Յօդուածներ

Լեզուի Կոմիտէն Պիտի Ունենայ Համացանցի Պաշտօնական Կայք

Լեզուի Կոմիտէն Պիտի Ունենայ Համացանցի Պաշտօնական Կայք

Լեզուի պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանը յայտարարեց, որ շուտով գործելու պիտի սկսի Լեզուի կոմիտէի պաշտօնական կայքը` langcom.am-ը, որ պիտի ծառայէ իբրեւ կոմիտէի պաշտօնական լրատու եւ լեզուական հարթակ` յագեցած զանազան տեսակի նիւթերով, նոյնիսկ` խաղերով: Ամփոփելով առաջին կիսամեակի աշխատանքը` Դաւիթ Գիւրջինեանը ըսաւ. «Ստեղծուած է կոմիտէի տարբերանշանը, մշակուած են գունային լուծումներ, անոնց հիման վրայ կազմուած են Լեզուի կոմիտէի պաշտօնական ձեւաթուղթերն ու այցեքարտերը: Աշխուժ...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Խաղաղութենէ Եւ Երկխօսութենէ Անդին

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 900 թեկնածուներէ 23 ուսանողներ, հետազօտողներ եւ քաղաքական գործիչներ տասը օրուան վրայ երկարող Միջազգային երկխօսութեան եւ միջնորդութեան ծրագիրին հետեւեցան Շուէտի Ուփսալա համալսարանին մէջ: Ծրագիրը հովանաւորուած էր Տակ Համարշոլտ հաստատութիւնը եւ Ուփսալա համալսարանի խաղաղութեան հիմնարկին կողմէ: Ուրեմն, այս ծրագիրին Լիբանանէն, Իրաքէն, Եմէնէն, Հայաստանէն, Վրաստանէն, Աբխազիայէն, Քոլոմպիայէն, Մեքսիքայէն, Կուաթեմալայէն, Միանմարէն, Հնդկաստանէն, Նեփալէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Քոնկոյէն, Եթովպիայէն, Ուկանտայէն եւ Լիպերիայէն մասնակցեցան 23...

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Երկօրեայ Փառատօնը

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Երկօրեայ Փառատօնը

Շաբաթ, 13 եւ կիրակի 14 յուլիսին Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին մէջ երեկոյեան ժամը 5:00-էն 10:00-ը տեղի պիտի ունենայ «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» փառատօնը` կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Վահէ Գալինճեանին եւ գործակցութեամբ Պիքֆայայի քաղաքապետարանին: Այս ձեռնարկին նպատակն է հայկական մշակոյթը իր բոլոր երեսներով ներկայացնել լիբանանեան եւ հայ հասարակութեան: Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն «Ժողովրդական արուեստի հանգոյց» կրթամշակութային հիմնադրամը` հայկական գորգերու  ցուցադրութեամբ...

Տհուր Շուէրի Մէջ Հայկական Երեկոյ

Տհուր Շուէրի Մէջ Հայկական Երեկոյ

Հայեր միշտ ալ նախասիրութիւն ունեցած են ամառնային հանգիստը անցընել Տհուր Շուէրի, Մրուժի եւ Պոլոնիայի մէջ: Այս առումով ալ Տհուր Շուէրի քաղաքապետարանը առաջարկած է, որ իր հրապարակին վրայ հայ մշակոյթի օր մը կազմակերպել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել անցեալի օրերու յիշողութիւնը: Այս մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի  խորհուրդի անդամներ Յովիկ Գարապաճաքեանը եւ Դաւիթ Գազանճեանը ըսին, որ այս երեւոյթը առիթ է հաստատելու հայերու խաղաղ...

Համատարած Ողբերգութիւնը Շրջել Դէպի Յուսադրիչ Ապագայ

Համատարած Ողբերգութիւնը Շրջել Դէպի Յուսադրիչ Ապագայ

«ԱԶԱՏ ՕՐ» Տարաբախտ Գայեանէի ողբերգութիւնը խոր սպի մը բացաւ յունահայութեան սրտին մէջ: Հայաստան ու ընտանիք ետ ձգած, կեանքի անողոք պայմանները ճաշակած եւ աւելի քան 25 տարիներ Յունաստանի մէջ չարաչար աշխատած` հիւանդներու եւ տարիքաւոր անձերու խնամք տանելով, պարկեշտ ու ազնիւ Գայեանէն մէկ վայրկեանի մէջ խուճապի մատնուեցաւ եւ վախէն իրար անցած` հիւանդանոցի առաջին յարկէն վար ցատկեց. ի վերջոյ, ան չդիմացաւ իր կրած...

