Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաք Ներխուժումէն Տասնհինգ Տարի Ետք

March 13, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Մարտ 2018-ին ճիշդ տասնհինգ տարի անցած պիտի ըլլայ այն թուականէն, երբ Միացեալ Նահանգներն ու իր դաշնակից երկիրները, գլխաւորութեամբ` Անգլիոյ, ներխուժեցին Իրաք: Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ զինուած ուժերը Իրաք ներխուժող ուժերուն 98 տոկոսը կը կազմէին: Օրին երկրի մենատէր եւ բռնակալ նախագահ Սատտամ Հիւսէյն անոնց գլխաւոր թիրախն էր: Իրաք գրաւելու նպատակներն էին, ըստ ներխուժող ուժերուն, կործանել Սատտամի ունեցած զանգուածային ոչնչացման զէնքերը (MDW), փրկել երկրի ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի` ճնշուած շիիներն ու հալածուած քիւրտերը, երկրին մէջ ժողովրդավարական պետութիւն ստեղծել, վերջ տալ Սատտամի աջակցութեան` ահաբեկիչներուն, եւ դադրեցնել անոր սպառնալիքները` իր դրացիներուն:

Սատտամ կախաղան բարձրացաւ, Իրաքի բանակը կազմալուծուեցաւ եւ իշխող «Պաաս» կուակցութիւնը քայքայուեցաւ: Ո՛չ կորիզային, ո՛չ ալ քիմիական զէնք (MDW) յայտնաբերուեցաւ այնտեղ, որովհետեւ Սատտամի այդ առումով մշակած ծրագիրներէն ա՛յն, ինչ ժամանակին Իրաք ձեռք ձգած էր, արդէն ոչնչացուած էր ՄԱԿ-ի քննիչներուն կողմէ, Քուէյթի պատերազմէն ետք: Արդարեւ, երբ Իրաք պարտուած դուրս եկաւ Քուէյթէն` 1991-ին, ան ենթարկուեցաւ շրջափակումի եւ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներուն, որոնց լոյսին տակ ՄԱԿ-ի քննիչները սկսան երկրի թաքուն զէնքերը խուզարկելու. անոնք ամէն տեղ պրպտեցին, նոյնիսկ` Սատտամի պալատները, կործանելով եւ ոչնչացնելով այն ամէնը, ինչ որ ինկաւ իրենց ձեռքը: Այդ խումբերը, խորքին մէջ, եկած էին երկրին ձեռք ձգած ճարտարարուեստի զարգացման վերջ տալու: Այդ ճարտարարուեստական ծրագիրները եւ սարքաւորումները ներածուած էին արեւմտեան երկիրներէ, ինչպէս` Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Միացեալ Նահանգներ, իսկ փոքր մաս մըն ալ` Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարական պետութեան ստեղծման, ապա ակնյայտ է, որ երկիրը տասնհինգ տարիներ ետք տակաւին անկայուն եւ անհանգիստ վիճակի մէջ կը գտնուի, իսկ երկրին ենթակառուցուածքը ահռելի վիճակ կը պարզէ. պետական բարձր պաշտօնեաներ, նախարարներ ու քաղաքագէտներ կրօնի փէշերէն կախուած են իրենց դիրքերը պահպանելու համար, իսկ կրօնամոլութիւնը արդէն իսկ սովորական երեւոյթ դարձած է երկրին մէջ: Իրաքի քարիւղի եկամուտները կը կողոպտուին, իսկ սակաւապետները օգտուելով երկրին տկար վիճակէն` հարստութիւն կը դիզեն. աւելի քան հինգ միլիոն իրաքցիներ երկրէն դուրս կը գտնուին, իսկ Իրաքը աշխարհի փտած երկիրներու ցանկին մէջ առաջիններէն է: Յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներ անդամալոյծ ըրին Իրաքը. ներկայիս Իրաք ոչ միայն կարողութիւնը չունի որեւէ դրացի երկրի սպառնալիք կարդալու, այլեւ ինք ուրիշներուն աջակցութեան կարիքն ունի:

