանի անբաժան մասը կազմած է: Պատմական դէպքեր ու աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական նպատակներ այնպիսի իրադարձութիւններ ստեղծած են, որ անիկա այսօր վիճելի տարածք  դառնայ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ` վերջնոյն ծաւալապաշտական քաղաքականութեան պատճառով: Խորհրդային Միութիւնը, ինչպէս նաեւ զինք նախորդող Ռուսիոյ ցարական կայսրութիւնը եղած են բազմազգ պետութիւն, որ բռնութեամբ եւ խստագոյն միջոցներով իրենց ենթարկած...

Օտար Պլոկըրներու Տպաւորութիւնները Արցախի Մասին

Օտար Պլոկըրներու Տպաւորութիւնները Արցախի Մասին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու անհեթեթութիւնները ամէն ասպարէզի մէջ պումըրանկի նման կը վերադառնան եւ կը հարուածեն զիրենք: Քաղաքական, զինուորական, մշակութային, մարզական, տնտեսական ասպարէզներու շարքին  նոյնպէս յայտնուած են զբօսաշրջայինն ու ատոր կապուած  օտար պլոկըրներու պարագան, որուն միայն երկու օրինակները բաւարար են` պատկերացում մը կազմելու ազրպէյճանական ջղագարութեան մասին:  Ն. ------------------------------------ Լափշին. Պաքուի Ջղագարութիւնները  Ծանուցում Եղան Արցախի Մասին Ժապաւէնին Համար Պաքուի ջղագարութիւնները հրաշալի...

Նոր Գիրքերու Հետ.  Ցեղասպանութենէ Վերապրողներու Ոդիսականը Պատմող Ու Փաստագրող Հատոր Մը

Նոր Գիրքերու Հետ. Ցեղասպանութենէ Վերապրողներու Ոդիսականը Պատմող Ու Փաստագրող Հատոր Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եթէ գիտնականի մը հարց տաք, թէ կրակ յառաջացնելու համար ի՞նչ նախապայմաններ անհրաժեշտ են, ան պիտի բացատրէ, որ պէտք ունիք հրկիզուելու ատակ նիւթի մը, որոշ աստիճանի ջերմութեան ստեղծման (օրինակ` փայտի կտորներ իրարու շփելու, կայծքարեր իրարու զարնելու կամ խոշորացոյցով մը արեւու ճառագայթներուն որոշ կէտի մը վրայ կեդրոնացման), թթուածինի եւ քիչ մըն ալ օդի հոսանքի: Գիտնականին այդ բացատրականը փոխ առնելով` կրնանք...

Մինչեւ Ե՞րբ

Արձագանգ. Աննախընթաց Երեւոյթ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Հայաստանի դեսպանատան պատասխանատուներէն իմացայ, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին համար Լիբանանէն Հայաստանի պետական համալսարաններուն մէջ արձանագրուած են 78 ուսանողներ: Հայաստանի անկախութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով է, որ Լիբանանէն այսքան մեծ թիւով ուսանողներ արձանագրուած են: Ողջունելի եւ աննախընթաց երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ, պէտք է մատնանշել կրթական մարզի մէջ վերջին տարիներուն բազմաբնոյթ այցելութիւնները, լսարանները, հանդիպումները եւ համաձայնագիրները, որոնք իրենց արդիւնքը սկսած...

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը` ԸԵՄՄ Համաշխարհային Համագումարին

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը` ԸԵՄՄ Համաշխարհային Համագումարին

2018 թուականի փետրուար 15-18 Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ, Մոնթենեկրոյի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան հիւրընկալմամբ, կայացաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) Համաշխարհային համագումարը: Բացմանը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` ԸԵՄՄ գլխաւոր քարտուղար Ալեսանտրօ Պիրիսին, Մոնթենեկրոյի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Միլօ Տիւկանովիչը, ԸԵՄՄ տարածաշրջանային փոխնախագահները եւ այլք: Համագումարին մասնակցեցան աւելի քան 230 ներկայացուցիչներ` ԸԵՄՄ անդամ 115 կազմակերպութիւններէն: ՀՅԴ Երիտասարդականը համագումարին մասնակցեցաւ հինգ ներկայացուցիչով` Կարապետ...

