Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսական Յեղափոխութեան 230-ամեակ. Ընկերային-Հասարակական Համակարգէ Մը Անցում` Այլ Ընկերային-Հասարակական Համակարգի

July 12, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

«Ազգային ժողովը այսուհետեւ ամբողջովին կ՛ոչնչացնէ աւատապետական համակարգը: Ան կը վճռէ, որ գոյութիւն ունեցող իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն մէջ, անոնք ըլլան թէ՛ աւատական եւ թէ՛ մարդոց հաշուարկի իմաստով, բոլոր գոյացած կամ  ներկայացուած իրական կամ անձնական ստրկական վիճակները պէտք է ջնջուին առանց որեւէ փոխհատուցման»:

Ազգային սահմանադրական ժողովի հրամաններու թիւ մէկ յօդուածը, 4 օգոստոս 1789:

Այս տարին կը զուգադիպի թէ՛ Ֆրանսական յեղափոխութեան եւ թէ՛ աւատականութեան ջնջման 230-ամեակներուն:

Յեղափոխութիւն մը, որ ներշնչուած էր լուսաւորութեան դարաշրջանի յառաջդիմական գաղափարներով, եւ որ` գետնի վրայ գործնականացուց Ժան Ժաք Ռուսոյի, Վոլթերի եւ Մոնթեսքիոյի տեսութիւնները` հարթելով ճամբան 18-րդ դարու մութ միջնադարէն դէպի արդի գիտական ժամանակաշրջան անցումին եւ դարձաւ անցումային ժամանակաշրջան` աւատապետութենէն դէպի դրամատիրութիւն:

Աւատապետութեան ջնջում, որ վերջ դրաւ աւատապետութեան կողմէ յառաջացած հողատիրութեան, ստրկութեան եւ անարդարօրէն սեփականատիրուած բոլոր առանձնաշնորհումներուն: Ջնջում մը, որ վերջ դրաւ ագահութեամբ ներշնչուած մենատիրական իշխանութեան եւ անոր փոխարէն` բացաւ ճամբան ժողովրդային գերիշխանութեան հիմքի վրայ հիմնուած աշխարհիկ, մարդու իրաւունքներով գերիշխուած ու ժողովրդավարական արժէքներով զինուած հանրապետութեան մը:

Յեղափոխութիւն մը եւ աւատապետութեան ջնջման հրամաններ, որոնց ալիքը տարածուեցաւ Եւրոպայի մէջ, եւ որոնք պատճառ դարձան կերտելու արդի արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը: Անոնց շնորհիւ` քննական միտքը յաղթեց քարացած վարդապետականութեան, բանական մտածելակերպը` անտրամաբանութեան, լայնամտութիւնը` մոլեռանդութեան, եւ գիտական հետազօտութիւնը` առասպելներուն:

Բոլոր յիշեալ կէտերը, սակայն, կը պատկանին անցեալին, աւելի ճիշդ` անցեալի փառքեր են, որոնց գոյութիւնը վտանգի մէջ է:

Անոնք վտանգի մէջ են նոյնիսկ այն պետութիւններուն մէջ, որոնք Նափոլէոնի կայսերապաշտական համակարգի օրերէն սկսեալ մինչեւ նախորդ դարու կէսերը կը կոչուէին «Ֆրանսական գաղութներ» (ուր, ըստ երեւոյթին, Նափոլէոնի ռազմապաշտ ու բռնատիրական դիմագիծը աւելի ազդեցութիւն գտած է, քան` նոյնինքն Ֆրանսական յեղափոխական արժէքները), որոնք տարիներէ ի վեր կը տառապին դաւանական պատերազմներէ, կրօնամոլութեան վտանգէ եւ ռազմապաշտ-բռնատիրական կարգերէ:

Ֆրանսական յեղափոխութեան երեք նշանաբանները` «Ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն»-ը, այսօր, աւելի քան երբեք, մարդկային պատմութեան մէջ այսպիսի մարտահրաւէրներ եւ ճնշումներ չեն դիմագրաւած:

Մէկ կողմէ նոր-ազատականութիւնը իր սեփականաշնորհումներով եւ խստամբերական քաղաքականութիւններով կը խաթարէ յեղափոխութեան շնորհիւ ձեռք բերուած` առանց դասակարգային պատկանելութեան հիմքի հաւասար կարելիութիւններու ապահովումը եւ դասակարգերու միջեւ ընկերային համերաշխութիւնը, կ՛ոտնակոխէ առանձնաշնորհումներու ջնջումը` նոր առանձնաշնորհումներ յառաջացնելով: Այս անգամ արքայական ընտանիքին, հողատէրերուն եւ կղերականութեան փոխարէն` առանձնաշնորհեալները մեծ ընկերութիւններն ու դրամատուներն են: Թողութեան գիրերուն եւ գիւղացիութեան վրայ դրուած անարդար հարկային ծանրութիւններուն փոխարինած են հարկային փախուստներն ու պիւտճէական ծախսերու նուազեցումները:

Միւս կողմէ ալ ծայրայեղ աջը մարդկային ընկերութիւնը բաժան-բաժան ընելով, սահմաններ եւ պատեր յառաջացնելով` իր հերթին կ՛ոտնակոխէ յեղափոխութեան շնորհիւ լոյս տեսած մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու յայտարարութեան բովանդակութիւնը` ժողովուրդները բաժնելով կրօնական-դաւանական, ցեղային կամ այլ հիմքերու վրայ: Ճորտատիրութեան եւ ստրկութեան փոխարինած են այլամերժութիւնն ու ամբոխավարութիւնը:

Յառաջդիմական-ժողովրդավարական քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք ժառանգած են Ֆրանսական յեղափոխութեան ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան արժէքները, պէտք է վերականգնեն մարդ-անհատի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան միտող պայքարի դրօշը. ինչպէս գերմանացի փիլիսոփայ Քարլ Մարքս կը վկայէ` «Բոլոր նախորդ հասարակութիւններու պատմութիւնը դասակարգային պայքարներու պատմութիւն եղած է», այսինքն տակաւին մարդկային ընկերութիւնը հակամարտութեան մէջ է,  ընկերային-հասարակական համակարգէ մը` ընկերային-տնտեսական աւելի արդար կարգերով հասարակական համակարգի փոխակերպումի նպատակով:

 

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Վասպուրականցի Իրաքահայերու Դար Մը Պատմութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.