Յօդուածներ

Վարդանանցի, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նշում Այնճարի Մէջ

Վարդանանցի, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Պահանջատիրութեան Նշում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, ուրբաթ 9 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանցի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան ժողովրդային տօնակատարութիւն: Բացման խօսք արտասանեց Առուակ Շաննաքեանը, որ ըսաւ. «Վարդանանց պատերազմի նաhատակներու արեան կանչը արձագանգեց, լսուեցաւ Սասուն, հասաւ Արագած` պոռթկալով վերաբնակուած ըմբոստ ժողովուրդի ընդմէջէն, որոնց վճռական բռունցքները միանալով Արցախի մէջ` ետ քշեցին ոսոխը բիրտ:...

Թրիփոլիի Ազգային Վարժարանի Ճաշկերոյթը

Թրիփոլիի Ազգային Վարժարանի Ճաշկերոյթը

Անգիր օրէնք, թէ գեղեցիկ սովորութիւն: Իւրաքանչիւր տարուան գարնանամուտի սեմին Թրիփոլիի Ազգ. Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնը կը կազմակերպէ տարեկան ձեռնարկ-ճաշկերոյթ մը: Թրիփոլիի Ազգ. վարժարանը` հիւսիսային Լիբանանի հայկական միակ կրթականը, ինչպէս որ ի մի կը խմբէ հայ թէ լիբանանցի աշակերտներ, նոյն ձեւով ալ ճաշկերոյթ-ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 11 փետրուար 2018-ի կէսօրին, համախմբած էր հիւսիսային Լիբանանի թէ՛ հայ եւ թէ՛ տեղացի անձնաւորութիւններ,...

Ես Ոչ Մէկ Տեղ Այդքան Ազատ Եւ Նոյն Ատեն Ապահով Զգացած Եմ, Որքան` Ղարաբաղի Մէջ. Ռուս Լրագրող

Ես Ոչ Մէկ Տեղ Այդքան Ազատ Եւ Նոյն Ատեն Ապահով Զգացած Եմ, Որքան` Ղարաբաղի Մէջ. Ռուս Լրագրող

Ռուսական «Ինթրըսթինկ Ուըրլտ» (Interesting World) լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիր Իկոր Շիրիայեւը Արցախի Հանրապետութիւն կատարած իր այցելութենէն ետք վստահ է, որ Լեռնային Ղարաբաղը աշխարհի այն եզակի վայրերէն է, որ իրակա՛ն է, կը հաղորդէ «Արցախփրէս»ը: «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ ան կը կիսէ իր այցելութեան տպաւորութիւնները: «Այցելելով աշխարհի շատ գեղեցիկ եւ տարաշխարհիկ վայրեր` Ղարաբաղը կը համարեմ այն հազուագիւտ վայրերէն մէկը, զոր ես իրական կ՛անուանեմ:...

Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական Պալատը Եւ Milestones Ընկերութիւնը Համաձայնած Են Համբաւի Ճեմուղին Սկսիլ Միջին Արեւելքի Մէջ

Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական Պալատը Եւ Milestones Ընկերութիւնը Համաձայնած Են Համբաւի Ճեմուղին Սկսիլ Միջին Արեւելքի Մէջ

Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը կը ստորագրէ արտօնութեան համաձայնագիր մը` Milestones ընկերութեան հետ Պէյրութ, Լիբանան (30 յունուար 2018) - Հոլիվուտի Առեւտրարդիւնաբերական պալատը եւ Milestones ընկերութիւնը ստորագրած են Համբաւի ճեմուղին (Walk of Fame) Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծելու համաձայնագիը: Հոլիվուտի Համբաւի ճեմուղին միջազգայնօրէն ճանչցուած հոլիվուտեան խորհրդանիշ է: Տարեկան մօտաւորապէս 24 աստղերու հանդիսութիւններ կը սփռուին աշխարհին մէջ, հանրութեան մատուցուող մշտական ամրապնդումը Համբաւի ճեմուղին դարձուցած է...

