Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Կայացած Է Զինծառայողներու Մկրտութեան Արարողութիւն
Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր եկեղեցւոյ մէջ կայացած է շուրջ 60 ժամկէտային զինծառայողներու մկրտութեան արարողութիւն: Մինչեւ արարողութեան սկսիլը` զինծառայողները իրենց կնքահայրերուն հետ, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ արիաբար զոհուած Ռոպերթ Ապաճեանի, Անդրանիկ Զոհրապեանի եւ Սասուն Մկրտչեանի հարազատները, ծնողներ, հիւրեր այցելած են Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են պատերազմի ժամանակ զոհուած հայորդիներու յիշատակին:
Մկրտութեան արարողութիւնը կատարուած է Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Ասրեանի ձեռամբ: Մկրտութեան արարողութենէն ետք մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ զինծառայողներուն դիմաւորած են դպրոցականները` անոնց բաժնելով բացիկներ եւ հանդէս գալով ազգագրական պարերով:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորները
«Արցախը սրբութիւն է, այնտեղ պատիւն է մեր ժողովուրդին», նշած է Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Մայիս 15-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ուղեկցութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանին: Արցախեան պատուիրակութիւնը Հայաստան հասած էր Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Արցախի Ազգային ժողովի միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական նիստին առիթով:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կարեւոր նկատեց միջխորհրդարանական այս հանդիպումները, որոնց ընթացքին քննարկուած են Արցախի առջեւ ծառացած հարցերը, որպէսզի միասնական ջանքերով յաղթահարուին բոլոր մարտահրաւէրները, պաշտպանուին արցախահայութեան արդար իրաւունքները, եւ գտնուին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիներ: Կաթողիկոսը հրամայական նկատեց միասնականութիւնը եւ համագործակցութիւնը:
Վեհափառը նշեց, որ Հայց. եկեղեցին իր հերթին կարելին կ՛ընէ` նպաստելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, միջեկեղեցական եւ միջազգային տարբեր բեմերու վրայ մնայուն կը բարձրաձայնէ արցախեան հիմնահարցին մասին: Գարեգին Բ. կաթողիկոս հաւաստիացուց, որ Արցախը միշտ իր աղօթքներուն մէջ է, Հայց. եկեղեցին` Արցախի կողքին, պատրաստակամ` աջակից ըլլալու արցախցիին:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հաստատեց, որ Արցախով կ՛ոգեշնչուին եւ կը խանդավառուին աշխարհասփիւռ մեր ամբողջ ժողովուրդը, որուն համախմբման եւ միաւորման գործին մէջ Արցախը կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Անդրադառնալով Արցախ կատարած իր հովուապետական այցելութիւններուն` ան ընդգծեց, որ միշտ կը վերադառնայ մխիթարուած եւ գօտեպնդուած` տեսնելով արցախցիի հաւատաւոր եւ քաջարի ոգին, որով անառիկ կը պահէ երկրին սահմանները: Հայրապետին համաձայն, արցախահայութեան զօրաւոր եւ դարերու խորքէն եկող հաւատքը, լաւատեսութիւնը եւ քաջազնութիւնը յաղթական կամքի ոգի կը կերտէ ամբողջ ազգին մէջ:
Իր հերթին, Աշոտ Ղուլեան, շնորհակալութիւն յայտնելով կաթողիկոսին` Արցախի եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուող մնայուն հոգածու վերաբերմունքին եւ ուշադրութեան համար, տեղեկացուց միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբին հերթական նիստի օրակարգին մէջ քննարկուած հարցերու, տարածաշրջանի ընդհանուր հարցերու եւ մտահոգութիւններուն մասին: Ազգային Ժողովի նախագահը կարեւոր նկատեց առկայ համագործակցութիւնը` ի խնդիր ազգը յուզող հարցերուն լուծման, համազգային ծրագիրներու իրագործման:
Խօսելով Արցախի ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի մասին` Ա. Ղուլեանը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին` ապրիլ 7-ին Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բացման եւ օծման արարողութեան հանդիսապետելու համար, աւելցնելով, որ այդ իրողութիւնը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած է ժողովուրդին մէջ:
Վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մաղթեց, որ արցախահայութիւնը ապրի խաղաղութեան մէջ եւ միշտ յաղթական ըլլայ թէ՛ հայրենաշինութեան, թէ՛ հայրենիքի արդար պայքարին մէջ: Ան հայցեց Ամենազօր Աստուծոյ օգնութիւնը, որպէսզի սիրոյ եւ միասնութեան մէջ պահէ մեր ժողովուրդը, որպէսզի միշտ հզօր ըլլան եւ կարողանան իրականացնել իրենց իղձերն ու երազները:
Յովհաննէս Թումանեանի Անձնական Հաւաքածոյին Բացառիկ Քարտէսները Առաջին Անգամ Ըլլալով Ցուցադրուեցան Մէկ Վայր Մէջ
Յովհաննէս Թումանեանի անձնական հաւաքածոյի 28 անուն քարտէսագրութեան եզակի եւ տարաբնոյթ ցուցանմուշներ ներկայացուեցան «Աւանդ սերունդներուն. պատմութեան գիտական յիշողութիւն» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան ընթացքին:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ մայիս 14-ին Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին մէջ:
«Հին եւ Նոր Կիլիկիայի», «Երեւանի եւ Ելիզավետպոլի», «Ղարաբաղի եւ յարող շրջաններու», «Կովկասի խաղողի այգիներու» քարտէսներով եւ այլ ցուցանմուշներով հարուստ ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ եւ պիտի տեւէ մինչեւ մայիս 26:
«Ցուցադրութեան բաղկացուցիչ մաս կը կազմեն բանաստեղծին թանգարանին մէջ պահուող անձնական գրադարանի կովկասագիտութեան բաժինի գիրքերը, որոնք նոյնպէս առաջին անգամ կը ցուցադրուին: 1910-ական թուականներուն Թումանեանը կը բարձրաձայնէր կովկասագիտութեան ակադեմիա ստեղծելու կարեւորութեան մասին: Ան կը կարծէր, որ կողք-կողքի ապրող ժողովուրդները պէտք է լաւ ճանչնան զիրար եւ հասկնան հիւսիսի, հարաւի, արեւելքի եւ արեւմուտքի կեդրոնը գտնուող «հսկայի» կարեւոր նշանակութիւնը աշխարհի զարգացման գործին մէջ», նշեց թանգարանի տնօրէն Անի Եղիազարեանը:
Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանի խօսքով, քարտէսներու հաւաքածոն իւրօրինակ է այն բանով, որ կարգ մը քարտէսներէ միայն մէկ օրինակ պահպանուած է: Վիրաբեանը շեշտեց, որ լաւ է ունենալ այսպիսի արժէքաւոր քարտէսներ, որոնք կարելի է ո՛չ միայն ցուցադրել, այլեւ` ուսումնասիրել»:
Նշենք, որ քարտէսները թանգարանին տրամադրած է Հայաստանի Ազգային արխիւը, եւ ցուցահանդէսը կ՛իրականացուի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններու ծիրին մէջ:
Երեւանի Պետական Համալսարանի Հիմնադրման 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկները Մեկնարկեցին Գիւմրիէն
Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ, ուսանողական ցուցադրական բեմադրութեամբ, ազդարարուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու սկիզբը:
Ուսանողները զանազան ոճերու երաժշտութեան հետ հանդէս եկան պարային կատարումներով` տօնական տրամադրութիւն փոխանցելով գիւմրեցիներուն եւ հրապարակին վրայ գտնուող զբօսաշրջիկներուն: Ուսանողները նաեւ համալսարանի 100-ամեայ գործունէութեան մասին պատմող տեղեկատուական գրքոյկներ բաժնեցին անցորդներուն:
Հայաստանի մայր համալսարանի յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբը մեկնարկը որոշած է սկսիլ Գիւմրիէն, որովհետեւ ճիշդ այս քաղաքին մէջ էր, որ 16 մայիս 1919-ին Հայաստանի նախարարներու խորհուրդը Երեւանի մէջ համալսարան հիմնելու վերաբերեալ որոշում տուած էր: 31 յունուար 1920-ին Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) առեւտրական դպրոցի շէնքին մէջ մեծ շուքով կատարուած էր Հայաստանի համալսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած էին հանրապետութեան ղեկավարները եւ արտասահմանէն բազմաթիւ հիւրեր: Համալսարանական դասերու մեկնարկը տրուած էր նշանաւոր հայագէտ Ստեփան Մալխասեանցի` 1 փետրուար 1920-ին կարդացած դասախօսութեամբ:
Առաջին ուսումնական տարեշրջանին համալսարանը ունեցած է մէկ` պատմական- լեզուաբանական բաժանմունք, 262 ուսանող եւ 32 դասախօս: Ի պատիւ համալսարանի առաջին տնօրէն Եուրի Ղամբարեանի` հիմնադրման առաջին իսկ տարին համալսարանին մէջ դասախօսելու հրաւիրուած էին արտասահմանեան համալսարաններ աւարտած, մանկավարժական եւ գիտական աշխատանքի փորձառութիւն ունեցող այնպիսի անուանի մասնագէտներ, ինչպիսիք էին` Յակոբ Մանանդեան, Մանուկ Աբեղեան, Ստեփան Մալխասեանց եւ ուրիշներ: Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան առաջին լուսժողկոմ (կրթութեան նախարար) Աշոտ Յովհաննիսեանի «Երեւանի համալսարանի վերակազմութեան մասին» հրամանով, 17 դեկտեմբեր 1920-ին, Հայաստանի համալսարանը վերանուանուեցաւ Երեւանի ժողովրդական համալսարան: Երեւանի մէջ վերաբացուած համալսարանի տնօրէն ընտրուեցաւ հայագէտ Յակոբ Մանանդեանը:
Երեւանի պետական համալսարանի յոբելենական յանձնախումբին նիստը տեղի ունեցաւ 16 մայիսին, Գիւմրիի նոյն կառոյցին մէջ: Ողջունելով ձեռնարկին բոլոր մասնակցողները` համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեանը անդրադարձաւ յոբելենական տարուան ձեռնարկներուն եւ հրապարակումներուն:
«Համալսարանի յոբելենական տարուան ձեռնարկներու յանձնախումբը արդէն 3 տարի է ստեղծուած է եւ ձեռնարկները, ըստ ծրագրածի կ՛ընթանան, իսկ անոնք բազմաբնոյթ եւ բազմաբովանդակ են: Շատ յագեցուած», նշեց Սիմոնեանը` առանձնացնելով 26-28 սեպտեմբեր ծրագրուած ձեռնարկները: Մինչ այդ կը վերանորոգուի համալսարանի երրորդ յարկի դահլիճը, կը գումարուին միջազգային գիտաժողովներ, կը կազմակերպուին ընդունելութիւններ, պարգեւատրումներ եւ մշակութային ձեռնարկներ:
«Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին համալսարանը մեծ նուաճումներ արձանագրած է: Յուսանք` այդ նուաճումները կը շարունակուին, եւ կը գտնուին նուիրեալներ, որոնք կը շարունակեն այդ ազգասէր գործը: Համալսարանը յառաջընթաց ապրող օրկանիզմ է», իր խօսքին մէջ նշեց Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան ամպիոնի տնօրէն Արծրուն Աւագեանը:
Սահմանապահ Չինարի Գիւղին Մէջ Ներդրուած Է Արտաքին Լուսաւորութեան Ուժանիւթ Խնայող Համակարգ
Հայաստանի մէջ էքօգիւղերու ցանցի զարգացման ծրագիրը կը շարունակուի: Գործընկեր կառոյցներու` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի միացեալ ջանքերով, գիւղերուն մէջ կը ներդրուի արտաքին լուսաւորութեան ուժանիւթ խնայող համակարգ, որ կ՛ապահովէ տնտեսական եւ բնապահպանական արդիւնաւէտութիւն:
Տաւուշի մարզի Բերդ համայնքի Չինարի գիւղը երեք կողմէ սահման ունի հակառակորդին հետ: Ուղիղ գիծով` սահմանի հեռաւորութիւնը երբեմն կը հասնի 600 մեթրի: Հակառակ ունեցած դիրքին եւ հակառակորդի վարքագիծին անկանխատեսելիութեան` գիւղին մէջ կը պահպանուին կեանքի բնականոն կշռոյթը, եւ մարդիկ կը զբաղին գիւղատնտեսական աշխատանքներով: Ենթակառուցուածքներու բացակայութեան եւ տարբեր հարցերու պատճառով, այդքան ալ դիւրին չէ կեանքը սահմանապահ գիւղի բնակիչներուն համար:
2018-ին սկիզբ առած ծրագրին իբրեւ արդիւնք` Չինարի գիւղին մէջ տեղակայուած է 51 լետ լուսարձակէ բաղկացած փողոցային արտաքին լուսաւորութեան համակարգ: Լուսաւորուած են գիւղի` հարաւէն հիւսիս ձգուող, 1700 մեթր երկարութեամբ հիմնական փողոցները:
Սահմանամերձ գիւղերը եղած են եւ կը մնան «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ուշադրութեան կեդրոնը, նաեւ` ոչ միայն ցանցի զարգացման տեսանկիւնէն: Ընկերութիւնը իր գործընկերոջ` Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին հետ կը շարունակէ առաջնորդուիլ պատասխանատու մօտեցումով` գիտակցելով, որ այդ է երկրի զարգացման նպաստելու երկարատեւ ուղին: Այդ մասին կը վկայեն ընկերական կեանքի բարելաւման ուղղուած` վերջին տարիներուն ներդրումները: Չինարի մէջ նախապէս իրականացուած են խմելու եւ ոռոգման ջուրի քանի մը ծրագիրներ, իսկ մինչեւ տարեվերջ կողմերը պիտի իրականացնեն հերթական ծրագիրը. Պիտի ընդլայնուի լետ լուսաւորութեան համակարգը` լուսաւորելով գիւղին արդէն երկրորդական փողոցները եւ գիւղի մուտք հանդիսացող գլխաւոր ճանապարհահատուածը:
Ժամանակակից ուժանիւթ խնայող համակարգի գործարկման մասնակցած են` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, ծրագրի համակարգող Մարտին Մարալչեանը, բնակավայրի վարչական ղեկավար Սամուէլ Սաղոյեանը եւ գիւղի բնակիչները:
«Դարձեալ Չինարի մէջ ենք` իրականացած հերթական ծրագիրը գնահատելու համար: Կարեւոր են այստեղ գործադրուած ջանքերը: Առհասարակ, սահմանապահ գիւղերու մէջ ներդրում կատարելով` կը լուծենք ո՛չ միայն բնակավայրերու, այլեւ, ինչ-որ առումով,` մեզմէ իւրաքանչիւրին հարցը: Այս գիւղերուն մէջ բնակողները իրենց ամէնօրեայ ջանքերով կ`ապահովուին ե՛ւ իրենց, ե՛ւ իւրաքանչիւրիս ընտանիքին անվտանգութիւնը: Մենք ալ տարբեր նախաձեռնութիւններով կը յղենք կարեւոր պատգամ. շարունակեցէ՛ք ապրիլ եւ շէնցնել հայրենի հողը: Մենք ձեր կողքին ենք», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Ի տարբերութիւն այլ լամբերու` լետ լամպերը առաւել արդիւնաւէտ եւ դիմացկուն են, կրնան անհամեմատ աւելի երկար ծառայել` սպառելով 80 առ հարիւրով պակաս ելեկտրաուժանիւթ:
Գիւղին փողոցները պիտի լուսաւորուին ամրան ժամը 21:00-էն մինչեւ 02:00, իսկ ձմրան` 18:00-էն մինչեւ 00:00: Տօնական օրերուն լուսաւորութիւնը պիտի ապահովուի նաեւ ամբողջ գիշերը:
Մայիս 18-ին Հայաստանի Եւ Արցախի 100-է Աւելի Թանգարաններ Բաց Մնացին Այցելուներու Համար
Մայիս 18-ին` Թանգարաններու միջազգային օրը, Հայաստանը միացաւ «Թանգարաններու գիշեր» համաեւրոպական ձեռնարկին, որ այս տարի Հայաստանի մէջ իրականացուեցաւ արդէն 16-րդ, իսկ Արցախի մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով:
Մայիս 18-ին, ժամը 11:00-24:00, Հայաստանի եւ Արցախի հարիւրէ աւելի թանգարաններու դռները անվճար` բաց մնացին հասարակութեան առջեւ:
Այս տարի ալ Հայաստանի եւ Արցախի թանգարանները այցելուներուն ներկայացան բազմաբովանդակ ծրագիրներով` բացայայտելով նոր էջեր` հաւաքածուներու եւ պատմական մշակութային հարուստ ժառանգութեան մասին: Թանգարաններու միջազգային օրը իրականացուեցաւ «Թանգարանները իբրեւ մշակութային հանգոյցներ. աւանդոյթի ապագան» խորագրին տակ, որ կը մատնանշէ հասարակութեան մէջ թանգարաններու փոփոխուող նոր դերը, յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը:
Նշենք, որ մայիս 18-ին թանգարաններու այցելուներուն փոխադրութիւնը դիւրացնելու համար Երեւանի մեթրոն աշխատեցաւ մինչեւ ժամը 1:00: