Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղարաբաղեան Շարժումի 30-ամեակ. Ներածական. (Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս Սկսաւ Ղարաբաղեան Շարժումը)

February 23, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ   

Ղարաբաղը իր պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ եւ բնակչութեամբ միշտ ալ Հայաստանի անբաժան մասը կազմած է: Պատմական դէպքեր ու աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական նպատակներ այնպիսի իրադարձութիւններ ստեղծած են, որ անիկա այսօր վիճելի տարածք  դառնայ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ` վերջնոյն ծաւալապաշտական քաղաքականութեան պատճառով:

Խորհրդային Միութիւնը, ինչպէս նաեւ զինք նախորդող Ռուսիոյ ցարական կայսրութիւնը եղած են բազմազգ պետութիւն, որ բռնութեամբ եւ խստագոյն միջոցներով իրենց ենթարկած են շուրջ 110  ազգերէ բաղկացած բնակչութիւն` սահմանային կամայական դասաւորումներով եւ վարչական նոր կարգադրութիւններով: Սահմանային այդ դասաւորումներն ու վարչական կարգադրութիւնները կատարուած են այն յետին մտածումով, որ ազգերու միջեւ վէճերը անպակաս ըլլան եւ զանոնք կառավարելը` դիւրին, «Բաժնէ՛, որ տիրես»-ի սկզբունքով:

Ղարաբաղի այսօրուան խնդիրը սահմանային այդ միտումնաւոր դասաւորումներու հետեւանքն է:

1985-ին, երբ Միխայիլ Կորպաչով Խորհրդային Միութեան ղեկավար դարձաւ, փորձեց որոշ բարեկարգութիւններով (կլասթնոսթ եւ փերեսթրոյքա) փրկել միութեան փտած վարչակարգը:  Բազմաթիւ թեկնածուներով ժողովրդային ընտրութիւններ կը կատարուէին 1989-ին, որոնց շնորհիւ` իշխող համայնավար միակ կուսակցութիւնը կը զրկուէր ուժի մենաշնորհէն, եւ քայլ կը նետուէր դէպի ժողովրդավարութիւն: Միութիւնը բաղկացնող 15 հանրապետութիւնները, որոնց կարգին` Հայաստանը, իրարու ետեւէ անկախութիւն կը հռչակէին, որով կեդրոնական կառավարութիւնը իշխանազուրկ կը դառնար:

Բարեփոխութեան այդ պայմաններուն տակ եւ ազատութեան նոր կլիմային մէջ ազգամիջեան հակամարտութիւնները սուր բնոյթ կը ստանային, որովհետեւ ցարական կայսրութենէն սկսեալ եւ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին անտեսուած էին կայսրութիւնը բաղկացնող ազգերու պատմամշակութային եւ աշխարհաքաղաքական իրաւունքները:

Միխայիլ Կորպաչով, հակառակ իր ձեռնարկած բարեփոխութիւններուն, փոխանակ արդար լուծումներ տալու ազգային խնդիրներուն, կը փորձէր թաղել զանոնք կարգ մը կարգադրութիւններով:

Ազգային միաւորներ հրապարակ կու գային` իրենց արդար իրաւունքներու պահանջով: Հայ ժողովուրդը եղաւ առաջինը, որ համազգային հսկայ շարժումով մը իջաւ պայքարի դաշտ 1988-ի փետրուարին, որպէսզի սրբագրուի սխալ կարգադրութիւն մը, եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը անջատուի Ազրպէյճանէն եւ վերամիացուի Հայաստանին:

Պէտք է արձանագրել, որ իր ծաւալով եւ ուժգնութեամբ, ինչպէս նաեւ անզիջող բնոյթով    ղարաբաղեան պայքարը արագացուց փլուզումը Խորհրդային Միութեան, որուն առաջնորդը` Մ. Կորպաչով անզօր եղաւ արժանաւորութեամբ  ու արդարութեամբ դիմակայել խնդիրը:

1988-ի փետրուարին ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ այն պոռթկումին, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ղարաբաղի մէջ ողջ հայութիւնը պայքարունակ ցոյցի հանեց: Խորհրդային Միութեան 70 տարիներու ընթացքին իր նախընթացը չունեցող ժողովրդային այդ ընդվզումը աւազանի մէջ նետուած քարի նման իր ալիքները տարածեց միւս ժողովուրդներու մօտ եւս` ազգային թաղուած խնդիրները մէջտեղ հանելով:

Ա՛յս, ինչպէս նաեւ ընկերային ու տնտեսական ծանրակշիռ ա՛յլ խնդիրներ իրարու վրայ բարդուելով` պատճառ դարձան, որ Մ. Կորպաչով հրաժարի իր պաշտօնէն 25 դեկտեմբեր 1991-ին:

Անոր հրաժարումով փլաւ Խ. Միութիւնը, որուն մաս կազմող հանրապետութիւնները մէկը միւսին ետեւէն իրենց անկախութիւնը հռչակեցին: Անոնց կարգին Ղարաբաղն ալ, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային օրէնքի հիման վրայ, ժողովրդային հանրաքուէով որոշեց խորհրդայիններուն կողմէ իրեն պարտադրուած կարգավիճակը թօթափել, անջատուիլ Ազրպէյճանէն եւ տէր դառնալ ինքնորոշման իրաւունքին: Իր այս արդար կամքին դիմաց Ազրպէյճան նախ փոկրոմով, ապա նաեւ պատերազմով պատասխանեց` յուսալով, որ զէնքի ուժով պիտի կարենայ Ղարաբաղը պարպել հայութենէ եւ շրջանը միանգամընդմիշտ միացնել իրեն: Բայց սխալեցաւ:

Այսօր Ղարաբաղը իրողապէս (տէ ֆաքթօ) անկախ պետութիւն է, բայց խնդիրը կը մնայ անլոյծ: Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան հարուստ նաֆթահորեր ունի, Ղարաբաղի հարցը շահագրգռութեան առարկայ է մեծ պետութեանց ու նաֆթային բազմազգ ընկերութեանց, որուն պատճառով ալ անիկա դրուած է միջազգային դիւանագիտութեան սեղանին վրայ եւ վերածուած` ռազմաքաղաքական ու շահակցական պարանաձգութեան:

Այս յօդուածաշարքը կը նպատակադրէ սերունդին ներկայացնել Ղարաբաղի անցեալ ու ներկայ մաքառումները, որոնք անքակտելի մասն են հայ ժողովուրդի պատմութեան ու անոր մաքառումներուն:

(Շար. 1)

Նախորդը

Օտար Պլոկըրներու Տպաւորութիւնները Արցախի Մասին

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Եւրասիականութիւնը Եւ Ռուսիոյ Աշխարհաքաղաքականութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.