Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թազեանին Բազմաշերտ Ու Բազմախորհուրդ Արուեստը

Մարտ 15, 2019
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Շղարշով կինը

Առաջին անգամ ըլլալով, 1979-ին, Երեւանի Ժամանակակից կերպարուեստի պատկերասրահին մէջ կազմակերպուեցաւ ամերիկահայ տասնեօթը գեղանկարիչներու խմբային ցուցահանդէս մը, որուն առիթով օրին հայրենի թերթերը արձանագրեցին` նշելով, որ իր հայկականութեամբ Գեղամ Թազեանին արուեստը յատկանշական է եւ կը զատորոշուի միւսներէն: Սփիւռքահայ արուեստագէտները գրեթէ բոլորը (առաւել կամ նուազ չափով), ներշնչուած են հայ ազգային մշակոյթի  տարբեր տեսակի ոլորտներէ: Իսկ ոմանց մօտ հայկականութիւնը աւելի շեշտուած կը թուի ըլլալ, թէկուզ` տարերայնօրէն: Այս վեջիններու շարքին է Գեղամ Թազեանը, որ իր լեռնցիի պի՛նդ խառնուածքով ու զօրաւոր անհատականութեամբ, օտարութեան մէջ ապրելով հանդերձ, պահած է իր ազգային դիմագիծն ու ցեղային աւանդները, որոնք գեղեցկօրէն կը բացուին իր ստեղծագործութիւններուն վրայ, թէկուզ` ենթագիտակիցի ճամբով:

Արտակեդրոն խառնուածքի տէր այս կերպարուեստագէտը 1980-ին հետեւեալ ձեւով կու տայ իր հակիրճ կենսագրականը.« Ծնած եմ Մուսա Լերան Խտըրպէկ գիւղը 1938-ին: Զաւակը` Խաչեր եւ Մարի Թազեաններու, կրտսերը` հինգ զաւակներու: Սուէտիայէն գաղթած եւ հաստատուած եմ Այնճար գիւղը: Փոքր տարիքիս հայրս կորսնցնելէ ետք ընտանիքով փոխադրուած ենք Պէյրութ, ուր նախնական կրթութիւնս ստացած եմ Էշրեֆիէի Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ: Այնուհետեւ, 1960-ին մեկնեցայ Միացեալ Նահանգներ, ուր, յաճախելէ ետք կարգ մը արուեստի ուսումնարաններ, ընդունուեցայ եւ աւարտեցի Տիթրոյիթի Ուէյն համալսարանի նկարչութեան եւ քանդակագործութեան բաժինը` ստանալով մագիստրոս արուեստից համապատասխան վկայական: 1967-էն ի վեր կը դասախօսեմ Միշիկընի Օքլընտ Քոմիւնիթի քոլեճի արուեստի բաժնին մէջ»: Թազեանը դասաւանդած է նաեւ այլ արուեստի բարձրագոյն հիմնարկներու մէջ, կազմակերպած է երեսունէ աւելի անհատական ցուցհանդէսներ ու մասնակցած է բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու աշխարհի տարածքին` սկսեալ Նիւ Եորքէն ու Թորոնթոյէն, մինչեւ Լոնտոն ու Փարիզ եւ Լոս Աճելըսէն ու Շիքակոյէն մինչեւ Երեւան ու Պէյրութ: Անոր արուեստին անդրադարձած են ստուար թիւով օտարալեզու արուեստի հրատարակութիւններ, ինչպէս` «Ֆրի Փրես», «Ամերիքըն Արթիսթ», «Արթ Նիուզ», «Արթիսթ Մանթլի», «Ինթըր Լինք», «Տը Տիթրոյիթ Նիուզ» եւ այլն: Իր ստեղծագործական կեանքին ընթացքին արժանացած է շարք մը համաամերիկեան եւ համաշխարհային տարողութիւն ունեցող շքանշաններու եւ պարգեւներու, որոնց  մէջ առաւել յատկանշական են Ուէյն եւ Հերըն թանգարաններուն շնորհած մրցանակները: Երբ տակաւին նոր մտած էր ստեղծագործական աշխարհէն ներս, 1973-ին, արուեստաբան Պիլ Թոլը հետեւեալը կը գրէր իր մասին. «Հակառակ բազմատեսակ նիւթերու վրայ կատարած իր աշխատանքներուն, Թազեանը կրցած է ընդհանուր համադրութիւն մը յառաջացնել… եւ հակառակ ներկայ դարու արդիական արուեստի յեղաշրջումներուն ու թոհուբոհին, ինք իր ճամբան գտած` կը քալէ ինքնավստահ, առանց ազդուելու շրջապատի ժխորէն…»: Այդ տարիներուն ամերիկեան արուեստը եռեւեփումի մէջ էր: Յանուն նորարութեան` ամէն ինչ «արտօնուած էր» անոնց: Կերպարուեստագէտները սանձարձակօրէն կրնային դիմել արտայայտման որեւէ պատահական տեսակի, ձեւի ու նիւթի: Եւ ինքնաբերաբար ստեղծուած էր ստեղծագործական այնպիսի ժխոր մը, որմէ խուսափիլը այնքան ալ դիւրին չէր: Թազեանը չտարուեցաւ այդ հոսանքներէն, որովհետեւ իր ներշնչման աղբիւրները ուրոյն էին եւ յստակ: Վերոյիշեալ ցուցահանդէսին առիթով, նոյն տարին, Պոսթընի «Հայրենիք» պարբերականը Թազեանին հետ կ՛ունենայ հարցազրոյց մը, ուր «Ի՞նչ են ներշնչումի ձեր աղբիւրները` ընդհանրապէս»  հարցումին հետեւեալը կը պատասխանէ. «Այնճարի (Լիբանան) հայ մամիկներուն եւ մշակներուն արեւախանձ դէմքերը շատ տպաւորած են զիս: Հայ դպրոցին մէջ հայկական ջարդերու եւ տառապանքներու մասին լսածներս արտաբերած եմ գործերուս մէջ: Հայկական ճարտարապետութեան կոթողներու աւերակ երեւոյթը զիս կը ներշնչէ. զանոնք վերակենդանացնելու մղում մը կ՛ունենամ»:  Իր իսկ վկայութեամբ, Թազեանի արուեստի «համադրութեան ընդհանրութիւնները»-ն ու «ստեղծագործական ինքնավստահ քայլերը» կը բխին արեւախանձ դէմքերէ, ջարդերէ, տառապանքներէ ու աւերակուած կոթողներէ, որոնց վերակենդանացնելու մղումը կ՛ունենայ: Հակառակ անոր որ ան խորապէս տպաւորուած է հայկական ձեռագիր մատեաններէն, անոր երանգապնակը զուսպ է ու սահմանափակ: Մանրանկարչական վառ ու պայծառ գոյներու փոխարէն` ան կ՛օգտագործէ խունացած մագաղաթեայ երանգները, որոնք ո՛չ միայն հալածուած ու տառապած ժողովուրդի մը դարաւոր վկաներն են, այլ նաեւ բարձր մշակոյթի տէր ազգի մը իմաստութիւնն ու առհաւական յիշողութիւնը կը կրեն իրենց մէջ: Իսկ անոնց վրայ  պատկերուած սուրբերու եւ մատենագիր-ծաղկողներու տագնապն ու տուայտանքը գեղեցկօրէն դրսեւորուած են նաեւ Թազեանին կերտած կերպարներուն մէջ, յատկապէս` հայուհիներու պարագային: Ուրիշ ձեւ չէր կրնար ըլլալ: Բնական է, որ մուսալեռցի իր պապերուն առհաւական արիւնը, ծնողական ցեղային դաստիարակութիւնն ու հայկական դպրոցին մէջ ստացած ազգային հոգեմտաւոր սնունդը իր արուեստը պիտի օժտէին ազգային ու մարդկային գեղագիտական վսեմ արժանապատուութեամբ: Անոր անհատականութեան կազմաւորման ու բիւրեղացման մէջ կենսական դեր կատարած են երկու կին անձնաւորութիւններ, զորս երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր զրոյցներուն մէջ: Նախ իր մայրը` Մարին, որ առանց հայրական նեցուկի` հինգ երեխաներ մեծցուց, դաստիարակեց ու պահեց իբրեւ հայ, իսկ երկրորդը` իր ուսուցչուհին` Օլիվիա Պալեանը, որ օգնեց, հովանաւորեց ու մղեց զինք դէպի արուեստ:

