Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համատարած Ողբերգութիւնը Շրջել Դէպի Յուսադրիչ Ապագայ

Յուլիս 12, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

Տարաբախտ Գայեանէի ողբերգութիւնը խոր սպի մը բացաւ յունահայութեան սրտին մէջ:

Հայաստան ու ընտանիք ետ ձգած, կեանքի անողոք պայմանները ճաշակած եւ աւելի քան 25 տարիներ Յունաստանի մէջ չարաչար աշխատած` հիւանդներու եւ տարիքաւոր անձերու խնամք տանելով, պարկեշտ ու ազնիւ Գայեանէն մէկ վայրկեանի մէջ խուճապի մատնուեցաւ եւ վախէն իրար անցած` հիւանդանոցի առաջին յարկէն վար ցատկեց. ի վերջոյ, ան չդիմացաւ իր կրած մարմնական ծանր վնասուածքներուն ու մահացաւ` խոր սուգի մէջ մատնելով ամբողջ յունահայ համայնքը:

Պատմութիւնը ծանօթ է բոլորիս: Հիւանդանոցին մէջ հիւանդ մը խնամած պահուն Գայեանէն նկատեց, որ ապահովութեան սպասարկութիւնը զինք կը փնտռէ, եւ ան վախնալով, որ ձերբակալութիւնը դատական մեծ փորձանքներու դուռ պիտի բանայ, ինքզինք պատշգամէն վար նետեց… ազատելու համար…

Ան այդ անյոյս քայլին դիմեց, որովհետեւ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր, ի՜նչ-ի՜նչ խոչընդոտներու հանդիպած ըլլալով, չէր կրցած աշխատելու համար արտօնագիր ապահովել: Ուրեմն պետութեան դիմաց, հակառակ իր կամքին, ան կը շարունակէր «օրինազանց» անձ մը ըլլալ…

Սակայն, իր բացառիկ աշխատասիրութեամբ, ինչպէս կը վկայեն բոլոր անոնք, որոնք Գայեանէն ճանչցած էին, պարկեշտ եւ տքնաջան աշխատանքով, նոյնիսկ իր առողջութիւնը քայքայելով` ան կեանք մը ամբողջ պայքարեցաւ հոգալու համար Երեւանի մէջ ապրող իր ընտանիքը, վատառողջ զաւակը եւ թոռները:

Յունական մամուլը, իր ամբողջութեամբ, լայն տեղ տուաւ պատահարին: Կնոջ մահէն ետք ինչե՜ր գրուեցան պետական առողջապահական համակարգի լուրջ բացթողումներուն մասին, «Աթէնզ վոյս»-ի կայքէջը ձախաւեր գրութիւններով հանդէս եկաւ, որոնց համար հանդիպեցաւ ժողովուրդի բուռն ընդվզումին եւ հակազդեցութեան. Դիմատետրի հարթակէն հազարաւոր անձեր իրենց զայրոյթն ու ափսոսանքը յայտնեցին, եւ վե՛րջ…

Քանի մը օր յետոյ այս ողբալի պատահարը մոռացութեան պիտի մատնուի:

Ամէն տեսակի գանգատներ, բողոքներ եւ մատնանշումներ անցեալին պիտի անցնին, սակայն պիտի մնայ այն համատարած ողբերգութիւնը, որ մե՛րն է, մե՛ր ժողովուրդին է. այն, որ աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր կը կրծէ ու կը մաշեցնէ հայրենիքի հիմերը:

Հայաստանէն արտագաղթը կը շարունակէ անբուժելի վէրքի մը նման խորանալ ու պարպել մեր հայրենիքը: Գայեանէին նման տասնեակ հազարաւոր հայեր ցրուած են աշխարհի չորս կողմերը` պատուաբեր աշխատանք մը գտնելու սուր տագնապին մատնուած, որ տագնապն է ամբողջ հայութեան` հայրենիքէն ներս եւ դուրս:

Շատ բան ըսուած ու գրուած է ազգի համատարած ողբերգութեան մասին: Հոս տեղը չէ հրէշներ փնտռելու ու զանոնք անիծելու: Խորապէս կը ճանչնանք հայրենիքի արիւնահոսութեան պատճառներն ու Հայաստանէն ժողովուրդը վանող ամէն տեսակի մղումները:

Այս սիւնակէն կոչ պիտի ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ քաղաքական աշխարհին` ժամ առաջ իրագործելու հայրենադարձութեան այնքա՜ն սպասուած ծրագիրները:

Հայրենադարձութիւնը չի կրնար իրականութիւն դառնալ երազային տեսիլքներով: Հայրենադարձութիւնը կը պահանջէ, նախ եւ առաջ, երկրի ընկերային եւ տնտեսական համակարգի կարգաւորում, Երեւանի փարթամ կեդրոնէն դուրս` թաղերու, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ մարդոց կենսական ու տարրական կարիքներու գոհացում: Այն կը պահանջէ արդիւնաբերութեան, ճարտարարուեստի, հողագործութեան եւ առեւտուրի նախանձելի պայմաններու ստեղծում, որպէսզի, քայլ առ քայլ, սփիւռքացած հայ զանգուածները հայրենի աշխարհին մէջ վերագտնեն կենարար աւիւնը, որ մեր երկիրը դէպի բարգաւաճ ու բարօր ապագայի մը պիտի առաջնորդէ:

Կը սպասենք, որ սփիւռքի հետ կապուած որեւէ ծրագիր եւ պաշտօնական նշանակում պիտի ունենայ յստակ սեւեռակէտ: Օրակարգը մէկ է: Գայեանէին նման հազարաւոր հայրենակիցներ պէտք չէ մնան «թշուառ ու անտէր»` արտերկրի օտար ու անհիւրընկալ հողերու վրայ:

Պարտք ունինք այնքա՜ն անիրաւ կերպով իր կեանքը կորսնցուցած Գայեանէին հանդէպ:

 

 

Նախորդը

Արհեստագիտական Նորութիւններ Նաե՛ւ Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Տհուր Շուէրի Մէջ Հայկական Երեկոյ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?