Ընթերցման Առաքինութիւնը, Որ Կար Եւ Անոր Հակամշակութացնող Տեղատուութիւնը
Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ըսէ՛ ինծի` ի՞նչ կը կարդաս, քեզի պիտի ըսեմ, թէ ո՛վ ես դուն: Բայց քեզ աւելի լաւ պիտի ճանչնամ, եթէ ինծի ըսես, թէ ի՛նչ կրկին կը կարդաս: Ֆրանսուա Մորիաք, ֆրանսացի գրող, Նոպէլեան դափնեկիր Սփիւռքի բաբախող սիրտ համարուող հայկական համայնքին մէջ` Պէյրութ, տասնհինգ օրուան այցելութեան մը ընթացքին, ներկայ եղայ երեք բանաստեղծական երեկոներու: Բանաստեղծները հայ էին: Սփիւռքի մէջ հայ գրականութիւնը...



