Խմբագրական.  Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ  Սահմանադրական Դատարանի Ամրագրումները  Առանցք` Մշակելի Փաստաթուղթին (Դ. Վերջ)

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ Սահմանադրական Դատարանի Ամրագրումները Առանցք` Մշակելի Փաստաթուղթին (Դ. Վերջ)

Ցիւրիխեան ստորագրութիւնները, ըստ ընթացակարգի պէտք է հաստատուէին իրենց սահմանադրականութեամբ  Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանին կողմէ: 2010-ի սկիզբը Սահմանադրական դատարանը հաստատեց, որ արձանագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, սակայն աւելցուց, որ արձանագրութիւններու կէտերը չեն կրնար վերաբերիլ Հայոց ցեղասպանութեան հաւաստիութեան եւ արցախեան հակամարտութեան ու անոր լուծման: Այս եզրակացութիւնը բնականաբար Անգարան պիտի շահարկէր եւ յայտարարէր, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումը  կը հակասէր արձանագրութիւններու ոգիին...

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

30-ամեակ Արցախեան Պայքարի Շղթայազերծման . Արձագանգ Կայ, Արձագա՛նգ Ալ Կայ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այս օրերուն, երբ կը նշենք Արցախեան շարժումի շղթայազերծման 30-րդ տարեդարձը, հաւանաբար յաճախ պիտի լսենք ու մեր ինքնավստահութիւնը հաստատելու համար պիտի կրկնենք, որ սեւակեան արտայայտութեամբ` Աւարայրէն ջանք ընող եւ պահ մը Սարդարապատի մէջ կանգ առնող մեր քաջերը տասնամեակներ ետք նոյն երթն է որ վերսկսան Արցախի բարձունքներուն ու կը շարունակեն մինչեւ այսօր: Այս իրողութիւնը կրնանք բացատրել նաեւ Վարուժանի «Ցեղին Ձայնը»...

Լոյսի Ու Գիտութեան Առաքեալ Վարսենիկ Մկրտիչեանի Յիշատակին

Լոյսի Ու Գիտութեան Առաքեալ Վարսենիկ Մկրտիչեանի Յիշատակին

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Մեր տուները դէմ-դիմաց էին: Դպրոց երթալու եւ վերադառնալու համար նոյն ճամբան կ՛օգտագործէինք, բայց զարմանալիօրէն բնաւ իրարու չէինք հանդիպեր, որովհետեւ առտու ինձմէ առաջ հասած կ՛ըլլար, իսկ կէսօրին մենք` թաղի աշակերտներս, տուն կը հասնէինք, երբ ինք նոր դպրոցէն դուրս կ՛ելլէր: Մեր տան պատշգամէն ակնածանքով կը դիտէի անոր հաստատ ու հանդարտ քայլերը դէպի իր տուն` ձեռքին հայերէն դասագիրքեր: Հայոց լեզուի եւ...

Մեր Պատմութեան Հիւսուածքը

Մեր Պատմութեան Հիւսուածքը

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ Տօնածառին լոյսերը կը վառին ու կը մարին: Կը նայիմ անոնց` անփոյթ եւ անգործ: Ի՜նչ լաւ է այս զգացումը, կը խորհիմ: Տաքուկ, հանգիստ եւ անհոգ, տունը նստած` տօնածառը կը դիտեմ: - «Ո՜հ, մեր կրակարանն ալ եթէ ըլլար», դժգոհանքի աղբիւրն է խօսողը: Գոհունակութեան աղբիւրը կը փութայ պատասխանելու. «Աշխարհի վրայ գիտե՞ս քանի մարդ կայ, որ անտուն է, ամէնէն պարզ իրաւունքներէն զրկուած...

Հպանցիկ Մտորումներ Գրականութեան Ու Զահրատի Մասին

Հայ Լեզուն. Աշակերտներուս

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ      «Իր մայր լեզուից ձեռք քաշողը Վերջն էլ կը տայ իր մայր հողը»: Յովհ. Շիրազ Աստուածատուր գանձ մըն է մեր հայ լեզուն, Որուն կառչած տոկացինք մենք դարերով, Ցեղասպանի ոճիրներուն դիմացանք, Հայու կամքով դարձեալ ոտքի կանգնեցանք: Մեր հայ լեզուն ուղեցոյցն է մեր կեանքին, Մեսրոպ Մաշտոց գիրեր ստեղծեց, որ ապրի, Զէնք ան դարձուց մեր մայրենին ոսկետառ, Որ սերունդներ իրմով զինուած...