Արհեստագիտական Նորութիւններ Նաե՛ւ Հայաստանի Մէջ

Արհեստագիտական Նորութիւններ Նաե՛ւ Հայաստանի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անշուշտ ուրախալի երեւոյթ է, որ արհեստագիտական նորութիւնները, որոնք գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ ի յայտ կու գան եւ կը գործածուին, նոյն թափով ալ կը տարածուին Հայաստանի մէջ, ուր նորութիւններու հանդէպ բարդոյթը շատոնց յաղթահարուած է, գոնէ` կարեւոր հատուածի մը կողմէ:  «Սեւան Սթարթափ Սամիթ. 2019». Աւելի Քան 1000 Գործարար` Ամբողջ Աշխարհէն 28 յուլիսէն 3 օգոստոս Սեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ  տարեկան...

Արձագանգ.  Սինճարի (Իրաք) Հայերը

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ 1922-ի յունիսէն տեղւոյն կիզիչ արեւի տակ գաղթականներու մնացորդը ձեռնարկեց իրեն համար բնակարաններ շինելու` ջանալով հաշտուիլ շրջանի աննպաստ պայմաններուն, իսկ աշխատաւոր ձեռքեր Պասրա կամ շրջակայքը գործեր որոնեցին` իրենց ընտանեկան պարագաներուն օգնելու, շաբաթը, 15 օր կամ ամիսը անգամ մը քանի մը օրուան համար տնեցիներուն հանդիպելով: Ամէն աշնան ժողովուրդին երեք քառորդը զանգուածօրէն շրջանի հասունցած արմաւները մաքրելու եւ երկրէն արտադրելու համար...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Ֆրանսական Յեղափոխութեան 230-ամեակ. Ընկերային-Հասարակական Համակարգէ Մը Անցում` Այլ Ընկերային-Հասարակական Համակարգի

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ «Ազգային ժողովը այսուհետեւ ամբողջովին կ՛ոչնչացնէ աւատապետական համակարգը: Ան կը վճռէ, որ գոյութիւն ունեցող իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն մէջ, անոնք ըլլան թէ՛ աւատական եւ թէ՛ մարդոց հաշուարկի իմաստով, բոլոր գոյացած կամ  ներկայացուած իրական կամ անձնական ստրկական վիճակները պէտք է ջնջուին առանց որեւէ փոխհատուցման»: Ազգային սահմանադրական ժողովի հրամաններու թիւ մէկ յօդուածը, 4 օգոստոս 1789: Այս տարին կը զուգադիպի թէ՛ Ֆրանսական յեղափոխութեան...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի ԺԲ. դասարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 2 յուլիսին, վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, պետական երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեանի, վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէն խորհուրդին, տիկնանց յանձնախումբին, ուսուցչական կազմին, ծնողներու եւ հիւրերու: ԺԲ. դասարանի աշակերտները բեմ բարձրանալով` երգեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները, որոնցմէ ետք բացման խօսքը կատարեց Սելլա...

Հայ Աւետարանական Քոլեճ.  Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Հայ Աւետարանական Քոլեճ. Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը  6:30-ին տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Լիբանանի ու Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք մանկապարտէզի աշակերտները իրենց մանկական անմեղ ու նուրբ ձայնով երգեցին ու փառաբանեցին զԱստուած: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները, որոնք իրենց գունագեղ տարազներով, ճոխ ու խանդավառ պարերով, երգերով եւ արտասանութիւններով խանդավառեցին մթնոլորտը ու  հանդիսատեսները փոխադրեցին ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Ակնարկ. Թրամփի Ու Փութինի Շուրջ Փոթորիկներու Զուգադիպութիւն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երկուշաբթի, 8 յուլիսին քաղաքական բեմը աչքերը բացաւ` բռնուած երկու փոթորիկներու մէջ, որոնք ալեկոծումի մատնեցին արեւմտեան եւ արեւելեան կողմն աշխարհի, մոռացութեան մատնելով... Հարաւային Քալիֆորնիան երկու-երեք օր առաջ ցնցած զոյգ մը երկրաշարժերը: Երկու փոթորիկներն ալ ունէին աննախընթաց բնոյթ եւ կ՛արտայայտէին այն (ան)մակարդակը, որուն մէջ ինկած են քաղաքական, դիւանագիտական ու մամուլի ասպարէզները: ԱՐԵՒՄՈՒՏՔի մէջ փոթորիկ պայթեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ, որ...

