Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Ստալինին Ուղեղը Ո՛ւր Հասած Է…

March 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

– Լսեցի՞ր վերջին լուրը,- հարցուց կատակասէր բարեկամս` հեռաձայնին միւս ծայրէն, ուշ յետմիջօրէին:

– Նորէն ի՞նչ կայ…,- հարցուցի` իր երեւակայածին կատակները հաճոյքով լսողի տրամադրութեամբ:

– Նախագահ Թրամփը յայտարարութիւն մը ստորագրեր է այսօր,  սուրիական Կոլանը Իսրայէլին նուիրեր է:

Բացատրեցի, որ լուրը արդէն աշխարհով մէկ տարածուած է, նոր լուր ըլլալէ դադրած է:

– Բուն լուրը Կոլանի մասին Թրամփի յայտարարութիւնը չէ, անկէ անդին բաներ կան եղեր:

– Այո՛, անոնք ալ լսեցի. հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, դատապարտում, մեղադրանք, Իսրայէլի ընտրութեանց մէջ Նեթանիահուի դիրքի ամրացում…

– Չէ՛, չէ՛, լուրը անոնց մասին չէ,- ընդհատեց բացատրութիւնս եւ շարունակեց.- լուր տարածուեր է, որ նշանաւոր Ստալինին ուղեղը մինչեւ հիմա տեղ մը կենդանի պահուած է եղեր, հիմա Թրամփին ձեռքը անցեր է, եւ ան ինքզինք այդ ուղեղով օժտեր է:

– Նորէն երեւակայութեանդ թռիչք կու տաս, հա՞,- ընդմիջեցի իմ կարգիս:

– Չէ՛, կատակը մէկդի: Լուրը իրա՛ւ է եղեր: Փա՛ստ ալ կայ եղեր…

– Ըսելիքդ ըսէ՛, վերջանանք,- ըսի ծիծաղելով:

– Գիտե՛ս, չէ՞. ժամանակին, 1923-ին, Ստալինն ալ ասանկ` առտու մը արթնցեր է եւ որոշեր է մեր Արցախն ու Նախիջեւանը հրամանագիրով մը Ազրպէյճանին նուիրել` ոտքի տակ առնելով աշխարհն ու օրէնքը, ժողովուրդին տարրական իրաւունքը: Խօսք կայ, որ Ստալինի մահէն ետք անոր ուղեղը գաղտնօրէն մեկուսացուցած են. չե՞ս լսած, երբեմն արուեստագէտներու կամ գրողներու սիրտը կը պահեն եւ տարիներ ետք իրենց նախասիրած մէկ տեղը կը տանին ու կը թաղեն: Մարդիկ կան, որ Ստալինի ուղեղը այնքան սիրած են, որ մերժած են զայն թաղել, մեր Թրամփը լսեր է եւ պատկառելի գումարով մը ձեռք բերեր է, ինքզինք այդ ուղեղով ու տրամաբանութեամբ օժտած է: Մենք ալ կը սպասենք, որ վաղը-միւս օր, ապրիլ 24-ին Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ, մեր պատմական հողերուն իրաւատիրութիւնը հաստատէ:

– Կատակիդ առաջին մասը սիրեցի, բայց վերջին բաժինը չհաւնեցայ,- ըսի, եւ մեր խօսակցութիւնը վերջ գտաւ այսօրուան համար:

25 մարտ 2019

Նախորդը

Խոպան Գաղութ` Մշակման Կարօտ (Ռուսիոյ Հայութեան Մասին)

Յաջորդը

Տօներ Սահմանելուց Առաջ Արժէ Մի Փոքր Մտածել

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.