Միջեկեղեցական Կարեւոր Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Միջեկեղեցական Կարեւոր Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հինգշաբթի, 15 փետրուարէն շաբաթ, 17 փետրուար 2018 Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիպում Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Յիշեալ եկեղեցւոյ կողմէ կը մասնակցէին դոկտ. Հարըլտ Ռէյն եպիսկոպոսը, որ եպիսկոպոսն է Զուիցերիոյ Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու միաժամանակ ընդհանուր պատասխանատուն` նոյն եկեղեցւոյ պատկանող Պեռնի (Զուիցերիա) համալսարանի աստուածաբանական բաժնին,...

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու.  Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Ե.)

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Ե.)

Հայրենազուրկ կամ հողազուրկ բառերը, արեւմտահայերէնի իբրեւ ածական տրուած, մասնաւոր բացատրութեան կը կարօտին: Արեւմտահայաստանը` իբրեւ հայ աշխարհ, գոյութիւն ունէր արեւմտահայութեամբ հանդերձ, սակայն լեզուն Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ իր hիմնական զարգացումը ապրեցաւ, այսինքն` դուրսը, հողազուրկ, եթէ կ’ուզէք: Սա լեզուն մեր հասկցած իմաստով հայրենիք չունեցաւ, ձեւով մը: Լեզուները անհայրենիք ալ կրնան որոշ չափով մը զարգանալ: Նոյնիսկ կրնան իրենց ուսումնասիրութեան կեդրոնները ունենալ: Ամէն ինչ...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850-1980

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ «Հայ բուժ»-ի յօդուածս գրելէն ետք պարտականութիւն սեպեցի ուսումնասիրութիւն մը կատարել հայ բժշկական ժողովրդային պարբերականներու եւ գիրքերու մասին, որոնք հրատարակուած են Հայաստանէն դուրս` 1850-1980 ժամանակաշրջանին, այլ խօսքով` 130 տարիներու ընթացքին: Ուսումնասիրութենէս ի յայտ եկաւ, որ հայկական սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին շատ մեծ աշխատանք տարուած է հայ բժիշկներու, բժշկական մարմիններու եւ հայ մամուլով հետաքրքրուող անհատներու կողմէ` հրատարակելու...

Երկու Հայկական Պետութիւններու Մշակոյթի Նախարարութիւններու Միջեւ Ստորագրուած Է Փոխըմբռնման Յուշագիր

Երկու Հայկական Պետութիւններու Մշակոյթի Նախարարութիւններու Միջեւ Ստորագրուած Է Փոխըմբռնման Յուշագիր

Փետրուար 3-ին  Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի` Արցախ կատարած այցի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան միջեւ ստորագրուեցաւ  պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին  փոխըմբռնման յուշագիր: Յուշագիրը կարեւոր կը նկատէ մասնագիտական փորձի փոխանակումը եւ մեթոտական օժանդակութիւնը, համագործակցութիւնը` պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական հաշուառման, պահպանութեան, ուսումնասիրման ոլորտներուն մէջ, Արցախի Հանրապետութեան...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Լուսնոտութիւն» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Լուսնոտութիւն» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լուսնոտութիւն» (Epilepsy) նիւթով դասախօսութիւնը, որ ներկայացուց տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանը: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ներկայացուց օրուան դասախօսութեան նիւթը եւ ըսաւ, որ «Լուսնոտութիւն»-ը նեարդային համակարգի քրոնիք...

Խմբագրական.  Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման  Ընդառաջ Նոր Պայմաններ, Նոր Փաստաթուղթ (Գ.)

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ Նոր Պայմաններ, Նոր Փաստաթուղթ (Գ.)