Արխիւային Ռազմավարութիւն

«Արեւմտեան Հայաստան»-ի Վերայղացքաւորման Անհրաժեշտութիւնը

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Սփիւռքահայ ինքնութեան հիմնական բաղադրիչներէն մէկը կը hանդիսանայ Ցեղասպանութեան պատճառով կազմաւորուած գաղութներու մօտ երեւակայական «Արեւմտեան Հայաստան»-ի մը տածած սէրն ու հոգեմտաւոր կառչածութիւնը: Անկախ զանազան համայնքներու մէջ գոյութիւն ունեցող հասարակական-մշակութային տարբերութիւններէն, «կորուսեալ հայրենիք»-ի մը խօսոյթը` որպէս միջսերնդային հայեցի դաստիարակութեան եւ կապի հիմնական օղակ, հարիւր տարուան ընթացքին պահեց իր հիմնական բովանդակութիւնը` կրելով միայն որոշ ոճային ձեւափոխումներ: Յետցեղասպանական դարը այն ժամանակաշրջանն էր,...

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

Ֆրանսական Նահանջ Նաեւ Հայկական Արցախի՞ց

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Ֆրանսական դատարանների վերջերս կայացրած վճիռների ուժով, ինչպէս յայտնի է, չեղարկուել են Ֆրանսայի տարբեր քաղաքների եւ Արցախի բնակավայրերի միջեւ կնքուած բարեկամութեան ու ապակենտրոնացուած համագործակցութեան մասին հռչակագրերը: Ֆրանսական դատարանների այդ, ըստ էութեան, միանշանակ աղմկայարոյց վճիռների արձագանգները, բնականաբար, չուշացան: Անսպասելի չէր, որ առաջին արձագանգները հնչեցին Պաքւում: «Մեր դիւանագիտութիւնը ազդեցիկ յաղթանակ է տարել: Ընդ որում` մի դաշտում, որը Հայաստանը տասնամեակներ շարունակ համարում...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Իրան Հայրապետական Մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 24-րդ Տարեդարձի Առիթով Թեհրան 30 յունիսին Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 24-րդ տարեդարձի առիթով: Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութեան նախագահեց եւ իր պատգամը յղեց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Սրբազան...

Մինչեւ Ե՞րբ

Ելոյթէն Ետք

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Համազգայինի «Գայեանէ»-ի տարեկան ելոյթէն ետք երբ վերադարձայ տուն, հոգեպէս բաւարարուած էի ելոյթին պատրաստութեամբ, տարազներով, երաժշտութեամբ, թեմայով, քորեկրաֆիով եւ աշակերտներու թիւով: Զգացումներս զիս տարին տարիներ առաջ, եւ սկսայ մտաբերել Գրիգոր Շահինեանը, Կարինէ Ալեքսանտրեանը եւ Ֆելիքս Յարութիւնեանը, որոնք հաւատացողներն էին «Գայեանէ» դպրոցի առաքելութեան, որոնք հիմնադիրները եւ տեսիլք ունեցողները հանդիսացան: Փաստօրէն իւրաքանչիւր աշխատանքի հիմը եթէ լաւ դրուի, յաջորդական սերունդներ այդ գործը...

Ակնարկ.  Կառավարական Նիստեր Առկախելու  Կամ Գումարելու Աւանդութիւնը

Ակնարկ. Կառավարական Նիստեր Առկախելու Կամ Գումարելու Աւանդութիւնը

Լեռնալիբանանի պատահարի տարողութիւնը ակնկալելիօրէն մագլցում արձանագրած է եւ վերածուած քաղաքական ճգնաժամի: Ճգնաժամ` լիբանանեան պետութեան համար կ՛ենթադրէ անդամալուծման գործընթաց կամ այս պարագային գործադիր իշխանութեան ժողովականութեան առկախում: Քաղաքական ճգնաժամներու պարագային ընդհանրապէս արտակարգ իրավիճակներու ստեղծման զուգահեռ-համաքայլ` պետական -իրաւապահ մարմինները կամ այս պարագային կառավարութիւնը կը գումարէ արտահերթ նիստ` կանխարգիլելու համար հետագայ որեւէ վտանգաւոր զարգացում: Լիբանանեան իրավիճակը յատուկ է. պայթունավտանգ նոր իրավիճակներէ խուսափելու համար կառավարութիւնը...

