Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմաւորել 100-Ամեակը 9. Ուժերը Մէկտեղել Եւ Վերականգնիլ

March 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հարիւրամեակ պիտի տօնուի:

Ինչպէս որ կը տօնենք բոլոր տարեդարձները, կարեւոր եւ անկարեւոր, որպէսզի զգանք, որ կանք:

Հասունութեան հասած ժողովուրդ մը գիտէ իր անցեալին հետ հաշտուիլ, արդար արժեւորումներ ընել, վերականգնիլ եւ ձգտիլ աւելի լաւ ապագայի մը:

Ֆրանսան պիտի հրատարակէ իր ցեղապաշտական գաղափարներուն համար դատապարտուած մեծ գրող Սելինի գործերը: Այսինքն գաղափարական-քաղաքական նկատառումները բաւարար պատճառներ չեն անտեսման, արժեզրկման: Քաջութիւն պէտք է ունենալ պատմութեան ընթացքին դրսեւորուած հակասութիւնները հասկնալու` հրաժարելով քէն ու քինախնդրութիւն որոճալէ, կացինի հարուածներով որոշելէ լաւը եւ վատը:

Քաղաքակրթական եւ մշակութային հասունութեան հարց է:

Համացանցի վրայ տեղադրուած էջ մը ուշադրութիւնս գրաւեց` «Դաշնակցութիւնը պատմութեան դատաստանի առջեւ»: Ինչպէս ըսուած է, «Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Աշոտ Սարգսեանի հեղինակութեամբ» պատրաստուած էջեր, ուր կը ներկայացուին ՀՅ Դաշնակցութեան սխալները: Պատմութեան դէպքերը, ըսուած խօսքերը միշտ կարելի է մեկնաբանել` ըստ հայեցակէտի: Բայց պէտք է գիտնալ նաեւ, որ երբ պատմութիւնը ընթացքի մէջ է, երբ ընտրանքներ կը կատարուին, կայ պահը, կան դէպքերու խաչաձեւումները, խառնուածքները, հակազդեցութիւնները, բոլորը գումարած` վերլուծողին կը թելադրեն այն իմաստութիւնը, որ քաղաքական գործի մէջ սխալիլը բնական է: Այդպէս կը գրուի պատմութիւնը:

Մեծ գաղափարներով սկսած Ֆրանսական  յեղափոխութիւնը, որ նպաստաւոր եղաւ ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու նուաճման համար, ինքզինք խեղդեց արեան բաղնիքի մէջ: Ինչպէ՞ս դատել այդ յեղափոխութիւնը: Ի՞նչ կ՛ըսէ ողջախոհութիւնը:

Ինչպէ՞ս դատել խորհրդային շրջանին տեղի ունեցած դէպքերը, զրպարտութիւնները, Երեւանի բանտի ջարդերը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը, 1937-1939 մաքրագործումները, յիշել Նայիրի Զարեանի ամբաստանութիւնները` Ակսել Բակունցի դէմ, եւ այլ մատնութիւնները, որոնց արխիւները չեն հրապարակուիր:

Հայաստանի պատմութեան խորհրդային շրջանը աւարտած է, բայց չէ հինցած: Ան մաս կը կազմէ մեր անցեալին` իր սեւով եւ սպիտակով: Այդ անցեալը եւս պէտք է հասկնալ, տեւաբար կարելի չէ քարացած դիրքերու վրայ մնալ եւ նիզակ ճօճել: Նման ընթացք կ՛առաջնորդէ նաեւ դրական արդիւնքներու ուրացման եւ անկարելի կը դարձնէ ներազգային միասնութիւնը, որ այնքան կարեւոր է դժուար ճանապարհ անցած մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար:

Անցեալը հասկնալով` ճամբայ կը հարթենք դրական աշխատանքի, միասնութեան եւ միացեալի, դէպի երկիր եւ մէկ ազգ մէկ մշակոյթ կարգախօսներու կենսագործման:

