ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Վերջերս Քանատայի Լաւալ քաղաքին մէջ լոյս տեսած «Բալենին» մանուկներու գիրքը ժամանակակից հայ հաւաքական կեանքի հազուագիւտ յառաջդիմական երեւոյթներէն է: Գիրքին հեղինակ` Թալին Լատոյեանը, իր այս ստեղծագործութեամբ, ոչ միայն փշրած է վատառողջ նախապաշարումներու ու յետամնաց կարծրատիպերու պատուարը, այլ իր սեփական ներաշխարհը, արհեստավարժական ու զգացական միաձոյլ շաղախով, ամբողջովին ներդրած` գրական այս կտորին մէջ:
«Բալենին» յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներու մասին մանկական պատմուածք մըն է, օժտուած` անտիպ նկարներով ու բանաստեղծական դիւրընկալ կառոյցով: Գիրքին բովանդակութիւնը լուսաբանական ու դաստիարակչական ուղեցոյց մըն է երեխաներու` զիրենք ծանօթացնելու յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու իրականութեան, անոնց իւրայատկութիւններուն, իրենց հետ վերաբերելու պատշաճ եղանակին, մարդու մէկութեան գաղափարին ու ընկերային համարկումի անհրաժեշտութեան: «Բալենին» թէեւ, ըստ ձեւի, մանուկներու գիրք է, այդուհանդերձ, անիկա խօսուն է նաեւ չափահասերու, որոնք կոչուած են կեանքի պատրաստելու այնպիսի սերունդ մը, որ ո՛չ միայն գիտէ ապրիլ, այլ նաեւ` ապրեցնե՛լ իր հետ, ո՛չ միայն գիտէ զարգանալ եւ յառաջանալ, այլ նաեւ` օգնե՛լ զարգացնելու ու յառաջացնելու իրեն շրջապատը:
Լատոյեանի ճառագայթող կորովը միաժամանակ սպեղանի է այն ծնողներուն, որոնք լուռ ու ինքնամփոփ կը դիմագրաւեն նոյնանման պարագաներ: «Բալենին»-ով, սակայն, հեղինակին նպատակը կ՛անցնի լացի ամոքող ուս մը տրամադրելու սահմանները, ու կնճռոտ իրականութիւնները ընդունելու, դժուար կացութիւններու հետ համակերպելու, անոնց մասին խօսելու,դրականութեան կառչած մնալու եւ այդ բոլորը սիրոյ ու փոխ յարգանքի պատուանդանին վրայ բանեցնելու կենցաղային այլընտրանք մը կը ներկայացնէ:
«Բալենին», գիրքէ աւելի, աշխարհընկալման եզակի մօտեցում է: Կեանքի շպրտած սեպերուն դիմաց տակաւին գեղեցիկն ու բարին տեսնելու ու արժեւորելու կարողութիւնն է: Վերջապէս, այդ գեղեցկութեամբ ու բարութեամբ զինուած,կեանքի ընթացքը լաւատեսութեամբ ու եռանդով շարունակելու խիզախութիւնն է:
Յ.Գ.Շաբաթ, 27 Յունուար 2018-ին, Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բալենին»-ի շնորհահանդէսը,որուն ընթացքին Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդան վրդ. Թաշճեանը կատարեց գիրքին գինեձօնը եւ ներկայացուց անոր խորհուրդը:
Շաբաթ 7 եւ կիրակի 8 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն 5:00, Լաւալի Indigo գրախանութին մէջ տեղի պիտի ունենայ գիրքի մակագրութիւն-վաճառքը: Մուտքը ազատ, հրաւէրը` ուղղուած բոլորին:
Գիրքը նաեւ կը վաճառուի` Համազգայինի գրատարածին եւ Café de la presse-ին մօտ (2864 Rue de Salaberry, Montréal, QC H3M 1L3), ինչպէս նաեւ Համազգայինի գրախանութ (Լիբանան), իսկ ապրիլ 7-էն սկսեալ Indigo գրախանութին մէջ, Լաւալ (900 Boulevard le Corbusier, Laval, QC H7N 0A9):
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել`
http://www.paleny.ca
https://www.facebook.com/Palenythebook/