Խմբագրական.    «Անյաղթելի Մի Բուռ Աշխարհ» (Արցախի Շարժման 30-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. «Անյաղթելի Մի Բուռ Աշխարհ» (Արցախի Շարժման 30-ամեակին Առիթով)

Արցախեան շարժումի 30-ամեակի նշումը բազմաթիւ խորհուրդներ վերարժեւորելու առիթ է: Համախմբում, ինքնապաշտպանութիւն, բանակաշինութիւն, ազատագրում, պետականութիւն, հանրապետութիւն: Դար մը առաջ մայիսեան հերոսամարտերու եւ հանրապետութեան կերտումի պատմադրոշմ իրադարձութիւններէն ետք, արցախեան շարժումը մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն բախտորոշ շրջադարձն է, որ մեզ վերակերտեց իբրեւ ազգ եւ պետութիւն: Մեր արդի պետականութեան եւ անկախութեան վերականգնման ակունքներուն` կայացած երեւոյթ է արցախեան շարժումը, որ հայութեան մէկ կարեւոր հատուածը ցեղասպանութեան...

Խմբագրական.  Արձանագրութիւններու  Յետս Կոչման Ընդառաջ.  Սուր Զգայնութիւն Թէ՛ Հայրենիքի  Եւ Թէ՛ Սփիւռքի Մէջ (Բ.)

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ. Սուր Զգայնութիւն Թէ՛ Հայրենիքի Եւ Թէ՛ Սփիւռքի Մէջ (Բ.)

Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու մասին նախագահի ելոյթը կը շարունակուի արգելակման պատասխանատուութենէն Ազրպէյճանը դուրս բերելով եւ լրիւ Թուրքիոյ վրայ կեդրոնանալով: Աւելի ճիշդը, հակառակ Ազրպէյճանի պահանջին Թուրքիոյ կողմէ  քաղաքական կամքի բացակայութեան ընդգծումն է: «Արդեօ՞ք Ազրպէյճանն է խոչընդոտում Թուրքիային Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցում, ինչպէս մեզ շատերը փորձում են համոզել: Ո՛չ, հիմնական խոչընդոտը Թուրքիայի առաջնորդների քաղաքական կամքի բացակայութիւնն է: Կարծում եմ` պատկերացնում էք, որ հայկական...

«Նիուզ»ի Հարցազրոյցը Արցախի Պաշտպանութեան Նախարար Լեւոն Մնացականեանի Հետ

«Նիուզ»ի Հարցազրոյցը Արցախի Պաշտպանութեան Նախարար Լեւոն Մնացականեանի Հետ

«Հրադադարի Ռեժիմը Մինչ Օրս Պահպանւում Է Զէնքի Ուժի Շնորհիւ» Ստորեւ՝ Արցախի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, գեներալ-լէյտենանտ Լեւոն Մնացականեանի «Նիուզ»ի հետ ունեցած բացառիկ հարցազրոյցը: «ՆԻՈՒԶ».- Նախօրէին Արցախի եւ Ադրբեջանի ԶՈՒ շփման գծում ԵԱՀԿ հերթական դիտարկումն է կայացել: Դիտարկումն անցել է առանց միջադէպերի, սակայն դրա աւարտից կարճ ժամանակ անց ադրբեջանական կողմի կրակոցից Արցախի ԶՈՒ զինծառայող է զոհուել: Ընդհանուր առմամբ, ինչպէ՞ս էք...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Օձի Գլուխը Երբ Ցաւում Է

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Կենդանական աշխարհում թունաւոր սողունների տեսակին բնորոշ այս հիւանդութեան ախտանշանները հայ ժողովրդական իմաստութիւնն է մատնանշում` ասելով. «Օձի գլուխը երբ ցաւում է, ճամբի մէջտեղն է դուրս գալիս»: Իրականում  բոլոր ժամանակների մարդկային հանրութեանն ուղղուած այս առածի կարիքը նոր ժամանակներում, որպէս խրատ-յիշեցում, առաւելապէս Ազրպէյճանի` արեւմտեան մերձկասպիայի տարածքի այդ արհեստածին պետութեան, իշխանութիւններն ունեն, որոնք ահա նորից, այս էլ որերորդ անգամ, գլխացաւանքից...

Նամականի

Անդրադարձ. Արեւմտահայերէնը, Մայրենի Լեզուի Օրը Եւ Բառարանները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Միջազգային Մայրենի լեզուի օրը կը յիշատակենք 2000 թուականէն ի վեր` զօրակցելու եւ քաջալերելու համար բազմալեզուականութիւնը աշխարհի տարածքին, նաեւ` պաշտպանելու եւ պահպանելու բոլոր մայրենի լեզուները: Յիշատակութեան օր ընտրուած է փետրուար 21-ը` ճանչնալու համար 1952-ի «Պանկլատէշի պենկալերէն լեզուի շարժումը»-ը, ի յիշատակ այդ օր Տաքայի մէջ լեզուի ազատութեան համար շարժումին կատարած ցոյցին ընթացքին ինկած զոհերուն: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ 1999-ի նոյեմբերին տրուած որոշումը...