Քաղաքական գործի մէջ սխալիլը ընթացիկ երեւոյթ է, ընդունուած է, հոն խրիլը եւ հոն մնալը դատապարտելի են:

Հռոմէական պատմութենէն դէպք մը զիս տպաւորած է, եւ յաճախ կը յիշեմ, որ նաեւ թատերական երկի վերածուած ԺԷ. դարուն: Օգոստոս կայսրը նախկին Օկտաւն է, որուն դէմ դաւադրած են մարդիկ, բայց ինք ներած է, եւ երբ զինք քննադատած են այդ ներման համար, ինք ըսած է, որ աններող էր, երբ Օկտաւ էր, իսկ այժմ Օգոստոս է, այսինքն` կայսր: Մենք ալ, մեր քարացած, ա՛լ անհեթեթ դարձած քէները եւ անսխալականութիւնը յաղթահարելով, բոլոր մակարդակներու վրայ, պիտի կարենա՞նք Օգոստոս ըլլալ եւ նայիլ դէպի գալիքը, մեր եսէն անդին` սեւեռել ազգը եւ հայրենիքը: Այս կ՛ըլլայ հակադիրքապաշտական եւ հակակողմնապաշտական քաղաքական հասունութիւն:

Կ՛ունենա՞նք այդ հասունութիւնը:

Նախ այլեւս չխարխափելու եւ ապա ստրուկ չըլլալու համար, ո՛չ դուրսի իշխանաւորին, ո՛չ ներքին տիրակալին, վասն դիրքի, եսի, ոսկի հորթի պաշտամունքի, ախտեր, որոնք եղած են եւ կան, զորս պէտք է յաղթահարել, եթէ ասդին-անդին կրկնուած կարգախօսները փուչիկ չեն: Եսի թելադրանքը ախտավարակ երեւոյթ է, զոր յաղթահարած են իրաւ մեծերը, որոնք գիտցած են, որ անսխալական չեն եւ չեն յաւերժացած դիրքերու վրայ: Մեր ժողովուրդը, եսերէն անդին, հաւանօրէն իր կրած ծանր հարուածներուն եւ ուրիշներու կապկումին պատճառով անկարող եղած է միշտ առաջնորդուիլ ազգային գաղափարախօսութեան եւ ազգային մտածողութեան հիմնարար արժէքներով, այդ ունեցողներն ալ անտեսուած են, լռեցուած, ազգային-քաղաքական ճշմարիտ անբարոյութիւն: 1937-1939 տխուր եւ ազգավնաս ծանրակշիռ դէպքերը եւ նորագոյն շրջանի` 1994-ի զրպարտութիւնները եւ գիրք ու տպարան փճացնող վանտալիզմները հարկ է լուսաբանել, տեսնել թիւրն ու թերին, բուժուիլ ախտերէն եւ ընթանալ դէպի առաջ: Այս ճիգը անհրաժեշտ է պատմութեան, գրականութեան, տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան մակարդակներուն: Օր մըն ալ սորվելու համար, թէ ի՛նչ պէտք է ըսել, ի՛նչ չըսել, չըսուելիքը գիտնալ:

Հայաստանի «Գրական Թերթ»-ի 25 օգոստոս 1936-ի համարին մէջ Նայիրի Զարեան կ՛ամբաստանէր Ակսել Բակունցը` որպէս ժողովուրդի թշնամի: Արտասահմանը ետ չէր մնար, խորհրդային դեսպանատուներու գործակցողներ կային: Ցարական կամ օսմանեան ոստիկանութեան գործակցողներ ալ եղած են: Ինչպիսի դէմքեր եղած են եւ կան, որոնց նկատմամբ գործադրուած է սեւացրէ՛քի քաղաքականութիւն: Տարակարծիք ըլլալը անբնական չէ: Զրպարտութիւնն ու հալածանքը ոճիր են: Պէտք չէր ընել եւ պէտք չէ ըսել եւ ընել բաներ, որոնք կը վնասեն ազգին` հպատակելով եսի, փառասիրութեան եւ ընչաքաղցութեան:

Հայաստանի անդրանիկ անկախ հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով մեր ժողովուրդին կողմէ գործուած բացասականութիւնները հասկնալու, սրբագրելու եւ անոնցմէ քաղուած դասով եւ փորձառութեամբ պէտք է դիմաւորել տասնամեակները, որոնք մեր առջեւն են, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրէն պիտի պահանջուի անձնական վերաբերում եւ յանձնառութիւն` որպէս ազգի անդամի: Այդ յանձնառութիւնը կ՛ենթադրէ չըլլալ ուրիշի ծառայ` ի վնաս հայրենիքին, նաեւ` դադրիլ ըլլալէ օտարի դրան մնայուն եւ կորստեան դատապարտուած հիւր-ծառայ:

Կրկին կարդալ Վիգէն Խեչումեանը, որպէսզի գիտնանք, թէ ո՛ւր կ՛երթանք, ո՛ւր կրնանք հասնիլ, որպէսզի հարիւրամեակը, այլ տարեդարձներ,  զբօսաշրջիկներ կամ հարբածներ զուարճացնող սոսկ ցուցադրութիւն չըլլան, այլ` վերականգնումի միտող համագործակցութիւններու սկիզբ եւ ճամբայ:

Ղեկավարներէն կ՛ակնկալուի ժողովուրդը հոգեպէս մաքրելու, ինքզինքին եւ միւսին հետ հաշտուելու քաղաքականութիւն, որ ինքնանպատակ պիտի չըլլայ, այլ ուղղուած` դէպի հայոց իրաւունքը եւ ապագան:

Բայց` ոչ միայն անոնցմէ: Այլ` ունենալ ողջմիտ եւ գիտակից ազգայինի վերաբերում:

Այսինքն չափահաս դառնալու եւ մեծնալու ժամանակն է:

Որպէսզի մոռցուած ճամպրուկի պէս չմնանք պատմութեան քարափին, երբ ժամանակը գայ եւ անցնի:

Երբ բացակայի ազգի հիմնականը, ամէն կարգի արդարացումները շատախօսութիւն են, ճպուռի երգ, նոյնիսկ երբ բարձրախօսները կ՛աղմկեն:

Երէկի եւ այսօրուան տարակարծութիւնները եւ քննադատութիւնները դատապարտուած են անհետ կորսուելու, եթէ ազգը` որպէս հաւաքական հակաեսական կամք, տէր չըլլայ իր ինքնութեան եւ ապագային: Այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել եւ դատել հայրենալքում-արտագաղթը եւ չիրականացող հայրենադարձութիւնը:

Մենք մեզի հետ հաշտուելու եւ ապագայ կերտելու համար կարիք ունինք կոշտ իրապաշտութեան, հանրային կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ, առանց ծանծաղելու միջին ճամբաներ փնտռելով, կամ գոհանալով քիթ-շրթունք գեղեցկացնելու նմանող խօսքերով եւ նախաձեռնութիւններով, կրկին յիշեցնելով` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Ժամանակը կանգ չ՛առներ` սպասելով, որ մենք աւարտենք մեր վէճերը եւ ծամօնի պէս ինքնացուցադրական եւ յաւելեալ իրաւունքի վերլուծումները, որոնք կ՛առաջնորդեն հաւկուրութեան:

Այնքան պարզ է իրատեսական ճշմարտութիւնը, որ Ազգի վաղը այսօ՛ր է: Ներկայութեամբ:

11 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Նուիրապետական Աթոռներ Եւ Ազգային Սահմանադրութիւն

Յաջորդը

Քիթի, Ականջի, Կոկորդի, Աչքի Եւ Ճնշումի Անվճար Քննութիւններ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.