Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Իր Պատուաւոր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ Համաշխարհային VEX Robotics-ի 12-րդ Մրցաշարքին «BTC Academy»-ի Միջոցով` Գրաւելով 2-րդ Դիրքը

July 29, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

BTC Academy-ի ընդհանուր տնօրէն
ԴՈԿՏ. ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ ԿԱՐՕ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերաւ Միջազգային ամերիկեան VEX Robotics-ի 12-րդ մրցաշարքին: 12 տարիէ ի վեր աւանդութիւն դարձած այս մրցաշարքը տեղի կ’ունենայ Միացեալ Նահանգներու Քանթաքի նահանգին մէջ, ամէն տարուան ապրիլ ամսուն, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միայն այն խումբերը, որոնք իրենց երկիրներու մէջ կազմակերպուած նոյն մրցաշարքին կը գրաւեն առաջին չորս դիրքերը:

Այս տարուան մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ 24-30 ապրիլ 2019-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, ներկայ էին աւելի քան 1000 խումբեր` աւելի քան 40 երկիրներէ. Լիբանան իր պատուաւոր մասնակցութիւնը բերաւ, եւ չորս խումբեր իրենց մարզիչներով Լիբանանի անունն ու դրօշը բարձր պահեցին` գրաւելով 2-րդ ու 3-րդ միջազգային դիրքերը, ինչպէս նաեւ` շահելով «Build Award» մրցանակը (լաւագոյն կառուցուածք ունեցող ռոպոթի մրցանակ): Տեղին է նշել, որ մրցաշարքին մասնակցող արաբական եւ եւրոպական երկիրներէն առաւելագոյն մրցանակները շահեցաւ Լիբանանը:

Վերոյիշեալ մրցաշարքին Լիբանան իր մասնակցութիւնը կը բերէ վերջին 6 տարիներուն, բայց այս տարի է միայն, որ յանձին «BTC Academy»-ին` Լիբանան արժանացաւ երեք համաշխարհային մրցանակներու:

«BTC Academy»-ին հիմնուած է մայիս 2017-ին, դոկտ. փրոֆեսէօր Կարօ Փիլաւճեանին կողմէ, որ կը վարէ ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը` ունենալով լայն աշխատակազմ` տարբեր գիտական ոլորտներու համար, ներառեալ` VEX Robotics-ը: «BTC Academy»-ին ունի դասաւանդման կեդրոններ տարբեր շրջաններու մէջ` Պաալպեք, Զահլէ եւ այլն, սակայն կեդրոնական գրասենեակը կը գտնուի Այնճար հայաւանի մէջ:

«BTC Academy»-ին կը գործէ ճշգրիտ ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ` համագործակցելով համաշխարհային 7 ընկերութիւններու հետ տարբեր ոլորտներու մէջ` համակարգչային ցանցերու (Cisco), համակարգչային ծրագրաւորման լեզուներու (C++ Institute, Python, LOI, IOI, LCPC), Information Technology (NDG), եւ ռոպոթաշինութեան ու ծրագրաւորման ոլորտի մէջ VEX ընկերութեան հետ:

«BTC Academy»-ին իր երկու տարուան գործունէութեան ընթացքին ունեցաւ բազմաթիւ ձեռքբերումներ: Այսպէս`

  1. Օգոստոս 2017-ին Միջին Արեւելքի ամենամեծ ռոպոթաշինութեան եւ ծրագրաւորման աշակերտական վերապատրաստման դասընթացք,
  2. Դեկտեմբեր 2017-ին Միջին Արեւելքի ամենամեծ ռոպոթաշինութեան եւ ծրագրաւորման ուսուցչական վերապատրաստման դասընթացք,
  3. Փետրուար 2018-ին Պեքաայի եւ Պաալպեքի շրջաններու մէջ VEX Robotics-ի մրցաշարքի կազմակերպում,
  4. Մարտ 2018-ին Լիբանանի VEX Robotics-ի մրցաշարքին առաջնութիւնը,
  5. Մարտ 2019-ին Լիբանանի VEX Robotics-ի մրցաշարքին «BTC Academy»-ին աշակերտները ձեռք բերին մրցաշարքի 80% մրցանակները (թիւով 6 հատ), որուն որպէս արդիւնք` Լիբանանը ներկայացուեցաւ համաշխարհային մրցաշարքին միայն «BTC Academy»-ի աշակերտներու եւ մարզիչներու միջոցով` գրաւելով համաշխարհային 3 մրցանակներ:

Տեղին է նշել, որ «BTC Academy»-ին ունի աւելի քան 1500 աշակերտներ` Լիբանանի տարբեր շրջաններու դպրոցներու (8 դպրոց) եւ կեդրոններու (3 կեդրոն) մէջ, ուր ամէն դպրոց VEX Robotics-ի ծրագիրը կ’ուսուցանէ իր դպրոցական ուսումնական ծրագրի ընթացքին, «BTC Academy»-ի մարզիչ-ուսուցիչի միջոցով:

«BTC Academy»-ին համաշխարհային երկրորդ նուաճումը տեղի ունեցաւ 5-7 յուլիս 2019-ի ժամանակաշրջանին, երբ «Academy»-ի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. փրոֆեսէօր Կարօ Փիլաւճեանն ու իր աշխատակազմը համաշխարհային մրցանիշ հաստատեցին «VEX Robotics-ի ամէնէն երկար դասընթացքը» անուան տակ, որուն շնորհիւ մուտք պիտի գործեն «Կինես»-ի համաշխարհային գիրք:

Յուսանք, որ մեր բոլոր նուաճումները իրենց դրական անդրադարձը կ’ունենան Լիբանանի ամբողջ աշակերտութեան ապագայի կերտման եւ Լիբանանի անունը բարձր կը պահեն համաշխարհային բեմերուն վրայ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ալմաթիի «Արաքս» Պարախումբը Միջազգային Փառատօնին Շահած Է Երեք Գլխաւոր Եւ Մէկ Յատուկ Մրցանակ

Յաջորդը

Ճաշարանին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.