Թրամփի Յայտարարութիւնը Տարածաշրջանի Անվտանգութեան Տեսանկիւնէն Լուրջ Մարտահրաւէրներ Կը Պարունակէ. Փորձագէտ

«Դարի Գործարք»-ի Տնտեսական Բաղադրիչը

ԿԱՐԷՆ ՎԵՐԱՆԵԱՆ Տարածաշրջանային  հարցերով փորձագէտ Յունիսի 25-ին Պահրէյնում կայացած երկօրեայ միջազգային համաժողովին Միացեալ Նահանգների նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմը ներկայացրեց այդքան յետաձգուած` պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան կարգաւորման առաջարկ-փաթեթի տնտեսական բաղադրիչը, որը յայտնի է նաեւ «Դարի գործարք» անուանումով: Փաթեթի հրապարակման հարցն ուշանում էր` պայմանաւորուած Իսրայէլում անցկացուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով: Թէեւ այդ ընտրութիւնների արդիւնքում դեռեւս չի ձեւաւորուել մերձաւորարեւելեան այդ երկրի նոր խորհրդարանը` Քնեսէթը, այդուհանդերձ, Միացեալ...

Որո՞նք Եւ Ինչպէ՞ս Են Գծում Մեր Ուր Գնալու Քարտէսը Կամ Ինչպէ՞ս Ենք Նահանջում Միջազգային Հարթակներում

Որո՞նք Եւ Ինչպէ՞ս Են Գծում Մեր Ուր Գնալու Քարտէսը Կամ Ինչպէ՞ս Ենք Նահանջում Միջազգային Հարթակներում

ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Գրեթէ մէկ տարի մշակոյթի նախարարութիւն չունենալն, իսկ աւելի ճիշդ` ոլորտն արկածախնդրութեան, անհեռատեսութեան ու կիսագրագիտութեան ճիրաններում կաթուածահար անելն ու անգործութեան մատնելն իրեն երկար սպասել չտուեց: Օրերս Պաքւում մեկնարկեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43-րդ նստաշրջանը: Մենք կարող էինք այնտեղ լինել եւ ճիշդը ներկայ լինելն էր: Եւ ոչ միայն այն բանի համար, որ վաւերացրել ենք եւ անդամակցում...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Իրաւ Եւ Աչքերէ Հեռու Չգրանցուած Հինգ Մանուկներու Հայաստանը

Հայաստանի Հեռատեսիլի «Կենտրոն» Կայանի Հաղորդումէն Թելադրուած Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Երբ մանուկը մեզի կը նայի, կը զգանք, որ Աստուած մեզ կը պեղէ, Երբ ան կու լայ, կը լսեմ, որ որոտումը կը դղրդայ..» ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ* Ա.- Հակազդեցութիւն Խորագիրը կրնայ ենթադրել տալ, որ խոստացուած, իրականացած եւ չիրականացած հրաշքներու մասին պիտի խօսիմ: Անոնք այս էջերու առարկան չեն: Հեռատեսիլէն սփռեցին ոչ քարոզչական ընդվզեցուցիչ պատկերներ, որոնք կը...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Մենք Միշտ Պատրաստ Ենք Ձեր Դիմաց Դռները Բանալու». Հայաստանի Եւ Պիելոռուսիոյ Նախագահները Հանդիպեցան 2 յուլիսին Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հանդիպումը: Վերջինս ողջունեց Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը` կարեւոր նկատելով մօտէն ծանօթանալը երկրին կարելիութիւններուն, այցելելու Պիելոռուսիոյ տնտեսութեան հետ կապ ունեցող վայրեր, ունենալու հանդիպումներ յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ: Լուքաշենքօ հաստատեց,...

Page 565 of 1112 1 … 564 565 566 … 1,112

Արխիւներ