Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաոս»-ը Նոր Հորիզոններ Կը Բանայ

Մարտ 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴԱԼԱՐ ԳՈՍԱԳԵԱՆ-ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Քանի մը շաբաթ առաջ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի «Առաջին ալիք» կայանէն Ալեքսանդր Շիրվանզադէի յայտնի վէպին` «Քաոս»-ին ֆիլմաշարի ցուցադրումին մեկնարկը կատարուեցաւ: Վէպը լոյս տեսած է 1898-ին: Հեղինակը` Շիրվանզադէ, իր վիպագրութեամբ կ՛արտացոլացնէ Պաքուի հասարակական կեանքը 19-րդ դարու վերջաւորութեան ու կը ներկայացնէ այդ ժամանակուան մարդկային-ընկերային հարցերը: Ֆիլմաշարը իր դիտորդներուն 21-րդ դար, Երեւան կը տեղափոխէ ու կը տեսնենք, թէ վէպը ֆիլմաշարի վերածող հեղինակները ինչպիսի՛ ճարտարութեամբ կը յաջողին ժամանակակից ու հարազատ դարձնել ներկայացումը:

Գնահատելի ու ողջունելի է Հայաստանի հանրային պատկերասափիւռի «Առաջին ալիք»-ին այս նախաձեռնութիւնը: Կայանի Դիմատետրի էջին վրայ «Քաոս»-ի մասին յայտարարութիւններուն ներքեւ գրուած մեկնաբանութիւններուն մեծ մասը դրական է: Հայ հասարակութեան պահանջները յստակ են: Շատեր կը խնդրեն ու կը պահանջեն, որ աւելի որակաւոր ու իմաստալից  յայտագիրներ ցուցադրուին:

Ուրախութեամբ իմացայ, որ «Առաջին ալիք»-ը նոր եթերաշրջանին ծրագիր ունի հայ գրականութեան դասական գործերը ֆիլմաշարերու վերածելու: Անհրաժեշտ է, որ որակաւոր ու ժամանակակից շարժապատկերներ պատրաստուին հայ գրողներու գործերուն հիման վրայ, որպէսզի ժողովուրդը, յատկապէս` երիտասարդութիւնը, աւելի հետաքրքրուի հայ գրականութեամբ ու աւելի մօտէն ծանօթանայ անոր:

Աւելի՛ն. պիտի ուզէի արեւելահայերէն գործերուն կողքին, տեսնել նաեւ արեւմտահայերէն ստեղծագործութիւններու հիման վրայ պատրաստուած ու արեւմտահայերէնով ներկայացուած ֆիլմաշարեր: Այս արդիւնաւէտ միջոց մըն է ոչ միայն պահպանելու արեւմտահայերէնը, այլ նաեւ սփիւռքահայ համայնքներու կազմակերպութիւններուն ու անոնց նախաձեռնութիւններուն կողքին, Հայաստանի պետական եւ մշակութային կառոյցներուն կողմէ եւս արեւմտահայերէնի բարգաւաճման ու պահպանման կարեւորութիւնը շեշտադրելու եւ այս ուղղութեամբ գործնական քայլերու նախաձեռնելու:

Երկրի մը մէջ գործող լրատուամիջոցները եւ մամուլը իրենց որոշակի ազդեցութիւնը կ՛ունենան երկրի մշակոյթին ու ժողովուրդին վրայ, մանաւանդ` այս դարուս, երբ իւրաքանչիւր անհատի ձեռքը հեռաձայն կայ, ու ան տեւաբար կապուած է հասարակական ցանցերուն: Պատկերասփիւռի կայանները իրենց ծրագիրներով կը սնուցանեն ու կը դաստիարակեն հայ հասարակութիւնը: Հետեւաբար շատ կարեւոր է, որ այս ֆիլմաշարերն ու ծրագիրները արժէք ընծայեն ժողովուրդին դաստիարակման ու մշակոյթի զարգացման: Ցանկալի է, որ անոնք մասնաւորաբար հայկական մշակոյթը, գրական ու պատմական մեր արժէքները ներկայացնեն ու քաջալերեն: Իսկապէս հաճելի է դիտել հայաստանեան նորօրինակ ֆիլմաշարի մը արտադրութիւնը` փոխանակ գերին դառնալու հայերէնով ձայնագրուած օտար մշակոյթներու անորակ վերարտադրութեանց:

Ինչ կը վերաբերի «Քաոս»-ին, պատմութիւնը այսօրուան իրականութենէն շատ չի շեղիր: Կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս դրամին ու նիւթին մեծ կարեւորութիւն տալը մարդոց ինքնասիրութիւնը կը շեշտադրէ, անոնց ընտանիքն ու բարեկամութիւնները կը քանդէ: Սէր ու յարգանք պարգեւելու փոխարէն` մարդիկ ամէն ջանք կը թափեն դրամի միջոցով ուժին ու իշխանութեան տիրանալու: Բացայայտելով մարդոց այս թերութիւնները պատմութեան տիպարներու նկարագրութեամբ, Շիրվանզադէ կը ներկայացնէ բարոյական եւ անբարոյ կերպարներ ու կը վերլուծէ մարդկային բարդ յարաբերութիւններ: Վէպին հիման վրայ ֆիլմաշարը կը պատմէ յայտնի հարուստ ընտանիքի մը` Ալիմեաններուն հարցերը, որոնք կը ծագին իրենց մահացած հօր թողած կտակին պատճառով: Երեք եղբայր, մէկ քոյր ոխերիմ թշնամիներ կը դառնան` իւրաքանչիւրը կտակէն իր բաժինը ապահովելու համար ու քաոս կը ստեղծեն: Պատմութեան մէջ տարբեր դէպքեր կը սահմանեն անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճակատագիրը ու կը ստիպեն, որ անոնք կերպարանափոխուին:

«Քաոս» ֆիլմաշարը կարելի է դիտել «Եութուպ»-ի «Առաջին ալիք»-ի հետեւեալ հասցէով.

http://www.1tv.am/hy/program/videos/%D5%94%D5%A1%D5%B8%D5%BD/

Անգամ մը եւս կ՛ողջունենք այս ծրագիրը եւ անհամբեր կը սպասենք նմանօրինակ ֆիլմաշարերու ցուցադրման:

 

 

 

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ Վրէժ Արմէնի «Ոստայն 11 – Դեգերումներ» Հատորը

Յաջորդը

Հայաստանի Ժողովրդագրական Վիճակի Հիմնահարցը

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?