Արտագաղթն Ու Ներգաղթը Մեր Տան Նժարին Վրայ…
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Կը կարդամ Արմինէ Աւետիսեանի յօդուածը` խառն զգացումներով: Հնդիկները այլեւս համալսարանի ուսանողներ չեն միայն Երեւանի մէջ: Անոնք շահագրգռուած ներգաղթողներ են: Անոնք կ՛ուզեն ապրիլ մեր երկրին մէջ: Անոնք կը սիրեն մեր երկիրը: Զայն կը նախընտրեն: Կ՛ուզեն նոր արմատներ նետել հոն: Աճիլ եւ բազմանալ: Եւ 2017-էն ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է վիզայի յատուկ դրութիւն մը իրենց համար, որպէսզի դիւրացնէ իրենց...



















