Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Քոլեճ. Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը  6:30-ին տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:

Լիբանանի ու Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք մանկապարտէզի աշակերտները իրենց մանկական անմեղ ու նուրբ ձայնով երգեցին ու փառաբանեցին զԱստուած:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները, որոնք իրենց գունագեղ տարազներով, ճոխ ու խանդավառ պարերով, երգերով եւ արտասանութիւններով խանդավառեցին մթնոլորտը ու  հանդիսատեսները փոխադրեցին  կրկէսի երեւակայական  աշխարհ:

Գեղարուեստական բաժնի աւարտէն ետք տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի եւ մանկապարտիզպանուհի Յասմիկ Թորոսեանի ձեռամբ վկայական ստացան Ծաղիկ դասարանի աշակերտները:

Վկայականներու բաշխումէն ետք տնօրէնը խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի անձնակազմին, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալական խօսք ըսաւ ծնողներուն, որոնք իրենց սիրասուն զաւակները վստահած են Հայ աւետարանական քոլեճի կրթութեան ու  դաստիարակութեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայ  աւետարանական քոլեճը 96 տարեկան է, բայց միշտ երիտասարդ կը մնայ այս մանուկներուն շնորհիւ, որոնք իրենց գոյնով ու բոյրով յաւելեալ եռանդ ու երանգ կու տան  վարժարանին:

Դոկտ. Իւրնէշլեան իր խօսքը  ուղղելով փոքրիկ շրջանաւարտներուն` յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց անոնց  դէպի յաջորդ փուլ: Ան իր խօսքին աւարտին հրաժեշտի ու բարեմաղթութեան յատուկ խօսք մը ըսաւ այն շրջանաւարտուհիին, որ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի բաժնուի իր դասընկերներէն ու  արմատները պիտի նետէ հայրենի հողին վրայ:

Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլաքեանի օրհնութեան  աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը:

Վկայական ստացան` Հրակ Թերզեան, Սերենա Հատտատ, Քամի Սաչլեան եւ Ռիթա-Մարիա Պաշքճեան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1969)

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?