1980-ին Իրաքի եւ Իրանի միջեւ ծագած պատերազմը տեւեց ութ երկար տարիներ եւ անոր վերջ դրուեցաւ 8 օգոստոս 1988-ին, երբ վերջապէս Իրանի յեղափոխութեան առաջնորդ Խումէյնին համոզուեցաւ, որ անկարելի է պատերազմը շարունակել այլեւս` ընդունելով զինադադարը: Սատտամ Հիւսէյն իր կարգին եւս այդ զինադադարին սուր կարիքը ունէր, որովհետեւ իր ուժն ալ արդէն սպառած էր: Իրաք այդ պատերազմին մէկ միլիոն երիտասարդ զոհ տուած էր, իսկ երկիրը միլիառներով պարտքի տակ ինկած էր: Պատերազմի ընթացքին Սատտամ օգնութիւն ստացաւ արտերկրէն, ի մասնաւորի` Միացեալ Նահանգներէն, եւ չպարտուեցաւ… Պատերազմի շրջանին նոյնիսկ Տանըլտ Ռամսֆիլտ (օրին` Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը) Պաղտատ այցելեց` տեսակցութիւն ունենալով Սատտամի հետ: Ի հարկէ ամէն ինչ իր գինը ունէր… Կը թուի, թէ Սատտամ ուզած էր խուսափիլ իր խոստումներէն: Ըստ Ուաֆիք Սամարայիի (օրին` Իրաքի Ընդհանուր ռազմական հետախուզութեան տնօրէնը) լոյս տեսած յուշերուն, զինադադարէն ետք Սատտամ հրահանգ տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի բոլոր սպասարկութեան գրասենեակները, որոնք օրին «կայաններ» կը կոչուէին, անմիջապէս փակուին, եւ ամերիկացի խորհրդատուները երկրէն մեկնին. մինչ ինք` Սամարային, կ՛ակնկալէր, որ Սատտամ Միացեալ Նահանգներուն մենաշնորհներ պարգեւէր` իրեն մատուցուած խորհուրդներուն եւ ծառայութիւններուն համար:

Արեւմտեան մեծ պետութիւններուն եւ ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներուն համար Սատտամ պէտք էր զինաթափ ըլլար. ան այլեւս վստահելի անձ մը չէր իրենց համար: Ուստի, երբ «Ռումելա» կոչուած քարիւղի հանքին շուրջ Քուէյթին հետ Իրաքի ունեցած վէճը բարդացաւ 1990-ի կիսուն, այդ մէկը լաւ առիթ եղաւ նշեալ պետութիւններուն համար: Երբ Սատտամ խնդիրը քննարկեց Էփրըլ Կլասփիի հետ (Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, 1988-1990), Կլասփին, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի 23 սեպտեմբեր 1990-ի թիւին, Միացեալ Նահանգներուն կեցուածքը պարզած է` ըսելով. «Մենք կարծիքներ չունինք արաբներու միջեւ հակամարտութիւններուն մասին, եւ այդ խնդիրը Ամերիկայի հետ կապ չունի: Յոյսով ենք, որ դուք կը յաջողիք այդ խնդիրը որեւէ յարմար կերպով լուծել Կլէյփիի (Արաբական լիկայի գլխաւոր քարտուղար Շատլի Կլէյփի) կամ Մուպարաքի (Եգիպտոսի նախկին նախագահը) միջոցով»: Հետագային դեսպանը մեղադրուեցաւ 1990-ի օգոստոս 2-ին Իրաքի կողմէ Քուէյթ ներխուժումին խիստ հաւանութիւն տալուն համար: Կը թուի, թէ Սատտամ սխալ հասկցած էր դեսպանին ըսածը, կամ այս վերջինը յաջողած էր զայն մոլորեցնել. արդեօք Կլասփի իրօ՞ք չէր կրցած իր երկրին պատգամը յստակ կերպով պարզել Սատտամին, թէ՞ նպատակը միայն զայն մոլորեցնել էր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս եղաւ:

«Ռումելա» քարիւղի հանքը կը գտնուի Իրաք-Քուէյթ սահմանին վրայ, մեծամասնութեամբ` Իրաքի մէջ. Իրաքի մասը նաեւ աւելի խորունկ է. երբ Քուէյթ իր հողամասին մէջ գտնուող քարիւղը արտահանեց, ան արտադրութեան համար աւելի արդիական սարքաւորումներ ձեռք ձգեց եւ քարիւղ խլեց նաեւ իր սահմանէն դուրս` Իրաքի տարածքի բաժինէն: Թարեք Ազիզ (Իրաքի փոխվարչապետ` 1979-2003, ապա արտաքին գործոց նախարար` 1983-1991) օրին պատկերասփիւռով պարզեց այն, ինչ տեղի կ՛ունենար, քարտէսներու եւ այլ փաստաթուղթերու օգնութեամբ: Լուրը արդէն իսկ հասած էր Իրաք: Սակայն` ինչպէ՞ս… Շշուկներ կային այն մասին, թէ նոյն կողմը, որ այդ արհեստագիտական սարքաւորումները վաճառած էր Քուէյթին, ան նաեւ տեղեակ պահած էր Իրաքը: Իմանալով պատահածը, Սատտամ անմիջապէս սպառնաց` ըսելով, որ` «Քուէյթ մեր ժողովուրդին պատառը կը գողնայ», եւ այդպիսով խնդիրը բարդացաւ ու Սատտամ ինկաւ ծուղակը… Իրաք պարտուած դուրս եկաւ Քուէյթէն. երկիրը քար ու քանդ եղաւ, հսկայ գումարներով նոր պարտքերու տակ ինկաւ եւ շրջափակումի ու պատիժներու ենթարկուեցաւ:

Փետրուար 2018-ին, նոյն ինքն Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային նուիրատուներու խորհրդաժողովը (International Donor Conference)          նպատակ ունենալով Իրաքին օժանդակել… Ի՜նչ խայտառակութիւն: Քսանէ աւելի արաբական եւ օտար երկիրներ, դրամատուներ, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութիւնը մասնակցեցան այդ խորհրդաժողովին: Անոնք որոշեցին 1.466 միլիառ տոլար յատկացում կատարել Իրաքին, նաեւ 6.930 միլիառ տոլար` ոչ իշխանական փոխատուութիւն եւ 16.510 միլիառ տոլար` իշխանական փոխատուութիւն, այսինքն` պետական պարտք:

Ըստ իրաքցի տնտեսագէտներու, այս յատկացումները ամենավատ փոխատուութիւններէն են երկրին համար, քանի որ անոնք կը շղթայեն երկրին տնտեսութիւնն ու հարստութիւնը` պարտքերուն մարումը ուշացնելու պարագային: Անոնց տեսակէտով, Իրաքի ներկայ Ընդհանուր ներքին արտադրանքը (GDP) 81 միլիառ տոլարէն աւելի կը կազմէ, եւ երկիրը կարիքը չունի այդ փոխատուութեան, եթէ եկամուտը ծախսուի թափանցիկ կերպով` առանց կողոպուտի:

Անտարակոյս, Սատտամ Հիւսէյն մենատէր եւ բռնակալ նախագահ մըն էր: Ի միջի այլոց, հոս պէտք է յիշել նաեւ, որ ան երկրի հայ քաղաքացիներուն հանդէպ միշտ լաւ վերաբերում ունեցած է, որովհետեւ հայերը երբեք քաղաքական ձգտումներ չեն ունեցած, եւ ըլլալով վստահելի տարրեր` Սատտամի անձնական նկարիչէն մինչեւ իսկ իր թոռներու խնամակալները հայեր եղած են: Այնուամենայնիւ, Սատտամ շատ բիրտ եւ անխնայ էր իր հակառակորդներուն հետ, ըլլան անոնք կուսակցական թէ քիւրտ ազգայնականներ, կամ ընդդիմադիր շիիներ: Շատեր անոր իշխանութեան անկումը կ՛երազէին, եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ, այդ երազը իրականացա՛ւ: Իսկ այսօր Իրաք կը գտնուի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ճգնաժամի մէջ. հակամարտութիւններ կան սիւննիներու, շիիներու եւ քիւրտերու միջեւ. հինգ միլիոն իրաքցիներ լքած են երկիրը` անոնց մէջ ըլլալով նաեւ մեծ թիւով քրիստոնեաներ: Փաստօրէն Իրաք դարձած է ձախողա՛ծ պետութիւն մը եւ գլխաւոր պատճառներէն մէկը` այդ տարածքին մէջ «Իսլամական պետութիւն-ՏԱԵՇ»-ի ծնունդին: Մէկ խօսքով, այժմ մնայուն կասկած կայ այդ շրջանին մէջ նոր «Սայքս-Փիքօ»-ի համաձայնութեան մը կնքումին:

Այժմ ակնյայտ է, որ այդ բոլոր անցուդարձերուն նպատակը շրջանին մէջ Իրաքը չէզոքացնել էր, երկիրը քայքայել, իբրեւ կարող եւ ազդեցիկ ուժ` զայն անդամալուծել, անոր ընդերքի հարստութիւններուն եւ ի մասնաւորի քարիւղին տիրանալ… Իսկ մեծ երազներով բռնակալի մը յայտնութիւնը այդ երկրին մէջ հոյակապ առիթ հանդիսացաւ, որ ԱՆՈՆՔ օգտագործեն:

[email protected]

Լոս Անճելըս

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամօթի «Ճանապարհային Քարտէս»-ը Պատմութեան Անցած Է

Յաջորդը

Հակահայ Ջղագարութիւնն Ազրպէյճանում

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.