«Արձանագրութիւնները բանակցուել էին` ելնելով եղած պայմաններից: Եթէ Թուրքիան ցանկանում է սպասել այլ պայմանների, ապա վաւերացնել արձանագրութիւնները, նա չարաչար սխալւում է: Նոր պայմաններում պէտք է բանակցուի նոր փաստաթուղթ: Հայաստանը նախապայմանների լեզուով չի խօսում, բայց չի էլ ընդունի որեւէ մէկի կողմից նախապայմանների առաջադրումը»: Այս բաժինի վերջաբանը բազմիմաստ է: Պայմանները, որոնց մէջ ստորագրուած էին արձանագրութիւնները, փոխուած են: Եթէ մնանք ելոյթի բովանդակութեան սահմաններուն մէջ,...

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Առիթով Հրատարակուած «Ազդակ» – «Ապառաժ» Միացեալ Թիւին Բովանդակութիւնը

Հարիւր Տարի Մոռացութեան Մատնուած Ողբերգութիւն

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Բերանն արնոտ Մարդակերը էն անբան Հազար դարում հազիւ դառաւ Մարդասպան. Ձեռքերն արնոտ գնում է նա դեռ կամկար, Ու հեռու է մինչեւ Մարդը իր ճամբան: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Պատմութեան փոշին շատ յաճախ սքողում է իրողութիւններ, որոնց նշանակութիւնը, անշուշտ, էական է` յետադարձ հայեացքով դրանք իրենց ողջ մերկութեամբ տեսնելու, գնահատելու եւ, բնականաբար, այդ ամէնից ուսանելի դասեր քաղելու համար: Բարեբախտաբար, պատմութեան...

«Արեւմտահայերէնը Լեզուական Գանձ Է, Պէտք Է Պահպանենք Ու Փայփայենք Զայն»  «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վիքթոր Կատվալեան

«Արեւմտահայերէնը Լեզուական Գանձ Է, Պէտք Է Պահպանենք Ու Փայփայենք Զայն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վիքթոր Կատվալեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ «ԱԶԴԱԿ».- Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման խնդիրները ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք: ՎԻՔԹՈՐ ԿԱՏՎԱԼԵԱՆ.- Երբեմն սխալ կը պատկերացուի այս հարցը: Շատեր կը կարծեն, որ մերձեցում ըսելով` նկատի ունինք երկու ճիւղերը խառնել իրար եւ ստանալ երրորդ ընդհանուր բան մը: Այդպէս չէ: Որեւէ լեզու կը դրսեւորուի տարբերակներով, ոչ մէկ լեզու միասնական է որեւէ տարածքի վրայ, ամէնէն փոքր տարածքի վրայ անգամ կան...

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի.  Աշխուժացնե՛լ Հանրային Կեանքը

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Ազգին Ու Հայրենիքին Նուիրուած Անօթը

Դաշնակցութեան հիմնադիրները ազգային տեսիլք, նպատակ ունեցող յանձնառու երիտասարդներ էին, որոնք ծրագրային ձեւակերպում տալէ ետք զիրենք զսպանակող ազգային-ընկերային գաղափարներուն, հետզհետէ բիւրեղացուցին կազմակերպական կառոյց մը, որ պէտք էր գոհացում տար գործնական պահանջներուն, կազմակերպութիւնը դարձնէր ուժական, նախաձեռնող եւ միջավայրին յարմարող, ժողովուրդի բազկերակին ականջալուր: Եթէ 127 եւ աւելի տարի ետք քաղաքականապէս կենսունակ կը մնայ Դաշնակցութիւնը, մեծ մասամբ գաղափարական կեդրոնացուածութեան եւ կազմակերպական ապակեդրոնացուածութեան կը պարտի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին Ծննդեան Օրը Ներկայացուեցաւ Անոր Հեքիաթներու Ժողովածուն Մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 14-րդ տօնավաճառի շրջանակներուն մէջ փետրուար 19-ին, «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութիւնը «Խնկօ Ապոր» անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ փոքրիկներուն ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի «Հեքիաթներ» ժողովածուն: Գիրքին մէջ ընդգրկուած հեքիաթները լոյս տեսած են 1908-1912 թուականներուն, առանձին գրքոյկներով: Հրատարակչութենէն յայտնեցին, որ վերամշակուած տարբերակը հրատարակելով` իրենք պահպանած են բնագիրին լեզուն, ուղղագրութիւնը...

Page 723 of 1110 1 … 722 723 724 … 1,110

Արխիւներ