Խոհեր` Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով. Երբ Հայ Մայրը Իր Զաւակէն Կը Հեռացնէ Հայերէնը (21 Փետրուար)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Տարիները որքան մեզ հեռու պահեն մեր հայրենիքէն, այնքան արագ պիտի այլասերին հայ սերունդներ: Սա ճշմարտութիւն է, մարգարէական խօսք ըլլալէ առաջ: Սա ինքնաճանաչման եւ զգօնութեան հրաւէր է, մեղադրանք ըլլալէ առաջ: Սակայն ինչո՞ւ նմանատիպ յորդորներ մեզ կը հալածեն այսքան ատենէ, ինչո՞ւ կը տարուինք մեղադրանքներու տարափ իջեցնելով հայ իրականութեան գլխուն: Իրականութիւն, որ կոչուած է ըլլալ հայ սփիւռք(ներ), գաղթաշխարհ եւ օտարութիւն: Ու...

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ (Ե.) («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ (Ե.) («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով

Զրոյցը վարեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Լ. Շ.- Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին առիթով մը «ժողովրդային իմաստասիրութիւն» որակած էր ձեր «Յուշատետր»-երը: Շատ դիպուկ գտած եմ այս բնորոշումը: Պիտի յիշէք թերեւս, որ ե՛ս ալ, դեռ իմ պատանի օրերէն, զգացական զօրեղ կապ մը ունեցած եմ «Յուշատետր» սիւնակին հետ: 15 տարեկան դպրոցական մըն էի, երբ համարձակեցայ նամակ մը գրել ձեզի` խնդրելով, որ բաժանորդագրէք զիս «Մարմարա»-ին: Իմ այդ...

«Արուեստը Կեանք Է» Խորագրեալ Աշակերտական Ցուցահանդէս

«Արուեստը Կեանք Է» Խորագրեալ Աշակերտական Ցուցահանդէս

Նախագահութեամբ լիբանանահայ գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանի, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, շաբաթ, 17 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արուեստը կեանք է» խորագիրը կրող աշակերտական գործերու ցուցահանդէս: Սրահին մէջ ներկայացուած էին վարժարանի աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն, 5-21 տարեկան, արուեստի 90 պաստառները: Վարժարանի վարչական տնօրէն Արամ Գարատաղլեանը բարի գալուստի իր խօսքին մէջ...

«Երիտասարդութիւնը Ըսելիք Ու Ընելիք Ունի` Մեր Կեանքին Իր Մասնակցութեամբ, Եւ Այդ Մէկը Պէտք Է Կատարէ Պատասխանատուութեամբ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Երիտասարդութիւնը Ըսելիք Ու Ընելիք Ունի` Մեր Կեանքին Իր Մասնակցութեամբ, Եւ Այդ Մէկը Պէտք Է Կատարէ Պատասխանատուութեամբ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեամբ ու Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական պատարագ:   Երիտասարդներու հոծ բազմութեան ներկայութեան վեհափառը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Ողջունելէ ետք երիտասարդներուն ներկայութիւնը, ան  յայտնեց, որ այս հոգեպարար...

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու.  Բաց Զրոյց Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Դ.)

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Դ.)

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Ուրախ եմ, որ դպրոցը յիշեցիք: Ամէնէն էականը, ըստ իս, որ մատնանշեցիք: Երբ դպրոցը դադրի, գաղութին զարկերակը կը դադրի բաբախելէ, կարծեմ այդպէս ալ ըսած էր, առիթով մը, Շահան սրբազան, հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ուրախ եմ, որ սուրիահայ գաղութը բաց թողուց իր դպրոցները, կրցաւ զանոնք անքանդելիի առաջին սահմանէն ներս առնել: Յատուկ յուզումով եւ խանդավառութեամբ կը հրատարակենք մեր հայերէն պլոկին (hayerenblog.wordpress.com) վրայ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Փետրուար 18-ի ապստամբութեան վեհութիւնը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակի շեմին, 1921 Փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութիւնը յաւելեալ պայծառութեամբ եւ խորանարդուած իմաստով կը լուսագծէ մեր ժողովուրդի ազատատենչութեան ոգին ու կամքը։ Մայիսի 28-ն անկախութեան ձգտումի նուաճումն էր։ Փետրուար 18-ն նուաճուած անկախութեան վերադարձի մաքառումն էր։ Մեր ժողովուրդի պայքարի ոգին եւ ազգային հպարտութիւնը խորհրդանշող այս երկու թուականները էախառնուած են իրարու, շաղկապուած են միասին, անքակտելի են իրարմէ։ Երկուքն ալ ուղղուած...