Անոր ստեղծագործութիւնները, իրենց ոճային, արտայայտչաձեւերու, օգտագործած նիւթերու եւ որդեգրած միջոցներու բազմազանութեամբ հարուստ են ու տարաբնոյթ: Անոնք կ՛ընդգրկեն արուեստի գրեթէ բոլոր հիմնական ուղղութիւնները` սկսեալ դասականութենէն ու տպաւորապաշտութենէն մինչեւ գերիրապաշտութիւնն ու վերացականութիւնը: Ան առաջինը չէ, որ միաժամանակ ստեղծագործած է արուեստի տարբեր արտայայտչաձեւերով: Իրմէ առաջ եւ ետք եղած են շատ շատեր: Սակայն ինք  կ՛առանձնանայ անոնց մէջ` իր գեղարուեստական «արկածախնդրութեամբ», ուր Եղեռնի արձագանգները կարեւոր տեղ կը գրաւեն: Կարենալ հասնելու համար լաւագոյնին, բարձրին ու առաւել արտայայտչականութեան` ան տեւականօրէն հետամուտ է  լրջախոհ ու բեղմնաւոր որոնումներու: Այս պատճառով ալ խտրութիւն չի դներ միջոցներու մէջ: Նոյնի՛սկ կը հաւաքէ զինք հետաքրքրող առարկաներ, որոնք կրնան ըլլալ քարի, փայտի կամ մետաղեայ լքուած կտորներ, որոնց հետ ոչ միայն կը վարուի  յատուկ խնամքով,  կը տանի արուեստանոց  ու ամենայն բծախնդրութեամբ կ՛իմաստաւորէ ու կ՛ապրեցնէ զանոնք գեղագիտականօրէն: Կան արուեստագէտներ, որոնք երբ դիմանկար կը պատկերեն, նմանութիւնը տալով հանդերձ, իրենց գծած մարդը կը վերածուի քարի ու փայտի նման անշունչ առարկայի: Բացառիկներ միայն կարողութիւնը ունին քարի ու փայտի նման անշունչ առարկաները շնչաւորելու` իբրեւ գեղարուեստական յղացք: Այդ բացառիկներէն է նաեւ Գեղամ Թազեանը: Այս առումով, ան Hylozoist մըն է, այնպէս` ինչպէս Արշիլ Կորքին, Երուանդ Քոչարը եւ կամ Յակոբ Յակոբեանը: Այո՛, եթէ ուզենք անպայման որեւէ ԻԶՄ-ով բնորոշել Թազեանին արուեստը, ապա «Հայլոզոիզմ»-ն է այդ մէկը, որ ո՛չ պատահական է եւ ո՛չ ալ մտածուած, այլ բնականօրէն իր ազգային խորքերէն կը բխի անոր նիւթակենսապաշտութիւնը: Քարի, հողի, ջուրի, յաճախ նաեւ տան առարկաներու (ինչպէս օճախ, աղաման, տաշտ, սանդ եւ այլն) պաշտամունքը հազարամեայ արմատներ ունի հայ մշակոյթի մէջ:

Հին յունարենէն փոխ առնուած եւ եւրոպական լեզուներու մէջ տարածուած

Hylozoism-ը կը թարգմանենք «նիւթակենսապաշտութիւն», բայց դժուար թէ հասկնալի ըլլայ ոմանց համար: Բառը կազմուած է նիւթ եւ կեանք արմատ բառերէն, որ առաջին անգամ կը յիշատակուի նախասոկրատեան փիլիսոփայութեան Միլեթեան դպրոցին մէջ, ուր կ՛ակնարկուի նիւթի եւ առարկաներու պաշտամունքին: Հին աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդները կը հաւատային, որ նիւթը` առարկան, ինչպէս, օրինակ, քարը կ՛ապրի, կը շնչէ, զգացում ունի, եւ հետեւաբար կը պաշտէին զայն: Մինչեւ հիմա Ճափոնի մէջ շինդու կրօնին հետեւորդները որոշ չափով հայլոզոյիսթ են: Ինչպէս վերը նշեցինք, հայլոզոյիզմը ոչ միայն խոր արմատներ ունի հայ մշակոյթի մէջ, այլեւ մաս կը կազմէ մեր ազգային խառնուածքին ու էութեան եւ այս պատճառով ալ տարերայնօրէն կը դրսեւորուի իր մարդկային ու ազգային հոգեմտաւոր արժէքներուն հաւատարիմ մնացած հայ կերպարուեստագէտներու մօտ, որոնց ամենաարժանաւորներէն Է Գեղամ Թազեանը: Ան որքան ալ ստեղծագործէ այլազան ու ժամանակակից արտայայտչաձեւերով, որքան ալ կիրարկէ տարօրինակ առարկաներ, որքան ալ յօրինէ բոլորովին նոր ու արտակեդրոն համադրումներ կամ զետեղումներ, միեւնոյնն է, իր «ազգային մատնահետքերը» անպայմանօրէն ի յայտ կու գան անոնց վրայ: Ահաւասիկ հո՛ս է իր արուեստի գեղարուեստական ուժն ու համամարդկային արժէքը, որոնք արգասիքն են ինքնաորոնման իր յարատեւ խորացումներուն:

Այս ջանասէր ու բազմավաստակ կերպարուեստագէտի ստեղծագործական աւանդը բազմաշերտ է ու բազմախորհուրդ: Ծաւալային զգացողութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է իր մէջ, քան` գունազգացողութիւնը: Այս պատճառով ալ ան ճանչցուած է առաւելաբար իբրեւ քանդակագործ: Ահա թէ ինչու ամերիկեան տարբեր քաղաքներու ու հրապարակներու վրայ կարելի է հանդիպիլ շարք մը յուշարձաններու ու կոթողներու, որոնց բարձրորակ կատարողական մակարդակի եւ գեղարուեստական արժէքին համար հարկաւոր է անդրադառնալ առանձին:

Ընտանիք
Յուշարձան
Մայր եւ որդի, գործ՝ Գեղամ Թազեանի
Աղաւնի
Անծայրածիր
Նախորդը

Աշխատողներուն Երկընտրանքը, Երբ Անհանգիստ Են

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Երկրաշարժ Եւ Ցունամի` Ամերիկեան Քաղաքական Բեմին Վրայ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?