Հայկական ազատամարտի վերջին դրուագը եւ անկախութեան սերունդը

Հայկական ազատամարտի վերջին դրուագը եւ անկախութեան սերունդը

Կարօ Սասունի «ԴՐՕՇԱԿ» – Մարտ 1926 Թիւ 3 (251) 1 Հինգ տարի անցած է այն օրէն, երբ հայ աշխատաւոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ եւ տապալեց բօլշեւիկեան բռնակալութիւնը: Փետրուարեան ապստամբութիւնը ոչ միայն խորտակեց օրուայ ոճրագործ իշխանութիւնը, այլ եւ հիմնապէս յեղաշրջեց Հայաստանի ընկերային-քաղաքական մտածողութիւնը: Հինգ տարի յետոյ, կարելի է աւելի պաղարիւնութեամբ անդրադառնալ Փետր. 18-ի յեղափոխութեան եւ բնորոշել շարժումը: Հայ ժողովուրդը...

Խմբագրական.  Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ. Անգարան` Յարաբերութիւններու  Բնականոնացումը Արգելակողը (Ա.)

Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ. Անգարան` Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Արգելակողը (Ա.)

Միւնիխի մէջ գումարուած Անվտանգութեան համաժողովին նախագահ Սարգսեանի ելոյթին մէջ յատուկ բաժին վերապահուած էր Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններուն եւ արձանագրութիւններուն սպասուած ճակատագիրին: «Սառը պատերազմի տարիներին Հայաստանը երկու հակադիր բեւեռներից մէկի սահմանին էր: Պերլինի պատի անկումից շուրջ երեսուն տարի անց Թուրքիան շարունակում է փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը: Ժամանակն այստեղ կարծես կանգ է առել: Կարող եմ վստահութեամբ ասել, որ Հայաստանն ամէն ինչ արել է...

Բռնատիրութեան Դէմ Պատնէշ Մը Եղաւ Փետրուարեան Ապստամբութիւնը (18 Փետրուար)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երբ դանակը հասաւ ոսկորին, հայ ժողովուրդի խոհեմութիւնը տեղի տուաւ ազատագրական պոռթկումին: Ու տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը: ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ Զարմանալի երեւոյթներէն մէկն ալ այն է, հայ իրականութեան մէջ, որ երբ անհատ մը, արուեստագէտ, պատմաբան թէ մտաւորական, ունենալով սեփական տեսակէտ կամ համոզում` պատմական որեւէ դիպաշարի մասին, կառչած կը մնայ անոր ցմահ, հակառակ ժամանակի թաւալքին, ստեղծուած նոր կացութիւններու թէ ընդհանրապէս ինքնաբիւրեղացման...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Վասն Սկզբունքներու Ապստամբութիւն

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Այս տարի Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան 97-ամեակը կը զուգադիպի նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին: Երկու պատմական դէպքեր, որոնք նոր շունչ եւ ոգի տուին մեր ազգին` լուսաւոր եւ հերոսական էջեր բանալով անոր պատմութեան մէջ: Անշուշտ ընթերցողը պիտի հարցնէ, թէ ինչո՞ւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը կապեցինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին հետ: Պատասխանը յստակ է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն...

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Ապստամբութիւնը` Ծնունդ Բռնակալութեան

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Վերջերս տեսայ «Հայ բանաստեղծութեան ծաղկաքաղը» անունով գիրք մը, որ լոյս տեսած է 1940-ին Մոսկուայի մէջ եւ անշուշտ «աւուր պատշաճի» խորհրդային խստագոյն գրաքննութենէ անցած է: Գիրքին պարունակութիւնը ռուսերէնի թարգմանուած հայ գրականութեան փունջ մըն է, սակայն, հետաքրքրութենէ մղուած, ուզեցի բանալ եւ տեսնել, թէ ի՛նչ կայ մէջը: Այդ գիրքը հազիւ բացած, Ներածական բաժինին մէջ արդէն երկրորդ էջին վրայ հետեւեալ պարբերութեան հանդիպեցայ....

Page 724 of 1110 1 … 723 724 725 … 1,110

Արխիւներ